ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԾՈՒԽԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Երէկուան կիրակին գեղեցիկ օր մը չէր Հայաստանի համար։ Երեւանի կեդրոնէն ոչ շատ հեռու՝ Մալաթիա շրջանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնը «թնդաց» պայթումի մը որոտին տակ. ծագեցաւ մեծ հրդեհ մը, տագնապալի վիճակ մը ստեղծուեցաւ ամբողջ այդ շրջանին համար։
Փրկարարական ջոկատներ արագօրէն հասան դէպքի վայր, երեք-չորս ժամուան ընթացքին հրդեհները գրեթէ մարուեցան, սակայն Երեւանի այդ հատուածին երկինքը «ողողած» ծուխի գոլորշին կը շարունակէր տարածուիլ օդոլորտին մէջ։
Հետեւանքը այս անհասկնալի պայթումին եղաւ ծանր։ Առաջին պահուն հաստատուած մէկ զոհը արդէն այս առաւօտեան դրութեամբ բարձրացած է վեցի։
Ասկէ անդին ու նախքան մտնելը վարկածներու խաղին մէջ, հարկ է անպայման նշել, որ դարձեալ պաշտօնական հաղորդագրութիւններ կը հաստատէին, որ պայթումին հետեւանքով շուրջ քսան քաղաքացի կը համարուի կորսուած. անոնցմէ մին յղի կին մըն է, որու հետ էր իր զաւակը։
Եւ այսպէս, օրուան ծանրացումին հետ ու լրատուական գործակալութիւններու արագ հաղորդումներու կողքին, ընկերային ցանցերու վրայ տարածուեցան լուրեր, ըստ որոնց պատահածը սովորական դէպք մը չէ։ Տրամաբանական հիմքեր ունին այս արտայայտութիւնները, որոնք կը կապուին այն վարկածին, թէ տօնական առիթներու եւ ուրախութեան համար վաճառուող պայթուցիկ նիւթերու «պայթում»ը բաւարար ուժ չէր կրնար ունենալ փլուզելու համար երկյարկանի այն շէնքը, ուր կը գտնուէին այդ պայթուցիկ նիւթերը։ Կային նաեւ աւելի հեռուն գացող վարկածներ, ըստ որոնց քանի մը հատին, դէպքը կը հետապնդէր կարգ մը մութ նպատակներ՝ ահ ու սարսափի մթնոլորտ մը ստեղծելով Երեւանին ու մայրաքաղաքի բնակիչներուն համար։
Այստեղ դարձեալ պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ յատկապէս վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին Երեւանի տարբեր վայրերուն մէջ լսելի դարձած էին անվտանգութեան ահազանգներ, որոնց հետեւանքով ալ. օրինակ՝ տարբեր առիթներով փակուած էր Երեւանի մեթրոն, ինչպէս որ պատահեցաւ նաեւ երէկ։
Բաց աստի, հնչեցին հարցադրումներ, թէ արդեօք այս պայթումը, անվտանգութեան սպառնալիքները եւ վախի մթնոլորտ մը ձեւաւորելու հետամուտ քայլերը ունէի՞ն քաղաքական ներքին ծալքեր։
Հարցումը հռետորական չէ ու աւելի մտահոգիչ է, որ երկրի ղեկին կանգնած իշխանութիւնները, ինչպէս այլ առիթներով, այս պարագային ալ ըսելիք մը չունին։ Անոնք կը նախընտրեն լուռ մնալ՝ հակառակ անոր, որ դէպքը աննախադէպ բնոյթով եւ իր տարողութեամբ կը ստեղծէ հարցադրական մթնոլորտ մը։ Այս առումով արդար է քաղաքացիներուն պահանջը՝ իմանալու համար իրական պատճառները եւ հասկնալու, թէ դէպքը իրապէ՞ս պէտք է դասել արկածներու ծիրին մէջ, թէ ոչ կան խափանարարական մութ ձեռքեր, որոնք նման արարքներով կը փորձեն ձուկ որսալ պղտոր ջուրի մէջ։ Ինչ ալ ըլլան հետեւանքները եւ ինչ ալ պատահի աւելի ուշ, այս դէպքի ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի դրուի իշխանութեան ուսերուն վրայ՝ ո՛չ միայն անոր համար, որ այսօր անոնք լուռ են, այլեւ այն պատճառով, որ անոնց պարտականութիւնն է ապահովել երկրին անդորրն ու քաղաքացիներու անվտանգութիւնը։
Աւարտին աւելցնենք, որ վարկածներու ծիրէն ներս նաեւ շրջանառեցան խօսակցութիւններ, ըստ որոնց, այդ առեւտուրի կեդրոնի մեծ տարածքի պարագային նախատեսուած է արդիական պանդոկներու կառուցման քանի մը ծրագիր եւ այնտեղի ընդարձակ շուկան կը համարուէր թիւ մէկ «արգելք»ը նման շէնշող նախագիծերու իրականացման ճամբուն։
Այս կէտին վրայ նաեւ հարկ է աւելցնել, որ պայթուցիկներու պահեստին վերաբերեալ վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանը հրապարակած էր յատուկ վճիռ մը, որու հիման վրայ անվտանգութեան որոշ չափանիշներու անհամապատասխանութեան բերումով այդ պահեստանոցը իսկոյն պէտք է դատարկուէր ու փակուէր։ Եւ ճի՛շդ այս կէտը լրատուական առումով հասանելի կը դառնար այն պատճառով, որ այդ մասին արձագանգ մը կատարած էր Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանիի անդամներէն Լեւոն Զաքարեան։
Երեւանի ծանր օրը աւարտին հասաւ, իսկ քաղաքացիներու մեծամասնութեան մտքին մէջ կուտակուած են նոր հարցեր՝ կապուած ո՛չ միայն «Սուրմալու»ի ահռելի պայթումին հետ, այլեւ ի տես եւ ի զարմանս այն անորոշութեան կապակցութեամբ, որուն բուն պատասխանատուները անոնք են, որոնք մեզի կը ներկայանան՝ որպէս երկիրը ղեկավարող պատեհապաշտներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան