ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ
Անցեալ յուլիսին, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի դէպքերը տեղի ունեցան, մէկէ աւելի վերլուծաբաններ գրաւ դրին այն թատրերագրութեան վրայ, թէ Ատրպէյճան-Հայաստան զինեալ բախումները պիտի դառնան տարողունակ պատերազմական գործողութիւններու, որոնց ծանրակշիռ կերպով պիտի ներգրաւուին Թուրքիան ու Ռուսաստանը։ Այս մօտեցումը, անշուշտ, նորութիւն մը չէր՝ Կովկասի հարցերուն հետամուտ վերլուծաբաններուն համար՝ մանաւանդ, որ Սուրիոյ պատերազմի զանազան փուլերուն արձանագրուած ծանրակշիռ դէպքերը կրնային տանիլ այն եզրակացութեան, թէ ի վերջոյ պիտի «պայթի» թուրք-ռուսական պատերազմ մը՝ խառնելով բոլոր մակարդակի խաղաքարտերը եւ կազմալուծելով երկու ուժեղ տէրութիւններու հիմնական պայմանաւորուածութիւնները։
Այս բոլորը շարադրելէ ետք, վերադառնալով այսօրուան իրականութեան՝ հարկ է շեշտադրել, որ այժմու տուեալներով ո՛չ Անգարա, ոչ ալ յատկապէս Մոսկուա պատրաստ են մեծ ու համատարած բախումի մը մտնելու։ Երկու կողմերը ունին բաւական լուրջ տարակարծութիւններ, որոնց ամենէն «անտանելի»ն Սուրիոյ խնդիրներն են։ Այնտեղ Թուրքիա սահմանային անվտանգութիւնը պահպանելու նպատակով եւ ապահովական գօտի մը ստեղծելու գաղափարով՝ կարողացաւ ռազմական գործողութիւններ կատարել Սուրիոյ տարածքէն ներս։ Այսօր Սուրիոյ աւելի քան վեց շրջաններ կը գտնուին Թուրքիոյ կողմէ հովանաւորուած եւ Ռուսաստանի կողմէ «ահաբեկչական» համարուող խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ։ Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է, երբ անցեալ մարտին նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան խզեց իր օրակարգը ու բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր բարձր մակարդակի բանակցութիւններ վարեց նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նախքան Էրտողանի Մոսկուա հասնիլը, բոլորը կը կարծէին, թէ ծագած լարուածութիւնը պիտի խորանայ եւ Թուրքիա մեծ հարուածի մը պիտի ենթարկուի Սուրիոյ մէջ։ Բայց այդպէս չեղաւ։ Պատճառը այն չէր, որ Մոսկուա կը գտնուէր տկար դիրքերու վրայ կամ ռուսական ռազմական ներկայութիւնը անբաւարար էր հարուածելու համար Սուրիայէ ներս թրքական ներկայութիւնը։ Պատճառը պարզապէս այն էր, որ Փութին շատ լաւ կը հասկնար, թէ Թուրքիոյ հետ բախումի երթալու այլընտրանքը, ծանրակշիռ ազդեցութիւն մը պիտի գործէր ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլեւ՝ Լիպիոյ, Կովկասի տարածքաշրջանի կազմուղային համակարգին վրայ։ Աւելին՝ ռուս-թրքական տնտեսական համագործացութիւնը պիտի տուժէր։
Շատ հաւանաբար այդ նոյն օրերուն մշակուած ըլլայ այնպիսի ծը-րագիր մը, որու հիմնական նպատակն է՝ լուռ եւ կուռ քայլերով լուծել Իտլիպի շրջանը եւ արմատականներու համար հիմնական կեդրոնատեղի համարուող այդ նահանգը կերպով մը նախ դարձնել չէզոք գօտի, աւելի վերջ ալ երթալ համընդհանուր լուծումներու փուլը։ Ճիշդ է, որ այսօր Էրտողան-Էսատ լուրջ տարակարծութիւններ կան, սակայն, եթէ հաշուի առնենք Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան հիմնահարցը՝ ապա այստեղ է նաեւ, որ այժմ հակադիր տեսակէտ ունեցողները կրնան նոյն գծին եւ նոյն ճակատին վրայ գտնուիլ։ Հետեւաբար, Սուրիոյ հողերուն վրայ թրքական բանակին չհարուածելու մասին Քրեմլինի որոշումը պիտի տայ նաեւ ապագայ պտուղներ, որոնք հիմնական յենարան պիտի դառնան՝ հակամարտութիւնը ի վերջոյ խաղաղ կարգաւորման փուլ մտցնելու ճանապարհին։
ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆ
Անցեալ օրերուն եղան երկու կարեւոր յայտարարութիւններ, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի մասին քաղաքական գետնի խմորումներուն։ Առաջինը՝ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնն էր, որ հնչեց հարցազրոյցի մը ձեւաչափով։ Երկրորդը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձն էր։ Ինչպէս շատերու, նոյնպէս նաեւ մեր տպաւորութեամբ՝ Փաշինեան Արցախի հիմնախնդրի ամբողջ պատմութիւնը շարադրելէ անդին, ժամանակ չէր կորսնցուցած հատու պատասխան մը տալու համար Սերկէյ Լաւրովին։ Մտքէս կ՚ըսէի, որ եթէ իսկապէս այդպէս է, եթէ իրօք Փաշինեան կը մերժէր Լաւրովի կողմէ ներկայացուած առաջարկը (եւ իր ուղերձէն աւելի քան պարզ կը դառնար, որ այդ մերժումը շատ կտրական էր ու կ՚երթար մինչեւ վերջ), ապա եղածը համազօր է... ինքնասպանութեան։
Ինչ մեղքս պահեմ. այս օրհասական շրջանին, երբ մշտական դրութեամբ սահմանին վրայ արիւն կը հեղի եւ հայկական բանակին կրած կորուստները բաւական մեծ են ու ցաւցնող՝ դժուար թէ ոեւէ մէկը խնդիրները վերլուծելու «քաջութեամբ» հանդէս գայ։ Ստեղծուած բարդ պայմաններուն ներքեւ, նաեւ Հայաստանի կողմէ հռչակուած «արտակարգ դրութեան» կանոններուն պատճառով, անշուշտ, բանակցութեան, խաղաղութեան, հակառակորդի հետ խօսելու որեւէ միտում կը համարուի դաւաճանութիւն։ Ենթարկուելով այս օրինաչափութիւններուն՝ պիտի փորձեմ պարզապէս իրողութիւնները ներկայացնել եւ հեռու մնալ իսկական վերլուծութիւն մը ընելու փորձերէն։ Արդարեւ, այսօր՝ աւելի քան որեւէ ժամանակ, սա կրնայ սխալ ընկալուիլ ու լրագրական փորձառութիւն մը ապրելու եւ տալու փոխարէն կրնայ դառնալ ամբողջական «փորձութեան»։ Ոեւէ լրագրողի, վերլուծաբանի համար շատ դժուար է գրել իր երկրի կոտտացող վէրքին մասին, ինչ որ այսօր վշտի մեծ թաղանթ մը ստեղծած է բոլորիս համար։ Աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ ապրող հայու սիրտը կը կոտտայ ու այս վիճակին մէջ ալ արի եւ քաջ վերլուծողը իրաւունք չունի լուռ մնալու ահաւորութեան առջեւ։ Սակայն, ունինք այն՝ ինչ որ ունինք եւ ներկայ պահու դրութեամբ աւելի ճիշդ ու տեղին է՝ պարզապէս դրոյթները ներկայացնել, շարադրել կարեւոր իրադարձութիւններն ու հանգամանքները, ամենակարեւորը՝ հեռու մնալ ամբողջական եզրակացութիւններու երթալէ։
Ուրեմն հիմա վերադառնալով քաղաքական հիմնական հարթակին՝ հարկ է արձանագրել, որ Լաւրովի կողմէ հնչեցուած գաղափարները, որոնց մասին կարելի է այլ առթիւ ալ գրել, կը պարունակէին երեք կարեւոր կէտ.
ա.- Հայաստան պարտաւոր է (կամ Արցախ) Ատրպէյճանին յանձնել այն շրջանները, որոնք Ատրպէյճան կը համարէ իրենը (իսկ հայկական կողմը այդ շրջանները կը կոչէ անվտանգութեան գօտի)։
բ.- Ռուսաստանի առաջնորդութեամբ Արցախի շփման գծի ամբողջ երկայնքով խաղաղապահ զօրքերու տեղակայում (ձեւը էական չէ, սա կրնայ ըլլալ խաղաղապահ զօրք կամ ռազմական դէտ, ինչ որ երկրորդական է)։
գ.- Արցախի (կամ սովետական շրջանին՝ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ ճանչցուած տարածքի) կարգավիճակի վերջնական հանգուցալուծում։
Անշուշտ, այս կէտերուն ամենածանրը Արցախի ընդհանուր կարգավիճակի Ատրպէյճանի կազմին անցնելու դրոյթն է։ Ըստ երեւոյթին, սա այդքան ալ հին առաջարկ մը չէ ու շատ հաւանաբար այդ դրոյթին պատճառով Փաշինեան կտրական «ո՛չ» մը կը հնչեցնէր ու այդպէսով ալ կը յայտարարէր, որ Հայաստան եւ Արցախ պիտի կռուին մինչեւ վերջ։
Հասկնալի ու յարգելի է Հայաստանի վարչապետին կեցուածքը, սակայն, անշուշտ, այդ խօսքին մէջ, այդ խօսքէն առաջ ու այդ խօսքէն վերջ ալ կան կարեւոր ըսելիքներ եւ նոր հանգամանքներ, որոնց մասին պիտի խօսինք աւելի ուշ։
Այս բոլորէն անդին, ուրեմն, այսօր քաղաքական կարգավիճակը կանգնած է «զերօ» հարթութեան վրայ ու երբ քաղաքական-բանակցային գործընթացները սառին, ապա կը խօսին թնդանօթներն ու հրետանիները, կը խօսին արկերն ու պայթումները, իսկ հայկական կողմին համար կը խօսի՝ ի մասնաւորի հայ զինուորին արիութիւնը, որու մասին առասպելական պատմութիւններ կը հիւսուին՝ շաղախուած արիւնով ու ցաւով։ Հայկական կողմը այս պահու դրութեամբ տրամադիր է երթալ մինչեւ վերջ, սակայն, պատերազմներու պարագային իւրաքանչիւր կարեւոր զարգացում կրնայ ամբողջութեամբ փոխել հռետորաբանութիւնը, մօտեցումն ու զիջելու կամ յառաջ երթալու բոլոր մակարդակի մարտավարութիւնները։
Սպասե՛նք։
ԵՐԵՔ ՏԱՐԲԵՐԱԿ
Արցախի վերջին զարգացումներուն զուգահեռ՝ ուշագրաւ կարծիք յայտնած է ռուս յայտնի վերլուծաբան Ալեքսանտր Ժելենսքի, ըստ որու խնդրի հանգուցալուծման համար կայ երեք տարբերակ։ Ան «Ռոս-պալթ» կայքէջին համար կարճ վերլուծութիւն մը տուած է այս մասին։
Տարբերակ առաջին. այստեղ կը բացառուի ուժի կիրառումը, այսինքն՝ Մոսկուա առաջուայ պէս կրնայ պարզապէս յորդորել, որ կողմերը հրաժարին յօժարակամ բռնութիւններէ։ Բայց, ինչպէս կը տեսնենք, այս տարբերակը այսօր չ՚աշխատիր։ Ան ազդեցութիւն չի գործեր Ատրպէյճանի վրայ, որ Թուրքիոյ աջակցութեամբ մարտի դաշտին վրայ կը փորձէ հաստատել ինքզինք՝ որպէս տարածքաշրջանային տէրութիւն, շրջանցելով, սակայն, այն իրողութիւնը, որ ռազմական գործողութիւնները տակաւին չեն աւարտած եւ շատ դժուար է առայժմ գուշակել, թէ ի վերջոյ ո՛վ կը հաստատուի՝ որպէս տարածքաշրջանային տէրութիւն։
Քրեմլինի յաջորդ քայլերը այս հակամարտութեան մէջ կ՚ենթադրեն, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան պարտադրում» հակամարտ կողմերէն որեւէ մէկուն։ Զո՞վ պէտք է պաշտպանէ Մոսկուա։ Հարցի պատասխանը ակնյայտ է. Հայաստան Ռուսաստանի պաշտօնապէս դաշնակիցն է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ծիրէն ներս, իսկ Ատրպէյճան Քրեմլինի աշխարհաքաղաքական մրցակցի՝ Թուրքիոյ դաշնակիցն է։
Տարբերակ երկրորդ. Ռուսաստան կրնայ Հայաստան մտցնել, այսպէս կոչուած, «սահմանափակ ռազմական զօրաբաժին»՝ ի լրումն Կիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմախարիսխին։ Բայց, սա բարդ է, որովհետեւ Ռուսաստան Հայաստանի հետ սահման չունի, իսկ շրջակայ պետութիւնները՝ Վրաստան, Իրան եւ Ատրպէյճան փակած են իրենց օդային մարզերը։ Բաց աստի, Հայաստան լրացուցիչ յաւելեալ ուժեր ուղարկելը Ռուսաստանի համար ո՛չ միայն անիմաստ է, այլեւ՝ վտանգաւոր։ Եթէ լրացուցիչ ուժեր կ՚ուղարկես, ապա անոնք ո՛չ միայն պարզապէս ներկայ պիտի ըլլան, այլեւ՝ պիտի կռուին:
Ո՛չ պատերազմ եւ ո՛չ խաղաղութիւն կամ Արթուր Քլարքի իրականացած ու չիրականացած կանխատեսումները։
Եւ վերջապէս տարբերակ երրորդ. այլ տարածքաշրջաններու մէջ փորձարկուած «հիպրիթ» (խառն) տարբերակն է։ «Մենք այնտեղ չկանք»։ Այսինքն, Ռուսաստան ամէն կերպով՝ ելմտապէս եւ այլ միջոցներով կ՚աջակցի կողմերէն մէկուն, բայց շարունակ կը յայտարարէ, որ ինք այդ տարածքաշրջանին մէջ ներկայ չէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան