ՅԻՇԵԼՈՎ՝ ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆԸ

Այս տարի կը լրանայ Վահէ Օշականի ծննդեան հարիւրամեակը:

Այս առթիւ, հայ մամուլը արդէն անդրադարձաւ 20-րդ դարու իւրայատուկ այս մտաւորական-գրող-գրաքննադատ-խմբագիր եւ դասախօսին մասին:

Իմ կարգիս, թէեւ ակամայ քիչ մը ուշ, սակայն իբրեւ հայ գիրի եւ գրականութեան կամաւոր զինուորագրեալ, այս տողերովս պիտի փորձեմ միտքս եւ յուշերս ժողվել ու մտածումներս ամփոփել եւ յիշել ու իմ ակնոցովս հայ ընթերցողին հրամցնել այս մեծ հայը, իր գրական անզուգական վաստակով:

Գիտեմ, որ իր մասին շատ բան կայ գրուած ու տակաւին՝ գրուելիք: Թէեւ առիթ չեմ ունեցած զինք շատ մօտէն ճանչնալու: Հետը չեմ զրուցած: Չեմ վիճած կամ խորհրդակցած: Սակայն միշտ եւ հաւատարմօրէն հետեւած եմ մամուլէն ներս իր բազմաթիւ տողերու վազքին, իր էջերուն, իր բառերուն, իր վէպերուն, մէկ խօսքով իր մեզի ժառանգ ձգած գրականութեան, անկեղծ զմայլանքի ընթերցումովս:

Ու իբրեւ անշահախնդիր գնահատանք եւ քաջալերանք, չեմ փորձեր եւ ոչ ալ կ՚աշխատիմ աժան եւ սովորական բառերով ու գաղափարներով ներկայացնել զինք, բայց միւս կողմէ ալ իբրեւ հարազատի հպարտութեամբ եւ հաստատ, կու գամ նաեւ ձայնս ու տողերս խառնել այս հանճարեղ հայուն, այս խորաթափանց գրողի վաստակին՝ համեստօրէն:

Որովհետեւ, Ան ոչ միայն ինծի, այլ բոլորիս համար ալ, տեսակ մը իւրայատուկ ածականով մարդ մըն էր, անխոնջ եւ բազմակողմանի վաստակով ու մանաւանդ՝ բանասէրի իր կերպարով, հայ մշակոյթի գեղեցկութեան եւ արժէքին համարձակ խնկարկու մը ըլլալով հանդերձ:

Վկա՛յ, իր «Օշականեան քրոնիկները»:

Այս բոլորին վրայ պէտք է նաեւ աւելցնեմ, որ ան լաւ դիտող մըն էր: Իր տաղանդին շնորհիւ դարձաւ արդի եւ փնտռուած հայ «սուր» գրիչ մը: Թէեւ «զարտուղի», սակայն նոր գրելաոճով, բազմածաւալ եւ բազմաբնոյթ ստեղծագործութիւններով եւ հարուստ «շտեմարանով», գեղեցիկ ու լայն ակօսներ բացաւ սփիւռքահայ, յատկապէս արեւմտահայ մեր գրականութեան մէջ: Անոր համար են այս տողերը:

Ըսեմ, որ կեանքի մէջ, մարդոց արժանիքները ճանչնալն ու արժանիները մեծարելը՝ յատուկ բարեմասնութիւններ են։

Վահէ Օշական. ըսի չէ՞. ինք մեծ հայ մըն էր, նրբաճաշակ ու վաւերական արձակագիր մը ըլլալով հանդերձ, արդի մեր գրականութեան մէջ սիրելի ներկայութիւն մը, որ կը հաւատար, թէ վեհ բան է հայու ճակատագիր ունենալը: Եւ տակաւին՝ յանդուգն եւ համարձակ  հրապարագիր մը, բանաստեղծ մը, մտաւորական եւ սիրելի վիպագիր մը, որուն մաքուր եւ յաճախ հատու լեզուն իր կեանքի արտացոլումն էր, հարազատ եւ արդար:

Ինքն էր, որ իր նորաշունչ գրիչովը հայ գրականութեան մոլորակը հարստացուց իր հարուստ եւ ինքնատիպ արձակով ու բանաստեղծութիւններով եւ որ դարձաւ սփիւռքահայ ժամանակակից գրականութեան մեծանուն դէմքերէն մէկը:

Այսօր, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքներուն, իբրեւ ինքնատիպ եւ յառաջապահ դասախօս, գրականագէտ ու քննադատ, բազմաթիւ պատմուածքներու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ, նաեւ քրոնիկներու եւ ուսումնասիրութիւններու հարուստ վաստակ ունեցող բարձրորակ դէմք, անծանօթ անուն մը չէ Վահէ Օշական գրողը, որուն ամբողջ կեանքը եղած էր համարձակ եւ անշահախնդիր նուիրում, հանդէպ մեր լեզուին, մեր գիրին եւ գրականութեան ու նաեւ՝ հայ գրողին:

Մէկ խօսքով հարազատ զաւակն ու ժառանգորդը իր հօր՝ Յակոբ Օշականին:

Չմոռնանք, որ արդի հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, հայր եւ որդի Օշականներ, միշտ վայելած են եւ տակաւին պիտի վայելեն մեր ժողովուրդի յարգանքին ընդարձակ հորիզոնները:

Կրկնութեան գնով նաեւ աւելցնեմ, որ Օշական Վահէն նաեւ մեծ հաւատացող մըն էր հայ գիրին, գրողին ու գիրքին: Իրեն համար հայ գիրքը, հայ հեղինակին չափ պէտք էր, որ մնար հայ մարդուն ամենէն մտերիմ ընկերը եւ անոր կեանքի ոգեղէն հացը: Հայ գիրքն էր, որ պիտի վերարժեւորէր մեր առօրեայի առանցքը, իբրեւ աղբիւր ծանօթացման, իմաստութեան  եւ փորձառութեան: Հայ գիրքն էր, որ մեր լեզուն ու մշակոյթը եւ մեր պատմութիւնը պիտի պահէր դարերու երկայնքին: Անոր համար պէտք է զայն կարդալ ու տարածել:

Այսպէս կը թելադրէր Վահէ Օշական, որուն քաջութեամբ, բանիմաց եւ անսպառ գիտելիքներով լեցուն ստեղծագործութիւնները, դարձան մամուլով եւ գրականութեամբ զբաղողներուն համար հարուստ եւ թանկարժէք «մտապաշար» մը:

Այլ խօսքով, արեւմտահայ մեր գրականութեան սիւներէն մեծատառ գրող մըն էր ան, որ կը հաւատար, թէ վեհ բան է հայու ճակատագիր ունենալը, որ ոչ միայն սիրեց, այլ պաշտեց մեր լեզուն եւ յատկապէս արեւմտահայերէնը ու մինչեւ իր մահը եղաւ անուր արթուն հսկողն ու պահակը:

Հաստատապէս լուրջ պաշտամունք մըն է իմ այս բաժինս, որ խիտ տողերու սահմաններէն ներս, իբրեւ էականութիւն եւ անհրաժեշտութիւն՝ համեստօրէն ամփոփելով՝ հրամցուցի:

Արդ...

Բիւր յարգա՛նք, Վահէ Օշական մեծատառ եւ նորարար գրողին, անդրդուելի բանախոյզ-բանասէրին, համարձակութիւն, ինքնավստահութիւն, խիզախութիւն ու քաջութիւն ունեցող հայ մշակոյթի գեղեցկութեան եւ արժէքին ու յատկապէս արեւմտահայերէնի անսակարկ խնկարկու եւ պաշտպան՝ հայ հսկայի յիշատակին:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2022