ԴԱՍԵՐԸ ՏԵՂ ՉՀԱՍԱՆ...

70-ականներու կէսերուն, երբ իր ամենաթէժ փուլին էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, քաղաքական վերնախաւը փորձելով բնութագրել երկրի տագնապահար վիճակը՝ հրապարակ նետեցին «Ալ հալա ալ Լուպնանիյա» խօսքը։ Այս մէկը աւելի վերջ դարձաւ կարեւոր ասոյթ անոնց համար, որոնք քննեցին, պրիսմակի տակ առին, ապա վերլուծել փորձեցին Մերձաւոր Արեւելքի իրականութիւնը։

Նոյն այդ վերլուծաբանները, եթէ նոյնիսկ չկարողացան յստակ եւ հասկնալի եզրակացութիւններու յանգիլ, տեղ մը հաստատեցին, որ Լիբանանը իր էութեամբ «նկարագրով», դիրքով եւ պայմաններով կը համարուի Մերձաւոր Արեւելքի մեծ խաղերու ջերմաչափն ու աւելի յստակ կերպով ըսած՝ իսկական սնդիկը։ Լիբանանի մէջ կը բախին Արեւելքի եւ Արեւմուտքի շահերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ կը մշակուին՝ շրջանային մեծ պայքարներու եւ ռազմաքաղաքական հեռանկարներու գլխաւոր ծրագիրները։

Հիմա շատեր հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ պատճառով այդ փոքրիկ Լիբանանը (ընդամէնը 10 հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածութեամբ) կամ ի՞նչ գործօններով դարձած է համայն աշխարհի ուշադրութեան կեդրոն եւ կիզակէտ։ Իսկ գալով պատասխանին, կամ առնուազն ախտաճանաչումին՝ հարկ է նկարագրել, որ Լիբանանի մեծ ու փոքր տագնապներուն իսկութիւնը կապ ունի Պաղեստինի խնդրին հետ։

Այս կէտին հասկնալի ու պարզ պէտք է դառնայ, որ 1948 թուականին տեղի ունեցած «Նաքպէ»էն ետք, երբ հազարաւոր պաղեստինցիներ ինչ-ինչ պայմաններու տակ քշուեցան իրենց հողերէն, ստեղծեցին նոր ժողովրդագրական պատկեր մը, որուն վրայ ալ ամենախոցելի տեղը եղաւ Լիբանանը։

Երկիր մը, որ մինչ այդ աշխարհին կը ներկայանար որպէս երկու կրօնններու՝ քրիստոնեայ եւ իսլամ համադրման, նաեւ լիբանանցիներու շատ գործածած բառով՝ համակեցութեան վայր, դարձաւ ճիշդ հակառակը։ Այն իմաստով, որ երկար տարիներու ընթացքին մարոնի համայնքին մենաշնորհը դարձած Լիբանանի իշխանութիւնը ձեւով մը դուրս եկաւ իր հունէն, որովհետեւ գործուած մեծ ու փոքր սխալները առիթ տուին, որ երկրի միւս համայնքները եւս (առաջին փուլին մասնաւորապէս տիւրզի, սիւննի, ապա նաեւ շիի) մտածեն ստեղծել այնպիսի ուժականութիւններ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլար հասնիլ հաւասար իրաւունքներով ու արդիական պետութեան մը։

Բայց եւ այնպէս, չիրականացաւ այդ երազը. չիրականացաւ, որովհետեւ քրիստոնեաները՝ յատկապէս մարոնիները, պատրաստ չէին բարեփոխումներու։ Իբր այդ ալ խաղին մէջ մտաւ «Պաղեստինի ազդակը», որ գլխիվայր ըրաւ ամէն ինչ ու երկիրը տարաւ քաղաքացիական պատերազմի անվերջանալի ու արիւնոտ տարիներու։

Տասնհինգ տարի տեւած եւ միջազգային զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ որպէս ամենաբարբարոս ու հակամարդկային պատկերներով ագուցուած պատերազմին ընթացքին եղան գործիչներ, որոնք բացէ ի բաց խօսեցան այն մասին, թէ Լիբանանի համար նախատեսուած էր յատուկ ծրագիր մը, որով հազարաւոր պաղեստինցիներ պիտի վերաբնակեցուէին երկրին մէջ՝ ստեղծելով ժողովրդագրական երեւելի փոփոխութիւն։ Անշուշտ այդ մէկը այլ դրուագներով յառաջացաւ ու ներկայացուած ծրագրին մէջ եկան իրենց տեղը գրաւելու Իսրայէլն ու Սուրիան։

Իսրայէլը, որուն հեռահար նպատակն էր անվտանգ պահել իր հիւսիսային սահմանները՝ նոյնիսկ դիմեց ռազմական միջամտութեան ու կարողացաւ մարտադաշտին մէջ ազդեցիկ դերակատար Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը՝ (ՊԱԿ) իր ղեկավար Եասէր Արաֆաթով հանդերձ, դուրս բերել Լիբանանէն։ Իսկ Սուրիան նախագահ Հաֆըզ Էսատի գլխաւորութեամբ՝ ստանալով քրիստոնեաներու կողմէ հնչած «մեզ փրկեցէք պաղեստինցիներէն եւ իսլամ լիբանանցիներէն» լոզունգը, իր ներկայութիւնը դարձուց մշտական։ Այս ձեւով ալ ան դարձաւ նոյն քրիստոնեայ լիբանանցիներու մեծ մասին յստակ հակառակորդը։

Թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ յանկարծ Լիբանանի իսլամները իրենց փրկութեան լաստը տեսան ՊԱԿ-ի դրօշին ներքոյ, տակաւին պարզ չէ, նաեւ տեղի կու տայ բազմաթիւ հարցադրումներու։ Մինչ այդ, ինչպէ՞ս Լիբանանի մարոնիներու կարեւոր հատուածին համար մէկ օրէն միւսը «բարեկամ» եւ «փրկիչ» Հաֆըզ Էսատ դարձաւ հակառակորդ, դարձեալ առիթ է բազմաթիւ հարցականներու։ Կան նաեւ այլ պատասխանի կարօտ հարցումներ. գուցէ պատկանելիութեան շաղա՞խն էր թոյլ, կամ շրջանային այլ խաղացողներու կողմէ լիբանանցիներուն տրուած խոստումներուն շիճո՞ւկն էր աւելի ազդեցիկ։

Մէկ բան յստակ կը դառնար, անշուշտ, որ բոլոր կողմերը բոլորին դէմ կռուեցան Լիբանանի մէջ։ Բոլորը մասնակից դարձան երկրի աւերումին ու համատարած քանդումին, նաեւ բոլորն ալ համալիբանանեան մեծ երազներէն հրաժարելով իրենց փոքրիկ եսերն ու շահերը յառաջ քշելով՝ աւելիով մասնատեցին ու արիւնեցին «Մայրիներու երկիր»ը։

Ցաւը նոյնն էր երէկ ու այսօր ալ նոյնն է։

Տագնապը նոյնն էր երէկ ու այսօր ալ նոյնն է։

Լիբանանցիք իրարու չեն վստահիր. աւելի՛ն, իրենց ու մեր երկիր համարուող Լիբանանին կը նային նեղ ու մոխրագոյն դիտարաններէ։ Իւրաքանչիւրը իր «հայրենիք»ը կը ձեւաբանէ եւ իւրաքանչիւրը այդ հայրենիքի սահմանները կը գծէ, յաճախ մոռնալով, որ իր արարքով աւելիով կը խեղէ այն մեծ Լիբանանի երազը, որ աշխարհին տուաւ մեծ անուններ, որ աշխարհին տուաւ մշակոյթ, որ աշխարհին տուաւ արդիական ոգի՝ այնքան մը վսեմ, որ 70-ականներու սկզբին Լիբանանը վերակոչուեցաւ ու դարձաւ «Արեւելքի Փարիզ»։

Այսօր եւս նոյն տագնապները պաշարած են Լիբանանը, պարզապէս միայն փոխուած են անունները, դերաբաշխումը, ինչպէս նաեւ դերակատարները։ Անցեալին «պաղեստինեան զէնք» կը կոչուէր Լիբանանի կայունութիւնը խանգարող մեխը, որ այսօր «Հիզպուլլահ»ի զէնքն է։ Բայց եւ այնպէս, հաշուի չ՚առնուիր այն խիստ կարեւոր հանգամանքը, թէ ինչ պայմաններու տակ Լիբանան հասած պաղեստինցիք տէրը դարձան զէնքի ու զինամթերքի, յար եւ նման «Հիզպուլլահ»ին, որուն ծնունդ տուող պատճառներուն ու արդարացիութեան մասին բազմաթիւ լիբանանցիներ կարեւորութիւն անգամ չեն ընծայեր։

Եւ այսօր այս յարաբորբ կացութեան ներքեւ, աւելի քան յայտնի ու պարզ է, որ Արեւմուտք-Արեւելք մեծ պայքարներուն մէջ Լիբանանը կը շարունակէ մնալ հիմնական հանդիսավայր, ուր կրնան շատ արագ աճիլ եւ տուն դնել նոր ու վտանգաւոր խաղաոճեր, ապահովելով մասնակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու, Իրանի եւ այլ երկիրներու։

Լիբանանի իրավիճակը այսօր ալ ունի լուծման մէկ ճանապարհ, որուն հիմքերուն կան փոխվստահութեան իրական արժէքները, որոնք անպայման պէտք է ապրեցուին միայն ու միայն քաղաքացիական եւ արդիական պետութեան մը կերտումով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 15, 2021