ՎԱՐՍԻԿԸ

Հրապարակի կողքի փողոցէն կը քալէ դանդաղ ու ծանր քայլերով։ Ձեռքին պարապ դոյլ մը կայ։ Հիւղակի փոքր պարտէզէն քաղած վարունգը լեցուցեր տարեր է այս առտու քաղաքի կեդրոն, ու վաճառեր ամբողջովին։ Մէկ շաբթուայ հաց-պանիրի դրամի դիմաց հազիւ. ոչ աւելի։

Անդիէն եկող միապաղաղ աղմուկը կամաց-կամաց կը մօտենայ, յստակութիւն կը գտնէ։ Երբ անկիւնը կը դառնայ ու հրապարակը կը տեսնէ, դիմացը կը ցցուի պատկերը հանրահաւաքի՝ իրեն համար զզուելի։

Մէկը, բեմին վրայ, մաքուր մութ կապոյտ հագած, բարձրակոչ ձայնն է ձգեր։ Ժողովուրդ կը փրկէ, աղքատութիւն կը թաղէ, երկիր կ՚ազատագրէ, թշնամի կը քշէ, ասոր անոր կը յաղթէ, վատի փոխարէն լաւն ու նորը կը խոստանայ։

Վարսիկը մարդուն դէմքին իսկ նայիլ չ՚ուզեր, ոչ ալ հետաքրքրուած է թէ ո՞վ է, թէ ո՞ր մէկն է անոնցմէ, որոնք «մէկ ա նոյնն են, կոստիւմաւոր»։ Ու կը յիշէ միակ հանդիսական բաճկոնը ամուսնոյն, մաշած մէջքով ու թեւատակերով, հոս-հոն պակսող կոճակներով. մնացած իրենց ամուսնութենէն ի վեր, երբ աւելի մաքուր ու փայլուն էր ամէն ինչ։

Փայլուն էր «կոստիւմ»ը ամուսնոյն, փայլուն էր ամուսինը ինքը՝ ժամացոյցի գործարանի աշխատող, պետական կայուն աշխատավարձով, որ բաւարար էր սնունդի, կոկիկ հագուկապի, եւ տարին մէկ այս կամ այն քաղաքը երթալու համար Մեծ Միութեան։ Յետոյ «փլուեց, քանդուեց ամէն ինչ», Միութիւնը, երկիրը, քաղաքը, գործարանը ամուսնոյն, եւ այդ «կոստիւմ»ը մնաց վերջինն ու վերջնականը։ Երկրաշարժը քանդեց իրենց բնակելի շէնքը եւս, տարաւ ամուսինը Ռուսաստան՝ աշխատանքի, իսկ իր հիւղակն այս ուր մինչեւ օրս կ՚ապրի, արդէն մինակ տաս տարիէ ի վեր։

Քանի մը տարին մէկ խոստումներու ալիքի մը դէմ յանդիման եկած էր այդ քանդումէն ի վեր։ Սկիզբը կ՚երթար նոյն այս հրապարակ։ Կը յուզուէր, կ՚ոգեւորուէր, կը հաւատար, կը համոզուէր, կը քուէարկէր ու կը սպասէր։ Չորս-հինգ տարի վերջ մէկ ուրիշին հանրահաւաքին երթալու համար միայն։ Բայց ամէն անգամ դոյլ մը պակաս յոյսով կ՚երթար կարծես, մինչեւ որ անցնող տարիները տարին իր յոյսն ալ, հաւատքն ալ, ակնկալիքներն ալ ընդհանրապէս։

Մնաց ինք, հիւղակն իր, եւ դոյլը, որ երբեմն լեցուն կ՚երթար կերդրոն, կ՚անցնէր հրապարակի քովէն, կը դատարկուէր իրեն տալով այդ ողորմութիւնը, որով իր կեանքը քարշ պիտի տար ատեն մը եւս, մինչեւ բերք տար այգիի մէկ այլ թուփը կամ ծառը ժլատ...

Հիմա կը քալէ Վարսիկը, իսկ ամպագոռգոռ ձայնն այդ կը հեռանայ, կը կորչի ի վերջոյ։ Կը մտնէ հիւղակ, քաղաքէն ու կեանքէն վտարուած այս թաղամասին մէջ, որ ծնունդ է երկրաշարժի։ Կը նայի ամուսնոյն նկարին։ Կը բանայ կողքի պահարանը, ձեռքը կը մեկնէ հին «կոստիւմ»ին, կը շոյէ զայն, ու կը վերահաստատէ խոստումը՝ երբեք չտրուիլ զայն քանի մը ոսկով վաճառելու փորձութեան։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունիս 16, 2021