ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ ԺԹ.

«Պիղատոս առաւ Յիսուսը եւ զայն մտրակով ծեծել տուաւ» (Յհ 19.1):

Ոմանք կ՚ըսեն, թէ ի՛նք հարուածեց, իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ զինուորներուն հրամայեց, եւ անոնք հարուածեցին: Եւ յայտնի է, որուն որ թագաւորը կը հարուածէ, այլեւս ո՛չ ոք կը համարձակի ձեռք տալ անոր:

«Զինուորները փուշէ պսակ մը շինեցին եւ դրին Անոր գլխուն» (Յհ 19.2):

Այսինքն՝ ծովու կնիւնէն, որ փուշ կ՚ըլլայ, քանի որ ծովի եզերքին է, իր փուշը աւելի պինդ կ՚ըլլայ, քան այն, որ ցամաքին է: Դարձեալ՝ ըստ բարոյական տեսութեան փուշէ թագը ագահութիւնը կը խորհրդանշէ, որ Քրիստոսի վկայութեան համար Իր մէջ ունի հոգացողութեան եւ պատրանքներու փուշը: Եւ այս թագը եկեղեցւոյ գլխաւորին վրայ դրուած է, որոնք են առաջնորդները, եւ այնպէս շատ կ՚այպանեն ու կը խոցոտեն գլուխը՝ Քրիստոսը, որովհետեւ առաջնորդներու ագահութեան պատճառով ժողովուրդը Քրիստոսի հաւատքը կը հայհոյէ, մանաւադ թէ՝ զՔրիստոս: Իսկ կարմիր քղամիդը բռնաւորներուն եւ իշխաններուն սաստկութիւնը կը խորհրդանշէ, քանի որ աղքատներուն արիւնը կը ծծեն եւ անիրաւ կերպով կը դատեն: Իսկ եղէգովը կը խորհրդանշէ կեղծաւորներուն ունայնութիւնն ու խաբէութիւնը: Եւ որովհետեւ այս թագը, հագուստն ու ապտակը, համեմատելով Քրիստոսի համբերութեան, վարձատրութեան կ՚արժանացնեն, ու հաճելի [կը դարձնեն] Աստուծոյ եւ փառքի առիթ [կը դառնան], այդ պատճառով ամենէն բարի կերպով կը մեկնենք, քանի որ ասով չորս գովելի յատկութիւններ կը նշուին, ինչպէս Քրիստոսի, նոյնպէս Անոր ընտրելիներուն կը յարմարին. նախ՝ որովհետեւ իւրաքանչիւր ոք, որ ցաւ կը կրէ ճշմարտութեան համար, ատիկա իրեն համար թագ է, իսկ հեղած արիւնը, որով ամբողջ կարմրեցաւ եւ կամ բոցափայլեցաւ սիրոյ ջերմութեամբ, քանի որ մեզի համար Իր արիւնը թափեց, իրեն համար իբրեւ թագաւորական ծիրանի է: Արդ, Անոր չարչարելի եւ պարզ հեզութիւնն ու խոնարհութիւնը, որ արտաքնապէս իբրեւ եղէգ ունայն կը թուէր մարդոց, Անոր համար [սակայն] իբրեւ թագաւորական ոսկեղէն գաւազան է, իսկ ապտակ ստանալը Անոր համար իբրեւ փորձ է եւ ի նշան զինուորական, քանի որ ապտակ կը տրուի զինուորներուն:

Գիտելի է, որ Յովհաննէս զանց կ՚ընէ, թէ ինչո՞ւ Պիղատոսին կինը մարդ ղրկեց անոր, ըսելու գործ չունիս արդարին հետ: Ոսկեբերանը ասիկա Աստուծմէ եղաւ, կ՚ըսէ, իսկ ուրիշներ, թէ՝ սատանայէն, որովհետեւ գիտցաւ, թէ Աստուած էր եւ կ՚ուզէր աւերել դժոխքը եւ իրենինները յափշտակել Իր չարչարնքներով, սակայն չ՚երեւիր, թէ սատանան այդ իմացաւ, բացի Քրիստոսի մահէն ետք: Արդ, եթէ հարցնես, թէ Աստուած ինչո՞ւ յայտնեց, որպէսզի ատով երեւի, թէ Աստուած կ՚ուզէր խափանե՞լ Քրիստոսի չարչարանքները: Կ՚ըսենք, որովհետեւ Աստուած գիտէր, թէ ատով արգելք պիտի չըլլար, այլեւ գիտէր, թէ ատով հրեաներն ու դեւերը աւելի պիտի բորբոքէին խստացնելու Քրիստոսի չարչարանքները, եւ ասիկա վայելչաբար եղաւ, յայտնելու համար Քրիստոսի արդարութիւնը եւ վերցնելու համար Պիղատոսէն ու հրեաներէն բոլոր պատճառները, որպէսզի անպատասխան ըլլան:

Դարձեալ՝ այս եւս Յովհաննէսը զանց կ՚ընէ, թէ Պիղատոսը Յիսուսին Հերովդէսին ուղարկեց, եւ Ան ո՛չ հրաշքներ գործեց եւ ոչ ալ պատասխանեց, եւ ասիկա երեք պատճառով. նախ՝ օրինակ տալու փառքէն փախչողին եւ երեւելի ըլլալու աշխարհին եւ ոչ թէ տրտմիլ աշխարհի արհամարհանքներուն համար, եւ ասիկա իմաստունի գործ է: Երկրորդ. քանի որ Քրիստոս այն ատեն կ՚ուզէր մեր փրկութեան համար չարչարուիլ ու մեռնիլ, հետեւաբար վայել չէր այն ատեն հրաշքներով փառաւորուիլ: Երրորդ. վայել էր, որ Ան մեզի համար բազմաթիւ չարչարանքներ կրէր, նոյնպէս վայել էր, որովհետեւ այս տեսակի արհամարհանքներ եւ ամօթ կը կրէր, քանի որ ասիկա Քրիստոսի կրումներէն ամենէն դժուարագոյնը չէր:

Այստեղ կը հարցուի, թէ Տէրը ինչո՞ւ համար երբեմն պատասխան կու տար, երբեմն ալ՝ ոչ. նախ՝ մեզի հաւատքի ճշմարտութիւնը կ՚ուսուցանէ, թէ պէտք է ամէն տեղ խոստովանիլ, ինչպէս Ինք ըսաւ. «Ես հրապարակաւ խօսեցայ տաճարին մէջ» (տե՛ս Յհ 18.20), սակայն երբեմն խոստովանութենէն ետք լռել, որպէսզի գործին արգելք մը չծագի շատ խօսելէն:

Երկրորդ. որպէսզի ցուցնէ, թէ Ինքն է գերագոյն Աստուած եւ Աստուծոյ Որդի, ինչին համար պէտք էր բան մը յայտնել զգուշութեամբ, սակայն հաւատքի ճշմարտութեան մասին պէտք է մասնաբար լռել. նախ՝ որպէսզի ամբարտաւան եւ յանդուգն չերեւի Իր մեծութիւնը կատարելապէս յայտնելով: Երկրորդ. որպէսզի Իր սրբութիւնը շուներուն կամ խոզերուն չտայ պատառելու համար, այսինքն՝ որպէսզի Իր Աստուածութիւնը անգոսացումի եւ այպանումի չտայ: Երրորդ. որովհետեւ եթէ յայտնած ըլլար Իր Աստուածութիւնը, ապա չէին կրնար հանդուրժել եւ արգելք կը դառնար գործին:

Երրորդ. մեր Տէրը առաքինութեան կատարեալ օրինակ սորվեցուց, ըլլալու՝ սատանային եւ դատաւորներուն դիմաց, որպէսզի քիչ խօսելով սորվեցուց ծանր ըլլալ եւ համեստ, հեզ, քաղցր եւ հաստատ, ու չխօսիլ, որպէսզի Ինքզինք գառն եւ անբիծ աղաւնի ցուցնէ:

Չորրորդ. դատաստանին համար, ուր շատ աղաղակ եւ խռովութիւն կար, այդ պատճառով վայել չէր ջանքով Աստուածութեան բարձրութիւնը յայտնել, որովհետեւ այդպիսի մեկնութիւն աստուածային ճշմարտութեան շատ ժամանակ կը խնդրէ, իսկ Պիղատոսը եւ անոր զինուորները թանձրամիտ էին եւ սովոր չէին այդպիսի բանի, ատոր համար չէին կրնար անմիջապէս վերահաս ըլլալ այդպիսի խօսքերու, եւ ասկէ յայտնի է երբեմն խօսիլը եւ երբեմն ոչ, սակայն Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Յիսուս այն պատճառով կը լռէր, որովհետեւ այնտեղ ճշմարիտ դատաստան չկար, այլ՝ միայն դատաստանի ձեւ, ինչպէս աւազակներուն հաւաքուիլը բռնուողին վրայ»: Իսկ ըստ Որոգինէսի. «Յիսուս կը լռէր, որովհետեւ կ՚արհամարհէր սուտ վկաներուն չարախօսութեան ձայնը, մեզի օրինակ տալով չարախօսներու ստութիւնը արժանի չհամարենք պատասխան տալու»: Ըստ ուրիշներու՝ Յիսուս կը լռէր, քանի որ գիտէր, թէ ինչ որ կ՚ըսէր, Իրեն հակառակ պիտի օգտագործեն, եւ ատոր համար իւրաքանչիւր պատճառ անօգուտ էր: Դարձեալ՝ կը լռէր, որպէսզի ամբողջ հեզութիւնը կատարէ եւ մեզի սորվեցնէ, ինչպէս նաեւ որպէսզի Եսայիի եւ Դաւիթի մարգարէութիւնը կատարուի. «Որպէս մարդ մը եղաւ, որ չի՛ խօսիր» (տե՛ս Սղ 37.15), եւ թէ՝ «իբրեւ ոչխար իր զենողին առջեւ անմռունչ կանգնած է» (տե՛ս Ես 13.7):

«Զատիկի նախորդ օրն էր» (Յհ 19.14):

Ուրբաթը յոյներուն մօտ՝ պարսկեւի կ՚ըսուի, իսկ պարսկեւին պատրաստութիւն կ՚ըսուի:

«Ժամը վեցն էր, եւ հրեաներուն կ՚ըսէ. ահա՛ ձեր թագաւորը ձեզի» (տե՛ս Յհ 19.14):

Մարկոսը երրորդ ժամուն կ՚ըսէ (հմմտ. Մր 15.25), իսկ ասիկա՝ վեցերորդ: Եւ արդարեւ, ի՞նչ է ասիկա. այս են, որովհետեւ Մարկոս Պիղատոսի վճիռէն կ՚առնէ սկիզբը եւ կ՚ըսէ մինչեւ խաչելութեան ժամը՝ երրորդ ժամը, իսկ ասիկա քահանայապետին տունէն մինչեւ խաչելութիւնը կը դնէ վեց ժամ: Իսկ ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ երեքէն վեր էր, իսկ վեցէն՝ աւելի վար, ըստ որում վեցը դեռ չէր ամբողջացած, Մարկոսը երեք կ՚ըսէ, եւ ըստ որում երեքը անցած էր, Յովհաննէսը ժամը վեց էր կ՚ըսէ:

«Անոնք առնելով կը տանէին զԻնք: Ան շալկած էր խաչափայտը» (տե՛ս Յհ 19.16-17):

Միւս աւետարանիչները Սիմոն պահակը կ՚ըսեն խաչին շալկող որպէս, իսկ ասիկա կ՚ըսէ, թէ Ինք շալկած էր: Արդարեւ, երկու կողմերն ալ ճշմարիտ են, որովհետեւ նախ Տէրը շալկեց խաչը եւ կամաց կ՚երթար անոր ետեւէն: Անոնց այսպէս կը թուէր, թէ չարչարանքներէն, որոնք գիշերէն մինչեւ այդ ժամը կրած էր, քայլերով կարողութիւն չունէր, այդ պատճառով բռնեցին Սիմոնը եւ խաչը անոր վրայ դրին:

«Կը բարձրանար այնտեղ, որ Գագաթ կ՚անուանուէր՝ յունարէնով՝ իսկ եբրայերէնով՝ Գողգոթա կը կոչուէր» (տե՛ս Յհ 19.17):

Իսկ հայերէն կառփելու տեղ (կառափնատեղի). բայց ինչո՞ւ համար Ինք շալկած էր խաչը. նախ՝ որպէսզի երեւի, թէ խրոխտաբար կ՚երթայ թշնամիին վրայ, ինչպէս մէկը մարդու մը զարնելով փայտը անոր ուսին կը դնէ: Երկրորդ. քանի որ կամաւորաբար կ՚երթար, ինչպէս ըսաւ. «Իշխանութիւն ունիմ դնելու եւ վերստին առնելու» (տե՛ս Յհ 10.18). բայց կը թուի երկու կողմով ցուցնել այս խօսքը, որովհետեւ ըսելը, թէ կը դնեմ, կ՚երեւի, որ անգամ մը առաւ ուսին եւ հիմա դարձեալ կ՚առնէ, իրապէս, մէկը օրինակէն յայտնի է, որ Իսահակի միջոցով վերցուց (հմմտ. Ծն 22). իսկ երկրորդ, հիմա մարմինով: Երկրորդ. կը ցուցնէ, թէ շալկած եմ, որպէսզի իւրաքանչիւր ոք, որ բեռ կը վերցնէ, ուրիշներուն համար կը կրէ զայն եւ ոչ թէ ինքն իրեն համար, այդպէս անպարտ ըլլալով, ինչպէս կ՚ըսէ՝ մեղք չգործեց, այլ՝ մեզի համար կը կրէ զայն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 145

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 15, 2022