ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 4 - ՕԳՆՈՒԹԻ՜ՒՆ, ԳՈՂ ԵԿԵՐ Է…

Ամմօ Կայծակենց տունը ուրիշ էր արդէն… Տուն էր իր բոլոր իմաստներով։ Հոգատարութիւնը, համով ճաշերը, թանթիկ Արփիկին «յատուկ» ուշադրութիւնը եւ մանաւանդ՝ ամմօ Կայծակին «յատուկ» սրամտութիւնները։ Բարեբախտաբար «Յատուկ բժիշկ»ը չկար։ Ամմօ Կայծակն ալ համով պատմող էր, աչքէն բան չէր փախեր՝ կը վերածուէր «յատուկ» պատմութեան։ Աննկարագրելի հիւրասէր, ամբողջ սփիւռքը իրենց տունէն անցած էր, դեռ աւելին, որքան գրող, արուեստագէտ կար Հայաստանի մէջ, իրենց տունը հիւրընկալուած էր։

Եւ ինչպէս ըսի, ամմօ Կայծակին սրամտութիւնները։

-Օր մը արտասահմանէն հիւր մը ունէինք, ինծի կ՚ըսէ. «Կայծակ, շատ հանգիստ կօշիկ մը նուէր բերած եմ, ոտքիդ թիւը քանի՞ է»։

-36-էն 42։

Մարդը շուարած ինծի նայեցաւ։

-Ճանս բերել ես, էլ ի՞նչ ես հարցնում, ինծի չեղաւ, ոչինչ, մեծ ընտանիք ենք, ընտանիքէն մէկուն չեղաւ, դարձեալ ոչինչ՝ ազգական-խնամի, անոնց ալ չեղաւ՝ դուռ-դրացի։ Սա Հայաստանին մէջ այդ համարով մէկը կը գտնենք։

Այնպէս կ՚ախորժէի պատմածներէն.

-Դարձեալ հիւր ունինք արտասահմանէն, աւելի ճիշդը Երուսաղէմէն, հայրենասէր մարդ մը, հայ գրականութեան սիրահար, որ իր զաւակները անուանած է՝ Արշակ, Ռաֆֆի, Շանթ, Սիամանթօ։ Առտու մը արթնցաւ ըսաւ. «Կայծակ, քիչ մը քալելու ելլեմ»։ Կէսօր եղաւ ճաշի պիտի նստինք, մեր հիւրերը չեկաւ, տղուս ըսի՝ օթոյով դարձիր մարդը տեղ մը ինկած չըլլայ, բան մը պատահած չըլլայ։ Արամը առանց գտնելու ժամ մը վերջ եկաւ։ Ինչ ընենք չենք գիտեր, դուռ-դրացի հարցուցինք՝ ոչ ոք տեսած է։ Մէյ մըն ալ ուշ կէսօրէ ետք յոգնած, հազիւ շունչ առնելով մտաւ։ «Մարդ Աստուծոյ ո՞ւր էիր»։ «Կայծակ, Մայր Հայաստանի արձանը տեսայ, միտքէս չանցաւ այդքան հեռու է, ըսի քալելով երթամ։ Քալեցի ու քալեցի, տեսայ վերջ չունի, բայց ալ ճամբայ ելած էի, պիտի հասնիմ ըսի»։ Ամմօ Կայծակին քով պատասխան չէր պակսեր, կ՚ըսէ. «Օր մըն ալ Արարատը մօտ է ըսելով այդ ուղղութեամբ չքալես հասնիս ըսելով»։

Չեմ գիտեր, թէ իր այս յուշերը գրած է ամմօ Կայծակը, բայց ան բանաստեղծ էր։ Թէքէեանական շունչ կար իր քերթուածներուն մէջ, իսկ լեզուն՝ աննման արեւմտահայերէնը, որ այդքան տարի անաղարտ մնացած էր իր բանաստեղծութիւններուն մէջ։

Ուսանողական հինգ տարիներուս տարեդարձներս իրենց տունը տօնած ենք. «Քանի հոգի կ՚ուզես բեր Անուշ ճան»։ Ճոխ սեղան կը պատրաստէր թանթիկ Արփիկը, դեռ նուէրներ ալ կու տային։ Ընկերներս նոյեմբերի սկիզբէն կը սկսէին. «Այս տարի ամմօ Կայծակիդ պիտի երթա՞նք»։ Եւ կ՚երթայինք…

Թանթիկ Արփիկը արաբերէն լեզուով լուրերու խօսնակն էր ձայնասփիւռէն։ Հերոսներու գերդաստանի զաւակ… Ուրֆացի Եօթնաղբարեան Լեւոնին դուստրն էր, արաբերէնի հմտութիւնը կու գար Կազզէէն, ուր ես ալ ծնած եմ եւ մենք երբեմն արաբերէն կը խօսէինք, կրնար պարզ նիւթ մը ըլլալ, բայց նստողները մտածէին, թէ ի՞նչ գաղտնի բան խօսեցանք։ Կարծեմ թանթիկ Արփիկը աւելի կարօտը կ՚առնէր ընտանիքին, որոնք չէին ներգաղթած, այլ ինք ամուսինին հետեւած էր։

Աւարտելէս ինն տարի ետք երբ Հայաստան գացի՝ Նորք Մարաշը նոյնը չէր…

Յամենայնդէպս, մեղրամիսը միշտ կարճ կը տեւէ, պէտք էր հանրակացարանի սենեակս երթայի, քննութիւնները պիտի սկսէին։ Կեանքս արդէն առանց կուրաղիի էր եւ առանց կուրաղիի առաջին քննութիւններս պիտի յանձնէի… Բարեբախտաբար, կուրաղին կապ չունի խելքի եւ սորվելու վրայ։ Երեք հինգ, երկու չորսով յանձնեցի բոլորը։ Ամենադժուարը բանահիւսութեան քննութիւնն էր, ընկեր Յակոբեանը՝ կին դասախօս, որ ինչպէս ըսին, աղջիկներուն դժուար թէ հինգ նշանակէր։ Բայց ես ստացայ, բացի հարցումներէն, մօրմէս լսած հին երգեր իրենց աւանդութիւններով, պատմութիւններով ներկայացուցի… Եւ փառաւոր հինգ մը տտացայ։

Արձակուրդը սկսաւ, հանրակացարանը պարապ էր, բոլորը արձակուրդի գացած էին, հազիւ երեք-չորս հոգի էինք յարկին վրայ։ Ես չէի կրնար արձակուրդի երթալ, որովհետեւ անցագիրի համար տարիքս պզտիկ ըլլալուն յատուկ կարգադրութեամբ մօրս անցագիրով գացած էի Հայաստան եւ հրաման ունէի մէկ անգամ երկիր մտնել-ելլելու, ուրեմն միայն յունիսին՝ ուսումնական տարին աւարտելէ ետք պիտի դառնայի Երուսաղէմ։

Իրականութեան մէջ ինչ լաւ էր ամմօ Կայծակենց տունը եւ իրենք սրտաբաց կ՚ընդունէին եթէ ետ երթայի… Ուրկէ ուր ամչկոտութիւնս բռնեց, ճիշդ ասոր կ՚ըսեն «Ճիշդ վայրկեանին սխալ որոշում», ուրեմն հանրակացարանը մնացի։

Ժամանակս կ՚անցընէի կարդալով եւ օրագիր պահելով։ Մինչեւ այսօր կը սիրեմ օրագիր պահել։

Առտուան երկուքն է… Փաթ-քիւթ, թափ-թիւփ ձայներ կը հասնին ականջիս։ Այս ժամուն ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Բայց վախ չունիմ, հայրենիքիս մէջ եմ։ Ուրեմն անվախօրէն պատուհանս բացի եւ գլուխս դուրս հանեցի պատուհանէն։ Երկրորդ յարկ կ՚ապրէի, երիտասարդ մը ինձմէ երկու սենեակ անդին մէկու մը հետ գործի վրայ են, այսինքն մէկը վերէն ապրանք կը նետէ, միւսը՝ վարէն կը բռնէ։

-Տղաք, ի՞նչ կ՚ընէք։

-Քո ինչ գործն է, մտի սենեակդ։

-Ինչպէս իմ ի՞նչ գործն է եւ ինչո՞ւ անանկ կոշտ կը խօսիք։ Այս փաթ-քիւթերէն արթնցայ։ Առտուան երկուքն է։ Եթէ չէք կրնար մինչեւ լոյսին բացուիլը համբերել, կրնամ հայրիկը (պահակը) արթնցնել, հանգիստ կը փոխադրէք ապրանքնիդ։

Երկու ապշած նայուածք ինծի նայեցան…

-Բայց մէկ վայրկեան ո՞վ էք դուք, ձեզի չեմ տեսած ասկէ առաջ…

-Լսի Գագօ, վռազ նետուի ցած, էս երեխան փորձանք պտի բերի գլխներիս…

-Աաա՜, գո՛ղ էք, գո՛ղ էք… Օգնութի՜ւն գող եկեր է… Հասէ՜ք…

Տղաները փախան, ինծի լսող չկար, պատուհանս գոցեցի։ Ճամպրուկս հանեցի անկողինիս տակէն եւ պատուհանիս առջեւը դրի, որպէսզի եթէ գան՝ իբր թէ չկրնան բանալ։ Այդ սենեակը կրցեր են բարձրանալ, իմ սենեակս ալ կը բարձրանան։ Վախ մը, սարսափ մը, առաջին անգամն էր կեանքիս մէջ, որ գողի հետ դէմ-դիմաց կու գայի։ Ինչ տեսակ գող էին, ո՛չ գլուխնուն գուլպայ անցուցեր էին, ո՛չ ալ սեւ հագուեր էին։

Գիշերանոցս հանեցի, տաբատ, պլուզ, կօշիկ հագուեցայ, Կիպրիանոսս ձեռքս անկողինիս անկիւնը նստայ։ Պզտիկ ձեռքի պայուսակ մը ունէի անցաթուղթս մէջը դրի, որպէսզի եթէ բան մը ըլլայ՝ գիտնան ով եմ։ Ոսկի մատանի մըն ալ ունէի մատիս, ան ալ հանեցի պայուսակս դրի, մտածելով, թէ մատանին առնեն ըսելով մատս չփրցնեն։ Այդ ոսկի մատանին ալ ուրիշ պատմութիւն էր, յաջորդին կը պատմեմ։ Ես այդքան վախկոտ չեմ եղած, սակայն երեւակայութիւնս կը սաւառնէր… Փաթ-քիւթ ձայները դադրեցան, բայց չըթ-փըթն ալ բաւական էր, որ սոսկայի։ Եւ այդ լռութեան մէջ սառնարանս ղը՜ր-ղը՜ր սկսաւ աշխատիլ, հակառակի պէս այդ օրը աւելի բարձր էր ձայնը, կամ ինծի այդպէս թուաց, ես ալ անոր հակառակ աւելի բարձր սկսայ աղօթել… Կը յիշեմ վերջին անգամ առտուան վեցն էր, երբ ժամացոյցին նայեցայ… Դեռ մութ էր, բայց ալ յոգնած քնացեր եմ։

-Անուշիկ, Անուշիկ…

Մէկը դուռս կը զարնէ, Շաքէն է, որ մաքրութիւն կ՚ընէ։ Ես մեր տունը կեանքիս մէջ մաքրութիւն չէի ըրած, չէի ալ գիտեր ինչպէս կ՚ընեն, ուրեմն խնդրած էի Շաքէէն, որպէսզի շաբաթը մէկ անգամ գոնէ գայ սենեակս աւլէ-սրբէ։ Բոլորէն սիրուած էր իր անուշ բնաւորութեամբ եւ ժպտուն երեսով։ Կոկորդին խոշոր, կրնամ ըսել հսկայ ուռ մը ունէր, այդպէս ալ չհասկցայ ինչ էր այդ։

-Անուշիկ, եկել ես, ո՞նց եղար, վայ բալա ճան էս ինչի ես առաւօտ շուտ հագուած նստել։ Ուզո՞ւմ ես այսօր մաքրեմ սենեակդ։

-Չնայած շատ յոգնած եմ, բայց ինչու չէ, սարսափելի գիշեր մը անցուցի Շաքէ։ Թիւ 14 սենեակը գող եկած էր, ամբողջ գիշերը չեմ քնացած, որովհետեւ տեսայ զիրենք, վախցայ, որ ետեւէս կու գան։

-Վա՜յ, ինչ ես ասում, իմացել են տղաքը արձակուրդի են գնացել։ Վայ, անուշիկ վայ։ Մի մտածի, նրանք վախեցել փախել են։ Դէ լաւ ես գնամ պէտք եղածը բերեմ։

Շաքէն ելաւ, երկու վայրկեան չէր անցած, այս անգամ «փա՜թ» ձայն մը, բան մը դուռիս զարնուեցաւ, բացի ի՜նչ տեսնեմ, Շաքէն գետին փռուեր է…

-Շաքէ, Շաքէ…

Ձայն չկայ։

Վազեցի պահակին։ Ղամըշլըցի բժիշկ մը կ՚ապրէր յարկիս վրայ թիւ մէկ սենեակը, Մըսրա Մելիքի քուն ունէր, բայց այդ առտուն դուռը շուտ բացաւ։ Ի՜նչ օգուտ…

Շաքէն մեռեր էր…

Առաջին մեռելն էր կեանքիս մէջ, որ այդքան մօտէն կը տեսնէի։

Քանի ժամուան տարբերութեամբ գող եւ մեռել մօտէն տեսայ։

Կէս ժամ ետք ինքզինքս շալկեցի շիտակ ամմօ Կայծակենց տունը…

Փաստօրէն կեանքի մէջ վիրահատուելէն աւելի գէշ բաներ ալ կան եղեր…

Այնքա՜ն պատմելիք ունէի ամմօ Կայծակին, շարան-շարան, ալ գողերը, ալ մեռելը, ուրկէ սկսէի, ուր վերջացնէի… Ցնցուած էի…

-Ամմօ Կայծակ, չէի գիտեր, որ Հայաստան գող կայ… հայե՞րը՝ գող… Հայերը գող կրնա՞ն ըլլալ…

-Անշուշտ կայ… Ինչո՞ւ չըլլան…

-Ուրեմն բա՞նտ ալ կայ…

-Անշո՜ւշտ…

-Շաքէին մահով սոսկացի, բայց մահը բնական է։ Սակայն հայ գող՝ նոյնիսկ չէի երեւակայած, այդ սարսափելի է… Ուրեմն… Ուրեմն… Չեմ գիտեր… Ուրեմն… «Հայաստանը բաց թանգարան ՉԷ երկնքի տակ»…։

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

•շարունակելի…

Երուսաղէմ, 2024

Հինգշաբթի, Օգոստոս 15, 2024