ԱԿՆԱՐԿ - 50 - ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐ (ՄԵՐ ՆԵՐԿԱՅ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ)

Վերջին մի քանի տարիներու ընթացքին, Հայաստանի մէջ բացայայտօրէն եւ գաղտնի կերպով, յստակ աշխատանք կը տարուի մեր պետականութիւնը քայքայելու ուղղութեամբ: Ճիշդ է, որ գործող իշխանութիւնները յաճախ կը խօսին պետականութեան մասին, հզօր Հայաստան ունենալու մասին, սակայն, շատերու համար պարզ է, որ այդ բոլորը խօսքէն անդին չե՛ն անցնիր, որովհետեւ գործնականօրէն ո՛չ մէկ աշխատանք կը տարուի այդ ուղղութեամբ:

Փա՞ստը. անցնող տարիներուն գործող իշխանութիւններուն որդեգրած թշնամական մարտավարութիւնը այն բոլոր բաներուն հանդէպ, որոնք իրենց մէջ ազգայնութեան չնչին նշոյլ մը կը կրեն:

Ազգային մտածելակերպ, ազգայնութիւն, պետականամէտութիւն, պետականութիւն եւ այլ նմանատիպ եզրեր, վերացական գաղափարներու վերածուած են, որոնցմով փորձ կը կատարուի քնախտի (hypnosis) մէջ պահել այն զանգուածները, որոնց քուէներուն շնորհիւ գործող իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց աթոռները պահել:

Ամէն կողմ անտարբերութիւն է: Հայաստանի մէջ գրեթէ ո՛չ մէկ կառոյց, ո՛չ մէկ հաստատութիւն մնացած է, որ ձայն բարձրացնէ, բողոքէ, ընդվզի կատարուած սխալներուն դիմաց: Անցնող շաբաթներուն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ գործող իշխանութեան միջեւ կապին մասին գրած էինք: Մեր մէկ գրութեան մէջ շեշտած էինք, թէ Հայաստանի մէջ միակ կառոյցը, որ տակաւին կը շարունակէ ազգային արժէքներ ու ազգային գաղափարախօսութիւն կրել՝ Հայ Եկեղեցին է, ինչ բանի պատճառով ալ գործող իշխանութիւնները ամէն ջանք կը գործադրեն հեղինակազրկելու համար զայն (ընթերցողները կրնան կարդալ այդ յօդուածները. «Փոքրոգութեամբ եւ մասամբք սորին», հինգշաբթի 4 յունուար 2024, էջ 1 եւ 4: Եւ՝ «Հիւանդագին մտածելակերպ», հինգշաբթի 11 յունուար 2024, էջ 2 եւ 4):

Հայաստանի մէջ ո՛չ պատմաբանները, ո՛չ գիտնականները, ո՛չ մտաւորականները (եթէ գոյութիւն ունին), ո՛չ բժիշկները, ո՛չ համալսարանի դասախօսներն ու դպրոցներու ուսուցիչները, ո՛չ լեզուաբանները1, ո՛չ փաստաբանները, մէկ խօսքով ո՛չ ոք2 հետաքրքրուած է Հայաստանի ներկայ իրավիճակով: Այնպիսի տպաւորութիւն է, որ ամէն ոք զբաղուած է միմիայն ինքն իր կեանքով, իր առօրեայով, իր աշխատանքով, որու վերջնանպատակը ո՛չ թէ Հայրենիքի բարօրութիւնն է, այլ՝ սեփական անձի շահն ու յարմարաւէտութիւնը: Վերջնանպատակը կ՚ըսեմ, որովհետեւ բնականաբար իւրաքանչիւր անհատի աշխատելու առաջին նպատակը իր եւ իւրայիններուն ապրուստն ու բարեկեցութիւնը ապահովելն է, ինչ բանը պէտք չէ՛ խանգարէ վերջնանպատակին: Բայց, դժբախտաբար, մեզմէ շատերէս վերջնանպատակ հասկացողութիւնը վերացած է, որով միմիայն անձնական շահը եւ յարմարաւէտութիւնն է, որ կը հետաքրքրէ մեզ: Չե՞նք համակերպիր մեր ունեցած իրավիճակին. այդ հարցն ալ լուծուած է, որովհետեւ շատեր գտած են «դիւրին» ճանապարհը այդ իրավիճակէն դուրս գալու եւ «բարօր կեանքով» ապրելու. ԱՐՏԱԳԱՂԹ:

Արտագաղթ դէպի հեռու ափեր, մեղր ու կարագ հոսող ափեր, դէպի Ամերիկա եւ Եւրոպա…:

Բնականաբար իւրաքանչիւր մարդու որոշումի հարցն է իր կեանքը կարգաւորելն ու դասաւորելը: Իւրաքանչիւր մարդ կ՚ուզէ, որ բարօր կեանքով ապրի ի՛նք եւ իւրայինները: Իսկ Հայաստանի մէջ գործող իշխանութիւնները անցնող աւելի քան երեսուն տարիներու ընթացքին, ո՛չինչ տուած են հայ մարդուն, որպէսզի կարենայ այդ բարօր կեանքը ունենայ ու այդ կեանքով ապրի: Այս բոլորին լոյսին տակ, մարդիկ կ՚արտագաղթեն:

Պահ մը, սակայն, եկէք մտածենք. եթէ մեր նախնիներն ալ այդպէս վարուէին, այսօր, աշխարհի քարտէսին վրայ Հայաստան անունով երկիր գոյութիւն պիտի ունենա՞ր, թէ՞ պարզապէս պատմութեան գիրքերուն մէջ մնացած պիտի ըլլար...3: Արտագաղթը լուծում չէ, ընդհակառակը, գոյացած վէրքին ա՛լ աւելի խորանալն ու թարախոտիլն է, ինչ բանի դիմաց ո՛չինչ, պարզապէս ՈՉԻՆՉ կը կատարուի. հակառակը, կարծէք ամէն դիւրութիւն կ՚ընձեռուի այդ ուղղութեամբ:

Ոմանք Սփիւռքի անտարբերութիւնը կը մեղադրեն: Այստեղ կը հարցնեմ.

- Ինչու սփիւռքի ներկայ իրավիճակը տարբե՞ր է Հայաստանի իրավիճակէն:

Այսօր աւելի քան երբեք սփիւռքը կարիք ունի Հայաստանի օժանդակութեան, որպէսզի կարենայ ինքզինք ամուր պահել, որպէսզի կարենայ պահպանել իր ունեցածը: Դժբախտաբար, սակայն, Հայաստան ի վիճակի չէ, որովհետեւ ի վիճակի չէ ինքն իրեն օժանդակելու, ո՜ւր մնաց իր ձեռքը սփիւռքի երկարէ…

Խարխափումներ, որոնց պատասխանը չունիմ եւ շատ յաճախ կը զարհուրիմ՝ ներկայ իրավիճակին համապատասխանող տրամաբանական պատասխաններուն մասին մտածելով:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

16 յունուար 2024, Վաղարշապատ


1 Երեւանի փողոցներով անցէք եւ ականատես կը դառնաք տասնեակաւոր այլազան յայտարարութիւններու, որոնց մէջ մէ՛կ բառ, աւելի ճիշդ մէ՛կ տառ իսկ հայերէն չկայ:

2 Բացառութիւնները միշտ յարգուած են, որովհետեւ կան ձեռքի մատներու վրայ հաշուուղ ՀԱՅ անհատներ, որոնք բառիս բուն իմաստով կը տառապին ներկայ վիճակով, բայց ցաւօք լսող չկայ, ընդհակառակը, այդպիսիները միշտ կը հալածուին կամ պարսաւանքի կ՚արժանան:

3 Անկեղծ ըլլալու համար, երբեմն երբ մեր պատմութեան էջերը կը թերթատեմ, Հայաստանի աշխարհագրական տարածքներու մասին կը կարդամ ու կը փորձեմ ներկայիս մեր ունեցածին համեմատել, ապա անկախ ինձմէ, կը տարուիմ մտածելու, թէ մեր նախնիներն ալ նոյն կերպ վարուած են՝ ինչպէս կը վարուինք մենք այսօր, որով ունինք այն՝ ինչ ունինք: Աւելի խորանալով, երբեմն սարսափած կը մտածեմ Հայաստանի մասին՝ հարիւր տարի ետք…:

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2024