ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Թ.
ՍԵԼՈՎԱՄԻ ՄԱՍԻՆ
Իսկ հիմա, ինչպէ՞ս հարցուցին անոր ծնողներուն.
Խօսք. «Ասիկա՞ է ձեր զաւակը. կ՚ըսէիք թէ կոյր ծնած է. աղէկ, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ հիմա կը տեսնէ» (Յհ 9.19):
Մեկնութիւն. չեն հարցներ, որպէսզի իմանան, այլ՝ որպէսզի հայհոյեն, քանի որ ստուգապէս գիտէին, թէ կոյրը լուսաւորուած է, իսկ լուսաւորիչը՝ Քրիստոս է, ինչպէս յայտնի է Մեկնիչէդ [Նանա]:
Արդ, երեք բան կը հարցնեն. նախ՝ անոնց որդիին անձի մասին. «Ասիկա՞ է ձեր զաւակը»: Երկրորդ՝ ծնած կերպի մասին. «Որու մասին կ՚ըսէիք, թէ կոյր ծնած է», որպէս թէ ըսել՝ սուտ էիք, թէ կոյր ծնաւ, քանի որ ուրացան զայն, որովհետեւ որդիներուն խեղութիւնը ծնունդէն սկսեալ ամօթով կը ձգէ ծնողները, քան թէ յետագային պատահի: Երրորդ՝ կը հարցնեն, թէ կոյր էր, ինչպէ՞ս լուսաւորուեցաւ, կ՚ըսեն՝ ինչպէ՞ս կը տեսնէ:
Խօսք. «Ծնողները պատասխանեցին» (Յհ 9.20):
Մեկնութիւն. երկու բանի պատասխան տուին ճշմարտութիւնը ըսելով, քանի որ ըսին, թէ՝ «ասիկա է մեր զաւակը եւ գիտենք որ կոյր ծնաւ» (Յհ 9.20), իսկ երկրորդին, թէ՝ ինչպէ՞ս կը տեսնէ, չհամարձակեցան պատասխանել, այլ՝ կը յօժարէին վկայելու, այդ պատճառով կ՚ըսեն.
Խօսք. «Իրե՛ն հարցուցէք, արդէն չափահաս է: Թող ի՛նք խօսի իր մասին» (Յհ 9.21):
Մեկնութիւն. որպէս թէ ըսել, որ ինք մեզմէ աւելի լաւ գիտէ պատմել, քանի որ երեք [տեսակի] մարդոց խօսքը հաւատալի է. նախ՝ ով չափահաս է: Երկրորդ՝ ով ճշմարտախօս ըլլայ, որ խօսքն ու իրը կը հաւասարին: Երրորդ՝ ով որ կամքով բարի ըլլայ: Իսկ ասոնց հակառակ՝ անչափահասներուն, ստախօսներուն եւ չարակամներուն խօսքերն ու վկայութիւնները անհաւատալի են:
Խօսք. «Ծնողները այսպէս ըսին, հրեայ ղեկավարներէն վախնալով» (Յհ 9.22):
Մեկնութիւն. այսինքն՝ փարիսեցիներէն ու քահանայապետներէն, որոնք գլուխ ու առաջնորդներն էին, եւ վախնալուն պատճառն ալ կ՚ըսէ.
Խօսք. «Որովհետեւ [համաձայնած] ուխտած էին» (Յհ 9.22):
Մեկնութիւն. այսինքն՝ ահ եւ սպառնալիք կամ նզովք եւ բանադրանք՝ ժողովարանէն դուրս դնելու, որ մե՜ծ նախատինք էր անոնց համար, այդ պատճառով Նիկոդիմոսը գիշերով եկաւ Քրիստոսի մօտ: Խաչելութենէն ետք ալ աւելի չար ուխտ մը [համաձայնութիւն մը հնարեցին], որ հայրենիքէն ալ կը զրկէին, իսկ հաւատացեալները առաքեալներուն ոտքերուն մօտ կը հաւաքուէին, ինչպէս յայտնի է Գործք Առաքելոցին մէջ, ապա ուրիշ մըն ալ հնարեցին՝ զինք ուրացութեան բերելու:
Խօսք. «Կրկին կանչեցին մարդը» (Յհ 9.24):
Մեկնութիւն. այստեղ նախ կը ցուցնէ, թէ կը ջանան ուրացնել ճշմարտութենէն: Երկրորդ՝ կը ցուցնէ, թէ ինչպէ՞ս դատապարտեցին զինք, այնտեղ. «Անոնք սկսան նախատել զինք եւ ըսին.
-Դո՛ւն Անոր աշակերտ եղիր» (տե՛ս Յհ 9.28): Երրորդ՝ ցոյց կու տայ, թէ Քրիստոս ինչպէ՞ս ընդունեց զինք, այնտեղ. «Յիսուս լսեց թէ անոնք դուրս դրեր են մարդը» (Յհ 9.35):
Եւ առաջինը կ՚ըսէ. «Կրկին կանչեցին մարդը, եւ ըսին» (Յհ 9.24):
Խօսք. «Փառք տուր Աստուծոյ» (Յհ 9.24):
Մեկնութիւն. կը կամենային խաբէութեամբ եւ սիրով ուրանալ տային. «Փառք տուր Աստուծոյ». նախ՝ խոստովանէ ճշմարտութիւնը, թէ կախարդութեամբ լուսաւորուեցար եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ զօրութեամբ: Երկրորդ՝ Աստուծոյ փառք տուր, իսկ Անկէ [Յիսուսէն] հրաժարէ:
Խօսք. «Մենք գիտենք թէ այդ մարդը մեղաւոր մըն է» (Յհ 9.24):
Մեկնութիւն. այսինքն՝ մենք շատ ենք, այլեւ՝ գիտուններ, որ կը վկայենք Անոր մեղքերուն մասին, իսկ դուն տգէտ ես եւ մէկ հոգի ես, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ [Նանա]: Նոյնը կ՚ըսեն նաեւ երկաբնակները, թէ մենք շատ ենք եւ իմաստուններ, իսկ հայերը՝ մէկ ազգ են ու տգէտներ, եւ ասոնց պատասխանը տե՛ս Գիրք Հարցմանցի հատորին, համարին մէջ:
Խօսք. «Անիկա պատասխանեց. չեմ գիտեր, թէ այդ մարդը մեղաւո՞ր է թէ ոչ» (Յհ 9.25):
Մեկնութիւն. վախի պատճառով չէ այս խօսքը, այլ՝ իմաստութեան. նախ՝ անոնց չարութիւնը կ՚այպանէ, իբրեւ թէ դուք կ՚ըսէք, թէ մեղաւոր է: Երկրորդ՝ իր խոստովանութիւնը կ՚ըսէ՝ չեմ գիտեր, թէ այդ մարդը մեղաւոր է թէ ոչ, եւ չեմ ըսեր: Երրորդ՝ Անոր սրբութիւնը գործով գիտեմ, քանի որ այս լուսաւորութիւնը Աստուծոյ գործն է եւ ո՛չ թէ մեղաւոր կամ կախարդ մարդու մը:
Դարձեալ կը հարցնեն անոր լուսաւորութեան կերպի մասին.
Խօսք. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, ինչպէ՞ս բացաւ աչքերդ» (Յհ 9.26):
Մեկնութիւն. նախ՝ ըստ Ոսկեբերանին. միթէ՞ կախարդութեամբ ըրաւ այդ: Երկրորդ՝ շատ հարցումները նախանձի նշան է, որպէսզի ունայն ցոյց տան հրաշքը: Երրորդ՝ իսկ ուրիշները հաւատքէն տկարացնեն: Չորրորդ՝ որպէսզի եթէ տարբեր-տարբեր բաներ խօսի, ատով սուտ հանեն անոր վկայութիւնը, ինչպէս Մեկնիչդ (Նանան) կ՚ըսէ:
Խօսք. «Ըսի ձեզի, բայց դուք չլսեցիք» (տե՛ս Յհ 9.27):
Մեկնութիւն. նախ՝ բժշկութեան կերպը ըսի, թէ կաւ [ցեխ] շինեց: Երկրորդ՝ վկայութեան կերպը ըսի, թէ Մարգարէ է: Երրորդ՝ Անոր սրբութեան մասին ըսի, թէ լուսաւորեց զիս:
Խօսք. «Արդեօք դո՞ւք ալ կ՚ուզէք Անոր աշակերտ դառնալ» (Յհ 9.27):
Մեկնութիւն. նախ բարկութեամբ կը խօսի անոնց խստութեան դէմ: Երկրորդ՝ Ոսկեբերանը կ՚ըսէ. «Համարձակ կը խօսի, քանի որ յաղթած էր անոնց, իբրեւ թէ ըսել. “Ինչ որ կ՚ըսեմ ձեզի, չէք ընդունիր, այդ պատճառով այլեւս պիտի չպատասխանեմ ձեզի, քանի որ բազմաթիւ անգամներ կը հարցնէք ո՛չ թէ գիտնալու համար, այլ՝ հակառակելու համար ”: Եւ այսպէս զօրաւոր է ճշմարտութիւնը, եթէ մէկու մը, կամ տկարի մը, կամ տգէտի մը մօտ ըլլայ, կը զօրացնէ, իմաստուն եւ շատերուն յաղթող [կը դարձնէ]: Իսկ ասոր հակառակ ստութիւնը տկար եւ թոյլ է, եթէ շատերու, զօրաւորներու կամ իմաստուններու մօտ ըլլայ, կը տկարացնէ զանոնք, ինչպէս ըսուեցաւ»:
Հիմա կ՚ըսէ, թէ փարիսեցիները ինչպէս դատապարտեցին զինք.
Խօսք. «Անոնք կը հայհոյէին [նախատէին]» (Յհ 9.28):
Մեկնութիւն. այսինքն՝ կ՚անիծէին:
Խօսք. «Դո՛ւն եղիր Անոր աշակերտ» (տե՛ս Յհ 9.28):
Մեկնութիւն. ասիկա անոր համար անէծք չէր, այլ՝ օրհնութիւն:
Ասկէ երկու բան գիտելի է. նախ՝ ով բարին կ՚անիծէ, ատիկա օրհնութիւն է անոր, իսկ անիծողին՝ վնաս. «Հաւի նման իր բոյնէն կը թռչի եւ անմիջապէս կը դադրի, այդպէս ալ անզգամին անէծքը», կ՚ըսէ Սողոմոն: Երկրորդ՝ գիտելի է, ով չարին կ՚օրհնէ, անէծք է չարին, իսկ օրհնողին՝ օգուտ, ատոր համար Տէրը կ՚ըսէ. «Օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողներուն» (Մտ 5.44: Ղկ 6.28), եւ այլն:
«Դո՛ւն եղիր Անոր աշակերտ». նախ՝ որովհետեւ իմացան անոր յօժարութիւնը Քրիստոսի հաւատքին: Երկրորդ՝ դուն աղանդաւորին եւ օրէնքները չպահողին աշակերտ եղիր, մենք օրինադիրին աշակերտներն ենք եւ ո՛չ թէ օրինազանցին: Ասոր նման Փիլոնը կ՚ըսէ. «Ով որ կ՚ողորմի օրինադիր Մովսէսին, կ՚ողորմի նաեւ օրինապահ Փիլոնին»:
Խօսք. «Մենք Մովսէսի աշակերտ ենք» (Յհ 8.28):
Մեկնութիւն. ասոնք Մովսէսի աշակերտ էին միայն ըստ անունի եւ ոչ ըստ իրի. նախ՝ քանի որ անոր գործերուն չեն հետեւիր, որովհետեւ կ՚ուրանան Քրիստոսի հրաշքները ու կ՚ուզեն սպաննել զԻնք: Երկրորդ՝ քանի որ անոր գիրքերուն չեն հաւատար, ինչպէս կ՚ըսէր. «Եթէ Մովսէսի հաւատայիք՝ անշուշտ Ինծի ալ պիտի հաւատայիք» (Յհ 5.46):
Ապա կ՚ըսէ պատճառը Քրիստոսի չհաւատալուն.
Խօսք. «Գիտենք, որ Աստուած Մովսէսի հետ խօսեցաւ, բայց Ասիկա՝ չենք գիտեր թէ ուրկէ՛ է» (Յհ 9.29):
Մեկնութիւն. տե՛ս անմտութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Մեկնիչդ [Նանա]. նախ՝ պատմութենէն գիտցածներուն կը հաւատան, իսկ ականատեսին՝ Քրիստոսին կ՚ուրանանան: Երկրորդ՝ «Չենք գիտեր ուրկէ՛ է», այն չեն ըսեր, թէ ո՞ր աշխարհէն, կամ ազգէն է, քանի որ այդ մասին նախապէս ըսին. «Ասիկա գիտենք ուրկէ՛ է» (հմմտ. Յհ 9.24), բայց Անիկա կ՚ըսեն՝ չենք գիտեր, թէ ստուգապէս Աստուծմէ՞ ղրկուած է, իսկ Մովսէսը գիտենք (հմմտ. Յհ 9.29): Երրորդ՝ կ՚ըսեն. «Չենք գիտեր», այսինքն՝ չենք կրնար Մովսէսին ձգել ու Ասոր լսել, քանի որ Ասիկա Մովսէսին հակառակ կ՚երեւի, որովհետեւ նախ լուսաւորուածը կը յանդիմանէ անոնց խստասրտութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 90
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 12/02/2024