ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ԱՂԱՒՆԻԻՆ ՕՁԻՔԸ
Սիրելիս, կրնա՞յ ըլլալ որ այս արաբները սպաննեն զիս, եթէ օրին մէկը գիտնան, թէ բանաստեղծութենէն եւ երաժշտութենէն բացի՝ ուրիշ բան չեմ սիրեր, ու ոչ մէկ բանի մասին կը խորհրդածեմ՝ բացի լուսինին եւ այս ու այն կողմ փախչող ամպերու մասին:
Կամ ամէն անգամ երբ Պէթհովընի իններորդ սիմֆոնիան լսեմ, ոտաբոպիկ ճամբաները կ՚ելլեմ, կը գրկախառնուիմ անցորդներուն հետ՝ ուրախութեան արցունքները աչքերուս:
Կամ ամէն անգամ որ Րամպոյի1 «Գինով նաւակը» կարդամ, կը շտապեմ սեղանիս վրայ եղող բոլոր ուտելիքները, պահարանիս մէջ եղող հագուստները եւ գրպանիս մէջ եղող դրամներն ու անձնագիրս պատուհանէն վար նետելու:
Այո, ամէն ինչ կարելի է եւ սպասելի՝ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց. այո՛, այն պահէն որ ես տեսայ, թէ անոնք ինչքա՜ն փամփուշտներ կը լեցնեն սովորական աղաչող եղնիկի մը աչքերուն մէջ, հասկցայ, թէ անոնք ո՛չ մէկ բանէ կը խուսափին:
Սակայն, անոնք ուրկէ՜ իմ այս նախասիրութիւններս գիտեն, որովհետեւ ես յիսունականներէն այս կողմ ո՛չ բանաստեղծութիւն, ո՛չ երաժշտութիւն, ո՛չ ամպեր, ո՛չ լուսին, ո՛չ հայրենիք, ո՛չ ալ ազատութիւն սիրած եմ, բացի՝ որպէս լրտես գիշերուան մէջ, դռներն ու պատուհանները գոցելէն եւ վստահ ըլլալէ ետք, թէ արաբ բոլոր պատասխանատուները՝ ովկիանոսէն մինչեւ ծոց, իրենց անկողինները մտած են՝ քնանալու:
Իսկ եթէ անոնք այս կամ այն ձեւով իմացած են, ապա վստահեցո՛ւր անոնց, սիրելիս, թէ ինչ որ լսեցին մասիս այս ուղղութեամբ, ապա զրպարտութիւն եւ չարախօսութիւն են, եւ թէ ես միայն լրատուականներու կը հետեւիմ ու միայն պաշտօնական հաղորդագրութիւններ կը կարդամ:
Փողոցներուն վրայ կը վազեմ միայն, որպէսզի զարգացումի նաւակին հասնիմ:
Միշտ կը համոզուիմ անով՝ որ համոզիչ չէ, կը հաւատամ այն բանին՝ որ անհաւատալի է. ինքզինքս աւելին չեմ համարեր քան երկու ոտք՝ մայթին վրայ, կամ մայթ մը՝ ոտքերու տակ:
Եթէ հարցնեն քեզի, թէ գիշերները երբեմն ո՞ւր կ՚երթամ, ըսէ անոնց, թէ Արաբական աշխարհէն ներս յատուկ դասեր կու տամ՝ յուսահատներն ու մոլորեալները սթափեցնելու համար:
Իսկ եթէ երբեմն յուսահատ երեւիմ, վստահեցուր անոնց, թէ դրական յուսահատութիւն է. եթէ շուտով անձնասպանութեան դիմեմ, ապա որպէսզի բարոյահոգեբանական վիճակս երկինք բարձրանայ:
Ես չեմ կարծեր, որ արաբ մարդուն եւ Արաբական աշխարհին վրայ ուրիշ վտանգ կայ, բացի Իսրայէլէն: Իսկ այդ բուռ մը արաբ մտաւորականները եւ տեսաբանները որոնք տարիներէ ի վեր սրճարաններու, գինետուներու, համագումարներու եւ համաժողովներու ընթացքին կը փորձեն համոզել մեզ, թէ թշնամիին հետ մեր պատերազմը՝ քաղաքակրթական պատերազմ է: Կարծես անոնք կը սպասեն հրամանատարներէն ու ղեկավարներէն, որ սահմանին մէկ շարքի վրայ նստին իրենց շարժուող աթոռներուն վրայ, իրենց դիմացը ունենալով շարք մը արաբ գրողներ, բանաստեղծներ եւ արուեստագէտներ, որպէսզի մենամարտին անոնց դէմ՝ բանաստեղծութիւն՝ բանաստեղծութեամբ, թատրերգութիւն՝ թատրերգութեամբ, նկարչութիւն՝ նկարչութեամբ, սիմֆոնիա՝ սիմֆոնիայով, երգ՝ երգով եւ հեռատեսիլային շարք (series) հեռատեսիլային շարքով:
Ո՛չ, սիրելիս. առաջին թռիչքը ա՛ռ եւ հանդիպիր բոլոր անոնց՝ որոնց կը հետաքրքրէ այս հարցը Արաբական աշխարհին մէջ: Զգուշացուր անոնց այդպիսի թակարդի մէջ չիյնալ, կամ այդպիսի յորձանուտի մէջ: Արդարեւ, թշնամիին հետ մեր պայքարը շա՜տ յստակ կերպով կ՚արտացոլուի Ապըտ ալ-Նասէրի2 նշանաւոր ասացուածքին մէջ. «Ինչ որ ուժով առնուեցաւ, առանց ուժի չի՛ վերադարձուիր»: Ներկայիս՝ բանաստեղծներով, մտաւորականներով եւ արուեստագէտներով ամենահարուստ երկու ամենէն հզօր պետութիւններուն՝ Ռուսաստանի ու Ամերիկայի միջեւ պայքարը՝ սպառազինուելու մրցավազքին, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ յստակ փաստ վերը նշուած ասացուածքին:
Այդ պատճառով, ես ինչպէս իւրաքանչիւր արաբ, որ բոլոր կողմերէն թոյլ եւ թիրախաւորուած եմ, չափազանց ուշադրութեամբ կը հետեւիմ այս մրցավազքին: Ինչպէս նաեւ նոյն ուշադրութեամբ կը հետեւիմ, թէ ի՜նչ փոփոխութիւններ կը կատարուին զէնքերու աշխարհէն ներս՝ տեսքի, որակի եւ արդիւնաւէտութեան առումներով: Թէ տակաւին հրետանին ինծի եւ յիսունականներու սերունդին համար յատուկ տեղ ունի մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ եւ չենք կրնար զայն մոռնալ պարզապէս որովհետեւ նոր, աւելի ճկուն եւ արդիւնաւէտ զէնքեր մէջտեղ եկած են… Արդարեւ, մեր եւ հրետանիին միջեւ երկա՜ր մտերմութիւն կայ:
Եթէ մեզմէ աւելի աղքատ պետութիւնները իրենց քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրին գոնէ մէկ հրետանիով ապահոված են, ապա ինչքա՜ն աւելի մենք՝ արաբներս, երբ Աստուած մեզի այսքան անսպառ հարստութիւններ եւ միջոցներ տուած է, ապա ապագային իւրաքանչիւր արաբ քաղաքացի ո՛չ թէ մէկ, այլ՝ նուազագոյնը հինգ հրետանի պէտք է ունենայ.
Մէկը՝ իր աջ կողմը:
Մէկը՝ ձախ:
Մէկը՝ առջեւը:
Մէկը՝ ետեւը:
Մէկն ալ՝ իր վրան:
Այդպիսով կը հանգստանայ ու կը հանգստացնէ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 4
Վաղարշապատ
1 Ժան Նիքոլա Արթիւր Րամպօ: Ֆրանսացի բանաստեղծ (20 հոկտեմբեր 1854 - 10 նոյեմբեր 1891): Ֆրանսական խորհրդապաշտական գրականութեան նշանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը: 1991-ին Ապոլոն հրատարակչութիւնը հայերէն թարգմանութեամբ հրատարակած է Արթիւր Րամպոյի գրականութեան լիակատար ժողովածուն:
2 Ճամալ Ապըտ ալ-Նասէր (15 յունուար 1915 - 28 սեպտեմբեր 1970). եգիպտացի զինուորական եւ քաղաքական գործիչ: Եգիպտոսի երկրորդ նախագահ (1956-1970): Ղեկավարած է Եգիպտոսի 1952-ի յեղափոխութիւնը եւ լայնածաւալ բարեփոխումներ իրականացուցած է: 1954-ին մահափորձի ենթարկուած է Իսլամ եղբայրներու կազմակերպութեան մէկ անդամին կողմէ, ինչի հետեւանքով իր կողմնակիցներուն աջակցութեամբ հեռացուցած են օրուայ երկրի նախագահը՝ Մուհամմատ Նաճիպը՝ զայն տնային կալանքի ենթարկելով, ու ստանձնած է երկրի ղեկը: Պաշտօնապէս նախագահ դարձած է 1956-ին եւ նախագահութեան պաշտօնը զբաղեցուցած է մինչեւ իր մահը՝ 1970 թուականը: