«ԳՆԱԼՈՒ ԵՆՔ»
-Ինչպէ՞ս էք, միշտ տեսնուելով ընտելացանք իրարու:
Ըսի մօտակայ բանջարավաճառին քով աշխատող միջին տարիքով կնոջ, զոր գրեթէ ամէն այցելութեանս կը տեսնեմ:
-Բայց ափսոս, էլ չէք տեսնի ինձ, գնալու եմ:
Պատասխանեց սրտնեղած: Թաց ժպիտ մը կը սողոսկէր անոր աչքերէն, ուրախն ու տխուրը շաղախող բան մը: Ուրախ էր թերեւս նոր ծանօթութեան համար, տխուր՝ բաժանումին:
-Գնալու ենք ընտանեօք, էստեղ հարկաւոր չէ վաստակել, ապրել: Ռուսաստան ենք գնալու, էնտեղ լաւ են վճարում:
Շարունակեց հարցական հայեացքիս պատասխանելով: Իւրաքանչիւր բառի, տառի մէջ կսկիծ կար, կանուխ կարօտ մը նաեւ. բան մը կար, որ կը չարչարէր զինք ներքուստ. ընտելացումը թերեւս ամէն ինչի՝ տուն, սենեակ, անկողին, բարձ, մարդիկ՝ հարազատ թէ օտար, օդ, ջուր... ամէն, ամէն ինչի: Ծանօթ զգացում մըն է:
Տարիներու ընտելացումէն հեռանալու կսկիծը կը յորդէր անկէ: Տարիներ, թերեւս ծնունդէն ի վեր երկարող տարիներ, որոնց ընթացքին ինչե՜ր կ՚անցնին, կը դառնան. գեղեցիկներ կը գծուին մարդուն տեսահորիզոնին՝ հնչիւնի մը ազդեցութեամբ, տեսքի մը հմայքով, շօշափով մը, մեղեդիով մը, ապրումով մը, գիրկով մը ջերմ... եւ այդ գեղեցիկները աննիւթ երեւումով կ՚այցելեն մարդուն յաճախ նոյն տեղը եւ կ՚ունենան ներգործում մը բարի, վերանորոգում մը նաեւ:
Չարիքին ազդակը եւս կը գծուի՝ ցասումնալից խօսքի մը ազդեցութեամբ, պոռթկուն զայրոյթի մը, արհաւիրքի մը, աղէտի մը ներգործումով, ի վերջոյ կեանքի փորձառութիւններով, եւ անոնցմէ քաղուած դասերը մի առ մի կ՚այցելեն անհատին մտահորիզոնը, երբ ան նոյն տեղը, նոյն վայրը գտնուի. անոնք կը յուշեն քաղուածը՝ ցաւէն առաջ:
«Ես»եր կազմաւորուած են դէպքերու, դէմքերու, հաղորդակցութեանց եւ միջավայրի ազդեցութեամբ եւ այս նոյն «ես»երը խմբովին, ընտանեօք պիտի տեղափոխուին աշխարհի այլ կէտի մը վրայ եւ այլ միջավայրի, այլ դէմքերու, այլ լեզուի ներգործութեամբ պիտի գծուին նոր «ես»եր՝ հինի եւ նորի շաղախումով տարբեր «ես»եր: Նախ արմատին կառչած ծառի ճիւղեր պիտի ըլլան անոնք, ապա, կամայ-ակամայ պոկում մը պիտի այցելէ, ֆիզիքականէն շա՜տ անդին պոկում մը...
Պիտի «գնան» անոնք, շատերո՜ւ պէս, որոնելով նոր կեանք, հանգստաւէտ ապագայ, խաղաղ ընթացք. պիտի «գնան» եւ թողուն մոխրապատ, զաւակներէ լքուած հայրենիքը, որուն անորոշութիւններուն օղակները կ՚աճին օրէ օր, մինչեւ...
Կը յիշեմ ամերիկաբնակ հարազատի մը խօսքերը, զորս զայրոյթով արտասանեց պատերազմի օրերուն՝ «Մենք բոլորս մեղաւոր ենք,- ըսաւ ան,- ձգեր ենք հայրենքը, Արցախը եւ մեր հանգիստը այլ երկիրներու մէջ գտեր. եթէ Արցախը ունենար գո-նէ քառապատիկ բնակչութիւն, վստահ որ այսպէս չէր ըլլար»:
Խօսքը գործին չի նմանիր յաճախ, զայրոյթը տրամաբանութիւն մը կը հիւսէ, խաղաղ միտքը՝ այլ մը:
Խանութէն դուրս ելած պահուս գտայ աշխատող կինը դրան սեմին կեցած, գրկած արեւուն երկարած ձեռքը: Ան կծկուած էր հոն եւ հակառակ ջերմ օդին՝ փաթթուած էր իր հաստ վերնաշապիկին, կարծես անոր մարմնէն կը սահէր, հայուն շա՜տ հարազատ, գաղթականի դողը:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան