ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ԹՈՅՆԸ (Ի՞նչ ըսել է վարակուիլ. վարակման պատճառներն ու եղանակները․ վարակումէն պաշտպանուելու միջոցները)
Դ.
Ի՞ՆՉ Է ՊԱՔԹԵՐԻԱՆ (ՑՈՒՊԻԿ)
ԿԱՄ ՄԻՔՐՈՊԸ (ՄԱՆՐԻԿԸ)
Բոլորը տեսած կ՚ըլլան մեծցնող ապակիներ: Ատոնք կլոր ապակիներ են, երկու կողմերն ալ կոկացած: Եթէ ձեր աչքերուն դնէք եւ անոր միջոցով փոքրիկ բանի մը նայիք, այդ բանը 5-6 անգամ կը մեծնայ1:
Ներկայիս գիտնականները կը շինեն այնպիսի ապակիներ, որոնց միջոցով առարկաները ոչ թէ 5-6 անգամ կը մեծնան, այլ շատ աւելին:
Այդպիսի ապակիներէն մէկ քանին խողովակի մէջ կը հագցնեն ու մեծցնող գործիք կը շինեն, որու անունը մանրացոյց է, այսինքն՝ մանր առարկաներ ցոյց տուող:
Մանրացոյցը կազմուած է պղինձէ երկար խողովակէ մը: Այդ խողովակը հագցուած է նոյնպէս պղինձէ պատուանդանի մը վրայ: Պատուանդանի կէսը կը կազմէ սեղանիկ մը, որու մէջտեղը ծակ է, իսկ սեղանիկին տակը շարժական հայելի մը կայ:
Գլխաւոր մասը, անշուշտ, խողովակն է, որովհետեւ անոր մէջ հագցուած են մեծցնող ապակիներէն մի քանի հատը, որպէսզի առարկաները շատ մեծնան: Խողովակին տակ, փոքրիկ սեղանիկին վրայ, կտոր մը մաքուր ապակի կը դրուի, իսկ ասոր վրայ, օրինակի համար, կը կաթեցնեն կաթիլ մը ջուր: Տակի հայելին այնպէս կարելի է պտտցնել, որ տակէն ալ (ծակին միջոցով) լոյս իյնայ այդ կաթիլ մը ջուրին վրայ ու ջուրը լաւ լուսաւորուի թէ՛ տակէն եւ թէ՛ ալ վրայէն:
Նայողը, խողովակի վրայի ծակէն կը նայի:
Մանրացոյցը այնքան կը մեծցնէ առարկաները, որ ամենէն բարակ մազն անգամ գերանի հաստութեամբ կ՚երեւի, նոր սրուած ածելիին բերանը՝ սղոցի նման է, իսկ ասեղին ծայրը՝ գուլ գամի նման: Եթէ հնարաւոր ըլլար շուն մը մանրացոյցին տակ դնել, ան հսկայ սար մը կը դառնար, ճանճը՝ փիղի մեծութիւն կը ստանար, իսկ մրջիւնը՝ հորթի մը չափ կ՚երեւար:
Բայց, անշուշտ, այսպիսի մեծ բաներ կարելի չէ մանրացոյցին տակ դնել ու նայիլ: Հետեւաբար, դառնանք կաթիլ մը ջուրին:
Մանրացոյցով նայողին աչքին այդ մէկ կաթիլ ջուրին մէջ ինչե՜ր ըսես չեն երեւիր:
Ի՛նչ զարմանալի բան. ոչ մէկ բան կ՚երեւար, ջուրը պարզ էր, իսկ հիմա այդ մէկ կաթիլ ջուրը փոքրիկ լճակ մը դարձած է, եւ այդ լճակին մէջ զարմանալի ձեւի էակներ կը լողան: Անոնք արագ-արագ կը լողան, կը պտտին, յատակէն վեր կը բարձրանան եւ դարձեալ կը սուզուին. միւսները հանդարտ կը լողան եւ իրենց համար ուտելու բաներ կը փնտռեն եւ կուլ կու տան: Ասիկա ամբողջական աշխարհ մըն է: Այն մանր էակները, որոնք պարզ աչքով չեն կրնար տեսնուիլ, զանազան ձեւի կ՚ըլլան. կլոր, հաւկթաձեւ, եղջիւրաձեւ, կամ խողովակի նման, մէկ քանին պոչով են, եւ այլն: Ասոնք ջրաճճիներ կը կոչուին:
Մանրացոյցով նայողը կը տեսնէ մանր-մունր կէտեր, թելիկներ կամ շարաններ: Ատոնք փայտիկներ (ցուպիկներ) կամ պաքթերիաներ են. այստեղ անոնք խումբ-խումբ հաւաքուած են, բայց աւելի լաւ տեսնելու համար, այդ պաքթերիաները աւելի մեծցնենք: Ատոր համար մանրացոյցի սեղանիկին վրայէն կը վերցնենք ջուրի կաթիլներով ապակին եւ անոր տեղ ուրիշ ապակի մը կը դնենք, որու վրայ ուրիշ ջուրի կաթիլ մը կը կաթեցնենք:
Այս գործողութիւնը կատարելէ ետք խողովակին մէջէն նայողին յայտնի կերպով պիտի երեւին երկար ժապաւէններ ու շարաններ, յետոյ իրարու փակած մանր օղակներ, կեռ փայտիկներ ու մանր ոլորներ, որոնք մանր որթերու կը նմանին, նաեւ կ՚երեւին մանր գնդիկներ, որոնց մէջ մանր կէտեր կը նկատուին:
Գնդիկները կամ հատ-հատ ցրուած, կամ զոյգ-զոյգ դասաւորուած կ՚ըլլան, չորս-չորս, ութ-ութ եւ աւելի թիւով ու կանոնաւոր կապոցներ կը կազմեն, կարծես պարաններով կապած ապրանքի խոշոր կապոցներ ըլլան, որոնք հազար եւ աւելի անգամ մեծցուած են:
Ժապաւէններն ու շարանները նոյնպէս բաղկացած են մանր պաքթերիաներէ, որոնք ամէն վայրկեան կրնան իրարմէ բաժնուիլ, ինչպէս Տէր ողորմեայի հատիկներ, երբ թելը կը կտրուի:
Մանրիկները, ինչպէս գիտենք, միշտ անշարժ չեն մնար, այլ՝ շատերը անդադար շարժումի մէջ են: Գնդաձեւերը անշարժ են, ցուպիկները ձեւով մը կը ճօճուին, իսկ քանի մը տեսակները սաստիկ արագութեամբ շարժումներ կ՚ընեն:
Ասոնք պոչաւոր կամ թարթչաթելեր կրողներ են:
Կան միապոչ պաքթերիաներ, կան եւ երկու, երեք ու աւելի թելիկ ունեցողներ. այդ թելիկները արագ կը շարժուին, կարծես ջուրը կը ճեղքեն եւ ետ ու առաջ կը տանին մանրիկներուն:
Ե.
ԻՆՉԷ՞ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ԵՆ ՄԱՆՐԻԿՆԵՐԸ
Ասոնք բոյսիկներ են, բայց զարմանալի մանր բոյսիկներ. ո՛չ արմատ ունին, ո՛չ տերեւ եւ կը շարժին:
Երբ հաւկիթը կը կտրենք ու կը կեղուենք, կեղեւին տակ սպիտակ բարակ պարկ մը կամ շապիկ մը կը գտնենք, որ ջրիկ սպիտակուցներով լեցուած է:
Պաքթերիան ալ տեսակ մը հեղուկ է, որ չափազանց նուրբ եւ թափանցիկ պարկի մը մէջ լեցուած է: Միայն թէ, անշուշտ, պաքթերիան ինչքան որ հաւկիթէն փոքր է, այդքան ալ անոր պարկը բարակ է սպիտակուցի պարկէն: Տեսէք, թէ ի՛նչքան բարակ պիտի ըլլայ այդ:
Իսկ մանրիկներուն մեծութիւնը:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ բանի մը մեծութիւնը, որ մարդու աչքին չ՚երեւիր եւ որ տեսնելու համար զայն 1000-2000 անգամ աւելի պէտք է մեծցնէք:
Բայց գիտնականները դարձեալ ատոնք ալ չափելու հնար գտած են:
Կաթիլ մը ջուրին մէջ կրնան 40 միլիոն (մէկ միլիոնը - տասը հարիւր հազար է) պաքթերիա տեղաւորուիլ, որոնք իրենք զիրեն ազատ կը զգան այնտեղ, ինչպէս ձուկը ջուրին մէջ: Մատնոցի մը մէջ այնքան պաքթերիաներ կը տեղաւորուին, ինչքան մարդ կայ ամբողջ հողագունդին վրայ: Եթէ իրարու կողքի շարենք 40 հազար հատ, հազիւ թէ անոնք մէկ վերշոկ2 տեղ բռնեն:
Գիտնականները շատ քրտինք թափած են, շատ գլուխ ցաւցուցած են այս մանրիկները գտնելու, անոնց ձեւերն ու տեսակները լաւ ուսումնասիրելու համար:
Մենք երկար չենք կրնար պատմել, թէ պաքթերիաները ինչպէս կը զանազանուին իրարմէ, բայց պէտք է իմանալ, որ մենք, բժիշկներս, հիմա բազմաթիւ վարակիչ հիւանդութիւններու մանրիկներ կը ճանչնանք:
Իրաւ որ, իւրաքանչիւր հիւանդութիւն իր պաքթերիան ունի, այնպէս որ պաքթերիան տեսնելով, կրնանք հիւանդութիւնը հասկնալ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 3
Վաղարշապատ
1 Այստեղէն սկսած հեղինակը նկարներով ալ աւելի մատչելի դարձուցած է ընթերցողներուն համար իր այս գրքոյկը: Սակայն, մենք այստեղ զանց կ՚ընենք այդ նկարները տեղադրել, որով եւ յետ ասյու որոշակի փոփոխութիւններ պիտի կատարենք բնագիրին վրայ, որպէսզի ընթերցողներուն համար յստակ ըլլայ ներկայացուածը: Կատարած փոփոխութիւնները շեղագրով պիտի կատարենք: Յոյսով ենք, երբ Բժշկապետին այս գրքոյկներու շարքը ամբողջութեամբ արեւմտահայրենէի վերածենք, առիթ կ՚ունենանք զանոնք մէկ հատորի մէջ հաւաքել ու հրատարակել, եւ այդ ժամանակ այս գրքոյկին մէջ եղող նկարներն ալ կը տեղադրենք այնտեղ (ծանօթագրութիւնը արեւմտահայերէնի վերածողինն է):
2 Ռուսական երկայնութեան հին չափ մը, արշինի 1/16 մասը, 4445 սանթիմեթրի հաւասար: