ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
BBC վերջին օրերուն անդրադարձաւ գաղտնի պահուած խաղաղութեան գործընթացին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Սա իրական յո՞յս մըն է, թէ ժամանակի կորուստ… Վերջին ամիսներուն շատ աւելի վառ գոյներով ներկայացուիլ սկսան Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի մը հասնելու դրոյթները։ Յայտարարութիւն եւ հակադարձ յայտարարութիւն «պատերազմը» ընդհանուր ազդեցութիւնը թուլացուց նաեւ այն պատճառով, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային գօտին ընդհանրապէս հանգիստ է։ Մինչ Պաքուի բարձրաստիճան պատասխանատուներ կը խօսէին խաղաղութեան պայմանագրի թեքստի տարբերակի երթալուն ու ետ գալուն մասին, անդին Երեւանի իշխանութիւնները բոլոր առումներով կը փորձէին ու դեռ ալ կը փորձեն հնարաուորինս գոց սնտուկի մը մէջ պահել բանակցութիւններու ընդհանուր գործընթացը։
Ատրպէյճանի բաղդատմամբ Հայաստանի իշխանութիւնները լուրջ ցնցումներու ականատես հանդիսացան այն պահէն սկսեալ, երբ ընթացք առին Տաւուշի սահմանակից կարգ մը գիւղերու սահմանագծումները։ Այս սահմանազատումներուն զուգահեռ՝ տեղի ունեցան բողոքի գործողութիւններ եւ ընդդիմութիւնը (յատկապէս Դաշնակցութիւն-Քոչարեան առանցքը) ամէն առիթ օգտագործեց նստելու համար Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումի նաւուն վրայ։ Եւ իսկապէս այդ ընդդիմութիւնը, որ սկիզբին ինքզինք հեռու պահեց առաջին գիծէն, որոշ յաջողութիւններու հասաւ։ Աւելի վերջ, երբ հասարակութեան լայն շերտեր նկատեցին ճշմարտութիւնը, թէ այդ շարժումները զուգորդուած էին նախկին նախագահ Քոչարեանի եւ Դաշնակցութեան կողմէ, պատկերը էապէս փոխուեցաւ։ Բագրատ սրբազանի շարժումի մարելուն զուգահեռ՝ նկատելի դարձան նաեւ կարեւոր խմորումներ ընդդիմութեան ներքին խոհանոցին մէջ։
Այսքանը դիտարկելէ եւ սահմանագծման խնդրով հասարակական պոռթկումէն ետք, յստակ է, անշուշտ, որ ինչո՛ւ Հայաստանի իշխանութիւնները «փակուած» կը պահեն բանակցութիւններու, նաեւ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի ընդհանուր քննարկումներն ու նախագիծը։ Ի դէպ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նման հարց մը չունին։ Անոնք այս բոլորին կը մօտենան այլ դիտանկիւնէ մը՝ միշտ ի մտի ունենալով, որ երկրի լայն զանգուածներուն համար մղիչ ու շարժիչ ուժը ո՛չ թէ խաղաղութեան մը հասնիլն է, այլ յաղթանակը պահել։ Այդ պատճառով ալ խաղաղութեան մասին կա՛մ նոյնիսկ խաղաղութեան պայմանագրի մը կնքման հեռանկարին շուրջ յաճախ շեշտադրումը դարձած է անշնորհակալ գործ մը։
Այս համայնապատկերին վրայ, անշուշտ, կայ գերագոյն խնդիր մը, որն է կողմերուն միջեւ առկայ անվստահութիւնը։ Անկախ ամէն ինչէ՝ երկու կողմերը, երկու իշխանութիւնները յաճախ մոռացութեան կ՚ուզեն տալ, թէ այդ փոխվստահութիւնը կը ձեւաւորուի միայն ու միայն այն պարագային, երբ երկու երկիրներու հասարակութիւնները սկսին շփուիլ եւ խօսիլ իրարու հետ, դրացնութիւն ընել միմեանց հետ։ Ամէն պարագայի, Հայաստան-Ատրպէճան շփումներու ու բանակցութիւններու գաղտնութեան հանգամանքը չէ վրիպած նաեւ միջազգային մամուլի ուշադրութենէն։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ հեղինակաւոր BBC-ն, որ կը խօսի Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան որոնումներու գաղտնի ծալքերու մասին։ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը քննարկեն խաղաղութիւն մը՝ առանց ժողովուրդներու մասնակցութեան», կը տեղեկացնէ անգլիական լրատուամիջոցը։
Երեւանն ու Պաքուն արագ կշռոյթով կը նախապատրաստուին խաղաղութեան կնքման: Կողմերը COP29 կլիմայի գագաթաժողովը կը համարէին պայմանական վերջնաժամկէտ մը։ Բայց եւ այնպէս, գագաթաժողովը թէեւ կ՚ընթանայ, իսկ խաղաղութեան պայմանագիրը այդպէս ալ չէ ստորագրուած։ BBC-ի դիտարկմամբ՝ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ են տարաձայնութիւններ, որոնց մասին կը զգուշացնէին փորձագէտները, որոնք փորձած են տարիներ շարունակ ընդհանուր լեզու մը գտնել:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի գրասենեակները գաղտնի կը պահեն խաղաղութեան բանակցութիւններու մանրամասնութիւնները եւ չեն խորհրդակցիր քաղաքացիական հասարակութեան հետ: Ատրպէյճանի մէջ աքթիւիստներ կը ձերբակալուին՝ հայերու հետ նամակագրութեան եւ հանդիպումներու համար։ Հայաստանի մէջ խաղաղութեան հաւատարիմ կողմնակիցները կը մնան մեկուսացուած ու փոքրամասնութիւն են, իսկ կառավարութիւնը կ՚ապաւինի իրեն հաւատարիմ փորձագէտներու։
Օգոստոսին, Ատրպէյճանի իրաւապահները ձերբակալեցին՝ Փրակի Քարլզի համալսարանի 29-ամեայ դասախօս Պահրուզ Սամետովը։ Հայ աքթիւիստներու հետ շփումներու պատճառով ան մեղադրուած է դաւաճանութեամբ եւ իր պարագային կը պահանջուի ցմահ ազատազրկում։ Սամետով հանդէս եկած է երկու երկիրներու հաշտութեան ի նպաստ, սակայն, քննադատած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու մօտեցումը։ «Պատերազմը երբեք չէ աւարտած, երբեք խաղաղութեան գործընթաց չէ եղած» վերնագրով յօդուածին մէջ ան գրած է, որ Պաքուն կ՚ուզէ ստիպել Երեւանը ընդունելու «բռնապետական խաղաղութիւն»։ Ան այս մօտեցումը որակած է՝ որպէս խաղաղութիւն առանց հաշտութեան։ Սամետովի ձերբակալութենէն կարճ ժամանակ անց ձերբակալուած են նաեւ հակապատերազմական աքթիւիստ եւ գրող Սամետ Շիխի եւ լրագրող Ճաւաիտ Աղա:
2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի եւ անոր յաջորդած լարուածութիւններուն ժամանակ Ատրպէյճանի աքթիւիստներուն նոր սերունդը սկսած է աւելի աշխուժանալ: Ըստ BBC-ի՝ անոնք սերտօրէն կը շփուէին հայ երիտասարդներու հետ, միասին կը մասնակցէին փոտքեսթներու, կը վիճէին եւ համաձայնութեան կու գային X-ի վրայ, համատեղ յօդուածներ կը հրապարակէին գիտական ժողովածուներու եւ լրատուամիջոցներու մէջ: Այս բոլորը Ատրպէյճանաի իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը գրաւած է։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան գլուխ գալէ վերջ կը հրաժարէր փոխզիջման երթալէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, սակայն, 2020 թուականի պարտութենէն ետք ան փոխած է ընթացքը կամ ուղղութիւնը, ճանչցած է Արցախը՝ որպէս Ատրպէյճանի մաս եւ յայտարարած խաղաղութեան օրակարգ։ Այժմ ան ո՛չ միայն չի պահանջեր Ղարաբաղի հայերու ինքնավարութեան կամ գոնէ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքի իրագործումը, այլ կ՚ուզէ արագ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Ատրպէյճանի հետ։
«Երկար ժամանակ հակամարտ կողմերու միջեւ կար ըմբռնում, թէ առաջնորդները պէտք է համաձայնութեան գան, այնուհետեւ, հասարակական կազմակերպութիւնները յառաջ գան եւ համաձայնութիւնը վաճառեն հանրութեան», BBC-ին ըսած է Լոուրենս Պրոըրս, որ Լոնտոնի Chatham House-ի գիտաշխատողներէն է ու գիրք մը հեղինակած է այս հակամարտութեան մասին։ Խաղաղութեան գործընթացը, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգենրու եւ Ֆրանսայի միջնորդութեամբ վարուած բանակցութիւնները, իր խօսքով՝ երբեք թափանցիկ չեն եղած։ Պրոըրսի համոզմամբ՝ 2020 թուականի պատերազմէն ետք հասարակութեան մէջ քննարկման հնարաւորութիւն կար, սակայն, Ատրպէյճանի վերջին ձերբակալութիւններուն պատճառով այդ մէկը վերստին անհետացաւ: Փորձագէտը այժմ տեղի ունեցածը կ՚որակէ պարտադրուած խաղաղութեան գործընթաց մը, որ կը ծառայէ վերնախաւերուն, ո՛չ թէ ամբողջ հասարակութեան շահերուն։ «Այս գործընթացէն բխելիք որեւէ պայմանաւորուածութիւն պիտի ըլլայ մակերեսային եւ փխրուն, պիտի չպարփակէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու աւելի լայն փոխակերպում կամ վերափոխում», ըսած է ան։
BBC-ի հրապարակման մէջ, Երեւան-Պաքու խաղաղութեան հեռանկարները երերուն կը նկատուին նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններուն Տանըլտ Թրամփի տարած յաղթանակի լոյսին ներքեւ՝ քանի Հանրապետական կուսակցութիւնը խոստացած է կեդրոնանալ ներքին խնդիրներու վրայ։ Հարկ է նշել, որ 44-օրեայ պատերազմը տեղի ունեցած էր Թրամփի նախագահութեան առաջին ժամկէտին։ ԱՄՆ այդ ժամանակ հեռու մնացած էր հակամարտութենէն։ Հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած էր Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջոցաւ եւ Արցախի շուրջ ռուս խաղաղապահներ տեղակայուած էին։
Հուսկ, BBC յիշեցուցած է, որ նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը՝ հակառակ Ուքրայնայի պատերազմին, կը փորձէր աւելի աշխոյժ ներգրաւուիլ Հայաստան-Ատրպէյճան դիւանագիտական գործընթացին։ Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն կազմակերպած է հանդիպումներ՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, քննարկելու համար խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան