ՀԱՅԸ ՆԵՐԿԱՅ Է…

Ուաշինկթըն քաղաքը անշուշտ թէ աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին է՝ ըլլալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը։ Ո՛չ միայն հայութեան, առ հասարակ համայն մարդկութեան համար շատ նշանակալից դարձած է այն՝ վարչական կեդրոն մը ըլլալու հանգամանքով։ Սպիտակ տունը, Քոնկրէսի պալատը, բազմաթիւ դիւանագիտական կառոյցներ եւ մշտապէս գործող զանազան հաստատութիւններ։ Զանազան ազգերու ներկայութիւնը զգալի է այստեղ, նոյնիսկ անոնք աշխարհի ամենահեռու շրջանին մէջ գտնուին։ Կը ծածանին քանի-քանի տարբեր երկիրներու դրօշակները Ուաշինկթընի սրտին մէջ։ Եւ այս բոլորին մէջ, անշուշտ, հայերն ալ ունեցած են իրենց արդար տեղը, ինչպէս աշխարհի զանազան կեդրոններէն ներս։ Սակայն, այս քաղաքին մէջ հայոց ներկայութիւնը եւ իրենց պատմական նշանակութիւնը, անշուշտ, տարբեր իմաստ մը կը զգենու մերազն ժողովուրդի համար։

Եւ ահաւասիկ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին է, որ ըլլալով հայ ժողովուրդին ամենէն արմատաւոր կառոյցը, իր մշտական ներկայութիւնը հաստատած է նաեւ Ուաշինկթըն քաղաքին մէջ։ Ս. Աստուածածին հայոց եկեղեցին է, որ կը փայլի այս քաղաքին մէջ եւ ապացոյցը կը դառնայ, թէ այս հսկայ երկրէն ներս հայ ժողովուրդը իր յատուկ կարեւորութիւնը ունեցած է։ 1890-ական թուականներուն Ուաշինկթըն հաստատուած 150 հայերու թիւը այսօր հասած է հազարաւոր թիւերու եւ ժողովուրդին քանակի բազմացումը նաեւ զգալի դարձուցած է աղօթքի տան մը կարիքը։ Մօտաւորապէս 70 տարիներ հայերու ներկայութիւնը անշուշտ թէ շարունակական եղած է եւ անոնք բնականաբար ունեցած են հոգեւոր առաջնորդներ եւ հովիւներ, սակայն 70 տարի առանց եկեղեցիի ջանացած են վառ պահել հայոց աղօթքի ձայնը. «Տէր ողորմեա»ն։ Միթէ եկեղեցաշէն հայը այստեղ պիտի չհաստատէ՞ր իր տաճարը, քաղաքի զանազան հսկայ տաճարներուն մօտ ցոյց տալու համար Հայ Եկեղեցւոյ ուրոյն ոգին։

Իսկ 1960-ական թուականներուն ահա, ծուխին որպէս հոգեւոր հովիւ նշանակուեցաւ հմուտ վարդապետ մը՝ Գարեգին Վրդ. Գազանճեանը, որուն առաջնորդութեամբ Ուաշինկթըն քաղաքի մէջ բարձրացաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Նշանակալից քաղաքին մէջ հայոց ներկայութեան խօսուն վկան դարձաւ այս փոքր սակայն սիրուն եկեղեցին։ Նիւթական եւ ընկերային ինչ-ինչ դժուարութիւններով բարձրացած տաճար մը, որ հաւաստիքն է Սուրբգրային տողերուն. «Յոյսը ամօթով չձգեր» (Հռովմ. 5. 1-5)։ Տաճար մը, որ արդէն իսկ բոլորած է իր 90-ամեակը եւ այսօր կը շարունակէ իր պատմական ճամբորդութիւնը՝ յիշեցնելով բանաստեղծին տողերը. «Եկեղեցին հայկական հայ հոգիին եւ մարմնոյն զըրահանդերձ է փայլուն»։

Երբ կը շրջիմ Ուաշինկթընի փողոցներուն մէջ, կը տեսնեմ, թէ այլ ժողովուրդներ տասնեակ տարիներու մէջ կերտած են հսկայ տաճարներ։ Բարձրադիր սրբավայրերը կը դիտեն Ուաշինկթընի վարչական կեանքն ու անցուդարձերը։ Եւ այս բոլորին մէջ աւելի լաւ կը նշմարեմ, թէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին ինչպիսի կարեւոր դերակատարութիւն մը ունի։ Այս տաճարը, բնականաբար, անձնապէս յիշարժան պիտի դառնար Պոլսոյ Պատրիարքութեան հաւատաւոր զաւակներուն համար, քանի եկեղեցւոյ հիմնադիրը դարձած է Գարեգին Բ. Պատրիարք Հայոց Կ.Պոլսոյ։ Իր օրհնութիւնը ստացած հոգեւորականի մը համար, անշուշտ թէ այս տաճարի մէջ երանաշնորհ Պատրիարքը յիշելը խորհրդաւոր է, քանի եկեղեցւոյ ամէն քարին վրայ կը զգանք իր ծրագրի յաջողութիւնը։

Իսկ քաղաքի իրականութեան մէջ կը մտածեմ Հայ Եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին, առաւել եւս կ՚ոգեւորուիմ։ Մեր մեծերը այս քաղաքին մէջ հաստատեցին հայութիւնը, կերտեցին հաւատք ու մշակոյթ, խնկաբոյր կամարներուն ներքեւ շնչեցին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ իրենց յաջորդները պահեցին ու զարգացուցին այս բոլորը։ ԱՄՆ-ի այս շրջանին մէջ շրջող ոեւէ անձ կրնայ իրազեկ դառնալ Հայ Եկեղեցիին ներկայութեան եւ առաքելութեան, տեսնելով նաեւ եկեղեցիով զօրացած ժողովուրդ մը։ Այնուհետեւ, այս քաղաքի մէջ հայերը կարող են իրենց եկեղեցին ցուցադրելով փառք տալ Աստուծոյ, որ հսկայ քաղաքին մէջ ժողովուրդ մը իր պատմական հաւատքը եւ յոյսը ցոյց կու տայ այս աղօթավայրի ճամբով։ Փառք հիմնադրողաց ու պատիւ պահպանողաց։

Թող որ Աստուած պահապան ըլլայ Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, հոգեւոր հովիւին, սպասաւորներուն եւ բարերարներուն, որպէսզի աղօթքի տունը ընդմիշտ ցոյց տայ հայ ժողովուրդին անցեալն ու արժէքը։

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

15 մարտ 2023, Ս. Ներսէս ճեմարան, ԱՄՆ

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2023