ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ՝ «ԶՈՒՄԱՅԻՆԸ»

Ահա պարզ իրականութիւն մը: Մինչեւ հիմա մեր կեանքը «դիմակ»աւոր էր, ասոր կողքին ան նաեւ դարձաւ «զում»ային:

Չեմ գիտեր, որքան ճիշդ կամ սխալ պիտի ըլլար նման վերնագրով արտայայտուիլս: Բայց որովհետեւ այս օրերու մեր իրավիճակին հետ անմիջական ատաղձ ունէր, իբրեւ անմեղ արդարացում, նման խորագիր մը ընտրեցի:

«Զում», «զումային» կամ «զումաւոր», մեր ներկայ կեանքի ամէնօրեայ ժամերուն հետ կապուած ու անկէ կախուած անբաժան եւ կենսական որակում մըն է: Որովհետեւ, ուզենք կամ ո՛չ, մենք «զում»ի կամ «զում»երու այս նոր ձեւորդեգրումին գերին կամովին դարձած էինք: Ու այս փոփոխութիւնը՝ շնորհիւ «քորոնա» կոչուած այդ համավարակին, որ արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր, մեր կեանքը այս ձեւով դասաւորած էր:

Ու եթէ կրկնութեան մը յիշեցումը արտօնուի, նաեւ աւելցնեմ, որ ա՛յս մեր ներկայ նոր կեանքը մեզի պարտադրուեցաւ: Բացի շուկայ-փողոց դիմակաւոր պտտելէ, եթէ անպայման կ՚ուզէինք մէկու մը հետ տեսնուիլ, հանդիպիլ, այդ մէկը կարելի պիտի ըլլար միայն արդի «թեքնոլոճիայի» ընձեռած «զում»ով:

Անոր համար, ամիսներով զրկուեցանք զաւակ, թոռնիկ, դրացի, ազգական ու հարազատ մեր տուներէն ներս հիւրընկալելէ, քով-քովի, կողք-կողքի նստելէ, զրուցելէ, ժամանակ անցընելէ, ազատօրէն ուտել-խմելէ: Այսպէս, դպրոց, դաս, տեսակցութիւն, ժողով, հաւաք «զում»ով սկսանք կատարել: Նոյնիսկ՝ բժիշկի այցելութիւն: Այս բոլորը մեր կեանքի անողոք հրամայականի արդիւնքն էին: Միտքս պարզեմ:

Տարի մը առաջ, երբ քորոնան տակաւին չէր «կատղած» ու երբ բժիշկիս գրասենեակէն դուրս կու գայի, ինծի «ամէն բան կարգին է» ըսելէ ետք, թելադրուեցաւ «տարի մը ետք տեսնուիլ»ը:

Սակայն ամիսներ ետք, քորոնայի տիրական ներկայութեան պատճառով, նոյն գրասենեակէն հեռաձայնով հաղորդուեցաւ, որ թէեւ բժիշկի գրասենեակ պիտի չկարենայի այցելել, բայց մտահոգուելու կարիք չկար, որովհետեւ իմ սովորական դեղարանէս պիտի կարենայի ինծի թելադրուած բոլոր դեղերս վերանորոգել եւ գնել, անշուշտ եթէ «բարդութիւններ» չունենայի: Ու ահա տարի մը ետք, երբ այս օրերուն նոր հանդիպման յիշեցումս խնդրեցի, ըսուեցաւ, որ այս անգամ բժիշկիս պիտի կարենայի «տեսնել» ո՛չ թէ իր գրասենեակէն ներս, այլ՝ «զում»ով: Ուստի նման համոզումներու խորը քիչ մը ընկղմած, բժիշկս «տեսնելու» արարողութեան ինքզինքս «զում»ով պատրաստեցի, սակայն մտովի ես ինծի միշտ հարց տուի, թէ այս մէկը ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար իրականացնել:

Ինչպէ՞ս պիտի քննուէի կամ պիտի քննէր:

Ինչպէ՞ս արեան ճնշումս, թոքերու եւ ջերմի քննութիւնս պիտի կատարուէին:

Պարզապէս... ձեւականութիւն: Հետաքրքրական է, չէ՞:

Աստուած իմ... իրապէս որ որքան բան փոխուած է երէկի եւ այսօրուան միջեւ: Անկեղծօրէն՝ այդ վայրկեանին չեմ գիտեր ինչո՞ւ երեւակայութիւնս հազար թեւերով սկսած էր ճախրել: Հաւատացէ՛ք, այս տողերովս չեմ  փորձեր համոզել ընթերցողս կամ նոյնիսկ ես զիս:

Ա՛յս, այսպէս է, կ՚ըսեմ ու բոլորին նման խոր ցնցումը մէջս, հլու հնազանդ ժահրը դիմագրաւելու օրէնքներով կը շարունակեմ ապրիլ: Է՜հ ...Կար ժամանակ, մեր կեանքը տարբեր էր...:

Ու վերջապէս որոշուած ժամուն, «այ փատս» պատրաստած, հասաւ տեսակցութեան պահը: Մտքիս մէջ, ներկայ էր ֆիզիքական վիճակս մատնող հարցումներս: Սակայն կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենայի ուրախ ձեւանալ, երբ ցաւեր ունիմ: Այս ուրիշ հարց էր: Արդէն օրին ըսելիքներս ալ պատրաստած էի: Սիրտ, ոտքերու ցաւ, գլխու պտոյտ, արեան ճնշում, ականջի պատմութիւն, աչքի հարց, քորոնայի դէմ պատուաստ կամ հակավարակային շիճուկ ստանալու պարագայ եւ տակաւին շատ մը «ինչո՞ւ»ներ եւ ի՞նչ «ընեմ»ներ պիտի հարցնէի...:

Եւ... վերջապէս պաստառիս վրայ բժիշկս երեւցաւ, իբրեւ արտաքին համեմ՝ իր լայն ժպիտով:

Ու մեր մթնոլորտը կամաց-կամաց լեցուեցաւ հարցումներով ու իւրաքանչիւրին յաջորդող պատասխաններով, յաճախ զարմանքով թակելով մեր երկուքին մտքերուն դռները:

Իր կարգին, ան հաւանաբար փորձեց զանազանել դրական եւ բացասական իրավիճակներս: Երբեմն կարծես խորունկ բան մը կար այս բոլոր նշումներուս մէջ: Թէեւ ականջիս կը հասնէին մտահոգ բառեր եւ յուսախաբ խօսքեր, բայց անոնց կը յաջորդէին անպայման  քաջալերական նախադասութիւններ ալ: Յստակ էր, թէ իմ բոլոր «ցաւերս» ունէին իրենց ճշգրիտ աշխարհագրութիւնը: Կասկած եւ տարակուսանք: Անոր համար սկսած էինք տարբեր աչքերով իրար նայիլ: Ու հազիւ տասը վայրկեան անց, յանկարծ բժիշկիս դէմքի լայն ժպիտն ու անոր նոր հարցումը, կեդրոնացումս խանգարեց.-

-Էհ, ըսէ՛ տեսնեմ, ուրիշ ի՞նչ կայ չկայ:

Ուրեմն քննութիւնս աւարտած էր ու կարգը հասած «ուրիշին»: Եւ այդ մէկը ուրիշ բան չէր, եթէ ո՛չ ինչպէս միշտ, ազգայինը, գաղութինը, հայրենիքինը...: Ու բարձրացած հետաքրքրութեամբս երկուքով սկսանք մեր նոր «հիւանդի» քննութեան: Ըսեմ, որ բժիշկս ալ լաւատեղեակ էր մեր մշակոյթի անփոխարելինելութեան: Անոր համար, միշտ կը գնահատէր բոլորի հայրենասիրական ոգին: Երկիւղած պաշտամունք ունէր մեր հողին եւ մեր լեզուին: Իր սիրտն ալ կը տրոփէր հայ ժողովուրդի առօրեայով:

Մեր սովորական հանդիպումներուն ալ ներկայացուցած էր միտքեր, ապրումներ, յուզումներ հարցեր, որոնց՝ գնահատանքով կըր-նայիր արտայայտուիլ:

Ուրեմն սկսանք խօսիլ «հայրենիք, հայութիւն, հող, Արցախի պատերազմ, տարածքներու յանձնում» հարցերու մասին: Բայց չմոռցանք նաեւ քննադատել, փշրել-զարնել, սատկեցնել ու թերութիւնները միասնաբար վերացնել: Արտայայտուեցանք իւրաքանչիւրս իր բաժինով, հսկայ ջրաղացի նման, ուր ամէն մարդ իրը կ՚աղայ:

Ըսինք, որ անպայման մեր լեզուն իր տէրը ունենալու է: Այսպէս՝ կարելի չէ շարունակել: Ապա, հայ արժէքներու եւ աւանդութիւններու մաշումէն մեկնած, անցանք լաւ, հպարտ, հզօր, խաղաղ ու հաստատ երկիր մը, հայրենիք մը, Հայաստան մը  ունենալու եւ պահելու անհրաժեշտութեան, որ ազգային ջերմութիւն բերող մեր խօսքերուն նոր համ հոտ տուաւ:

Աւելցուցինք, նաեւ մտաւորականի բաժինն ալ: Շեշտեցինք, թէ նոյն այդ մտաւորականն է, որ երկար տարիներէ ի վեր Մեսրոպեան տառերուն նայելով, աչքին լոյսը կը հատցնէր, ազգային ինքնութիւն փնտռելով ու քարոզելով: Խօսեցանք նաեւ, թէ ժամանակները փոխուած են եւ պայմանները նոյնպէս, սակայն ազգովին երբեք չենք անդրադարձած, որ ամենէն  առաջ մենք ենք, որ փոխուած ենք: Կամքի նաւաբեկում: Նաեւ հաստատեցինք, որ մենք ազգովին մեծ խաղի մը ողբերգուներ էինք դարձած: Ապա եւ անկեղծօրէն ծերութեան մեր այս դռներուն իսկ, չմոռցանք նաեւ լայն շունչով «բաց-գոց» կատակել:

Խօսեցանք առանց զգալու եւ անդրադառնալու, իբրեւ ազգային հիւանդագին երեւոյթ: Ու յանկարծ՝ վերադարձ դէպի իրականութիւն: Միասնաբար պահը ապրած էինք կարճ պատմութեան մը նման եւ իրարու ետեւէ շարած՝ ամէն «բան» անզգալաբար: Այսպէս՝ հայութիւնը յուզող հարցեր, լեզուի ճակատագիր, հայերէն գիրք կարդալու հաճոյքի նահանջ, հայ դպրոց, օտարամոլութիւն, եկած եւ շարուած էին մեր մտածումներով:

Մեր այս բոլոր համոզում-կարծիքները արդարօրէն ունէին նաեւ իրենց մեղքի բաժինն ալ: Մէկ խօսքով, կատարած էինք հաշուեյարդարը հայու մեր երազներուն: Պէտք է նաեւ ըսել, որ մեր իւրաքանչիւր բառը, մտածում-մտայնութիւնը, ունէր իր հարազատութիւնը եւ որ մեր լոյսի եւ յոյսի ալիքներով, նոր խորութեամբ էր, որ կը հերկէր մեր մտքերը:

Ահա «զումային» մեր կեանքի նոր հաստատումը, եթէ կ՚ուզէք:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

bedig43@aol.com

Երկուշաբթի, Մարտ 15, 2021