«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)
ՍՈՐՎԻԼ ՄԵՐ ԱՆՁԵՐԸ
-Ո՜վ Ռոնտա. կրտսեր քոյր մը հարցուց ինծի. «Հայր Պաիսիոսը երբ սկսնակ վանական էր, իր պայքարին մէջ անկումներ չէ՞ ունեցած: Ո՛չ մէկ ձախակողմեան մտածում չէ՞ ունեցած: Դատապատութեան մէջ չէ՞ ինկած»:
-Երբ այդ բաներէն մէկը պատահէր, կամ ազդարարութիւն մը ուղղուէր ինծի, ապա «տուրք կը վճարէի»:
-Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես այս նախադասութեամբ. «Տուրք կը վճարէի»:
-Այսինքն՝ ձգէի որ անկումները անցնէին առանց ուշադրութիւն դարձնելո՞ւ: Դուրսէ՞ն անցնէին:
Ինչպէս որ քարացած հողը թոյլ չի՛ տար, որ անձրեւները իր մէջ ներծծուին, այդպէս ալ սիրտին պարտէզը կը քարանայ, ապա ո՛չ յանցնաք կը զգայ եւ ո՛չ ալ կը զղջայ ինչքան ալ իր մասին խօսուի կամ բան պատահի իրեն:
Եթէ մէկը իմ մասիս ըսէ, թէ կեղծաւոր եմ, չեմ հակադարձեր իր ըսածին, այլ՝ կը փնտռեմ պատճառը ինչ բանի համար այդպէս արտայայտուեցաւ: Յանցանքը ուրիշինը չէ, այլ՝ իմ, քանի որ ուշադիր չեղայ եւ ուրիշին առիթ տուի սխալ հասկնալու արարքս: Կարելի չէ, որ ոեւէ մէկը մեղադրէ կամ վատ խօսք ըսէ ուրիշի մը առանց պատճառի: Այդ պատճառով. կը փորձեմ ուշադրութիւն ընել եւ գտնել այն սխալը, ուղղել զայն, արթնութեամբ շարժիլ, որպէսզի խօսքս կամ վերաբերմունքս սխալ չհասկցուի:
Զիս չի հետաքրքրեր եթէ այդ մարդը նախանձի կամ ատելութեան պատճառով այդ արտայայտութիւնը ունենած է, կամ ուրիշ մարդու մը ըսածը փոխանցած է: Զիս կը հետաքրքրէ այդ սխալը ուղղելը՝ եթէ ըսուածը ճիշդ է: Իսկ եթէ ըսուածը ճիշդ չէ, չեմ մեղադրեր ուրիշը, այլ՝ կը փնտռեմ այն բանը, որ պատճառ դարձաւ իր այդ վերաբերմունքին:
Մէկու մը մասին կ՚ըսենք. այս մարդը կորսնցուցած է իր խիղճի յանդիմանութիւնը: Գիտե՞ս երբ կը կորսնցնէ յանդիմանութիւնը. երբ մարդ ինքզինքին չի հետեւիր: Եթէ մարդ լաւ միտքի տէր չէ եւ ինքզինք չի՛ յանդիմաներ, ապա արդարացումներ ունի: Իսկ եթէ լաւ միտքի տէր է եւ իր գործերը չի՛ յանդիմաներ, այսինքն՝ կը հետեւի ինքն իրեն, ապա արդարացումներ չունի:
ՄԵՐ ԱՆԿՈՒՄՆԵՐԷՆ ԾՆԱԾ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Երբ դուն քեզ կը քննես, շատ կ՚օգնէ քեզի կեանքիդ հանգրուաններուն վերյիշումը, սկսած մանկութեան տաիրներէն, գիտնալու համար անցեալին ունեցած վիճակդ եւ ներկայի վիճակը, եւ թէ ապագային ո՞ւր պիտի գտնուի: Անցեալին ու ներկային միջեւ համեմատութիւնը անհրաժեշտ է, հասկնալու համար կողմը՝ ուր կը գտնուիս լաւ վիճակով: Կրնայ պատահիլ ալ, որ կը գտնուիս այնպիսի վիճակի մը մէջ՝ որ պէտք չէր գտնուէիր, ու այդպիսով կը տխրեցնես զԱստուած:
Մարդ երբ երիտասարդ է ու իր վիճակը լաւ չէ, ապա արդարանալի է, սակայն երբ կը մեծնայ ու նոյն վիճակին մէջ կը մնայ, ապա արդարանալի է:
Տարիները ինչքան յառաջանան, մարդ հոգեպէս կ՚աճի, եւ եթէ անցեալի փորձառութենէն օգտուեցաւ, ապա հաստատակամութեամբ ու խոնարհութեամբ կը սկսի յառաջանալ: Իսկ պայքարի -ելեւէջներով հանդերձ- դրականօրէն կը նպաստէ հոգեւոր ընթացքին դէպի վեր բարձրանալու շարունակութեան:
Փոքրիկը երբ քալել կը սկսի, բազմաթիւ անգամներ կ՚իյնայ ու գլուխը կը զարնէ, սակայն չի՛ գիտակցիր իյնալուն պատճառները: Իսկ երբ կը մեծնայ, փորձառութիւն կը շահի, կը հասուննայ ու ուշադրութիւն կ՚ընէ: Կը գիտակցի, թէ ինկած է, կը խուսափի կանգնելէն, որպէսզի չիյնայ: Նոյնն է մեր պայքարի պարագան, որով փորձառութիւն կը շահինք, որմէ կ՚օգտուինք բարեգործութեան համար:
Քոնեթսայի մեր տան մէջ հինգ ձիեր ունէինք, մեծ եւ փոքր: Օր մը, երբ կը ձիավարէի զանոնք ծառերու կոճղերէ եւ տախտակներէ շինուած կամուրջի մը վրայէն, այդ ձիերէն մէկուն սմբակը կախուեցաւ փտած կոճղի մը մէջ, ու այդ ձին փոքր էր տարիքով: Այդ օրէն սկսեալ, հակառակ աւելի մեծ կամուրջ կառուցուելուն եւ նոր ու ամուր փայտեր դրուելուն, այդ ձին սակայն միշտ կը պայքարէր չանցնելու համար այդ տեղէն, եւ աջ ու ձախ կը հարուածէր, կը ցատկէր կամ պախուրցը կը կտրէր ու կը փախչէր: Եթէ ձին իր փորձառութիւնը կը գործածէր եւ թոյլ չէր տար իր սմբակին տախտակներուն վրայ իյնալու, հապա ի՞նչ կ՚ըսես խելացի մարդու մասին, որ իյնալներէն ծնած փորձառութիւնը կ՚օգտագործէ:
Թշնամիին տեղը ճշդել ու հարուածել անոր
-Ո՜վ Ռոնտա. խոնարհը անիրաւութիւնը կ՚ընդունի եւ կը մղուի ամէն ինչ զոհաբերելու. իսկ ես չյաջողեցայ այդ ընել, որովհետեւ խոնարհութիւնը չեմ սիրեր:
-Իրողութիւնները ըսածիդ պէս չեն: Շուտով պիտի ազատագրուիս քմահաճոյքներէդ, քանի որ սկսար դուն քեզ բռնել, որովհետեւ դրական խառնակութիւնը մտած է մէջդ: Այս մէկը ուրիշ ամէն տեսակի պայքարէ աւելի կ՚օգնէ: Ով որ ինքզինք բռնեց, իր հին անձը կը ձգէ եւ հոգեւոր ուղիղ ճանապարհէն կը քալէ: Մեր հին անձը կը գողնայ այն, ինչ որ մեր նոր անձը կ՚ընէ: Իսկ երբ կը սորվինք բռնել զայն, ապա կը բռնեն այն գողերը, որոնք մեզմէ կը գողնան Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած արդարութիւնը, ու հգեւոր հարստութիւնը մեր մօտ կը մնայ:
-Ո՜վ Ռոնտա. կը տխրիմ երբ քրոջ մը կարծր խօսք կ՚ուղղեմ գործած սխալի մը համար. այս տխրութիւնը կ՚օգնէ՞ ինծի:
-Կ՚օգնէ. սակայն, պէտք է ուշադիր ըլլաս, որպէսզի սահմանները չանցնիս: Պէտք է տխրիս, միաժամանակ պէտք է ուրախանս, քանի որ առիթը եկած է հիւանդութիւնը բուժելու: Պէտք է մտածես նաեւ, որ կարծրութեամբ վարուիլը եւ կարծր խօսքը կը նշանակէ, որ ներսդ կայ քմահաճոյք մը, որուն առիթ տրուեցաւ երեւնալու եւ սրբագրուելու: Վստահաբար, քրոջմէ ներողութիւն պիտի խնդրես: Անկումները կ՚օգնեն դուն քեզ ճանչնալուդ, որով կը մաքրուիս սխալներէն: Բժիշկները իրենց հիւանդներուն տարբեր բաներ կու տան, որպէսզի հիւանդութեան պատճառները գիտնան եւ զայն ճիշդ կերպով յայտնաբերեն: Կրնայ ըլլալ, որ խնդրեն անոնցմէ շաքար ուտել, ապա արեան քննութիւն կը կատարեն, գիտնալու համար շաքարի աստիճանը:
Հոգեւոր պայքարին մէջ, պէտք է ճշդենք մեր անձնաւորութեան տկար կէտերը, գիտնալու համար սխալները եւ ապա հարուածելու անոնց: Պատերազմի ժամանակ թշնամիին տեղը կը ճշդէինք՝ որոշակի տեղ մը մաքրելու համար: Երբ այդ տեղը յստակ կերպով կը գիտնանք, հանգիստ կերպով կը շարժինք: Քարտէսը կը բանանք ու կ՚ըսենք. թշնամին այստեղ ու այնտեղ է, եւ պէտք է այս կէտն ու այն բլուրը գրաւել: Այստեղ ռազմական օժանդակութիւն պիտի խնդրեն ու այնտեղ պէտք է ծանր զէնքեր օգտագործել: Թշնամիին եղած տեղերը գիտնալու համար, կարիքն ունի փնտռտուքի, մտահգութեան եւ թերեւս ալ քունէ զրկումի:
-Ո՜վ Ռոնտա. աւելի լա՞ւ է որ մարդ ինք գտնէ իր սխալները, թէ՞ ուրիշները ըսեն իրեն:
- Աւելի լաւ է որ ի՛նք գտնէ զանոնք, ինչպէս նաեւ պէտք չէ իրար անցնի երբ ուրիշները խօսին իրեն անոնց մասին: Պէտք է ուրախութեամբ ընդունի զանոնք:
- Ո՜վ Ռոնտա. ուրիշները զիս աւելի լա՞ւ կը տեսնեն, քան ես:
- Մարդ կրնայ -եթէ կամենայ- որ ինքզինք աւելի լաւ տեսնէ, որով իր ոգեւորութիւնն ու սխալը կը ճշդէ: Իսկ ուրիշները վարկածային ենթադրութիւններ կու տան:
-Ո՜վ Ռոնտա. կրնա՞յ պատահիլ, որ մարդ փորձէ ինքզինքին նայիլ ինչպէս որ է, սակայն չի՛ յաջողիր:
-Այո՛, եթէ հպարտութիւնը ընկերակից ըլլայ, ապա ինքզինք իր եղածով չի՛ տեսներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 22
31 յունուար 2021, Վաղարշապատ
Հարթակ
- 12/02/2024