ՆԿԱՐԸ

Նստած գարեջուրին կը սպասէր։ Կարճ ու կապոյտ մազերով աղջիկը լսած էր պատուէրը եւ հեռացած դէպի պառ։ Յանկարծ, ձեռքը սեղանին քսելու ընթացքին թղթէ կտորի մը հպումն զգաց։ Բարձրացուց մատները, տակը նկար մըն էր։

Սեւ, ճերմակ, մոխրագոյն։ Ծառ մը։ Բայց թեքօրէն բազմած նկարի անկիւնին։ Տարօրինակ, բայց գրաւիչ էր պատկերը։ Վերցուց թուղթը, մօտեցուց ակնոցներուն. վերջիններս վար առաւ, մերկ բիբերով նայեցաւ ճիւղերուն։ Մանկութենէն ծանօթ պատկեր մը ըլլար կարծես։ Մտածեց, որ մոռցեր կամ գիտակցաբար այնտեղ ձգեր էր զայն մէկը, եւ, քանի որ հաւներ էր, վերցուց ու դրաւ ձեռքի պայուսակին մէջ։

Մօտեցաւ կապտամազ աղջիկը, ձեռքին խոշոր բաժակ մը գարեջուր։ Վիեննական. իր սիրածէն։ Սեղանին դրաւ, գրեթէ նետեց զայն անզգուշութեամբ, երկու ումպ մը դուրս թափելով։ Նկարին պիտի թափէին անոնք, մտածեց, եթէ զայն վերցուցած չըլլար։ Եւ յաւելեալ ինքնավստահութիւն մը անցուց ուսերուն։ Նկարն անտէր էր. իսկ եթէ ոչ, ապա, ամէն պարագայի, փրկեր էր զայն իր քայլով։ Արդարացուած էր գողութիւնը։

Մօտեցուց պաղ բաժակը շուրթերուն, մոխրագոյն պեխերը փրփուրով յարդարեց։ Կլլեց հեղուկը, միտքը թարմացաւ, ուղիղ նայեցաւ դիմացի պատուհանին։ Անկէ դուրս, յանկարծ, իրմէ մօտ տաս տարի երիտասարդ, քառասունի մօտ մարդ մը տեսաւ։ Տարօրինակ ծանրութեամբ մը կը քալէր, գլուխը կախ, կարծես բան մը կը փնտռէր։ Ձեռքերը կը տանէր գրպաններուն, ապա ետ դուրս կը հանէր. քիչ անց ետ կը մղէր ներս անոնցմէ, անգամ մը եւս ստուգելով։ Մայթին վրայ մի քանի վայրկեան աջ-ձախ ըրած, յանկարծ ուղիղ ներս, դէպի իր կողմը նայեցաւ։

Շրջեցաւ ու քալեց դէպի դուռ։ Հրեց զայն, մտաւ ներս։ Աչքերը անմիջապէս յառեց գետին։ Դանդաղ, համբերատար, ծայրէ ծայր զննեց յատակը։ Իր նստած սեղանին տակ յաւելեալ ուշադրութեամբ նայեցաւ։ Ձեռքերը դարձեալ տարաւ գրպան. ճարահատեալ՝ հանեց, կախեց իրանի երկու կողմերուն։

Նկարին ետեւէն եկած էր. գողը վստահ էր հիմա։ Գարեջուրը տարաւ բերնին, կլլեց կոկորդին մնացած թուքը անոր օգնութեամբ։ Աչքերը ուզեց յառել դէպի դուռ, բայց, կէս ճամբին, արդէն դէպի իրեն մօտեցող մարդուն մարմինը տեսաւ։ Վերջինս, ամենայն խաղաղութեամբ, եկաւ ու նստաւ ճիշդ իր դիմացի աթոռին։ Ո՛չ բարեւեց, ոչ խօսեցաւ, կարծես ոչ իսկ նկատեր էր զինք։ Նստաւ ու փակեց աչքերը։ Ձեռքը տարաւ գրպան, երեւակայական բան մը հանեց հոնկէ. բռնեց տակաւին փակ աչքերուն դիմաց, երկար նայեցաւ կարծես. յետոյ դանդաղ իջեցուց ձեռքը սեղանին, մատներուն մէջ չեղածը դրաւ ճիշդ այնտեղ, ուրկէ ինք վերցուցեր էր նկարը քանի մը վայրկեան առաջ։

Բացաւ աչքերը. նկարը, անշուշտ, չկար։

Դանդաղօրէն թեքեց գլուխը կողմնակի, նկարի ծառն յիշեցնող դիրք մը տալով անոր։ Ուղիղ նայեցաւ իր աչքերուն մէջ։ Հասկցեր էր։

ԵՐԱՄ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մարտ 17, 2021