ՍՓԻՒՌՔ՝ ՇԱՏԵՐՈՒ «ԾԱՆՕԹ» ԵՒ ՆՈՅՆՔԱՆ ԱԼ «ԱՆԾԱՆՕԹ»

Անմեղ հարցում մը.- արդեօք օր մը դուք ձեզի եւ կամ հեռու մօտիկ հայրենիքի ձեր բարեկամներէն մէկուն հարցուցա՞ծ էք, թէ իրեն համար ի՞նչ կը նշանակէ Սփիւռք եւ կամ արդեօք ծանօ՞թ է Սփիւռք կոչուած բառին եւ անոր ետին թաքնուած իմաստ-խորհուրդին:

Պարզապէս՝ հետաքրքրութիւն: Որովհետեւ, կը կարծեմ, որ շատ-շատեր, երբ Սփիւռք բառը լսեն, անպայման «տոլարը» իրենց աչքին առջեւ կը պարզուի: Առանց վիրաւորանքի ըսեմ, որ նման մօտեցում միշտ նկատած եմ հայրենի պատասխանատուներու մօտ: Որովհետեւ, տեսնուած է, թէ տասնամեակներէ ի վեր Սփիւռք կոչուածը իրենց համար ուրիշ բան չէ եղած, եթէ ո՛չ Երեւանի հրապարակը «սարքողը», կամ Արցախի հողաշերտի մը վրայ անձնապէս վար ու ցան «ընող» մը, եւ կամ շրջանի մը կամ մարզի մը մէջ նոր շէնք, տուներ, խանութներ եւ կամ գինիի նոր գործարան մը «բացողը» եւ աւելին՝ սահմանամերձ եւ կամ մօտիկ գիւղերէն մէկուն՝ դպրոցի մը, մանկապարտէզի մը կամ փողոցի մը նորոգութիւնները եւ շինարարական աշխատանքներուն նիւթապէս հովանաւորող բարերարը: Այլ խօսքով՝ իր տոլարներով ներդրում «ընող» հայը:

Աստուած տայ, որ այս մատնանշումներուս մէջ սխալած ըլլամ: Բայց եւ այնպէս հակառակ Սփիւռքի եւ կամ սփիւռքահայուն ներքին տագնապներուն, հարցերուն, դժուարութիւններուն եւ կեանքի գոյատեւման սպառնացող «վտանգներուն», նման բարեսիրական աշխատանքներն ու սրտաբուխ ներդրումները, հայրենիքը շէնցնելու եւ ձեւով մը անոր ծրագիրներու իրականացման օգտակար դառնալու այս քայլերը, միշտ եւ մեծապէս գնահատելի եւ նոյնքան ալ օրինակելի նկատուած են:

Բայց «դրամը, երկու կողմ ունի», ըսած են մեր մեծերը: Ճիշդ են: Ուստի իմ կարծիքով, այս բոլորին ետին, Սփիւռքի մօտ անպայման կայ եւ ըլլալու է դրական խթան-մղում մը, որ թէեւ տեսանելի չէ եւ սակայն ծնած է անոր մտքին եւ հոգիին մէջ բոյն դրած հայրենասիրական ոգիէն:

Սփիւռք.- պատիւ իրեն, ան միշտ իր ներսին ունեցած է եւ տակաւին ունի հայկականութիւն կոչուած տագնապը: Տասնամեակներ հեռու մնալով հայրենի հողէն եւ ջուրէն՝ արդէն օտար արեւներ անցած են անոր մազերէն: Ու եթէ զինք քիչ մը աւելի մօտէն դիտելու ըլլանք, իր աչքերէն կարելի պիտի ըլլայ կարդալ իր հայու հոգին եւ սիրտը: Որովհետեւ, ի՛նք միշտ փորձած է հայութեան հրապարակէն չհեռանալ եւ նոյնիսկ հայ կեանքը իրեն համար դարձնել իբրեւ մեծ հանք, ուրկէ կրնայ պեղել անհատնում սէրն ու գիտակցութիւնը՝ հանդէպ հայրենիքին եւ հայութեան:

Տարիներ շարունակ ան երկար լռութեամբ խօսած է: Նոյնիսկ հայրենիքէն ներս առանց դիրք եւ պաշտօն ունենալու՝ նուիրաբերած: Հաւատացէ՛ք, այնքան ներուժ ու տրոփում ունի իր սիրտը, որ նոյնիսկ իր հետ խօսիլն ու շաղուիլը հոգեկան վայելքի պահեր կ՚ապահովեն դիմացինին:

Արդ, այս բոլորէն ետք, չէք կարծե՞ր, որ ժամանակը եկած է, որ ինքն ալ մուտք գործէ հայրենի մտածումին, ծրագրումներուն եւ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ: Մէկ խօսքով, Սփիւռքը իրապէս եւ անշահախնդիր կապել Հայաստանին, մասնակից դարձնելով անոր ներքին եւ արտաքին ծրագրումներուն, գործունէութեան: Վերջապէս, ինքն ալ ըլլայ մնայուն եւ գործօն ներկայութիւն մը, իր իսկ հարազատ հայրենիքէն ներս: Որովհետեւ կը հաւատանք, որ տասնամեակներու վրայ արտերկիրներու մէջ իր ձեռք ձգած փորձառութիւնը, նոր շունչ եւ ոգի կրնայ տալ եւ բերել հայրենի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կեանքին ու ոլորտին: Աւելի մօտէն փորձեցէ՛ք զինք դիտել եւ ականատես պիտի ըլլաք, որ ան միշտ տառապած է յատկապէս հայրենի ցաւերով: Անկասկած: Ոչ ո՛ք կրնայ ուրանալ:

Ան նաեւ ունի կանաչ երեւակայութիւն: Տաք շունչ եւ ուժ: Ու ամէն առիթով «հասած» է իր հայրենիքին ու նոյնիսկ ողբացած՝ հայու կորսուած աշխարհին: Անարդարութեան դէմ հրապարակային բողոքած է: Արդարութիւնը փնտռած եւ միշտ դիմած է առ որ անկ է: Յանուն հայրենի շահերուն ու անոր հողերու պաշտպանութեան՝ կռուած ու իր արիւնը թափած է: Միշտ հաւատացած է հայրենիքի վաղուան արեւին: Իր պայքարի զէնքը եղած է հայու իր ոգին, իր լեզուն եւ այս մոլորակին վրայ ազատ եւ անկախ ապրելու իր կամքը: Հաւատացած է, թէ ինք մեծ դեր ունի խաղալիք հայրենի աշխարհէն ներս: Այս մէկուն գիտակցիլ է պէտք: Ներկայ ազատ եւ անկախ հայրենիքը ինք տասնամեակներով երազած է եւ իր յաջորդ սերունդները այդ ոգիով դաստիարակած: Կամքով եւ ոգիով եղած է ուժեղ, որովհետեւ իր հոգեկան սնունդը Արարատէն առած է: Եթէ մօտէն հետեւինք հայ Սփիւռքի ամէնօրեայ հեւքերուն, մտահոգութիւններուն եւ մանաւանդ մաշումին, այն ժամանակ միայն կրնանք հասկնալ, թէ տակաւին դեմոկլեան սուրի նման անոր գլխուն կախուած է տխուր եւ վշտալի իրականութիւնը: Եզրակացութիւն՝ վտանգը բացայայտ է: Բայց... բայց միշտ հայրենիքին ծառայելու ոգին ամուր եւ անխախտ պահած է իր մէջ: Ուրեմն, պէտք չէ թերագնահատել իր ուժերն ու զգացումները, իր կարողութիւններն ու ծրագրումները: Զինք լաւապէս ճանչնալու համար, ամենէն առաջ պէտք է մտնել իր հայու մորթին տակ: Անոր սիրտին հասնելու համար, նախապայման է անոր արիւնին հետ հոսիլ: Որովհետեւ, ան կը հաւատայ, որ օր մը պիտի գայ ժամանակը, երբ իրեն հետ միատեղ շինարար ձեռքեր պիտի շարժին նորակերտելու հայրենի ՏՈՒՆԸ:

Ու այս մէկը իրականացնելու համար, նոր ներգաղթ մը կազմակերպելու հեռանկարը պէտք է, որ ունենան հայրենի իշխանութիւնները: Տակաւին ուշ չէ: Այս մէկը կ՚ենթադրէ ունենալ քաղաքական միտք եւ հասունութիւն: Թէեւ տառապանքի, սարսափի մտահոգութեան եւ դառնութեան ու անստուգութեան ճիրաններուն մէջ ակօսած է իր դէմքը, թէեւ միշտ ձուլման վտանգով ապրած է, սակայն Սփիւռքը մեծապէս հաւատացողն է հայրենիքի վաղուան լոյսին եւ արեւին: Ուստի կը կարծեմ, որ իրեն առիթ պէտք է, որ տրուի հայրենիքէն ներս բոլորին հետ  ձեռք-ձեռքի քալելու եւ ապրելու, իբրեւ մէկ հայութիւն:

Արդ, նաեւ յիշենք, որ մենք ազգովին տառապած ժողովուրդ եղած ենք: Հոգիով լեցուն ժողովուրդ. եթէ կ՚ուզէք: Մեր ճակատագիրը մեր պատմութիւնն է: Նաեւ յիշենք, որ այս հոգեպէս «տառապեալ» Սփիւռքը կը հաւատայ, որ միասնաբար եւ մէկ յարկի տակ, կարելի պիտի ըլլայ հայրենիքը ծրագրուած եւ համախորհուրդ «նորոգել» եւ «վերանորոգել»: Այս բոլորին իրականացման համար, նոր եւ դրական մտածողութեան պահանջ է պէտք: Ներկայացուած կամ հրամցուած այս կէտ-առաջարկները առարկայական ձեւով ընկալելու պատրաստակամութիւն-բարի կամեցողութիւն է պէտք: Ներկայ բոլորիս ծանօթ եւ հարազատ եւ անհաճոյ պայմաններու տակ, անյապաղ հարկադրուած ենք միասին ապրելու: Ու հակառակ Սփիւռքի բազմազան մտահոգութիւններուն եւ հայապահպանման ամէնօրեայ սուր եւ անհաւասար պայքարին, հակառակ ձուլման վտանգին, ան տակաւին յուշ չէ դարձած:

Այսօր Հայաստանը պարտաւոր է սփիւռքահայուն համար ստեղծել ենթահողը, որպէսզի ան կարենայ առաւել ներդրում կատարել Հայաստանի մէջ: Ուստի, ժամանակն է բանալու ենթագիտակցութեան կորսուած ծալքերը, տեսնելու համար այս պարզ իրականութիւնը: Ալ կը բաւէ իրարու յոյս ծախենք: Վերջ ի վերջոյ պէտք է գտնել իրականութիւնը: Մտահոգ հայու մը համար, լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ:

Ու այս մէկը իբրեւ յանձնառութիւն ընդունիլը, քաջութեան համազօր է: Ի սէր Աստուծոյ, 21-րդ դար կ՚ապրինք, գոնէ փորձենք ապրիլ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Այս ձեւով անկասկած մեր հայրենիքի եւ հայու ապրելու միջուկը պիտի կարենանք բազմացնել եւ զօրացնել: Գէթ ազգովին ըլլանք, ինչ որ այսօրը կը պահանջէ, իբրեւ մէկ բռունցք: Միասին բանանք մեր պատմութեան էջերը եւ միասին, նորը գրենք: Վերջ ի վերջոյ, բոլորս ալ երազ ունեցող մարդիկ ենք: Ուրեմն բոլորս ալ յատուկ առաքելութիւն մը ունինք: Ու մեր այս մեծ երազը իրականացնելու համար, կարիքը ունինք հզօր պետականութեան: Միասնաբար կառուցենք:

Այս բոլորէն ետք եւ անկեղծօրէն, ինծի այնպէս կը թուի, թէ հայրենի մեր ժողովուրդին մեծ տոկոսը, դժբախտաբար. ցարդ չէ տեսած սփիւռքահայուն իրական երեւոյթը: Անոր համար Սփիւռքի իր հարազատ հայրենքէն ներս, անոր ծրագիրներուն եւ որոշումներուն, աշխատանքներու իրականացման իր մասնակցութիւնը անժխտելի անհրաժեշտութիւն նկատած ենք: Սփիւռքը, միայն իր նիւթականով կամ ներդրումով  կամ եւ զբօսաշրջիկի տարազով պահելը պատմականօրէն մեծ սխալ է:  Ժամանակն է, որ զինք գործնական քայլերով մասնակից դարձնել հայրենիքի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտներուն եւ նոյնպէս՝ երկրի բազմազան ծրագրումներու իրագործումներուն:

Այլ խօսքով, Սփիւռքը չզրկել հայրենի մթնոլորտէն: Այս առթիւ լուրջ մտածողութիւն է պէտք: Կարկտան որոշումները չեն ապահովեր վաղուան մեր յոյսը: Փորձենք Սփիւռք եւ Հայրենիք դառնալ մէկ ամբողջութիւն, ո՛չ միայն բառերով, այլ՝ գործնական: Թող բոլորով միասին մեր ցեղին աւազանին մէջ վերանորոգենք հայութեամբ ապրելու մեր ցանկութիւնը: Ահա՛, սփիւռքեան երդումն ու սրբազան ուխտը:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2022