ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԼՈՒՐՋ ՎՏԱՆԳ

Հասարակական գործիչ Սուրէն Սահակեանի կարծիքը շօշափեցինք Հայաստանի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ հարցերու շուրջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք իր դիտարկումները։

*

-Աւելի քան ամիսէ մը ի վեր արդէն կը շարունակէ փակ մնալ Լաչինի միջանցքը։ Փաստօրէն Արցախը կտրուած է աշխարհէն եւ կը դիմագրաւէ մարդասիրական լուրջ խնդիրներ։ Այս առումով ի՞նչ գնահատական ունիք։

-Պատերազմի հերթական սուր փուլէն յետոյ Ատրպէյճան ուրախ պիտի ըլլար, եթէ Արցախի մէջ հայկական տարր չմնայ։ Անոր խնդիրը կը շարունակէ մնալ Արցախի հայաթափումը՝ եթէ ո՛չ պատերազմով, ապա անտանելի պայմաններ ստեղծելով։ Այդ նպատակին հասնելու ձեւերէն մէկն ալ Լաչինի միջանցքին վրայ Ատրպէյճանի վերահսկողութիւնը սահմանելու հերթական փորձն է։ Այդ ճանապարհով երթեւեկը դադրեցնելէ առաջ խօսք կար Ատրպէյճանի վերահսկողական կէտ մը հաստատելու մասին, ինչ որ մերժուեցաւ հայկական կողմէն։ Ի հարկէ, սա հրադադարի մասին 9 նոյեմբեր 2020 թուականի փաստաթուղթի դրոյթներուն հակառակ գործառոյթ մըն է։ Պէտք է համապատասխան գնահատական ստանայ ո՛չ միայն Հայաստանի ու Ռուսաստանի, այլեւ՝ միջազգային հանրութեան կողմէ։ Արդարեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի մակարդակով սա կը դիտարկուի՝ որպէս խնդրի կարգաւորման այս փուլի օրինական միակ փաստաթուղթը։

Միւս կողմէ, ըստ իմ տեղեկութիւններուն, Հայաստանի արձագանգը այդ հարցին կարելի է անհամարժէք համարել։ Միայն յայտարարել, թէ պատասխանատուն Ռուսաստանն է ու անոր խաղարար առաքելութիւնը կը տապալի՝ պատասխան չի կրնար տալ այն հարցին, թէ Մոսկուայի անգործութեան հետեւանքով յառաջացած վիճակին մէջ ի՞նչ քայլերու պատրաստ է Երեւանը։ Այո՛, պէտք է կոյր ըլլալ՝ չտեսնելու համար այս ամէն ինչին մէջ Ռուսաստանի առնուազն անկարողութիւնը, եթէ չըսենք յանցաւոր անգործութիւնը։ Բայց, Հայաստան ինչի՞ պատրաստ է, որպէսզի երաշխաւորէ Արցախի հայերու իրաւունքները՝ այն նուազագոյնը, որ կառավարող ուժը յայտարարած է՝ որպէս իր քաղաքականութեան հիմքը։

Ժամանակին Նիկոլ Փաշինեան կ՚ըսէր, որ համաշխարհային հանրութիւնը աջակցութեան համար կը պահանջէ Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ նշաձողը իջեցնելու պայմանը։ Հայաստան նշաձողը այնքան մը իջեցուցած է, որ խնդիրը յանգեցուցած է արցախահայութեան ամենատարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Խնդրին վրայ ազդեցութեան տէր երկիրներն ալ ի ցոյց կը դնեն, որ այդ մակարդակով ո՛չ լուծում կայ, ո՛չ ալ աջակցութիւն։ Ի՞նչ է, ուրեմն, Հայաստանի արձագանգը այս հարցին։ Սա, ուրեմն, անհասկնալի է եւ կը խօսի Հայաստանի արտաքին քաղաքական հայեցակարգի բացակայութեան մասին։ Այլ պայմաններու մէջ, ասիկա կառավարութեան հրաժարականի՝ աւելի քան հիմնաւոր հրաժարականի պատճառ պէտք է դառնար։

-Կան լուրջ միտումներ, առնուազն քաղաքական հարթութեան վրայ, Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ հակադրութիւններ ստեղծելու համար։ Կը տեսնէ՞ք այդպիսի վտանգ եւ ո՞վ է հիմնական մեղաւորը։

-Ինծի համար սա շատ ցաւոտ հարց է։ Կը կարծեմ, թէ մէկ կողմէ խնդիրը սերտօրէն կապ ունի քննարկուած նախորդ հարցին՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքական հայեցակարգի բացակայութեան հետ։ Միւս կողմէ ալ, սա անձնական մակարդակի հարց մըն է՝ վստահութեան պակասի խնդիր։ Այս իրավիճակը խորքային շատ քարեր ունի իր մէջ, որովհետեւ ո՛չ միայն Արցախի խնդրի լուծումը կրնայ տապալել, այլեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Երբեմն տպաւորութիւն կը յառաջանայ, թէ կայ շերտ մը, որուն կարծիքով Արցախի անտեսումն ու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու շահերու սպասարկումը կրնան գոնէ Հայաստանի զարգացման համար հնարաւորութիւններ ստեղծել։ Իմ համոզմամբ, Արցախի խնդիրը զոհաբերելէ յետոյ Հայաստան չի կրնար ապագայ ունենալ։ Այս առումով, ինչքան ալ խոր ըլլայ անձերու միջեւ անջրպետը, պէտք է համաժամանակեցնել ջանքերը, որովհետեւ բոլորս ալ միեւնոյն նաւուն մէջ ենք։ Չկայ հակաբեռնը, որու զոհաբերումով միւս մասը փրկութիւն կը ստանայ։ Եւ բացարձակ էական չէ, թէ ո՛վ, ի՛նչ մեղաւորութեան աստիճան ունի։ Պահ մը այդ համեմատութիւնը պէտք է դադրեցնել եւ գործել միասնական, միեւնոյն ժամանակ։

-Հայաստանի իշխանութիւնները մինչեւ հիմա չկարողացան ինչ-որ առումով ազդեցութեան գօտի ստեղծել Արցախի մէջ եւ ասոր փոխարէն նկատեցինք նոր խաղացողի մը դերին բարձրացումը։ Խօսքը, անշուշտ, Ռուբէն Վարդանեանի մասին է։ ինչպէ՞ս կը գնահատէք անոր դերակատարութիւնը։

-Ընդհանրապէս, ներկայիս Արցախի մէջ չի կրնար կառավարութեան փոփոխութիւն տեղի ունենալ, եթէ այդ բանը համաձայնեցուած չէ Ռուսաստանի հետ։ Այս հարցով գնահատականներուն պէտք է սկսիլ այս փաստի արձանագրումով։ Ի հարկէ, համոզում յայտնելու համար աւելի շատ տեղեկատուութիւն պէտք է՝ քան ե՛ս ունիմ այս պահուն։ Բայց, կը կարծեմ, թէ Ռուբէն Վարդանեանի Արցախի մէջ յայտնուիլը նպատակ ունի՝ գոնէ Ստեփանակերտի դիրքորոշման համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան լիազօրութիւնը երկարաձգուի 2025-էն վերջ ալ։ Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, Հայաստան իրադարձութիւններու զարգացման այդ բեմագրութիւնը ընդունելի կը համարէ եւ ամէն պահ կրնայ ստորագրել համապատասխան համաձայնագիր մը։

-Ներքին քաղաքական առումով թէեւ յստակ բանաձեւումներ ընելը անհնար է, բայց, փաստ է, որ ներքին տեսակէտէ կայ որոշակի սառած վիճակ։ Ինչքա՞ն կը տեւէ այս վիճակը եւ ի վերջոյ ե՞րբ կարելի է ակնկալել, որ Հայաստանի ներքին քաղաքական դաշտը իսկապէս առողջանայ։

-Հայկական ներքին քաղաքական կեանքը կը սկսի գոյութիւն ունենալ, երբ քաղաքական նոր միտք ծնի։ Այն ինչ որ տեղի կ՚ունենայ այսօր՝ դժուար թէ քաղաքականութիւն կոչուի։ Իսկ նոր մտքի մը ծնունդին համար՝ փոխադարձ յարգանքի պայմաններով զրոյց մը պէտք է։ Ես որոշ ժամանակ լուռ էի, որովհետեւ խօսակցութեան համար տեղ չկար, խօսքը որեւէ արժէք չունէր։ Վերջին օրերուն փորձեցի քանի մը միտքեր բաժնել։ Այդ փորձի իմ հետեւութիւնը եղաւ, որ տակաւին որեւէ խօսակցութիւն անհնար է։ Այդ խօսակցութեան բացակայութիւնը իր մէջ մեծ վտանգներ ունի։ Իմ խորին համոզմամբ, պատերազմի պարտութեան պատճառներէն մէկն էր՝ իրարու նկատմամբ վստահութեամբ վերաբերուելու զանազան խումբերու անկարողութիւնը։ Ներկայիս ալ կը տեսնեմ, որ եթէ յանկարծ պարտադրուած պատերազմի տեսքով նոր դժբախտութիւն մը ծագի, մենք արժանապատուօրէն հակադարձելու առընթեր, ստիպուած պիտի ըլլանք մեր ուժի գերակշիռ մասը ներսի խնդիրներու լուծման վրայ ծախսել, ինչ որ պիտի նուազեցնէ մեր պաշտպանունակութիւնը։

-Կը նախատեսուի, որ Արցախը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի ներքին օրակարգը եւ քաղաքական տինամիքները պայմանաւորող գործօն մը՝ մասնաւորապէս Ռուսաստանի համար։ Այս առումով վտանգներ կը տեսնէ՞ք։

-Եթէ մենք տարանջատենք, ապա կը գտնենք, որ կայ առանձին Արցախի հարց եւ առանձին Հայաստանի հարց, ուրեմն այդ հարցադրումը կրնանք օրինական համարել։ Ես համոզուած եմ, թէ սա Հայաստանի միասնական հարցն է։ Արցախի հարցը լուծում չի գտներ, որպէսզի՝ որպէս ճնշման լծակ օգտագործուի թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի վրայ։ Եթէ մենք որեւէ ձեւով փակենք Արցախի հարցը, ուրեմն միեւնոյնն է՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ ազդեցութեան լծակ ունենալու հարցը պիտի մնայ։ Եւ տրամաբանական պիտի ըլլայ կարծել, թէ այդպիսի հարց մը կը ծագի Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի այլ հատուածին. օրինակ՝ Սիւնիքի մէջ։ Կան բոլոր նախադրեալները։ Ամենակարեւորը՝ Ատրպէյճան դէմ պիտի չըլլայ իրադարձութիւններու նման զարգացման։ Հետեւաբար, Արցախի գնով Հայաստանի համար հաւանական լուծում մը գտնելը իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի։ Հայաստան ո՛չ թէ պէտք է խուսափի խնդրէն, ձեւացնէ, թէ այդ հարցը չկայ, այլ այդ հարցը պէտք է օգտագործէ ամէն օր միջազգային հանրութեան աւելի լիարժէք ու կարող անդամ մը դառնալու համար։ Ի վերջոյ, ամբողջ աշխարհի խաղաղութիւնն ալ կառուցուած է զանազան հակակշիռներու հիման վրայ։ Հայաստան կրնայ խաղաղութեան այդ ճարտարապետութեան մաս դառնալ եւ ո՛չ թէ անպիտան գոյութիւն մը աշխարհին վրայ։

-Մտահո՞գ էք պատերազմի իսկական վտանգներով։

-Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի հաւանականութիւնը շատ աւելի մեծ է՝ քան չըլլալը։ Խաղաղութիւն կը տիրէ աշխարհի այն հատուածներուն մէջ, ուր յարձակումներով հնարաւոր չէ յանգիլ որեւէ լուծման։ Եւ, ընդհակառակը, այնտեղ, ուր ռազմական հաւասարակշռութիւնը խախտուած է, ուր յաղթանակը երաշխաւորուած է կամ մեծ հաւանականութիւն ունի, անպայման տեղի կ՚ունենայ պատերազմ։ Այստեղ բարոյական հանգամանքներու ու մարդկայնութեան վրայ յոյս դնելը անիմաստ է։ Պատերազմի հետեւանքները այնպիսին են, որ պատերազմը կանգնած է այնտեղ, ուր յաջորդ պատերազմին համար բոլոր իտէալ պայմանները կան։ Համոզուած եմ՝ հնարաւոր չէ անկէ խուսափիլ։ Միակ ձեւը Ատրպէյճանի կողմէ անհրաժեշտ եւ բաւարար փոխադարձ զիջումներու գալու պատրաստակամութեամբ խաղաղ հանգուցալուծման հասնիլն է։ Այս բանին համար որեւէ նշոյլ իսկ չ՚երեւիր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յունուար 18, 2023