ԿՐԱԿԸ
Սովորութիւն դարձաւ եւ ան ալ լաւ սովորութիւն: Ամէն անգամ, որ դրացիիս՝ Գրիշին տունը խորոված կամ «հաց» ուտելու հրաւիրուէինք, ընթրիքէն ետք, ես ու ինք կամաց մը կը հեռանայինք ճաշասեղանէն ու կը նստէինք դուրսը, բակին մէջ իր հաստատած կրակարանին շուրջ եւ անխօս կը դիտիէնք կրակի բոցերու հետզհետէ մարող կարմիր անհամար աչքերը:
Կրակ ըսի: Բայց ես ո՜ւր, կրակը ուր:
Տարիներ առաջ, երբ տակաւին սկաուտ էի, լաւագոյն պարագային սկաուտական խարոյկահանդէսի մաս կազմած էի եւ կամ ալ պաշտօնապէս ներկայ գտնուած: Եւ տակաւին քիչ մըն ալ աւելի, այս կրակը յիշողութեանս կը բերէ Տեառընդառաջն ու Վարդանանցը: Այսչափ կրակ կամ բոց, այդ օրերու կեանքիս մէջ: Իսկ հիմա՝ Գրիշն ու իր կրակը, որոնց երբեք այսքան մօտէն չէի դիտած: Գրիշի բնապաշտ ըլլալը լաւ գիտէի, չէ որ վերջին հաշուով իրարու տարիներու վրայ երկարող «լաւ» հարեւաններ ալ էինք, սակայն կրակի հանդէպ անոր այսքան մեծ եւ այսքան անհուն սէր ու համակրանք ունելուն՝ բոլորովին անծանօթ էի:
Մէկ խօսքով, ինծի համար ինք «կրակի» մեծագոյն սիրահարներէն էր: «Կրակապաշտ» մը: Այսպէս, երեկոները կամ գիշերները, ամրան կամ ձմրան ցուրտին եւ կամ նոյնիսկ թեթեւօրէն մաղուող անձրեւին տակ, դուրսը «պապիռոզ» սիկարէթ մը ծխելու պատրուակով, ինք սովորութիւն դարձուցած էր հեռանալ ու այդ կրակին մօտ, առանձնանալ: Ժամերով կը նստէր, ինքզինք հաւաքած ու միշտ աչքերը կեդրոնացնելով անոր բոցերուն՝ ագահօրէն կը դիտէր ու կը ծխէր:
Միայն Աստուած գիտէր, թէ ինք ինչե՜ր կը մտածէր այդ վայրկեանին: Անպայմանօրէն այդ կրակ ըսուածը իր մէջ գաղտնիք մը ունենալու էր, կը մտածէի յաճախ՝ միամտօրէն: Ուստի որպէսզի զինք առանձին չձգէի, ես ալ երբեմն անկոչ հիւրը կը դառնայի այդ տեսարանին:
Ինծի համար դրացի Գրիշ բնութեան մարդն էր: Ոչ մէկ կասկած: Անոր՝ կը նախանձէր: Որովհետեւ ինք՝ որ քաջածանօթ մըն էր հայրենի իր ապրած շրջանի դաշտերուն, լեռներուն, ձորերուն, ժայռերուն եւ ծաղիկներուն ու նաեւ իբրեւ վարպետ որսորդ, նոյնիսկ թռչունները իրենց ձայներէն կը ճնաչնար՝ կը պաշտէր բնութիւնը:
Ահա իր սիրոյ չափանիշը:
-Տե՛ս, կ՚ըսէր, ցոյց տալով կրակի բոցերը, միեւնոյն ատեն ձայնին մէջ ներքին անհուն ուրախութիւն մըն ալ խառնելով, տե՛ս, բնութիւնը որքան գեղեցիկ է: Լեռ, քար, ձոր, ամպ, ջուր, փոթորիկ եւ կրակ. ահա բնութիւնը: Ան է մնայունը. իսկ մենք ենք, որ պիտի երթանք անոր համար է, որ կը նախանձիմ:
Ու կը զարմանայի: Իրաւունք ունէր:
Ամէն օր բնութիւն ըսուածը, մեր աչքին տարբեր գեղեցկութեամբ կը ներկայանար: Շատերուս համար այս իրականութիւնը թերեւս աննկատելի էր, երբեմն ալ վայրի եւ սակայն նոյնքան ալ սիրելի: Թէեւ ինծի համար բնութեան հանդէպ Գրիշի բացայայտ սէրը որոշ ժամանակ մը զարմանքի առարկայ դարձաւ, սակայն յետոյ, կամաց-կամաց նոյն այդ սէրը վարակիչ դառնալով, սիրոյս եւ զարմանքիս հետ, էութիւնս ալ կլանեց:
Բայց զարմանալու բան չկար. ես զիս կը փորձէի համոզել, չէ՞, որ կրակն ալ բնութեան անբաժանելի մասն էր: Ու ամիսներ ետք, կը զգայի որ ես ալ, իր նման, նոյն այդ բնութեան անխօս սիրահարներէն մէկը դարձած էի՝ անզգալաբար: Ես ալ «կրակապաշտ» մը:
-Նայէ՛, կ՚ըսէր յաճախ, կրակն ալ իր հմայքը ունի. վայրի եւ խորհրդաւոր:
Ու այսպէս, առանց պաշտօնականութեան, անզգալաբար մեր բոլոր հանդիպումներուն, խորոված կամ գաւաթ մը թէյ, կամ սուրճ, կրակին շուրջ երկուքով ագահօրէն եւ երկար՝ սկսած էինք կրակը դիտել:
Ու Գրիշ իրաւացի էր ու ճիշդ: Հոն, այդ կարմիր պլպլացող բոցերուն մէջ ամէն անգամ նոր ու անօրինակ գրաւչութեամբ մը կը կեդրոնանայի: Բոցերու բազմազան գոյներ ու փայտերու յանկարծակի ճարճատումներ, ձեւ ու մարմին կը ստանային: Ու կեանքը աւելի հրաշալի կը դառնար աչքիս: Ներքին հետաքրքրութեամբ մը խանդավառուած, նոր ու անժամանակ մտածումներով տաքցած, երբ չտեսի նման կը դիտէի այդ հրաշքի խորհուրդը, զիս դէպի տարբեր ու խոր երեւակայութեան մը կը յանձնէր: Ու մտովի կը գնահատէի մեր բոլոր այն մտաւորակնները, որոնք կրակին նուիրած էին շատ յաճախ իր տողերը:
Եւ այսպէս նոյն այդ կրակարանին շուրջ, աչքերս կեդրոնացուցած հետզհետէ մոխրացող փայտի կոճղերուն եւ անոնց նիհար ճիւղերուն, կը դիտէի գիշերէն վախցող, քիթ քիթի թխմուած այդ բոցերուն, ազատ ու անկաշկանդ կայծկլտուքը:
Այդ վայրկեանին էր կարծես, որ ինծի համար ծանօթ եւ անծանօթ յիշատակներ յանկարծ վեր կ՚ելլէին, երգերու, աղօթքներու օղակներով, ու դէմքիս անուշ երջանկութիւն մը կը բերէին: Հին ու նոր դէմքեր կը հիւսուէին այդ բոցերուն մէջ: Դէմքեր, շատ յաճախ խօսուն, սիրալիր, թափանցիկ մարմիններով, մեղմ նայուածքներով եւ կայծկլտուն:
Խորհրդաւոր գաղտնիք մը կար այդ պլպլացող լոյսի խաղերուն մէջ, որուն համար երբեմն շունչս բռնած երկարօրէն ականջ կը դնէի անոնց խշրտոցին:
Երեւակայութիւնս, աշխարհս կը լեցնէր:
Վայրի սակայն այդ կրակարանով սահմանուած բնութեան այս մէկ տարրը, երբեմն իր մտերիմ ներկայութեամբ հովերէն հալածուած ամպերու կը նմանէր: Դէպի ազատութիւն տենչացող, սուլացող կամ ինքնասպանութեամբ ինքզինք դէպի դուրս նետող կարմիր, կապոյտով խառն ու նարնջագոյնով ներկուած կայծկլտուքներ, բոցեր՝ մէկ խօսքով կրակէ լոյսեր, որոնք հազիւ ծնած հազիւ իրենց ներկայութիւնը հաստատած, ցուրտէն պարտուած, անվերադարձ կ՚անհետանային. զիս ուրիշ աշխարհ կը փոխադրէին: Անիրական աշխարհ մը, որ ձիւնապատ լեռներու, քարքարուտ դաշտերու եւ կամ խորհրդաւոր երկինքներու փայլքը կը շնորհէր դիտողին:
Ու այսպէս, ժամեր ետք, այդ մարող բոցերը, այդ մանր աչքերով հազարաւոր լոյսերը, ցուրտէ դողացող այդ ճկուն մարմինները, երբ այլեւս կը ցնդէին, իրենց հետ կը տանէին նաեւ իրենց ներկայութեամբ ծնունդ առած երեւակայութիւնս, հին ու նոր սէրերուս թարմ ու լեղի յիշատակները, ծննդավայր Հալէպէս ժառանգ մնացած յուշերս ու երազներս, անօրինակ աշխարհներ թափանցող մտածումներս ու ինծի կը վերադարձնէին իմ իրական աշխարհս:
Ու կը զգայի, որ ես ալ Գրիշին չափ եւ նոյնիակ անկէ աւելի՝ երջանիկ էի:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com
Հարթակ
- 12/02/2024