ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 3 - «ՅԱՏՈՒԿ ԲԺԻՇԿ»Ը…
Շաբաթ մը գոնէ պէտք էր հիւանդանոց մնայի։ Այդպէս էր օրէնքը։ Ինչպէս յիշեցի, Արամը ամէն օր կ՚այցելէր ինծի, նոր տեղական չստիկ մը բերաւ, որ աչքի չզարնէ եւ մաքրամաքուր մաքրող կինը աչքը վրան չտնկէ։ Ընկերներս կ՚այցելէին, տիկին Մարին մայրութիւն կ՚ընէր… Ես կամաց-կամաց աւելի լաւ կը զգայի, նոյնիսկ հիւանդանոցէն դուրս գալէ օր մը առաջ իմ երգ ու ասմունքով հանդէս մը կազմակերպած էի յարկիս հիւանդներուն համար, նուիրուած մօտալուտ Նոր տարուան, ընկերական լաւ շրջանակ մը ստեղծած էի։ Երուսաղէմի մասին կը պատմէի, արեւմտահայերէնս շատ կը սիրէին։ Ամէն առտու բժիշկներուն այցելութիւններէն ետք կը հաւաքուէինք եւ ես իմ չվերջացող պատմութիւններս կը պատմէի…
Եւ այդ ժամուն մեր սենեակի չորրորդ հիւանդին համար «Յատուկ բժիշկ» մը կու գար եւ մենք պէտք էր, որ սենեակէն դուրս գայինք։ Անոր համար ալ այդ «Յատուկ բժիշկ»ին եւ մեր հաւաքոյթներուն ժամերը յարմարցուցած էինք։
Միակ հիւանդն էր, որ տունէն բերած իր գիշերանոցը հագուելու հրաման ունէր եւ այդ գիշերանոցը շատ ցանկայարոյց էր, որ բժիշկին մեկնելէն ետք մինչեւ ամուսինին ժամանումը իր տեղը կը զիջէր համեստ գիշերանոցի մը։ Միշտ շպարուած՝ հիւանդի տեսք չունէր։
-Տիկին Մարի, ո՞վ է այս կինը, որ այսքան իրաւունքներ ունի, ի՞նչ ունի, բնաւ հիւանդի նման չէ։
-Գործ չունես, կանացի հիւանդութիւն ասացին, բժիշկին քոյրն է…
-Կանացի հիւանդութիւնը ո՞րն է, այսինքն մի՛շտ ուզա՞ծը պիտի ընէ։ Յայտնի է, որ շփացած է։ Լաւ, մեզ ինչո՞ւ դուրս կը հանեն եւ սենեակին դուռն ալ կը գոցեն։
-Գործ չունես աղջիկս, դուն այդ ժամուն պատմութիւններդ պատմէ։
-Գիտես ինչո՞ւ կը նեղուիմ տիկին Մարի, ես մէկ հատիկ եմ՝ անունս շփացած հաներ են… Ծնողքս շփացուցած են, ճիշդ է, բայց ես օր մը ասոր նման շփացածութիւններ չեմ ըրած։ Մենք պարտաւո՞ր ենք սենեակէն ելլելու։ Վաղը պիտի ըսեմ, որ հիւանդ եմ եւ չեմ կրնար անկողինէս ելլել…
-Այդպիսի բան չանես, բոլորը քո պատմութիւններին են սպասում…
Պատմութիւններուս մեծ քաջալերողն էր տիկին Մարին, նաեւ իր չափով դիւանագէտ է եղեր… Յետոյ հասկցայ, որ իր սուսիկ-փուսիկ կարգադրութեամբ էր, որ այդ ժամը դարձուցեր էին պատմութեան ժամ։ Չմոռնամ ըսելու, որ գրեթէ իմ տարիքիս աղջիկ մըն ալ կար սենեակը եւ մենք դեռ շա՜տ անմեղ էինք հասկնալու, թէ ինչե՜ր կրնան պատահիլ պատմութեան ժամուն։ Թէ ինչպիսի շփացածութիւններու մասին է խօսքը…
Առտու մը «Յատուկ բժիշկ»ին մեկնումէն քառորդ ժամ ետք մեր սենեակը խուզարկման ենթարկուցաւ, բժիշկին ինքնաշարժին բանալիները չկային։ Անշուշտ գտնուեցան, իր «Յատուկ հիւանդ»ին մահճակալին պատի կողմէն վար ինկած էին։
Երբ ամմօ Կայծակենց գացի, չէի կրնար չպատմել «Յատուկ բժիշկ»ին եւ իր քրոջ պատմութիւնը։ Եւ զարմացած վերջացուցի.
-Դեռ չեմ հասկցած սա «Յատուկ բժիշկ»ին բանալիները ինչպէ՛ս յայտնուեցան մահճակալին պատին կողմը։
Հիմա հասկցած եմ… Բայց կը կարօտնամ միամտութիւնս։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
•շարունակելի…
Երուսաղէմ, 2024