ԱՆՑԵԱԼՆ ՈՒ ՆԵՐԿԱՆ՝ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՍ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց հայ ամէնօրեայ վարժարանին (ՍՆԱՎ) տնօրէնութիւնը 1987-1988 դպրոցական տարեշրջանին երբ ստանձնեցի, ծրագիրներէս մին մեր աշակերտութիւնը ծանօթացնել էր մեր անմիջական համայնքին երախտաւորներուն։ Դասագիրքերու մէջ տեղադրուած նկարներէն դուրս՝ կ՚ուզէի, որ մեր անմիջական համայնքէն ներս, արուեստի, գրականութեան եւ գիտութեան ճամբով, մեր կեանքը հարստացնող անձնաւորութիւններու հետ մեր աշակերտները անձամբ ծանօթանային, ներշնչուէին։ Դասագրքերու մէջ երեւցողները միայն անուններ էին իրենց համար։ Բնական է՝ որ տարբեր ազդեցութիւն պիտի ունենար, եթէ անոնք մեր շէնքէն ներս անձամբ հանդիպէին, տեսնէին, խօսէին, հարցեր տային եւ մանաւանդ՝ պատասխան ստանային ուղղակի այդ նշանաւոր անձերէն։
Այդ տրամադրութեամբ ամէն տարի հրաւէր նամակներ ուղղած էի շարք մը գրողներու եւ տարբեր մարզերու մէջ համբաւ ունեցող անձնաւորութիւններու, Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի շրջակայ համայնքներէն ներս գտնուողներուն, ինչպէս նաեւ Ֆիլատելֆիա եւ Քընէթիքէթ նահանգներու մէջ հաստատուած շարք մը արուեստագէտ հայորդիներու։ Հրաւէրներուն մեծ մասամբ սիրայօժար ընդառաջողներ եղան, շատեր ճամբորդական հարցերով եւ այլ անձնական պատճառներով չկրցան ներկայ ըլլալ։
Ժամանակի ընթացքին մեր վարժարանին յուշատետրը հարստացաւ հայրենի թէ արտասահմանեան անձնաւորութիւններու արձանագրութիւններով եւ յիշատակներով։ Սովորական, կարճ հանդիպումներով այցելուներէն անջատ, յատուկ հանդիպման պահերու համար ՍՆԱՎ-ի հիւրեր հանդիսացան երէց սերունդէն նահապետ գրող Յակոբ Ասատուրեան, ՀԲԸՄ-ի այդ օրերու նորանշանակ նախագահ Լուիզ Մանուկեան-Սիմոն, լրագրող եւ գրադարանավար Արմինէ Տիքիճեան, դաշնակահար Արթիւր Փափազեան, նկարչուհի Մարիամ Աթթարեան, հոգեբան, դաստիարակ՝ Պրուքլին քոլէճի Մանկավարժական ամպիոնի վարիչ տքթ․ Բերկրուհի Սվաճեան, արձակագիր Լուսիկ Մելիքեան, դաշնակահար Շահան Արծրունի, Նիւ Ճըրզիի Հայ ձայնասփիւռի տնօրէն Վարդան Ապտօ, անգլիագիր գրող բանաստեղծ Դաւիթ Խըրտեան եւ իր կողակիցը՝ յատկապէս մանկական գիրքեր պատկերազարդող արուեստագէտ Նոնի Հոկրոկեան (Հողկրողեանէ կրճատուած), հոգեբան տքթ. Անի Գալայճեան, բժիշկ-գիւտարար (MRI) Ռէյմընտ-Վահան Տամատեան, բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեան, արուեստագէտ Վազգէն Գալայճեան, անգլիագիր հեղինակ Մարգարիտ Ահներդ, հեղինակ եւ ծաղրանկարիչ Լուսին Գասպարեան, տքթ. Հրանդ Մարգարեան, երիտասարդ անգլիագիր գրողներ՝ Կարին Յովաննիսեան, Այտա Զիլէլեան-Սիլաք, եւ այլ անձնաւորութիւններ։
Ընդհարապէս սեղանի շուրջ բոլորուած նման հարցազրոյցի պահերը կը կատարուէին հոկտեմբերին՝ Մշակոյթի ամսուան, մարտին 8-ին՝ Կանանց միջազգային օրուան կամ՝ Գիտական շաբթուան ընթացքին եւ կամ Ապրիլեան ժառանգութիւններու շաբթուան հետ կապելով։
Այս բոլորին հետ չիրականացուած գործի մը հոգիի պարտքը կը զգամ այս օրերուն եւ յատկապէս իգական սեռի ներկայացուցիչ մեր երկու յարգարժան եւ իւրայատուկ հայ գիրի նուիրեալներու հանդէպ։
Երկուքն ալ աշխարհագրականօրէն թէեւ մօտ էին ՍՆԱՎ-ին, երկուքն ալ նախկին լիբանանահայեր, որոնք գրական աշխարհէն ներս իրենց յատուկ տեղերը գրաւած էին իգական սեռի բարձր պատուանդանին վրայ։ Մամուլին ընդմէջէն ծանօթ անուններ էին, մեր առօրեային մաս կը կազմէին Ֆիլատելֆիա հաստատուած Գուտցի Միքայէլեանը եւ Նիւ ճըրզի բնակող Վեհանոյշ Թեքեանը։
Մեր համայնքի մշակութային ձեռնարկներուն ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւած էր, որ մասնաւորաբար պատուոյ սեղանի ետին տեղ գրաւած կ՚ըլլային շարք մը պատկառելի միայն արական սեռի ներկայացուցիչներ եւ․․․ երբեմն ալ միակ ծաղիկի մը պէս հրաւիրեալներու շարքին․․․ իգական սեռի ներկայացուցիչ մը։
Մամուլէն կը հետեւէի անուններուն Գուտցի Միքայէլեանը. «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթի կանոնաւոր աշխատակից էր։ Իր հետ անձամբ առաջին հանդիպումս հայրենի գրող, պատմավիպագիր Սերօ Խանզատեանի այցելութեան առթիւ էր, 1980-ականի սկիզբին Նիւ Եորքի մէջ։ Երջանկայիշատակ Թորգոմ Սրբազանին հովանաւորութեամբ հայրենի պատմավիպագրին նուիրուած ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ ինք, պատուոյ սեղանին երկար շարքով նստած տղամարդ գրողներու շարքին միա՛կ կինը։
Այդ օրուընէ ասդին ընկերային, քաղաքական ազգային հարցեր շօշափող իր երկարաշունչ ու խիզախ յօդուածներուն կը հետեւէի։ «ԹՈՒԼԲԱՆ» Գուտցիին յատուկ հերոս մըն էր, որուն միջոցաւ իր ընթերցողները ամէն շաբաթ մասնակից կը դառնային իր ճամբորդութիւններու հետ օրուան հարցեր վերլուծելող իր մօտեցումին, անհատականութիւն եւ համարձակ ջիղ ունեցող իր անձին։
2003-ին «Նոր Կեանք»ի իր սիւնակէն կը կարդանք օրուան քաղաքական կեանքի վերլուծումները։ (…) Ի՞նչ փոխուած է մինչեւ հիմա… կարդանք դարձեալ 2003-էն իր տողերը. «Հանգստեան կոչուածները մղձաւանջով կը դիտեն ապագան։ Միջին դասակարգը որ դրամատիրական կարգերու սիւնն է, հետզհետէ կը հիւծի, մինչ հարուստը ա՛լ աւելի կը հարստանայ»։
2005-ի ապրիլին լոյս տեսած իր «Մահ եւ մահ» վերնագրով Գուտցիին այս յօդուածը հարուստ է օրինակներով Երրորդ դար՝ Պղատոնական դարաշրջանէն սկսեալ մինչեւ 1970 թուականը Ֆլորիտայի մէջ օրէնքի անցած կրաւորական գթալից մահուան իրաւունքին եւ կ՚աւելցնէ. «Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդիկ սնունդի պակասէն չէ որ կը մահանան, այլ՝ անյագ որկրամոլութենէ»։ Ան կը շօշափէ նաեւ գործիքներու օգնութեամբ մարդ արարածին կեանքը երկարաձգել տալու հարցը։ «Այս խնամքը ո՛ր չափով նպաստաւոր կրնայ ըլլալ ընկերութեան մը, երբ հիւանդը դատապարտուած է անգիտակցութեան, անկարող մտածելու, որոշումներ առնելու եւ գործադրելու այն գործերը, որոնք առօրեայ կեանքին տարրական թէ էական պահակներն են»։
Տխուր է յիշել, թէ Արշօ եւ Գրիգոր Շէնեաններուն տասնամեակներով փայփայած «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը չկայ։ Քանի մը տարիէ ալ լռած էր արդէն Գուտցիին գրիչը։ Կը փնտռէի զինքը։ Մի քանի տարի առաջ մեր հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին խոստացած էի, որ հարցազրոյցով մը պիտի անդրադառնամ իր վաստակին, ինք ալ խոստացած էր իր գործերէն ղրկել։ Պայմաններու բերումով ես խոստումս չկրցայ իրագործել։ Անցեալ տարի մեր նոյն քաղաքը փոխադրուելու լուրը կ՚ուզէի տալ իրեն։ Մի քանի հեռաձայնային փնտռտուքէ ետք դադրեցայ իր թիւին հեռաձայնելէ։ Զինք ճանչցող համաքաղաքացիներուն թիւերը փորձեցի, խուսափողական պատասխաններ ստանալէ ետք յուսախաբ էի։ Կը զարմանայի, որ թերթերը զինք չէին փնտռեր։ Ի վերջոյ կարդացի իր մահազդը անգլիատառ շաբաթաթերթ, «Հայ կեանք»ը ցոլացնող «Միրըր»ին մէջ (The Armenian Mirror Spectator)։
Այո՛, ապրիլ 19, 2020-ին վկայեալ հիւանդապահուհին, սուր գրիչի տէր հասարակական գործիչը, հեղինակը բազում յօդուածներու եւ թատերական գործերու, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի նահանգներու մէջ ճանչցուած մտաւորական՝ տիկին Գուտցի Միքայէլեանը որոշած էր ֆիզիքապէս հեռանալ այս աշխարհէն, սակայն, ցաւօք՝ անկէ շատ առաջ արդէն լռած էր իր բեղուն գրիչը, (Alzheimer’s) հիւանդութեան պատճառով։ Օր մը անպայման երկար պէտք է գրուի այս հայուհիին մասին։ Չեմ ալ յիշեր կարդացած ըլլալ երբեւէ յատուկ գնահատանքի ձեռնարկ մը նուիրուա՞ծ էր արդեօք յատկապէս զինք մեծարելու համար։
Մեր համայնքի անմիջական շրջանակէն հիացումս եւ գնահատանքս կ՚ուզեմ յայտնել յարգարժան բանաստեղծուհիի մը՝ տասը հատորներ ստորագրած հեղինակին։ Ով որ կարօտն ունի արեւմտահայերէնի շքեղութիւնը ըմբոշխնելու, անպայմա՛ն պէտք է կարդայ ու վերստին կարդայ Վեհանոյշ Թեքեանի իրերայաջորդ հատորները, սկսած՝ «ԿԱՊՈՅՏ ԱՊՐԻԼ»էն հասնելու համար «ԱՂՕԹՔՆԵՐ ՈՒՌԿԱՆԻ ՄԷՋ»ին։
Արտասահմանեան գրական երկնակամարին վրայ թռիչք ունեցող իր փայլով, Մեսրոպեան բառապաշարի իւրայատուկ գանձանակով, շքեղ երեւակայութեան տէր բանաստեղծուհին է Վեհանոյշ Թեքեանը։
Իմ առաջին ծանօթութիւնս իր սքանչելի ոճին սկսաւ «ՆՇԱՆԱԳԻՐ» հատորով, որ տեսնել տուաւ նոր օրերու հա՛յը իր «Մոխիրէ ծառ»ով։ Ահաւասիկ մի քանի տող՝ միմիայն համտեսանքի համար հայ սփիւռքի մասին իր ախտաճանաչումը կարդալու եւ իր հետ… խոկալու…
«Ստուերի պէս բաժանելի
լոյսի նման ինքնասլաց
Լոյս նման ընթեռնելի
եւ ստուերի պէս անտիպ
Լոյսի նման յաւերժական
Ստուերի պէս կարճատեւ…»
Հիացումս շարունակուեցաւ իրար յաջորդող, զիրար գերազանցող հատորներով։ Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Պոսթոն կազմակերպուած գրական ձեռնարկներու ընթացքին ան իր ունկնդիրները հմայեց աւեւմտահայերէնը գլգլացնող իր զուլալ ու գեղեցիկ ելոյթներու շարքով՝ Աբրահամ Ալիքեան, Ժիրայր Աթթարեան, Մովսէս Պչաքճեան, Վահան Թէքէան, Ժագ Ս․ Յակոբեան եւ շատ այլ հեղինակներու մասին իր խնամեալ ելոյթներով։
Կարդանք մի քանի տող միմիայն մեր նահապետ բանաստեղծ՝ Ժագ Ս․ Յակոբեանին նուիրուած իր ձօնէն, ինչպէս ինք վերնագրած է՝ «Սփիւռքի բանաստեղծին» տողերէն մի քանին.
«…քամահրելով սով ու սառցակոյտեր
դարուն կիզահար պատրոյգը բռնած ձեռքերուդ մէջ
մեր պատմութեան կարօտէն անհիւծ
մեր լինելութեան առասպելներէն
յանձնեցի՛ր Լեզուին
սեւ գիշերներուդ շափրակները լոյս…»
Վեհանոյշ Թեքեան թէեւ ՍՆԱՎ-ի հիւր եղած էր 1990-ականներուն, հայրենի բանաստեղծուհի՝ Սիլվա Կապուտիկեանին եւ երգչուհի Մելանիա Աբովեանին հետ, սակայն բնաւ առիթ չէր եղած որ ան հարցազրոյցի նստած ըլլայ վարժարանի աշակերտութեան հետ։
Այսօր մեր ընթերցասէրներէն կ՚ակնկալւի, որ ան ըլլայ ամենէն շատ ընթերցող ունեցող արեւմտահայ բանաստեղծուհին, որ միշտ ըսելիք ունի, ոչ միայն կը հիացնէ այլ՝ իր երեւակայութեամբ ընթերցողը նորանոր թռիչքներու կ՚առաջնորդէ։
Ահաւասիկ մի քանի տող իր մօրը նուիրուած ձօնէն «ՄԱՄԱ» վերնագրով, որուն միջոցաւ կարծէք ամէն Հայ մօր դիմանկարը կրցած է քանդակել մեսրոպատառով.
«․․․ Քու ժպիտդ նոյնն է, ակօս չունի, թէեւ
Լռիկ լացերը քեզ շա՜տ ակօսներ տուին,
Իմ վարդագո՛յն մամաս, կրակին մէջ սիրոյ
Ծուխ ու մոխիր դարձար որ զաւակներդ ապրին։
… Մամա՛, ինչպէ՞ս դիմացար,
ինչպէս այսքա՜ն մայրացար»։
Տասէն աւելի իր հատորներով Թեքեան այն սփիւռքահայ խիզախ մտաւորական բանաստեղծուհին է, որ սկսած է իր աղօթքները համախմբել ուռկանի մէջ 2015-ին լոյս տեած հատորով… Իր ուռկանին մէջ բռնուած աղօթքնե՜րը կարդալով Դանիէլ Վարուժան կը դառնայ երկնամերձ տաճար…
«Դարձած է նշխար…
Ամայութեան մէջ ամրակուռ քերթողութեան մայր տաճար…»։
Իսկ Արշիլ Կորքիին կը ձօնէ… սա հիասքանչ ու փշաքաղուելիք տողերը.
«…երկինքներէն գոյներ բերիր՝ ձեւին իմաստ սրսկեցիր։»
«…Գիւղդ անցաւ յիշողութեան, բայց
դուն ընդմիշտ պահպանեցիր
Գոգնոցը մօրդ սովահալած լուսախտիղ Խորգոմի»։
Որքան իրատես է իր արտասահմանեան մեր կեանքին բնորոշումը սա վերնագրին տակ՝
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
«Է՜՜, Հայ ժողովուրդին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Պիտի յաղթէ, պիտի գաղթէ,
Տունէն վտարուած՝ անկիւն մը ճարէ
Տուն մնացողին հաց ապահովէ,
…Պիտի հառաչէ, պիտի շառաչէ,
Պիտի չաղաչէ, այլ՝ աղաղակէ։
Ցեղասպանութիւն բառն ուրացողը
Դատի դուռ կանչէ…
Ապակեդրոն արտերկրի մէջ՝
Կեդրոն դպրոց, եկեղեցի պիտի կանգնէ։
Ինչ որ իյնայ իր հոգիին՝ պիտի պաշտէ,
Ինչ որ անցնի իր ուղեղէն՝ պիտի մաղէ
Մէկ բան սակայն անկարելի պիտի ըլլայ-
Ընթեռնելի՛ պիտի չըլլայ»։
Հիանալի են միաժամանակ ե՛ւ ուսուցանող, երեւակայութիւն խռովող միտքերով, պատկերներով հարուստ՝ Թեքեանի հարուստ տողերը։ Այս օրերուն եթէ իր հատորները չունիք, կրնաք ըմբոշխնել իր տողերը դիմատետրի իր տեղադրումներէն։
Փունջ մը ծաղիկ ու մշտավառ մոմով յարգանքս կը փոխանցեմ մեզմէ հեռացած՝ Գուտցի Միքայէլեանին յիշատակին։
Բեղուն գրիչի մշտահոս տողերու մաղթանքով հիացումս կը յղեմ մեր օրերու բացառիկ բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանին։
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ