ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐՈՎ «ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՊԼՈՔ»Ը ԱՆՏԱՐԲԵՐ

Ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումներն ու խօսակցութիւնները ցոյց կու տան, թէ արեւմտեան երկիրներ շատ ալ հետաքրքրուած չեն, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ի մի գան եւ սեղանին վրայ դնեն բանակցային այնպիսի գործընթաց մը, որ խաղաղութիւն պիտի բերէ ամբողջ տարածքաշրջանին համար։

Այս մէկը երեւելի դարձաւ ոչ միայն 2016 թուականի «Ապրիլեան քառօրեայ»ի օրերուն, այլ մանաւանդ անցեալ յուլիսին Հայաստանի Տաւուշ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ռազմական բաւական թէժ գործողութիւններուն ժամանակ։

Ի դէպ, ամերիկացի յայտնի դիւանագէտ եւ որոշ շրջան մը Պաքուի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան հանդիսացած Մեթիու Պրայզա օրերս ուշագրաւ յօդուած մը գրելով այն տեսակէտը յայտնած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կարելի պիտի ըլլայ լուծել գլխաւորաբար Ռուսաստանի, նաեւ Թուրքիոյ ճիգերուն միջոցով։ Պրայզա այս տեսակէտին վրայ է վաղուց, սակայն ամերիկացի դիւանագէտին տեսակէտը այս օրերուն աւելիով մարմին կը ստանայ, որովհետեւ թէ՛ ԱՄՆ եւ թէ եւրոպական երկիրներ ինչ-որ տեղ «մէկդի» դրած են Արցախի հիմնահարցը։ Թերեւս իմ ընթերցողներէն շատ քիչեր պիտի վերյիշեն, թէ վերջին անգամ Ֆրանսայի կողմէ ղարաբաղեան հիմնահարցին վերաբերեալ «աշխոյժ հետաքրքրութիւն» մը երեւելի դարձած էր Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի իշխանութեան օրերուն, բայց նոյն Ֆրանսան ձեռնածալ մնացած էր օրինակի համար 2016 թուականի ապրիլեան դէպքերուն ժամանակ։ Նոյն ուղղութեամբ աւելի մեծ «անտարբերութիւն» մը կայ ԱՄՆ-ի կողմէ, որուն այսօրուան ղեկավարութիւնը կարծես, թէ ինչ-որ կերպ սկսած է ընդունիլ, որ իրենք՝ ամերիկացիք Կովկասի մէջ մեծ ընելիք մը չունին։ Անոնք կարծես, թէ կը մտածեն, որ տարածքը «յանձնած» են Ռուսաստանին, հետեւաբար նաեւ անիմաստ է ռուսաստանեան տարածքաշրջան համարուող Հարաւային Կովկասէ ներս որեւէ քայլեր կամ նախաձեռնութիւններ իրականացնել։ Կայ վարկած մը, թէ արեւմտեան պլոքին (մանաւանդ ԱՄՆ-ի համար) Կովկասի զարգացումներուն վերաբերեալ հիմնական դիտարկողը պէտք է ըլլայ Անգարան։ Սակայն, Թուրքիոյ հետ լուրջ տարակարծութիւններ ունի ԵԱՀԿ-ի Միսքեան խմբակի համանախագահներէն Ֆրանսան։ Ուաշինկթըն մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն Անգարայի հանդէպ որոշ «կրակմար» մը ըլլալ կ՚երեւի։ Անոր համար երբեք այդքան վատ պիտի չըլլայ, որ Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ Թուրքիոյ մօտեցումները որոշ չափով հաշուի առնուին նաեւ Արեւմուտքի կողմէ։

Անշուշտ արցախեան հիմնախնդրին մէջ թրքական որեւէ միջամտութիւն, մօտեցում կամ նոյնիսկ նախաբանակցային տեսակէտ պէտք է հնչէ միայն Մոսկուայի ամբողջական նեցուկով եւ համաձայնութեամբ։ Միայն այդ պարագային է, որ Հայաստան, որուն համար մինչեւ այս պահը թրքական որեւէ նախաձեռնութիւն անտեղի եւ անիրաւ միջամտութիւն է, կրնայ փոխել կամ բարեփոխել իր տեսակէտը եւ կերպով մը ճանապարհ բանալ որեւէ բանակցային փորձի, անշուշտ եթէ այդ բանակցային փորձը ունենայ լուրջ հիմքեր եւ միտուած ըլլայ նախ եւ առաջ խաղաղութիւն կերտելու հիմնական մօտեցումին։

Ամէն պարագայի այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք ուշագրաւ է խոր հայեացք մը նետելով կարդալ Մեթիու Պրայզայի հրապարակած յօդուածը, որ պատրաստուած է Atlantic Council հիմնարկին համար։

Ստորեւ արեւելահայերէնէ՝ արեւմտահայերէնի փոխադրուած յօդուածին ամբողջութիւնը։

Անյայտ է, թէ ո՞վ առաջինը կրակած է 12 յուլիսին: Կողմերը համաձայն են, որ Ատրպէյճանէն 2 զինուոր այդ գիշեր «ճիփ»ով մօտեցած են երկու երկիրներու սահմանագծուած միջազգային սահմանին: Երեւան կը պնդէ, որ իր զօրքերը ատրպէյճանցի 2 զինուորները զգուշացուցած են, որպէսզի նահանջեն, սակայն Ատրպէյճան պատասխանած է հրետանային կրակով: Պաքուն ալ կը յայտարարէ, որ հայկական հրետանին սկսած է կրակել: Որպէս հետեւանք, ատրպէյճանցի 15 զինուոր, անոնց կարգին զօրավար մը, սպաննուած են, սպաննուած է նաեւ մէկ խաղաղ բնակիչ Թովուզի մէջ: 4 զինուոր եւ մէկ քաղաքացիական անձ զոհուած է Տաւուշի մէջ:

Թովուզը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղէն ոչ հեռու եւ այդ այն վայրն է, ուր Պաքուն չէր ցանկար մարտական գործողութիւններ տեսնել, քանի որ ան կը գտնուի մօտակայքին ռազմավարական փոխադրական ուղիներու, որոնք անհրաժեշտ են Ատրպէյճանի տնտեսական կենսունակութեան համար:

Մասնաւորապէս՝ Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան եւ Պաքու-Սուփսա նաւթամուղները, որոնցմով ատրպէյճանական նաւթը կը մատակարարուի Միջերկրական եւ Սեւ ծովերու նաւահանգիստները.

Հարաւ-կովկասեան կազատարը՝ Եւրոպական Միութեան Հարաւային միջանցքի առանցքային տարրը, որով շուտով ատրպէյճանական կազ կը մատակարարուի Եւրոպական Միութիւն՝ Վրաստանով եւ Թուրքիայով.

Ատրպէյճան-Վրաստան մայրուղին, որ կը միաւորէ Ֆրանսայի ատլանտեան ափը Խրղըզիստանի եւ Չինաստանի սահմանի հետ.

Կարս-Թիֆլիզի երկաթուղին, որ կ՚ապահովէ նմանատիպ ռազմավարական հաղորդակցութիւն.

Եւրոպան Կեդրոնական Ասիոյ հետ կապող (Fiber-Optic) մալուխներ:

Այդ ենթակառուցուածքը ռազմավարական նշանակութիւն ունի նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի համար:

Ուաշինկթըն յառաջ տարած է այդ նաւթա- եւ կազատարները 25 տարի, որպէսզի եւրոպացի իր դաշնակիցներուն օգնէ՝ նուազեցնելու համար Ռուսաստանէն կախեալութիւնը: Այլընտրանք ներկայացնելով Չինաստանի «Մէկ գօտի, մէկ ուղի» նախաձեռնութեան՝ այդ փոխադրական կապերը կրնան օժանդակել նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն՝ պահպանելու համար իրենց գանձատրական անկախութիւնը:

Իսկ Ռուսաստան դէմ է այդ երթուղիներուն: Միեւնոյն ժամանակ, Թեհրան կ՚ընդլայնէ Հայաստանի մէջ իր առեւտրային միջանցքը: Կը հաղորդուի, որ Իրան վառելիք կը մատակարարէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին Հայաստանի միջով, այն պարագային, երբ Իրանի օդային տարածքը անհրաժեշտ էր յուլիսին, Հայաստանին ռուսական զէնք մատակարարելու համար:

Ատրպէյճանի կողմէ Տաւուշի ուղղութեամբ կրակոցները, նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան նպատակով, Երեւանին արդարացում կու տան Ռուսաստանէն ռազմական օգնութիւն խնդրելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը արդէն վաղուց կը փորձէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) օգտագործել Ատրպէյճանի դէմ: Անոնք չյաջողեցան այդ մէկը ընել 2016-ի ապրիլեան բախումներու ժամանակ: Այդ ժամանակ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Նիքոլայ Պորտիւժա պարզաբանեց, որ ՀԱՊԿ-ն կրնայ օգնել Հայաստանին միայն միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքներու վրայ յարձակման պարագային:

Անցեալ ամիս մարտական գործողութիւնները ուղղուած էին մասնակիօրէն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին։ Սա Երեւանին հնարաւորութիւն կու տար ՀԱՊԿ-ն արտակարգ ժողովի հրաւիրելու: Սակայն Երեւան արագօրէն ետ քաշեց իր դիմումը։

Այնուամենայնիւ, Ռուսաստան արձագանգեց միակողմանի կարգով՝ 17-20 յուլիսին, Կիւմրիի 102-րդ ռազմական կայանին մէջ զօրավարժութիւններ կատարելով:

Թուրքիան եւս պատասխանեց: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան նշեց, որ «Թուրքիան առանց վարանելու կը պատասխանէ Ատրպէյճանի հողերուն եւ իրաւունքներուն դէմ յարձակումներուն»: Ապա Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ Հայաստան «պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ Ատրպէյճանի վրայ յարձակման համար»: 29 յուլիսէն մինչեւ 10 օգոստոս, թուրք-ատրպէյճանական խոշորամաշտապ զօրավարժութիւններ տեղի ունեցան:

Թէեւ Թուրքիան եւ Ռուսաստանը կը հակազդեն Հարաւային Կովկասի մէջ, ինչպէս Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ, սակայն երկիրներէն որեւէ մէկը չի ձգտիր յետագայ մագլցումի։

Սակայն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը զսպելու գոյութիւն ունեցող միջազգային միջնորդական մեքենականութիւնը, կարծես, յարմար չէ օգտագործման համար։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջնորդ է 1992 թուականէն ի վեր։ Սակայն խումբի լիազօրութիւնը անոր ուշադրութիւնը կը սահմանափակէ Լեռնային Ղարաբաղով եւ անոր կից եօթ շրջաններով, այլ ոչ թէ Հայաստանի տարածքով։ Նոյնիսկ եթէ անոր լիազօրութիւնը ընդլայնուէր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այս պահուն, կարծես, հրաժարած են Մինսքեան խմբակէն։ 14 օգոստոսին Փաշինեան BBC-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին հաստատած էր, որ ինք հրաժարած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական սկզբունքներէն, որոնք համաձայնութիւն ստացած էին Մինսքեան խմբակի կողմէն եւ որոնց հետ իր նախորդը ոչ-պաշտօնապէս համաձայնած էր 2009 թուականի յունուարին։ Մինչդեռ Ալիեւ վկայակոչած է Հայաստանի հետ «անմիաստ բանակցութիւնները», երբ 16 յուլիսին պաշտօնազրկեց իր փորձառու Արտաքին գործոց նախարար՝ Էլմար Մամետեարովը։

Այս պատճառով Անգարան եւ Մոսկուան կարող են լրացնել դիւանագիտական դատարկութիւնը եւ իրենց դաշնակիցները համոզել վերադառնալ բանակցային սեղանի մօտ։ Չնայած Ռուսաստանի Թուրքիոյ հետ զանազան ուղղութիւններով կոշտ տարաձայնութիւններուն, ԱՄՆ եւ անոր եւրոպացի դաշնակիցները իմաստուն կը վարուին, եթէ խրախուսեն այսպիսի ձեւաչափ։ Այլընտրանքը կրնայ ըլլալ զգացմունքներու փոխադարձ մագլցումը եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ ռազմական լարուածութիւնը։ Թէեւ ո՛չ Հայաստան եւ ոչ ալ Ատրպէյճան կրնան դիմանալ լայնածաւալ պատերազմի, նոյնիսկ աւելի սահմանափակ ռազմական հակամարտութիւնը կրնայ ոչնչացնել ռազմավարական գոյքերը, որոնցմէ կախեալ են ՆԱԹՕ-ն եւ Եւրոպական Միութիւնը։ Միակ շահառուները պիտի ըլլան Ռուսաստանը, Իրանը եւ հնարաւոր է, Չինաստանն ու անոր «Մէկ գօտի՝ մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 14, 2020