ԵՍ ԵՒ «ՄԻՒՍԸ»
Աշնանացած առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ ես ու ազգակիցս, երկուքով, սենեակէս ներս, կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք:
Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս:
Գրեթէ լուսաբացի սկիզբն էր ու դուրսը, քաղաքին վրայ կախուած էր մշուշը, իսկ ծառերու կատարին գունատ դեղինը շատոնց նստած էր արդէն: Թէեւ փողոցներուն մէջ ձիւն չկար, սակայն բացայայտ էր, թէ ցուրտերը հասած էին:
Քայլերս սառեցան: Ինքնաբերաբար ես ալ կեցայ:
-Ո՞ւր.- յանկարծ ինք խօսեցաւ, անախորժ հետաքրքրութեամբ մը կիսելով լռութիւնը:
-Ո՛չ մէկ տեղ, ըսի ու փորձեցի ձեւով մը ազատիլ իր ներկայութենէն եւ ուղղուիլ դէպի պատուհան: Գիտէի գլխուս գալիքը: Առաջին անգամ չէր, որ այսպէս յանկարծակի դէմս կ՚ելլէր: Ուժգին եւ անժամանակ ցնցուած կ՚երեւէր: Վախազդու երազէ մը հալածուողի մը նման, կը դողար: Դէմքը պաղ քրտինք մը կապած էր, տեսանելի ու նոյնքան ալ առատ: Շատ մօտիկէն սկսած էի լսել իր սրտին զարկերը: Սիրտ մը, որ կարծես մեծ ահով ու վախով լեցուած էր եւ որ կը փորձէր պատռել զինք շրջապատող վանդակին ոսկորները ու դուրս գալ, իբրեւ ազատատենչ եւ գերիշխան:
Ժամադրութենէ մը ուշացողի հարազատ պատկերով, անիմաստ աճապարանք մը ունեցողի կերպարանք մըն ալ ունէր: Ուզեցի իր ներկայութիւնը անտեսել, խուսափիլ, դուրսը դիտել: Դիտել աշխարհը: Փորձեցի կրկին անգամ պատուհանին մօտենալ, որուն վարագոյրին ետեւէն փշրանք մը աղօտ լոյս հազիւ ներս կը նայէր:
Կանխեց զիս: Ճիգս անօգուտ էր: Ձախողած էի: Հիմա երկուքս ալ կանգնած էինք դէմ դիմաց: Ներքին հաշտութենէ մը մղուած ստիպուած ես ալ սկսայ զինք դիտել:
Ա՜խ, Աստուած իմ, այս որքա՜ն փոխուած էր: Տակաւին երէկ, երբ դարձեալ հոս, նոյն տեղը, այսպէս անխօս իրեն հանդիպած էի, ինք բոլորովին տարբեր էր: Իսկ հիմա՝ գրեթէ ծերացած: Յոգնած ու ջարդուած: Անժամանակ հոգեդարձ մը ապրողի նման դէմքին վրայ, միտքին նման օղակ-օղակ հետքեր կային: Զիս կը դիտէր երկարօրէն ու ագահ, կեանքի հեգնանքին նման: Վերջապէս իր աչքերը նայուածքս որոնեցին:
-Այս օրերուն բաւական ծուլացած կ՚երեւիս, ըսաւ համարձակ, առանց նախաբանի:
Անկասկած, որ ինք՝ ինծի ուրիշ բան մը կը փորձէր հասկցնել: Լուրջ էր: Կը զգայի, որ որդերու նման միջուկը կրծող հարցեր կային մտքին մէջ եւ լեզուին ծայրը:
-Մտիկ ըրէ՛, կ՚ըսեմ քեզի, ըսաւ ջղային:
-Ժամանակ չունիմ, պատասխանեցի իրմէ աւելի հեւքոտ, է՜հ, չես տեսներ, արդէն ազատ ժամերու մուրացկան մը դարձած եմ, ըսի կանխելու համար իր մէջ ամբարուած ամէն ուրախութիւն կամ տխրութիւն, սպասում եւ կամ յուսախաբութիւն:
-Հո՛ս, այս երկրին մէջ, օրուան ժամերդ քեզի չեն պատկանիր, սկսայ արդարանալ: Մեծ ու փոքր, քաղցր ու լեղի պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ կան, ազգային կամ ընտանեկան, զաւկի, թոռնիկի, գաղութի նկատմամբ, որոնք կու գան կլանել օրերդ, ամիսներդ ու տարիներդ:
-Դո՛ւն քեզի համար ժամանակ յատկացո՛ւր, սաստեց խստօրէն: Առանձնացի՛ր: Մինակութի՛ւնն է, որ մարդուս ուժ կու տայ: Այլապէս՝ մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի գրէին գիրքեր, այսքան վէպեր եւ կամ ալ պատմուածքներ, գիւտեր...: Ինչպէ՞ս, ըսէ՛: Անոնք ինչպէ՞ս յօրինէին այս աղմկոտ բազմութեան մէջ: Գիտցի՛ր, որ առանձնութեան մէջն է միայն, որ մարդիկ կրնան ազատօրէն եւ առանց խանգարուելու խորհիլ, յուզուիլ, կեդրոնանալ, իրենք իրենց մտածումներ ու սէրեր կիսել, զարգացնել: Այսպէս է, որ կը ստեղծուի մշակոյթը: Այս մէկը արարչական գաղտնիք մըն է, հասկցի՛ր, պարգեւ մը ըլլալուն կողքին:
Յանկարծ լռեց, պատասխանի մը սպասողի ակնկալութեամբ ու կերպարով: Կրկին անգամ փորձեցի զինք դիտել, գաղտագողի եւ նոյնպէս ամչկոտ: Վայրկեանին ուզեցի ձեւով մը վերլուծել իր ըսածները, «շարածները», քննադատական բառերն ու խօսքերը ու այս բոլորէն ծնունդ առած՝ իր թելադրանքները: Հոգիս պաշարուեցաւ ինքնածին ու անծանօթ երկիւղով մը: Վախցայ: Յուսախաբ ու տխրութեամբ կրկին մտածեցի: Կարծես մտասեւեռման բրիչը սկսած էր կամաց-կամաց բորել յիշողութեանս հողը: Մտածումներու անթիւ փշրանքներ, արդէն լեցուցած էին ամբողջ միտքս: Անմիջապէս որոշեցի տարբեր առուներով փոխել մտքիս հունը:
-Ճիշդ ես, ըսի, համոզիչ ու տխուր, բայց ասոնց վրայ անպայմանօրէն պէտք է աւելցնել նաեւ մե՛ր, մանաւանդ արեւմտահայ լեզուի նահանջը, ամէն տեղ ու ամէն առիթով մե՛ր հայախօսութեան նահանջը, հայերէն գիրքերու եւ թերթերու ընթերցման պակասը, մեր հայու հարազատ գիտակցութեան հետզհետէ մաշումն ու անհետացումը:
Կը տեսնե՞ս… շարքը երկար է:
Լռեցի: Իսկապէս, որ խօսելէն յոգնած էի: Ես ինծի, ձայնիս ու հեւքիս քիչ մը դադար տուի: Ինք, լուռ եւ անժպիտ զիս կը դիտէր: Իր կեցուածքէն քաջալերուած վերադարձայ մտահոգութիւններուս կծիկին ու աւելի համարձակ շարունակեցի յիշեցնելով, թէ հայրենիքին չափ եւ նման Սփիւռքի ամբողջ տարածքին կային տակաւին անսասան պատերու պէս հարցեր, որոնք տեսանելի դարձած էին եւ վախազդու ժայռերու նման ցցուած մեր ժողովուրդին դիմաց ու կը մաշեցնէին զինք:
-Ըսէ՛, պոռացի. երբ պիտի անդրադառնանք ամէնօրեայ այս վտանգներուն: Ե՞րբ պիտի սկսինք լաւապէս ճանչնալ մեր հակառակորդները, կամ մեր բարեկամները: Ո՞ւր է համայն հայութեան մտահոգութիւնն ու կեցուածքը: Ըսէ՛:
Զգալի էր, որ կսկիծը սկսած էր հոսիլ սրտէս: Դիմացինս իրաւունք ունէր: Այսպէս կը փորձէի ես զիս համոզել: Պէտք էր խօսիլ: Պէտք էր ամէն վայրկեան եւ ամէն գինով յիշեցնել ու յարատեւ պայքարիլ՝ յանուն արդարութեան: Հաստատապէս բառերուս մէջ յոյզերն էին, որոնք կ՚ապրէին: Այդ բոլոր ծփացող խոհերը սրտնեղիչ տագնապ մը բերած էին ինծի, իրենց հետ: Սիրտս պիտի կենար: Ի՞նչ կարիք կար, առաւօտ կանուխ, նման հոգեկան տագնապ բերել կամ ստեղծել: Ինչո՞ւ, հը՜, ինչո՞ւ:
Հայեացքս կրկին անգամ խաչուեցաւ անոր աչքերուն: Ինքն ալ յուզուած էր: Կարծես տեսակ մը տմարդի խայթոցներէ կը տառապէր: Խայթոցներ, որոնք ո՛չ սահման կը ճանչնային եւ ո՛չ ալ ժամանակ: Իմ կրծող, թրթուրի նման միտքերս, քրտինք բերած էին նաեւ իր ճակտին: Յայտնի էր, թէ մեր երկուքին համար կար նաեւ այս հարցերէն ծնունդ առած լռակեաց տառապանք մը, որ չէր խաղաղեր: Անոր համար քանի մը անգամներ միասին կրկնած էինք տաղտղալի կրկներգի նման այն բառերը, որոնք դժուար կը մոռցուէին: Յստակ էր, թէ ինքն ալ ինծի նման կը սարսափէր դժբախտ ըլլալէ եւ նոյն այս խորհուրդն էր, որ մեզ՝ երկուքս աւելի դժբախտ կը դարձնէր:
Լռեցի, ինծի հետ նաեւ ինք: Տարօրինակ կերպով ինք աւելի երկար սկսաւ զիս դիտել: Կապարի նման ծանրացած էր հայեայցքը: Աստուած իմ, կարծես լքուած, սակայն ապրող ուրուական մը ըլլար: Սրտին մէջ հաստատապէս ինկած էր շուրջը ծաւալող, ազգը մտահոգող հարցերուն ծանրութիւնը: Կասկած չկար, որ վերապրումներու յիշողութիւն մըն էր, որ տենդագին յուզում մը ստեծած էր մեր երկուքին համար:
Վերջին՝ զգացի, որ ինքն իր հետ որոշ չափով հաշտուած էր: Այդ պահուն էր, որ սիրտս լռութեան եւ ինքնազսպումի կարօտը զգաց ու խաբուածի նման հանդարտեցաւ:
Արդեօք իրական աշխարհը նման բան կա՞ր. թէ ո՛չ, եղածն ու պատահարը պարզ երազ մըն էր, կամ պատահական յօրինուածք մը եւ կամ ընդարձակ կեղծիք, կամ ալ համատարած սուտ եւ խաբկանք:
Խոնաւութիւն մը իջաւ մեր լռութեան վրայ: Իր դէմքը պղտորեցաւ: Այլեւս յստակ կերպով չէի կրնար տեսնել իր երեսը, իր աչքերը, իր հասակը: Քաղաքի մշուշը կարծես հոս ալ հասած էր ու մեր լռութիւնը դարձուցած անախորժ:
Հիմա սենեակին մէջ ոչինչ կար եւ կար միայն ոչինչը:
***
Անդրադարձայ: Արագ մը հեռացայ սենեակիս մեծ հայելիին դիմացէն, որուն առջեւ չեմ գիտեր որքան ատենէ ի վեր կեցած էի, ու ես զիս կը դիտէի: Հեռացայ, անդադար ու երկար կարօտով մը, որ կոկորդդ կը սեղմէ: Ներսիս ճարակուող միտքերու վազքը անհանգիստ դող մը բերած էր իր հետ: Մէջս կար անգիտակից տարակուսանք մը, որ խղճի խայթի ցաւագին կսկիծով կը պատէր սիրտս: Կը զգայի, որ առաւօտ կանուխ, սենեակիս մէջ առողջ միտքեր ինծի այցի եկած էին: Պատուհանիս վարագոյրը լման բացի: Դուրսը, գիշերը արդէն մեռած էր: Նստայ մահճակալիս ծայրը: Զգուշաւոր դանդաղութեամբ գլուխս առի ափերուս մէջ: Ինծի համար իսկապէս դժուար էր երէկը հաշտեցել այսօրուան հետ: Հապա վաղը՞…:
Աչքերուս մէջ ամրացած էին տեսիլքներ ու սրտիս մէջ մխրճուած յոյզերու կողքին, կային նաեւ դրոշմուած ապրումներ, որոնք հեքիաթային երազանքներ կը բերէին:
Ես ճիշդ էի: Ճիշդ էր նաեւ ինք: Իրաւունք ունէինք երկուքս ալ: Մեզի համար յստակ էր, թէ աշխարհի տարածքին կար հայութիւն մը, որ մեր խիղճը կը տառապեցնէր: Կային նաեւ «ուրիշներ», որոնք ամէնօրեայ օտար սովորութիւններու գերին դարձած էին:
Այս բոլորի կողքին կային նաեւ մարդիկ, գիտակից հայեր, որոնց համար այս բոլորը ամէնօրեայ մտահոգութիւններու վերածուած էին: Ասոնցմով կ՚ապրէին, կը ճգնէին, կը տառապէին: Շունչ, ժամանակ, նիւթական կը վատնէին: Կը փորձէին արդար լուծում մը գտնել: Փրկել:
Կրկին մտովի ես զիս կը համոզէի: Մեզ ազգովին հոգեմաշ ընող այս «հեղեղին» դիմաց, մեր ժողովուրդի դրական գիտակցութեան շնորհիւ միայն, պիտի կարողանայինք նորոգուիլ, կամ նորը կառուցել: Կ՚եզրակացնէի: Զգալի էր, որ մտքիս մէջ լայն ու նոր բացուած վէրքի նման զգաստութեան ձայնն էր, որ յանկարծ զիս արթնցուցած էր: Երազը եւ իրականութիւնը սահմաններ չունէին, կ՚ըսեմ հանդարտօրէն: Չեմ գիտեր ո՞ւր կը սկսի իրականութիւնը եւ ուրտե՞ղ կը վերջանայ երազը: Էականը սակայն, մեր մէջ պահ մնացած հոգեկան բովանդակութիւնն է, որ թափ կու տայ մեր կեանքին եւ կը հաստատէ մեր ենթագիտակցութիւնը:
Վերջապէս կ՚որոշեմ իջնել իրական աշխարհ, ազատուած՝ ազգս մաշեցնող ու հալեցնող ուրուականներէն, լայն ուշադրութեամբ մը, թէ՛ անհանգիստ ու թէ՛ անհանդարտ սրտով:
Կարծես խօսողը երեւակայութիւնս ըլլար:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com
Հարթակ
- 12/02/2024