ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԲԱՐՔԵՐ

Այսօրուան մեր նիւթը կ՚ընդգրկէ բնազդը, որ ի գոյ է թէ՛ մարդ արարածին մէջ եւ թէ ալ կենդանիին։ Մարդ արարածը՝ բնազդին կողքին օժտուած է նաեւ տրամաբանութեամբ, որ զինք կը գերադասէ կենդանիէն։

Երբեմն սակայն մարդը անասնական բնազդ կը հագնի եւ կը դառնայ կատաղի՝ իր իսկ ցեղակիցին նկատմամբ, իսկ կենդանին ալ կը զգենու մարդկային բնազդ եւ կը դառնայ մարդուն ամենամօտիկ պաշտպան բարեկամը։ Հիմա խօսինք օրինակներով։

ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՆԱՍՆԱԿԱՆ ԲՆԱԶԴԸ…

Վայրագութիւնը անասնական բնազդ մըն է, որ կենդանիները կ՚օգտագործեն իրենց զաւակները պաշտպանելու եւ կամ որսորդութեամբ՝ իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար։ Անոնք հաճոյքի համար երբեք չեն սպաններ՝ իրենցմէ տկար անասունները։

Ուրեմն մեր պատմութեան անասնական բնազդ ունեցող մարդը կը կոչուի Սամուէլ Լիթըլ։ Ան 80 տարեկան է եւ բանտարկուած է Գալիֆորնիոյ մէջ 2012 թուականէն սկսեալ, դատապարտուելով՝ երեք կիներ սպաննած ըլլալու յանցանքով։ Այդ կիները սպաննուած են 1987-89 թուականներուն միջեւ։

Սպասեցէք՝ ան դեռ 18 այլ նահանգներու մէջ սպաննած է 50-93 կիներ, 1970-2005 թուականներուն միջեւ։ Բայց ինչո՞ւ 50-93, որովհետեւ իր 50 սպաննած կիներուն ինքնութիւնը յայտնաբերուած է, թէեւ ինք կը պնդէ, թէ իր սպաննած կիներուն թիւը 93 է…

Ըստ իս, Սամուէլ Լիթըլ ըսուած արարածը՝ մարդ կոչուելու իրաւունք չունի։ Ինչ ըսել է, 93 կին սպաննե՞լ պարզ հաճոյքի համար եւ նաեւ յոխորտալ, որ «մաքրագործութիւն» կատարած է։ Առաւել՝ մեր ամբարտաւան «անասունը» սակարկութեան նստած է պատկան մարմիններուն հետ, որպէսզի իր խոստովանութեան փոխարէն՝ ան մահուան չդատապար-տըւի՝ այլեւ ցկեանս բանտարկութեան!

Այս բոլորէն զատ՝ կերակուրին վրայ աղ-պղպեղ ցանելու պէս, բանտին մէջ ան զբաղած է նկարչութեամբ եւ իր զոհերէն 50-ը յիշողութեամբ գծագրած է թուղթի վրայ։ Ի՜նչ յանդգնութիւն եւ համարձակութիւն՝ մարդասպանի մը համար, որ փոխանակ ցասումով արտայայտուելու իր զոհերուն նկատմամբ, ան կը հպարտանայ իր ըրած անմարդկային արարքին վրայ։

ԿԵՆԴԱՆԻԻՆ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԲՆԱԶԴԸ…

Իսկ հիմա, եկէք միասնաբար դիտենք դրամին միւս կողմը։ Վերջերս սկսայ մտածել, թէ երբեմն անձեր՝ որոնք կը բնութագրեն շունը որպէս մարդուն ամենամօտիկ բարեկամը, իրաւունք ունին։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ օրինակները այդպէս ցոյց կու տան։

Ի վերջոյ, շունն ալ բնազդ ունի եւ յաճախ այդ բնազդին դրական մէկ երեւոյթը կը դրսեւորուի՝ մարդուն օգտակար դառնալով։ Շունը՝ ի մասնաւորի, սիրողական յատուկ խանդաղատանք մը կը տածէ մանուկներուն նկատմամբ։

Բոլորս ալ գիտենք, որ շուները կը սիրեն խաղալ մանուկներու հետ եւ երբեմն մանուկներուն չարաճճիութիւններուն կը հանդուրժեն եւ ներող աչքով կը դիտեն զանոնք։ Հաւանաբար շուները կը զգան, որ մանուկները անմեղ են եւ իրենց ըրածը խաղ է պարզապէս՝ եւ ոչ չարչարանք… Դիտեցէք կցուած խօսուն նկարը եւ դուք դատեցէք, թէ շունը ի՜նչ սրտանց գուրգուրանք կը ցուցաբերէ իր գիրկը քնացած մանկան հանդէպ, կարծես անոր հարազատ մայրը եղած ըլլար, չէ՞։

Այս նկարը մեզի կու գայ Նիւ Եորք քաղաքի Պրուքլին մարզէն (Borough), իսկ մանուկը կը կոչուի Թհիյօ եւ շունը՝ Սեմփսըն։ Այս նկարը տեսնողը անպայմանօրէն պիտի սիրահարի շուներուն եւ շուն որդեգրողներուն թիւը յստակօրէն պիտի շատնայ, ոչ թէ միայն Միացեալ Նահանգներու տարածքին՝ այլեւ աշխարհով մէկ։

Վերոյիշեալ հակասական այս դէպքերը շատ բան կը պատմեն մեզի թէ՛ մարդուն վայրագութեան նկատմամբ եւ թէ կենդանիին ազնուութեան նկատմամբ։ Կարծես մարդկային եւ անասնային բնազդները փոխանակուած են յանկարծ եւ լոյս կը սփռեն մեր տգիտութեան վրայ։ Իսկ ըստ իս՝ այն դասը, որ մենք պէտք է քաղենք այս դէպքերէն հետեւեալն է, երբեք երեւոյթներէն չդատել մարդը եւ կամ անոր բարեկամ շունը։ Հասկցողին՝ շատ բարեւներ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Նոր Օր», Լոս Անճելըս

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2020