ԵՐԲ ՃԱԲՈՆԻ ՄԱՐԶԻՉԸ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԻ

Աշխարհի մէջ կարծէք կեանքը պահ մը կանգ առաւ 2022 թուականի վերջին օրերուն: Ժողովուրդներու ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Քաթարի վրայ, ուր տեղի ունեցաւ աշխարհի ֆութպոլի ախոյենութիւնը: Առիթը ունեցանք շատ լաւ կազմակերպուած մրցաշարքի մը հետեւելու՝ ֆութպոլային մարզախաղի բարձր չափանիշներով:

Մրցաշարքին մէջ եթէ մէկ կողմէ կային մարզիկ հերոսներ, որոնք ֆութպոլային աշխարհի մէջ կերտած են ու կը շարունակեն կերտել պատմութիւն, բայց նոյնքան ալ կային անակնկալներ: Ի յայտ եկան երկիրներ, որոնք գերազանցեցին իրենց խաղաոճով եւ այդ եղաւ անսպասելի անակնկալը, երբ այդ մարզիկները հմայեցին հանդիսատեսը: Այս երկիրները կրցան ցոյց տալ, թէ միշտ պատմութիւնը չի կրկնուիր եւ ֆութպոլի աշխարհին մէջ միշտ նոյն խումբերը չեն կրնար գլխաւորել աղիւսակները: Աշխարհը կը փոխուի, նաեւ՝ ֆութպոլային մրցանիշները, նոր երկիրներ մէջտեղ կու գան եւ կրնան նուաճել բարձունքներ: Այս երկիրներու շարքին պէտք է դասել Ճաբոնը, երբ ան ցոյց տուաւ ֆութպոլային բարձր մակարդակ եւ՝ քիչ մըն ալ աւելին:

Քիչ մը աւելին Ճաբոնի մարզիչն էր եւ իրենց հանդիսատեսները: Մարզիչը՝ Հաղիմէ Մորեասուն, որ վեհանձնութիւնը ունեցաւ խոնարհելու ժողովուրդին եւ համակիրներուն առջեւ, նոյնիսկ երբ իր խումբը պարտութիւն կրեց, եւ Ճաբոնի համակիրները, որոնք մարզահամալիրները մաքրեցին, նոյնիսկ երբ իրենք չէին աղտոտած ամբողջ տարածքը: Երկու վկայութիւն մէկ երկրէ՝ մեծ, վեհանձն եւ բարեկիրթ վկայութիւններ:

Ճաբոնի մարզիչը խոնարհեցաւ: Խոնարհումը արտացոլացումն էր իր ներաշխարհին մէջ կերտուած բարձր չափանիշներուն, որոնցմով կեանքը կը կերտուի, երբ արժէքը կը սերմանես մէջդ եւ կը բաժնես զայն: Խոնարհումը նաեւ ցոյց տուաւ, թէ ան կը պատկանի երկրի մը, որ կրցած է կերտել համակարգ մը, ուր քաղաքացին կեանքը արժանապատուութեամբ կ՚ապրի: Այս արժանապատուութեամբ է, որ երկիր կը կերտուի:

2015-ին աշխատանքային այցելութեամբ գտնուեցայ Թոքիօ եւ առիթը ունեցայ տեսնել Ճաբոնի գեղեցիկ վայրերը: Բայց նաեւ ժամանակ տուի հաղորդակցելու եւ ճանչնալու տեղացի ժողովուրդը: Ճաբոնցին անդրադարձած է, որ իր երկրի պատմութիւնը եղած է դաժան եւ իրենք՝ որպէս երկիր ու պետականութիւն, սխալներ գործած են: Այդ սխալները իրենց անդրադարձը ունեցած են մէկ կողմէ իրենց երկրին վրայ, բայց նաեւ՝ աշխարհին: Անոնք տեսած են, որ իրենց երկրի պատմութիւնը եւ անոր ընթացքը պէտք է փոխեն, եթէ կ՚ուզեն յառաջխաղաց արձանագրել եւ քաղաքակիրթ պատմութիւն մը կերտել:

Ճաբոն  իր գրաւը դրած է քաղաքացիական դաստիարակութեան վրայ՝ իբրեւ իրենց երկրի համակարգին եւ անոր յառաջխաղացի հիմք ու կռուան: Քաղաքացիական դաստիարակութիւնը, որով անոնք սկսած են սորվեցնել, թէ ինչպէ՛ս քաղաքացին ինքզինք պէտք է յարգէ եւ զարգացնէ իր կեանքը: Այս ընելով՝ նաեւ նպաստէ ուրիշի զարգացման:

Ճաբոն քրիստոնեայ երկիր մը չէ: Քրիստոնեայ ներկայութիւնը շատ փոքր մասնիկն է երկրի հաւաքականութեան մէջ: Բայց հիմնական տուեալը միայն անոր մէջ չէ: Քաղաքացիական դաստիարակութիւնը մարդկային արժէքի դաստիարակութիւնն է եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է կեանք կերտել՝ անհատական, ընտանեկան, հաւաքական եւ պետական մակարդակներու վրայ: Ճաբոնի համար քաղաքացիական դաստիարակութիւնը զարկ տուած է աշխատասիրութեան մը, որուն շնորհիւ կերտած են հայրենիք: Ահա թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս է, որ Ճաբոնի անձնագիրը այսօր աշխարհի ուժեղագոյնն է, երբ անոնք կրնան աւելի քան 192 երկիր այցելել առանց մուտքի արտօնագիրի: Ու տակաւին կարելի է խօսիլ իրենց ձեռք ձգած տնտեսական հսկայական յառաջխաղացին մասին, որով անոնք կերտեցին իրենց երկրին համար բարձր ճարտարարուեստ մը եւ զոր կը բաժնեն աշխարհին հետ:

Ճաբոնի մարզիչը խոնարհեցաւ: Իր խոնարհութեան ընդմէջէն ան ցոյց տուաւ իր սէրն ու յարգանքը: Ան իր պարտութիւնը եւ խումբին ձախողութիւնը ընդունեց վեհանձն սրտով ու հոգիով եւ այդ բոլորին մէջէն ան կիսեց իր սէրը, յարգանքը եւ համերաշխութիւնը աշխարհին հետ: Եթէ պիտի ուզենք ստեղծել աշխարհ մը, որ համերաշխ է, անհրաժեշտ է, որ կարենանք մեր անձերուն մէջ կերտել յարգանք ու սէր եւ բաժնել զայն մենք մեր անձերուն, ինչպէս նաեւ ուրիշին հետ:

Աւելի քան 70 տարիներ մեր հայրենիքը մաս կազմեց խորհրդային համակարգին, իսկ 1991 թուականի անկախութիւնը աշխարհասփիւռ հայուն երազն էր: Թէ՛ ուրախացանք եւ թէ՛ ալ հպարտացանք, եւ՝ մինչեւ այսօր: Հարց պէտք է տանք՝ որքա՞ն հայրենիք եւ պետականութիւն կերտեցինք անկախութենէն ի վեր: Որքա՞ն կրցանք վեր առնել մեր պատմութիւնը, արժեւորել զայն, սորվիլ իւրաքանչիւր փուլէ՝ իր ձախողութիւններով ու յաջողութիւններով եւ ստեղծել նորը: Եթէ երկիր եւ պետականութիւն պիտի կերտենք, այդ կը պահանջէ հաւաքական աշխատանք ու կամք: Հաւաքական աշխատանքը կը սկսի քաղաքացիական դաստիարակութեամբ:

Երկիր-պետականութիւն մը հիմնելու համար անհրաժեշտ է քաղաքացիական դաստիարակութիւն մը, ուր քաղաքացին եւ ապա համակարգը կը լիցքաւորես մէկ կողմէ ազգային արժէքներով, բայց նոյնքան՝ հոգեմտաւոր եւ քրիստոնէական արժեչափերու գիտակցութեամբ: Քաղաքացին պիտի սորվի, թէ ինչպէ՛ս ինքզինք պիտի դաստիարակէ ու կրթէ եւ կերտէ անհատականութիւն: Քաղաքացիին դաստիարակութիւնն է, որ պիտի կերտէ հաւաքականութիւն մը, որ կրնայ զարգանալ եւ յառաջխաղաց արձանագրել: Յառաջացած հաւաքականութիւնն է, որ կը ստեղծէ ամուր պետականութիւն:

Կրցա՞նք երեսուն եւ աւելի տարիներուն ընթացքին դաստիարակել հայ անհատը եւ հաւաքականութիւնը, որպէսզի կարենանք կերտել ուժեղ եւ հզօր պետականութիւն:

Քրիստոնէական աստուածաբանութեան գլխաւոր հիմքը մարդը վերաշինելու մէջ է: Այն մարդը, որ շեղեցաւ Աստուծոյ պատկերէն, բայց Աստուած յոյսը չկորսնցուց: Ան մարմնացաւ, աշխարհ եկաւ, խաչուեցաւ, մահացաւ եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդը վերաշինէ իր շնորհած Նոր Կեանքով: Այս Նոր Կեանքը Աստուծոյ կողմէ տրուած շնորհքն է մարդուն, որպէսզի ան վերաշինուի: Աստուած մարդը վերաշինեց, որպէսզի նոյն մարդը ուրիշը  վերաշինէ:

Ճաբոնի մարզիչը ցոյց տուաւ իր ստացած քաղաքացիական դաստիարակութեան եւ անոր արժէքին նկատմամբ բարձր գիտակցութիւն մը: Ան վերաշինուած քաղաքացին է, որ գիտէ յարգել իր անձը, երկիրն ու ուրիշը եւ այս բոլորին մէջէն յառաջխաղաց արձանագրել, նոյնիսկ երբ ան պարտութիւն կրեց:

Ճաբոնի մարզիչը խոնարհեցաւ:

Կարգը այսօր հայ անհատին եւ քաղաքացիինն է: Ասոնց անպայմանօրէն պիտի յաջորդեն հայ հաւաքականութիւնը եւ պետականութիւնը: Ճիշդ է, որ մենք այսօր յուսալքուած, տկար եւ պարտուած կը զգանք, բայց այդ յուսալքուածութիւնը, տկարութիւնը եւ պարտութիւնը կրնանք յաղթահարել, վերաշինել եւ յաղթանակ կերտել:

Պիտի վերաշինենք հայը եւ հայուն հաւաքականութիւնը, նաեւ՝ պետականութիւնը:

Այս կը սկսի, երբ հայը կը խոնարհի: Եւ խոնարհութեան մէջէն հայը կը մեծնայ ու կը հզօրանայ:

Երբ Ճաբոնի մարզիչը կը խոնարհի: Բայց նաեւ՝ հայը:

Նիկոսիա

Շաբաթ, Յունուար 14, 2023