ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ՄԸ ՏԱԼ

Թէ ի՞նչ կը մտածեն սփիւռքահայերը յառաջիկայ 20 յունիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութեանց մասին։ Ի՞նչ են գլխաւոր առանցքները եւ ի վերջոյ ի՞նչ խնդիրներ կան անյապաղ լուծման կարօտ։ Այս բոլորին շուրջ հեռավար շօշափեցինք սփիւռքահայ քանի մը յայտնի գործիչներու կարծիքը՝ վերահասու դառնալու համար անոնց տեսակէտին Հայաստանի առկայ իրավիճակի մասին եւ լսելու համար անոնց ակնկալութիւնները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Բարդ փուլ մըն է Հայաստանի համար եւ ստեղծուած կացութիւնը մեծապէս մտահոգիչ է ոչ միայն երկրի ներքին դաշտին տեսակէտէ, այլեւ կը գլէ կ՚անցնի Հայաստանի եւ Արցախի սահմանները ու կը հասնի մինչեւ սփիւռքի ամենախոր անկիւնները։ Փոխառընչութիւնը, ապրելու «ռեզոն տ՚էթրը», հայօրէն ապրելու հիմունքը իր արմատը գտած է Հայաստանի մէջ։ Սփիւռքահայը ընդհանրապէս կ՚ապրի Հայաստանով եւ այս պատճառով երկրի «կոտրուած» ու վիրաւորուած վիճակը կը դառնայ ամէնօրեայ մտահոգութեան եւ մտավախութեան առարկայ։ Ամէն պարագայի, այս բոլորի կողքին յստակ է նաեւ, որ սփիւռքահայութեան համար ամենակարեւոր խնդիրներն են՝ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովումը եւ արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը, սահմաններու ամրապնդումը, բայց մա՛նաւանդ՝ ներքին ճակատի վրայ ցնցումներէ հեռու մնալու հրամայականը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք զանազան անհատներու կարծիքներ, որոնք բաւական ներկայացուցչական կը համարուին սփիւռքի ընդհանուր տրամադրութիւնները ցոլացնելու տեսակէտէ։

*

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան այս փուլին շեշտը կը դնէ ցնցումները բացառելու վրայ։ Սփիւռքէն դիտուած, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի ներքին քաղաքական ընդհանուր վիճակը։ Ըստ Գանտահարեանի արտահերթ ընտրութիւնները սկզբունքով կոչուած էին հասարակութեան ներքին լարուած մթնոլորտը լիցքաթափելու։

«Կը թուի, որ քարոզարշաւի նախօրեակին եւ մեկնարկին դրսեւորուած հռետորաբանութիւնը, հայհոյանքը, մեղադրանքները, քաղաքացիական հաշուեյարդարի կոչերը, սպառնալիքները կը ծառայեն ճիշդ հակառակ նպատակին։ Նման մթնոլորտի մը մէջ արտահերթ ընտրութիւնները լարուածութիւնը լիցքաթափելու եւ ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու նպատակներուն չեն կրնար ծառայել, այլ՝ ընդհակառակն։ Այժմու իշխանութիւնը առաջին հերթին բաժանարար սահմաններու գծման փոխարէն հռետորաբանական հրադադար պէտք է յայտարարէր եւ քաղաքակիրթ բանավէճի մը անցնելու ենթահողը պէտք է պատրաստէր», ըսաւ ան։

Արտահերթ ընտրութիւնները արդեօք ի զօրու պիտի ըլլա՞ն Հայաստանի առկայ ճգնաժամը յաղթահարելու։ Շահան Գանտահարեանի խօսքով՝ յետպատերազմեան այս առաջին ընտրութիւններու բանավէճերը պէտք է կեդրոնանային ստեղծուած իրավիճակի պատճառներուն, անոնց վերաբերեալ զանազան հանգամանքներու քննարկման, անվտանգութեան խնդիրներուն, Հայաստանի ենթարկուած ճակատակագրական հարուածին, հողակորուստին, սահմանային միջադէպերուն, պարտութեան բոլո՛ր պատճառներուն վրայ։ Ի լրումն այս բոլորին, պէտք է որոնուէին ելքեր աշխարհաքաղաքական գործընթացներու լոյսին տակ վերականգնման աշխատանքի եւ պետականութեան վերակայացման առումով։

«Քաղաքակիրթ բանավէճի մշակոյթը, արդար եւ ազատ ընտրութիւններ կազմակերպելը, ժողովրդավար հասարակարգի կայացման կարեւորագոյն բաղադրիչներն են։ Անոնց ապահովումը պետութեան եւ հասարակութեան համակողմանի գիտակցութենէն եւ պատրաստուածութենէն կախեալ է։ Այդ բոլորի իրականացման պատախանատուութիւնը այժմու իշխանութիւններուն կը վիճակի։ Ընտրութեան փուլերը՝ քարոզարշաւ, քուէարկութիւն եւ յետընտրական ընթացակարգեր, պէտք է բացառեն բոլոր ցնցումները։ Քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավար հիմքով նոր էջ մը բանալու մօտեցումը, կը կարծեմ, թէ համակողմանի է» դիտել կու տայ Շահան Գանտահարեան։

*

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեալ կուսակցութեան ղեկավարներէն Ալեքսան Քէօշկէրեան այս փուլին յղում կ՚ընէ պատմական կերպարներու ու կ՚ընդգծէ այժմու իրավիճակին մէջ հոգելոյս Կարէն Տեմիրճեանի մը նման ղեկավարի կարիքը։ Հայաստանի մօտալուտ ընտրութիւններուն վերաբերեալ ակնկալութիւններուն շուրջ ան կ՚ըսէ հետեւեալը. «Յառաջիկայ 20 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ արտակարգ պայմաններու տակ: Երկիրը պարտուած է, պատերազմէն նոր ելած, հող կորսնցուցած է, կան հազարաւոր զոհեր, աւելի քան տասն հազար վիրաւորներ, անյայտ թիւով գերիներ եւ այլ ծանր վնասներ յառաջացած են: Այս բոլորով պայմանաւորուած ճնշիչ պայմաններու տակ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ ընտրութիւնները: Գալով ընտրութեան ընդհանուր գաղափարին՝ գիտէք, որ որեւէ ընտրական որեւէ գործընթաց ընդհանրապէս կը բնութագրուի երեք փուլով. նախընտրական քարոզարշաւ, քուէարկութեան օրը եւ նոր խորհրդարանի կազմաւորումն ու կառավարութեան ձեւաւորումը: Յաճախ առաջին փուլէն կարելի կ՚ըլլայ մօտաւորապէս կանխատեսել եւ յաջորդ փուլերուն վերաբերեալ պատկերացում մը կազմել։ Մինչեւ իսկ կարելի է պատկերացում մը կազմել ապագայ խորհրդարանին եւ կառավարութեան մասին»։

Ալեքսան Քէօշկէրեանի դիտարկումներով, դժբախտաբար, օրերս սկսած քարոզարշաւի փուլին հնչած ելոյթներուն բովանդակութիւնը, լեզուի ցած որակը, անձնական քինախառն եւ վիրաւորական խօսքերը, մինչեւ իսկ զինեալ մենամարտի հրաւէրները խրտչեցուցիչ են։ Տեսնելով այս տխուր եւ քաղաքակիրթ ժողովուրդի մը անյարիր երեւոյթները եւ առաջնորդուելով վերոյիշեալ տրամաբանութիւնով՝ կարելի է ըսել, որ մեծ ակնկալութիւններ ունենալ հնարաւոր չէ ընտրական ասպարէզ իջած թեկնածուներէն:

«Եթէ նախընտրական համայնապատկերին նայինք, ապա այնտեղ ի յայտ կու գան հետեւեալ գլխաւոր ուժերը. Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած «Պատիւ ունիմ» դաշինքը, որու բուն ղեկավարը Սերժ Սարգսեանն է, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութիւնը եւ ներկայ խորհրդարանի «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները՝ Էտմոն Մարուքեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորութեամբ: Այս բոլորը իրենց արտաքին ընդհանուր քաղաքականութեամբ կը պատկանին այն թեւին, որ Ռուսաստանը կը համարէ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը: Կրնայ ըլլալ՝ Էտմոն Մարուքեանը քիչ մը առանձնացնել միւսներէն, որովհետեւ աւելի չափաւոր է այս ուղղութեամբ: Այս թեւին դիմաց այսօր ծառացած են քանի մը ուրիշ ուժեր, որոնք արեւմտամէտ կուսակցութիւններ կը համարուին։ Այս վերջիններն են՝ Արամ Սարգսեանի գլխաւորած «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, «Շիրինեան-Պապաճանեան ժողովրդավարական դաշինք»ը եւ «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»ը:

«Հիմա, գալով բուն հարցումին, եթէ կը հարցնէք իմ ակնկալութիւններս՝ ճիշդը ըսելու համար, ես այս բոլորին մէջ ոչ մէկ ուժ կը տեսնեմ, որ իմ ակնկալութիւններս կրնայ բաւարարել: Եթէ իշխանութեան գլուխ պիտի գայ Քոչարեանը, իր խումբով, ապա մենք գիտենք, թէ ան կը պատկանի այդ հին իշխանութեան, որ երկիրը հասցուց այստեղ եւ որուն վզին եւս կը բարդանայ այս պատերազմի պատասխանատուութեան որոշ մասը։ Բոլորս գիտենք նաեւ Քոչարեանի իշխանութեան ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած քաղաքական սպանութիւնները, փտածութիւնը եւ մնացեալ խնդիրները: Նոյնը կարելի է ըսել Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարութեան ժամանակահատուածի մասին։ Այս պարագային, ի հարկէ, քաղաքական դաշտը շատ աւելի բարենպաստ էր, սակայն փտածութիւնը գլուխը առած գացած էր: Այսինքն, փտածութեան իմաստով հիները՝ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, եւ ինչու չէ, նաեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը Հայաստանին փրկութիւն չեն կրնար բերել: Գալով Նիկոլ Փաշինեանին, ան երեք տարուայ իր իշխանութեան ժամանակահատուածին խոստումները չկրցաւ կատարել։ Այո՛, կարելի է ըսել, որ մասնակի յաջողութիւններ ունեցաւ՝ կաշառակերութիւնը զսպեց եւ այլն, բայց անդին չկրցաւ կառուցել ամուր պետութիւն մը, չկրցաւ երկրի արտաքին քաղաքականութիւնը ճիշդ տնօրինել եւ, վերջ ի վերջոյ, պատերազմի մէջ պարտուած վարչապետ մըն է: Եւ գալով վերջին խմբակին, որ արեւմտամէտներու թեւն է, այդ մէկը Ռուսաստանը ոչ միայն ռազմավարական դաշնակից չի նկատեր, այլեւ կը համարէ Հայաստանի թշնամին։ Անոնք նաեւ Հայաստանի բոլոր դժբախտութիւնները կը վերագրեն Ռուսաստանին եւ Ռուսաստան-Թուրքիա փոխյարաբերութիւններուն։ Ըստ իրենց, պատերազմի մէջ պարտուելու պատճառն ալ Ռուսաստան-Թուրքիա համագործակցութիւնն է։ Անոնք, բնականաբար կը մերժեն բոլորը՝ Նիկոլ Փաշինեանը եւ մնացած բոլոր ուժերը։

«Վերադառնալով իմ ակնկալութիւններուն, ես կը կարծէի, թէ այս ընտրութիւնները Հայաստանը լրիւ ուրիշ տեղ մը պիտի տանէին, պիտի ծնէր այնպիսի երրորդ հոսանք մը, որ պիտի կարողանար միջին եզր մը գտնել, յստակ ծրագիրներ ունենալ, սակայն այդպէս չեղաւ։ Երբ կը լսեմ քաղաքական ուժերու ելոյթները, չեմ տեսներ ոեւէ մէկը, որ կը համապատասխանէ իմ ակնկալութիւններուն: Յաճախ ինծի կը հարցնեն, թէ որն է իմ նախընտրութիւնը, ինչպիսի կերպար մը կ՚ուզեմ։ Այստեղ պարզապէս օրինակ մը կ՚ուզեմ տալ։ Հայաստանին պէտք է ողբացեալ Կարէն Տեմիրճեանի մակարդակով ղեկավար մը. այսինքն ղեկավար մը, որ կարողանայ առաջնորդ ըլլալ, երկիրը այս ճգնաժամէն դուրս բերել, ապագայի յստակ տեսլական մը ունենայ եւ երբ որ խօսի, ժողովուրդի վստահութիւնը վայելէ: Իմ կարծիքով՝ այսօր ասպարէզ իջած բոլոր ուժերը փորձուած են, բոլորն ալ իրենց հերթին շատ ժխտական կողմեր ցոյց տուած են։ Սակայն, ի վերջոյ որոշումը պիտի տայ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդը, ան պիտի կողմնորոշուի եւ պիտի ընտրէ յաջորդ խորհրդարանը: Ես կը փափաքիմ, թէ այնպիսի խորհրդարան մը կազմուի, որ ըլլայ թէ՛ իշխանութիւն եւ թէ ընդդիմութիւն։ Բայց ընդդիմութիւնը այնքան ուժեղ ըլլայ, որ իշխանութիւնը տասը չափէ եւ մէկ գործէ։ Այսինքն ըլլայ այնպիսի ընդդիմութիւն մը, որ կարողանայ լաւ վերահսկել իշխանութիւններու գործունէութիւնը։ Ի վերջոյ Հայաստանը, հայկական պետութիւնը յաւելեալ ցնցումներ չեն կրնար տանիլ։ Երկրին առջեւ շատ խնդիրներ ծառացած են՝ գերիներու հարց, սահմաններու վիճակ, Լեռնային Ղարաբաղի չլուծուած հակամարտութիւն: Այսինքն, այնպիսի լուրջ իշխանութիւն մը պէտք է ստեղծուի, որ առկայ անկիւնադարձային ու շատ դժուար ժամանակահատուածին կարողանայ նաւարկել այս ալեկոծ ծովուն մէջ եւ նաւը խաղաղ նաւահանգիստ հասցնել», կը խորհրդածէ Քէօշկէրեան։

*

Ամերիկահայ հրապարակագիր Յարութ Սասունեան առկայ մարտահրաւէրներու շարքին կ՚առանձնացնէ սահմաններու անվտանգութիւնը։ Ըստ իրեն, դժբախտաբար, այս ընտրութիւններէն շատ մեծ ակնկալութիւններ ունենալ կարելի չէ։ Արդարեւ, ով որ ալ գայ իշխանութեան գլուխ՝ պիտի չկարողանայ շատ բան ընել։ «Ունեցած ենք մեծ կորուստներ եւ վարչապետ Փաշինեան ստորագրած է այդ պարտութեան համաձայնագիրը: Եւ Հայաստան այսօր՝ ըլլալով փոքր ու տկար երկիր մը, շրջապատուած է աւելի հզօր եւ թշնամի երկիրներով։ Շատ տեղ չունի շարժուելու...», կը մատնանշէ Սասունեան։

Թէ ի՞նչ տեսակի իշխանութեան մը կարիքը ունի Հայաստան ներկայիս: Իր կարծիքով, յաջորդ իշխանութիւնները պէտք է այնպէս մը ըլլան, որ երկիրը ղեկավարելու կարողութիւնը ունենան. բան մը, որ դժբախտաբար չկայ ներկայիս։ Նոր իշխանութիւնները պէտք է կարողանան ամէն ինչ ընել, որպէսզի երկիրը հեզասահօրէն, առանց ցնցումներու ղեկավարեն։ Արդարեւ, հիմա շատ դժուար կացութեան մէջ է Հայաստանը։ «Անընդհատ յարձակումներու կ՚ենթարկուի երկիրը՝ մանաւանդ Սիւնիքի մէջ։ Ամէնուրեք կորուստներ եւ գերիներ կան: Յուսամ՝ նոր իշխանութիւնները անկեղծ եւ լաւ ձեւով կը կարողանան ղեկավարել երկիրը եւ փորձութիւններէ հեռու կը պահեն Հայաստանը: Ի վերջոյ յաջորդ իշխանութիւններու թիւ մէկ խնդիրը պէտք է ըլլայ այսօր առկայ սահմանային իրավիճակի փոփոխութիւնը», կ՚ըսէ Յարութ Սասունեան։

Մեկնաբանելով այս առաջնահերթութիւնը, ան կը մատնանշէ, որ նոր իշխանութիւններու հրատապ գործը սահմանային հարցերը կարգի դնելը պէտք է ըլլայ: «Ատրպէյճան զանազան միջոցներով այսօր ճնշումի տակ կը պահէ Հայաստանը եւ այս վիճակը պէտք է յաղթահարուի։ Եթէ կարող ղեկավար մը ըլլայ, կարելի է վնասները նուազագոյնի իջեցնել եւ երկիրը կրնայ նոր շունչ մը առնել։ Ի վերջոյ այսօր մեր ժողովուրդը մեծ մտավախութիւններու դէմ յանդիման կը գտնուի եւ առկայ իրավիճակը անպայման պէտք է փոխուի», կ՚ընդգծէ Սասունեան։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 14, 2021