ՆԱՓՈԼԷՈՆ ԵՒ ՀԻԹԼԵՐ. ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Խորագիրը շատ յստակ է. «…պատմական համեմատութիւններ եւ հակառակը...»:

Ճիշդ է, որ նման «բաներու» մասնագէտ մը չեմ, ոչ ալ վերլուծող մը, բայց կը սիրեմ ականջ դնել պատմական այս տեսակ տուեալներուն: Չէ՞ որ ինծի համար նման «բաներ» հասկնալու եւ անկէ օրինակներ վերցնելու եւ օրինակուելու համար, նախապայման է պատմութեան մէջ «մտնել» ու «մնալ»: Ուրեմն...:

Վերջերս եւ պատահական, ձեռքս անցաւ Նափոլէոն Պոնափարթի եւ Ատոլֆ Հիթլերի մասին հետաքրքրական էջեր, որոնք կարգ մը պատմաբաններու կողմէ, այս երկու բռնապետ-«հսկաներու» մասին զանազան հաւանական եւ անհաւանական համեմատութիւններ կը ներկայացնէին:

Ընթերցումներէս ետք, ես ինծի դարձեալ հարց տուի, թէ արդեօք այս տուեալները պարզ զուգադիպութիւննե՞ր էին, թէ ո՛չ, պատմութիւնը ասոնց մօտ ալ ինքզինք նորէն կրկնած էր:

Չեմ գիտեր: Նախապէս, պատմական նմանութիւններու հանդիպած էի Ամերիկայի նախկին երկու նախագահներ՝ Ապրահամ Լինքընի եւ Ճոն Քենետիի պարագաներուն ու այս մասին օրին զարմանքս արտայայտած:

Այս պարագային սակայն, կ՚ուզեմ, որ ընթերցողը ի՛նք ճշդորոշէ: Իմ ներկայացուցածս պարզապէս տեղեկութիւններու շարան մըն է, քաղուած՝ պատմական ուսումնասիրութիւններ կատարող յայտնի եւ անյայտ մասնագէտ գրիչներէն:

Նախ ըսեմ, որ երկուքին մօտ ալ նկատելի էր քանի մը յստակ տարբերութիւններ: Բայց նաեւ կային բազմաթիւ նմանութիւններ ալ: Ներկայացնեմ.-

- Ե՛ւ Նափոլէոնը, ե՛ւ Հիթլերը ծնած էին իրենց երկրէն դուրս:

- Նափոլէոն ծնած էր 1760-ին, ֆրանսական Քորսիքա կղզիի մէջ: Յաջողակ փաստաբանի որդին ըլլալով, ստացած էր որոշ կրթութիւն: Բայց ունեցած էր իտալական առոգանութիւն, որ յստակօրէն կը տարբերէր զուտ ֆրանսականէն:

- Հիթլեր ծնած էր 1889-ին, Աւստրիայի մէջ: Ան Գերմանիա հաստատուած էր 1913-ին, եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին զինուորագրուած՝ երկրի բանակին: 1919-ին միացած էր Գերմանական Բանուորական կուսակցութեան, որ յետագային դարձաւ Նացիստական կուսակցութիւն եւ ինք 1921-ին դարձաւ անոր առաջնորդը:

- Հիթլերը իր երկիրը կառավարեց 12 տարի: Ան, ոչ միայն Գերմանիան փոխեց, այլ նաեւ՝ ամբողջ Եւրոպան:

- Նափոլէոնը կառավարեց 10 տարի, Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ յօրինելով նոր կարգ մը, որ մինչեւ օրս ալ կը կիրարկուի:

- Հիթլերը, բանակին մէջ սովորական զինուոր մըն էր, իսկ Նափոլէոնը՝ ռազմական հմտութիւններով զինուորական մը:

- Երկուքին կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը նոյնը չէին: Սակայն երկուքին մօտ ալ պատերազմելու կամ պատերազմի մտնելու արագութիւնը գրեթէ նոյնն էր:

- Հիթլեր, շնորհիւ իր հմտութեան, 25 օրուան մէջ, շատ արագ գրաւեց Նետըրլանտները, Հոլանտան, Պելժիան եւ Ֆրանսան:

- Նափոլէոն, 24 օրուայ ընթացքին գրաւեց ամբողջ Լեհաստանը, Աւստրիան եւ վերջին՝ Ֆրանսան եւ իր գրաւած երկիրներուն մէջ արգիլեց արտայայտուիլ ազգային ժառանգութեան մասին:

- Հիթլերի մօտ բացայայտ էր հրեաներու նկատմամբ, դաժանութեամբ, հալածանքներով ու հակասեմական ծրագիրներով լեցուն, իր անսովոր եւ անօրինակ ատելութիւնը։

- Երկու բռնապետներն ալ իրենց գրաւած երկիրները կողոպտեցին, մեծ չափով աւար (զէնք, արուեստ, պաշար) վերցնելով:

- Երկուքն ալ իրենց վարչակարգերը ճնշող ժողովուրդներու ապստամբութիւնները, վայրագօրէն ճզմեցին:

- Երկուքն ալ կ՚ատէին ու կը զզուէին մտաւորականներէն ու միշտ եւ ամէն միջոցներով զանոնք լռեցնել կը փորձէին: Անոր համար հաստատած էին գրաքննութեան եւ գաղտնի ոստիկանութեան մեծ խումբեր:

- Երկուքն ալ կ՚ուզէին ոչնչացնել Ռուսաստանը: Բայց վերջին, մեծ զոհեր եւ կորուստներ տալով, չարաչար պարտուեցան: Ձախողեցան՝ ահռելի պարտութեամբ: Յաղթողը եղաւ եւրոպական ազատութեան իրական պաշտպանները՝ ազգայնականները:

Հակառակ այս բոլորին, Հիթլեր, որ ինքզինք եզակի ու կատարեալ գերմանացի նկատած էր, միշտ հիացած էր Նափոլէոնով:

Բայց իրականութիւն է, որ երկու բռնապետներն ալ պատմութեան անցան եւ ամէն առիթներով, միշտ յիշուեցան եւ յիշատակուեցան:

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՆՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (129 ԹՈՒԱՆՇԱՆԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ)

- Հիթլեր ծնած էր 1889-ին, Նափոլէոնէն՝ (1760) 129 տարի ետք:

- Երկու բռնապետներն ալ, իրենց 44 տարեկանին հասած էին «իշխանութեան»:

- Նափոլէոն Վիեննա մտած էր 1809-ին, իսկ Հիթլեր՝ 1939-ին (Նափոլէոնէն՝ 129 տարի ետք):

- Նափոլէոն կայսր դարձած էր 1804-ին, իսկ Հիթլեր՝ երկրի ղեկավար՝ 1933-ին (Նափոլէոնէն՝ 129 տարի ետք):

- Նափոլէոն Ռուսաստանի դէմ արշաւանքի սկսած էր 1812-ին, իսկ Հիթլեր՝ 1941-ին (Նափոլէոնէն՝ 129 տարի ետք):

- Նափոլէոն Ռուսաստանի դէմ պարտուած էր 1816-ին, իսկ Հիթլեր՝ 1945-ին (Նափոլէոնէն՝ 129 տարի ետք):

Արդ, ի տես այս «129» ուրուականին, ի՞նչ կարելի է ըսել կամ հետեւցնել պատմական այս «նմանութիւններէն» եւ կամ տուեալներէն... չեմ գիտեր:

Պարզապէս... հետաքրքրական իրականութի՞ւն... կամ... զուգադիպութի՞ւն...:

Դուք ճշդեցէ՛ք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021