ԱՒԵԼԻ ՇԱՏ ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ, ՔԱՆ ԶԱՅՐՈՅԹ ԵՒ ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆ..
Մանկութեան յուշերուս մէջ է «Little House on the Prairie» ֆիլմաշարը, երբ իւրաքանչիւր շաբաթ, հեռատեսիլին առջեւ գամուած, անհամբեր կը սպասէինք՝ պատկերային իր յարդարանքով, այնքան սիրալիր դերակատարներով, 1800-ական թուականներու Ինկըլզ ընտանիքի առօրեան պատմող ուշագրաւ պատմութիւնները:
Իսկ վերջերս արգելափակման առօրեան ապրելով, որ յաճախ տագնապալից իրավիճակներով կը բնորոշուէր, պատահմամբ հանդիպեցայ այս հիանալի ֆիլմաշարին եւ մեծ հետաքրքրութեամբ ուզեցի դարձեալ դիտել զայն: Հաւանաբար փախուստ մըն էր ներկայ կեանքէն եւ փնտռտուք մը՝ խաղաղութեան, պարզութեան եւ ներդաշնակութեան:
Հիմա, որ անգամ մը եւս կը դիտեմ, կը գիտակցիմ, թէ ինչո՞ւ այդքան հրապուրիչ կը թուէր այս ֆիլմաշարը եւ քանի մը գաղափարներ կ՚ընդգծուին մտքիս պաստառին:
- Տան համերաշխութիւնը վարակիչ էր, հայրը բոլորին հետ հաւասարապէս կը վարուէր, առանց խտրութեան, եւ առիթ կու տար, որ ընտանիքի անդամները իրենց կարծիքը յայտնէին՝ հեռու աշխարհի պարտադրած պնդատպութենէն (stereotype), նոյնիսկ այդ ժամանակ երբ արտասովոր էր այդ երեւոյթը:
- Աշխատանքի հանդէպ մօտեցումը նուիրական էր: Հայրը իր՝ շինարարութեան, ցանքի եւ որսի, իսկ մայրը առտնին բոլոր աշխատանքներուն մէջ, հիանալի օրինակներ էին զաւակներուն համար, որոնք կ՚օգնէին իրենց ծնողներուն եւ մեծ գոհունակութիւն կը զգային գործ մը լաւ ձեւով աւարտած ըլլալնուն համար:
- Միշտ սորվելու փափաքը կար, բոլոր մարզերու մէջ: Սորվելիքը թիւերէն եւ գիրերէն շատ աւելի անդին էր եւ աղջիկները այս գիտակցելով ճիգ չէին խնայեր, ըլլայ դպրոցին կամ տան մէջ:
- Լաւ բարեկամներ եւ լաւ դրացիներ ունենալը գանձեր էին:
- Անպայման բնութեան մէջ պէտք էր ըլլալ: Անոնք միշտ պտոյտի կ՚ելլէին, նորոգուելու եւ կ՚ազդուրուելու, մատնանշելով ծառերուն գեղեցկութիւնը, երկնքի կապոյտը, անծայրածիր ամպերը, խոտը, ծաղիկներու բազմաթիւ տեսակները եւ լիճերն ու պուրակները:
- Հակառակ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, անոնք կը գիտակցէին, թէ դրամը երջանկութիւն չի բերեր: Իրենց տաքուկ բնակարանը՝ գեղեցիկ բնութեամբ շրջապատուած, պարզ տնային հաճոյքները եւ ընտանեկան սէրը անոնց երջանկութեան աղբիւրներն էին:
- Հրաշքը, որ հազուադէպ բան մըն է եւ Աստուծոյ պարգեւը՝ արժանիներուն, այս ընտանիքին համար կը պատահէր, երբ որ անոր կարիքը զգացուէր։
- Եւ որեւէ դժուարութիւն կարելի էր յաղթահարել՝ համբերութեամբ, քաջութեամբ եւ իմաստութեամբ:
- Անշուշտ այս հայեացք մըն էր՝ մեր ժամանակակից մտածելակերպէն հեռու աւելի պարզ կեանք մը ընդունելու, որ Ինկըլզ ընտանիքը մեզի ցոյց կու տար, ըսելով՝ թէ մարդիկ միշտ սրտով բարի են եւ եթէ իրապէս ուզենք փոփոխութիւն բերել, այդ միայն կարելի է սիրոյ, արդարութեան եւ փոխհասկացողութեան միջոցով: Անոնց ընտանեկան սիրոյ կապը խոր էր եւ անվերապահ: Անոնք պարզապէս իրենց տունը հիմնած էին այս գիտակցութեամբ:
- Ընտանեկան ճաշի պահը նշանակալից ատեն մըն էր տուեալ օրը բաժնեկցելու, քննարկելու եւ աւարտելու միասին:
- Հիւրասէր ըլլալը սուրբգրային արժանիք էր:
- Անոնք բնաւ արժէք չէին տար ունեցուածքին, այլ ուրախ կը զգային միայն, երբ օգնութեան ձեռք երկարէին կարիքաւորին:
- Բոլորը կը սիրէին կարդալ, մանաւանդ խիստ ցուրտ օրերուն, երբ անոնք տունէն դուրս չէին կրնար գալ:
- Նաեւ կը սիրէին պարել, երգել եւ նուագել, որ ուրախութիւն եւ կեանք կը բերէր տունը:
- Իրենց լաւատեսութիւնը փոխանցիկ էր, նոյնիսկ ամենադժուար պարագաներուն:
Այսօր ես կարիքը կը զգամ այս տեսակի ֆիլմաշարերու: Աւելի՛ն. Լորա եւ Մէյրի Ինկըլզներու եւ աւելի քիչ՝ Քարտաշեաններու: Աւելի արժէքներ եւ սրտանց պահեր, քան՝ մերկութիւն:
Մեր աշխարհը պարզապէս աւելի շատ կարիքը ունի պարզութեան եւ բարի մարդոց, քան ատելութեան եւ զայրոյթի: Աւելի՛ն. գնահատանքի եւ պակաս՝ նախանձի:
Մենք պարզապէս պէտք է ետ վերադառնանք մեր արժէքներուն, եթէ դժգոհ ենք այսօր:
ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ