ՆԵՐԿԱՅ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐՈՒ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱՏ ՆՈՒԱԶ Է
Հայաստանի ընդդիմութեան բողոքի շարժումները շաբաթներէ ի վեր կը շարունակուին, մինչ անոնց հաւանական ազդեցութիւններուն տեսակէտէ խորհրդածութիւններն ու հաշուարկները վերլուծաբաններու ուշադրութեան առարկայ են։ Այս բոլորի լոյսին տակ շօշափեցինք վերլուծաբան Բենիամին Պօղոսեանի կարծիքը։ Ան համոզուած է, թէ ներկայ բողոքի ցոյցերու ազդեցութիւնով Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն մը իրականացնելու հաւանականութիւնը շատ նուազ է։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր տեսակէտները։
*
-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այն բողոքի ցոյցերը, հաւաքները եւ անհնազանդութեան գործողութիւնները, որոնք վերջին շաբաթներուն տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մէջ։
-Ապրիլի երկրորդ կէսէն ի վեր Երեւանի բողոքի ցոյցերու հիմնական պատճառը՝ 13 ապրիլին Հայաստանի վարչապետի ելոյթն էր Ազգային ժողովէն ներս։ Ան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը Հայաստանին կ՚առաջարկէ իջեցնել նշաձողը Արցախի կարգավիճակի հարցով: Սա ընկալուեցաւ՝ որպէս ակնարկութիւն, թէ Հայաստան պատրաստ է համաձայնիլ Արցախը ճանչնալ՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս, մօտաւոր ապագային սկսելիք խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին: Երեւանի բողոքի գործողութիւնները ուղերձ կը յղեն թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ թէ՛ միջազգային հանրութեան։ Այսպէս, քաղաքականապէս գործուն հայ հասարակութեան մեծ մասը կը մերժէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն ներս տեսնելու կամ թողելու որեւէ հնարաւորութիւն:
-Այժմու գործընթացները ունի՞ն քաղաքական հանգուցալուծում բերելու բաւարար ներուժ։
-Բողոքի գործողութիւնները կը ղեկավարուին ընդդիմադիր հիմնական ուժերու կողմէ՝ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւն: Միեւնոյն ժամանակ, փողոց դուրս ելած մարդոց կարգին զգալի է նաեւ թիւը այն անձերու, որոնք չեն աջակցիր ընդդիմութեան եւ մինչեւ 2018-ի մայիսը որեւէ առընչութիւն չեն ունեցած իշխանութեան հետ: Այդ մարդիկ չեն ցանկար իշխանութեան գլուխ բերել Հայաստանի երկրորդ կամ երրորդ նախագահները կամ անոնց հետ առընչուած ուժերը, այլ կը ցանկան բողոքի գործողութիւններով կանխել՝ Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն ներս ձգելու որեւէ հնարաւորութիւն: Այս պահու դրութեամբ Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցերու ազդեցութեամբ իշխանափոխութիւն իրականացնելու հաւանականութիւնը շատ նուազ է: Միեւնոյն ժամանակ, եթէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն ներս ձգելու խնդիրը զուտ տեսական քննարկումներէ տեղափոխուի գործնական դաշտ. օրինակ՝ հրապարակուի Հայաստան-Ատրպէյճան պայմանագրի նախագիծ, ուր Արցախը կը ճանչցուի՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս, ուրեմն այդ բանը կտրուկ կը մեծցնէ բողոքի գործողութիւններու մասնակիցներու թիւը:
-Ըստ երեւոյթին, Փաշինեան այդքան ալ մտահոգ չէ ընդդիմութեան գործողութիւններէն։ Ի՞նչ են իր յենարանները եւ ինչքա՞ն ապահով է իր տեղը։
-Վարչապետը կը հասկնայ, որ բողոքի գործողութիւնները ունին նաեւ թոյլ կողմեր: Չկայ ընդգծուած առաջնորդ, ի տարբերութիւն 2018-ի իրադարձութիւններէն: Բաց աստի, ընդդիմութիւնը յստակ չի ներկայացներ իր տեսլականը Արցախի ապագայի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն վերաբերեալ: Կը յայտարարուի արհեստավարժներէ բաղկացեալ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն, յստակութիւն չկայ ո՛չ այդ կառավարութեան կազմին, ո՛չ ալ ծրագիրներուն առընչութեամբ: Նաեւ, բնակչութեան զգալի հատուած մը կը շարունակէ խիստ բացասական վերաբերմունք ունենալ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն դէմ, ինչ որ եւս ետ կը պահէ շատերը բողոքի գործողութիւններուն միանալէ: Փաշինեան շատ լաւ կը հասկնայ, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան բանակցութիւնները երկար պիտի շարունակուին, առնուազն մէկուկէս-երկու տարի։ Հետեւաբար, գոնէ մինչեւ 2023-ի աւարտը Արցախը Ատրպէյճանի կազմէն ներս ձգելու հաւանականութիւնը կը շարունակուի մնալ տեսական քննարկումներու տիրոյթին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, որ այդ ընթացքին բողոքի գործողութիւններու մասնակիցներու թիւը էական աճ կրնայ չարձանագրել:
-Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը երկարելու բոլոր ազդանշանները ունի։ Ան ինչպէ՞ս կրնայ ազդել Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն վրայ։
-Ուքրայնայի ռազմական գործողութիւններու երկարաձգումը ա՛լ աւելի կը մեծցնէ Ռուսաստանի ցանկութիւնը՝ հնարաւորինս խուսափելու Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին ռազմական մագլցումէ: Սա կը նշանակէ, որ Ռուսաստան պիտի ընէ ամէն ինչ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները յառաջ տանելու համար: Միեւնոյն ժամանակ, Մոսկուայի նպատակը Արցախէ ներս հնարաւորինս երկար ժամանակ սեփական ռազմական ներկայութիւնը երաշխաւորելն է: Մինչդեռ, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը պիտի հաստատէ Արցախը՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ Ատրպէյճանին՝ չերկարաձգել ռուս խաղաղապահներու տեղակայման ժամկէտը Արցախէ ներս՝ 2025-ի նոյեմբերէն յետոյ: Հետեւաբար, Ռուսաստան շահագրգռուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ բանակցութիւններու մեկնարկով, սակայն, չի ցանկանար համաձայնագրի շուտափոյթ ստորագրումը։
-Հայաստանի համար ինչքանո՞վ նպատակայարմար է այս փուլին խաղաղութեան պայմանագիր կնքելը Ատրպէյճանի հետ։ Իսկ այլընտրանքը ի՞նչ է։
-Որեւէ տարբերակով Արցախը՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս ճանչնալը պիտի յանգեցնէ Արցախի արագ հայաթափութեան՝ զայն դարձնելով երկրորդ Նախիջեւան: Միեւնոյն ժամանակ, Ատրպէյճանի հետ խաղաղ բանակցութիւններէ հրաժարիլը հնարաւորութիւն կու տայ Ատրպէյճանին՝ դիմել ռազմական նոր մագլցումներու, առաջին հերթին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով: Բանակցութիւններէն հրաժարիլը միջազգային հանրութեան շրջանակին մէջ կը հարուածէ Հայաստանի հեղինակութիւնը՝ տպաւորութիւն ստեղծելով որպէս ոչ շինիչ կողմ:
Ստեղծուած պայմաններուն տակ հնարաւոր տարբերակներէն մէկն է Ատրպէյճանի հետ ստորագրուելիք խաղաղութեան պայմանագրով Արցախի համար անցումային շրջանի գաղափարի հաստատումը, ներկայ «կարգավիճակի» պահպանումով: Անցումային շրջանի տեւողութեան որոշման համար կարելի է մշակել յատուկ չափանիշներ, որոնց իրականացումը կրնայ հիմք դառնալ այդ շրջանի աւարտին համար: Չափանիշներու մշակումը, ինչպէս նաեւ անոնց իրականացման վերաբերեալ տարեկան զեկոյցներու պատրաստումը կրնայ իրականացուիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ: Անցումային շրջանի աւարտին կողմերը պէտք է շարունակեն բանակցութիւնները՝ Արցախի վերջնական կարգավիճակին վերաբերեալ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան