ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԷՆ ԵՐԿՈՒ ՀԵՔԻԱԹ

ԿԱՊՈՅՏ ԽՈՏ ՄԸ

Ծարաւը տանջեց խոտ մը, որ կ՚ապրէր տէրերը ճամբորդած տան մը պարտէզին մէջ: Կը դողար խոտը, կը սոսկար, որ կրնայ կորսնցնել իր կանաչ գոյնը, որուն գոյատեւման այնքան հոգ կը տանէր եւ կը հպարտանար անով: Պարտէզին ծառերը գթացին անոր, յորդորեցին համբերել եւ յիշեցուցին ձմրան մօտալուտ գալուստը:

Ծառերուն խօսքերը իրականացան: Մի քանի օր անց երկինքը սեւ ամպերով խճողուեցաւ եւ իսկոյն առատ անձրեւ տեղաց: Խոտը ուրախացաւ, փափաքեցաւ ձայն ունենալ եւ ուրախ ճիչեր արձակել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անձրեւին առատութեան, մինչ հովը բարկացաւ խոտէն՝ զինք անտեսած ըլլալուն համար, քանի ինք էր որ սեւ, անձրեւաբեր ամպերը քշեր, բերեր էր:

(Հովը) հեգնանքով խրատեց խոտը, որ ան ձերբազատի իր տգեղ գոյնէն եւ ուրիշ, գեղեցիկ ու վայելուչ գոյն մը գտնէ, ինչպէս՝ կապոյտը: Խոտը ապշած մտիկ ըրաւ հովին խրատը, ապա ժխտելով ըսաւ.

-Առաջին անգամն է, որ կը լսեմ, թէ կանաչը տգեղ գոյն մըն է:

Խոտը քրքջաց, կարծես յիշեց ծիծաղաշարժ նիւթ մը եւ ըսաւ հովին.

-Երեւակայէ՛, որքան պիտի խնդան մարդիկ, երբ տեսնեն կապոյտ խոտեր:

Հովը ըսաւ խոտին.

-Միամիտ մի՛ ըլլար: Երբ կապոյտ գոյն ունենաք, մարդիկ պիտի կարծեն, որ առանց ալիքի ծով մըն էք եւ պիտի ուրախանան, երբ քալեն (խոտերուն) վրայ եւ ոտքերնին թաց չըլլայ:

Խոտը պնդեց հպարտանալով կանաչ գոյնով, հովը բարկացաւ եւ ուժգին փչեց խոտին փորձելով խլել զայն: Խոտը թրթռաց, ծռաւ, դողաց, բայց արմատները մնացին հողին կառչած:

 

ԻՐԱՒԱՐԱՐ ԱՐԵՒԸ

Ոզնին նայեցաւ սիրամարգի մը, որ կը պարծենար ու կը յոխորտար իր գունեղ փետուրներով եւ ըսաւ անոր.

-Կը խրատեմ քեզ ըլլալ խոնարհ, ինքնահաւան ըլլալու փոխարէն: Նայէ՛ ինծի, ես քեզմէ գեղեցիկ եմ, բայց կը պահեմ խոնարհութիւնս եւ չեմ հպարտանար հրաշալի փուշերով, որ կը ծածկեն գլուխս ու մարմինս:

Սիրամարգը ժխտողական եւ հպարտ ձայնով ըսաւ ոզնիին.

-Դո՞ւն գեղեցիկ ես: Եթէ ես քեզի պէս ըլլայի, գիշեր-ցերեկ կը թաքնուէի կամ ամօթէս կը սատկէի:

Ոզնին եւ սիրամարգը վիճեցան, ագռաւը աճապարեց զանոնք բաժնելու եւ սաստելով ըսաւ անոնց.

-Ամօթալի է ձեր անհամաձայնութիւնը եւ ձեզմէ գեղեցիկը, ձեր միջեւ իրաւարար ըլլալու, չկանչելը:

Սիրամարգը ըսաւ ագռաւին.

-Դուն մեզմէ գեղեցիկ չես, սեւ գոյնիդ պատճառո՛վ միայն գերեզմաններու մէջ ընդունուած ես:

Ոզնին ըսաւ ագռաւին.

-Շատ յստակ է, որ ծնունդէդ ի վեր որեւէ հայելիի նայած չես:

Եւ սիրամարգը, ոզնին ու ագռաւը վիճեցան, անոնց ցասկոտ պոռչտուքը բարձրացաւ, իւրաքանչիւրը պնդեց իր գեղեցկութիւնը, իսկ արեւը նեղացաւ իրենց ժխորէն եւ փափաքեցաւ խաղաղութիւնը վերագտնել, ապա ըսաւ ագռաւին.

-Դուն ագռաւներուն ամենագեղեցիկն ես:

Եւ ըսաւ ոզնիին.

-Դուն ոզնիներուն ամենագեղեցիկն ես:

Եւ ըսաւ սիրամարգին.

-Դուն սիրամարգերուն ամենագեղեցիկն ես:

Երեքը հրճուեցան եւ վերջ դրին վէճին: Ոզնին հպարտացաւ իր փուշերով, սիրամարգը հպարտացաւ իր փետուրներով, ագռաւը հպարտացաւ իր սեւ գոյնով, որ առանց աստղերու գիշերի կը նմանի, իսկ արեւը վայելեց իր փափաքած խաղաղութիւնը:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 15, 2021