ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՓՈՂԵՐԸ ԿԸ ՀՆՉԵՆ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՄԷՋ
Աշխարհ ակնդէպ կը հետեւի Ուքրայնայի տագնապին։ Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, Ռուսաստանի բանակի աւելի քան 100 հազար զինուոր հասած է Ուքրայնայի սահմանը։ Վերլուծաբաններու կարծիքով, Մոսկուա վերջին պատրաստութիւնները տեսած է կայծակնային գրոհ մը կազմակերպելու համար։
Ի դէպ, տագնապի փարատման նպատակով եւ մասնաւորապէս՝ վերջին օրերուն, Արեւմուտքի մէկէ աւելի ներկայացուցիչներ գործի լծուեցան եւ նոյնիսկ ուղղակի բանակցութիւններ վարեցին Մոսկուայի հետ ստեղծուած տագնապը քաղաքական ճանապարհով լուծելու համար։ Այս նախաձեռնութիւններուն ամենէն ուշագրաւն էր, անշուշտ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի Մոսկուա կատարած այցը, որ թէեւ երեւելի արդիւնքներ չտուաւ, բայց եւ այնպէս, կարողացաւ առկայ լարուածութիւնը որոշ չափով մեղմացնել, նաեւ կայծը հեռացնել պայթիւնավտանգ տակառին միացած պատրոյգէն։
Անկախ ամէն տեսակի վերլուծութենէ՝ արդէն ակներեւ է, որ որեւէ կողմի համար մեծածաւալ պատերազմի մը շղթայազերծումը «շահեկան» չէ։ Բոլորը նաեւ շատ լաւ կը գիտակցին, որ այս փուլին պատերազմի մը պարագային (մանաւանդ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ) եւ ինչ ալ ըլլան հետեւանքները ո՛չ մէկ կողմ յաղթանակած դուրս պիտի գայ։ Ա՛լ չենք խօսիր պատերազմի գործելիք ազդեցութիւններուն եւ հետեւանքներուն մասին, որոնք կարող են երկար ժամանակով շուքի տակ ձգել երկու երկիրներու բնականոն հունի վերադառնալու ճիգերը։ Բաց աստի եւ բոլոր տեսակի կշռաքարերը մէկդի դնելէ ետք, արդէն իսկ յստակ է, որ Մոսկուա մեծ ճնշումներու տակ է եւ Արեւմուտքը ամէն տեսակի իր գործիքներով կը փորձէ նեղը դնել զինքը։ Ռուսաստան նաեւ իր պատմական անցեալին յենլով կրնայ երկար համբերել, սակայն, ջղայնանալու պարագային ամբողջ իրավիճակը շրջել։
«Իրավիճակը շրջել» ըսածս ունի նաեւ վտանգաւոր դրոյթներ, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցի՝ որեւէ պատերազմ «վարդեր» պիտի չբերէ, այլ իր հետ պիտի աճեցնէ մեծ քաոս մը։ Ամէն պարագայի շատ կարեւոր են յառաջիկայ շաբաթները, երբ նաեւ ի վերջոյ պիտի յստականայ, թէ արդեօք Ռուսաստան պիտի հատէ՞ Արեւմուտքի կողմէ գծուած «կարմիր գիծեր»ը եւ այդպէսով ալ ներխուժէ՞ Ուքրայնա կամ թէ պիտի կատարէ՞ շատ արագ գրոհ մը, որմէ ետք ալ պիտի բացուի քաղաքական համաձայնութիւններու նոր շրջափուլը։
Օրերս Լիբանանի ֆրանսատառ «L’Orient Le Jour» թերթին մէջ լիբանանահայ ազգային գործիչ տքթ. Վարդգէս Արզումանեան հանդէս եկած է ուշագրաւ յօդուածով մը՝ «Ռուսական տրամաբանութիւն» խորագրին տակ։ Յօդուածագիրը անդրադարձած է Ուքրայնայի շուրջ ծաւալուող կարեւորագոյն զարգացումներուն՝ շեշտը դնելով ռուսական մօտեցումներուն վրայ, որոնք հեղինակին կարծիքով՝ ունին ծաւալապաշտական միտումներ։ Տքթ. Վարդգէս Արզումանեանի յօդուածի հիմնական միտքերուն մէջ կը բացատրուի, որ տարիներ շարունակ Փութինի Ռուսաստանը վճռական կ՚երեւէր Ուքրայնան կցելու հարցին շուրջ: Իսկ այսօր մամուլը արդէն կը խօսի, որ Ուքրայնայի խնդիրը դարձած է վառօդի պայթիւնավտագ տակառ մը։
Պատմութեան վրայ արագ հայեացքով մը տեսանելի կը դառնայ, որ ռուսերուն համար Ուքրայնան եղած է Ռուսական Կայսրութեան պատկանող մաս մը։ Անոնց համար Ուքրայնան առաջին հերթին «Քիեւ-ռուս» քաղաքակրթութեան օրրանն է (դաշնակցութիւն 9-13-րդ դարերուն, Ռուրիկ իշխաններու օրօք): 1654-ին կնքուած Փերէյլասլաւի յայտնի պատմական պայմանագիրը առաջին անգամ ըլլալով միաւորած է Ուքրայնան եւ Ռուսաստանը՝ մէկ կողմէ զապորկցիներու (ուքրանացի քազաքներ, որոնք բնակած են Ուքրայնայի պատմական կեդրոնական շրջանը, որ կը կոչուէր Զապորկ) եւ միւս կողմէ Ռուսաստանի Ալեքսիս Ա. ցարի միջեւ։ Այս պայմանագրի համաձայն հիմնուած է Ռուսաստանի գերիշխանութեան տակ Ուքրայնան, որ բաժնուեցաւ Լեհաստանէն: 1793-էն սկսեալ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի տարածքները երբեք չեն բաժնուած։ Խորհրդային Միութեան փլուզումը, որ տեղի ունեցաւ 25 դեկտեմբեր 1991-ին, բաժնեց Ռուսաստանը Ուքրայնայէն։
Երկու Գերմանիաներու վերամիաւորման շրջանին ՆԱԹՕ խոստացած էր (ըստ ռուսական աղբիւրներուն) չընդլայնիլ նախկին Արեւելեան պլոքին ուղղութեամբ: Այս խոստումը յարգուեցաւ մինչեւ 1999 թուականը, երբ ՆԱԹՕ-ն անդամակցելու հրաւիրեց Լեհաստանը, Հունգարիան եւ Չեխիան, ապա 2004-ին՝ Էսթոնիան, Լիթուանիան, Լաթվիան, Ռումանիան, Սլովաքիան, Սլովենիան եւ Պուլկարիան: Ռուսաստան զգալով, թէ յարձակման տակ է շրջապատող ՆԱԹՕ-ի երկիրներու կողմէ, մարտ 2014-ին բռնի ուժով իրեն կցեց ուքրանական Խրիմը։ Եւ վերջերս ան զինուած ուժեր կը կուտակէ պատերազմի հիման վրայ, ինչ որ կ՚արտայայտէ անոր ցանկութիւնը Ուքրայնա ներխուժելու:
Ռուսերը, թէեւ ունին իրենց «արդարանալի» փաստարկները, բայց պարզապէս կը մոռնան, որ Ուքրայնա անկախ երկիր մըն է, անկախ ազգերու մեծ ընտանիքի մաս։ Որեւէ փաստարկ աշխարհի մէջ չ՚օրինականացներ Ռուսաստանի ծաւալապաշտ, գերիշխանական տրամաբանութեան անհաւասարութիւնը։ Հակամարտութիւնը պարզ է. կայ յարձակող կողմ եւ կայ յարձակումի ենթակայ կողմ: Այսինքն՝ բնիկներ ու ներխուժողներ։ Փաստարկները կրնան խեղաթիւրուած ըլլալ, բայց ճշմարտութիւնը միշտ նոյնն է: Այս նիւթը Տոսթոյեւսքիի խօսքը «Ոճիր եւ պատիժ» գրքէն. «Հարիւր նապաստակով երբեք չես կրնար ձի շինել, հարիւր կասկածներով երբեք չես կրնար՝ ապացոյց»։ Սա կը հակասէ «ռուսական տրամաբանութեան»: Բայց, դժբախտաբար, ռուսերը կրնան պարտադրել իրենց ցանկութիւնները, որովհետեւ քաղաքականութեան մէջ զօրաւորին պատճառը միշտ վաւերական է եւ այս երկու ազգերուն մէջ անոնք են զօրաւորը:
Տը Կոլ ունի նշանաւոր խօսք մը, թէ «ռեժիմները կ՚անցնին, ազգերը կը մնան»։ Յուսանք, թէ ան ճիշդ է։ Ռուսաստանի պահանջը չի կրնար եւ պէտք չէ իրականացուի բռնութեամբ:
Դժբախտաբար, պատմութեան ընթացքին այս տիպի «հակամարտութիւններ»ը աւարտած են մեծ արիւնահեղութեամբ եւ քիչ դատողութեամբ: Այսպիսով, կ՚եզրափակեմ Իսահակ Ասիմովի նշանաւոր խօսքով. «Բռնութիւնը անատակներու վերջին ապաստանն է»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան