ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ՌԻՍՔԵՐՈՒ ՕՐԱԿԱՐԳ

Հայաստանի քաղաքական գործիչներէն Ռուբէն Մեհրապեանի համոզմամբ, Ռուսաստանի Ուքրայնայի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը ինքնասպանութիւն է։ Ռուբէն Մեհրապեան, որ  «Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան փոխ-նախագահն է, մեզի հետ բաժնեց իր մօտեցումները քաղաքական հրատապ հարցերու շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր տեսակէտները։

*

-Եւրոմիութեան դիտորդներու Հայաստանի սահմանին վրայ տեղակայումը բաւական մեծ անհանգստութիւն պատճառած է Ռուսաստանին։ Ան Արեւմուտքը կը մեղադրէ՝ զինք տարածաշրջանէն դուրս մղելով։ Ձեր կարծիքով՝ ռուսական այս յանկերգը պատճառ կրնա՞յ հանդիսանալ, որ նոր սադրանք մը կատարուի Հայաստանի դէմ կամ ան արտօնէ, որպէսզի Ատրպէյճանը ռազմական նոր արկածախնդրութեան մը երթայ։

-Մոսկուայի այս խիստ արձագանգը պէտք չէ որեւէ տարակուսանք յառաջացնէ ո՛չ Հայաստանի քաղաքական դասին, ո՛չ ալ հասարակութեան տեսակէտէ, թէ ընդունուած որոշումը ճիշդ է ու կը բխի Հայաստանի եւ տարածաշրջանի արմատական շահերէն։ Միանշանակօրէն, ան պայմանաւորուածութիւն մըն է Երեւանի եւ Պրիւքսելի միջեւ եւ կ՚իրականանայ բացառապէս Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս, ուղղուած չէ որեւէ կողմի դէմ, այլ կը ծառայէ տարածաշրջանին մէջ նոր պատերազմի հրահրման հաւանականութեան նուազեցման։ Իսկ Մոսկուայի այս արձագանգը ուղղակի կու գայ վկայելու, թէ ի՛նչ են իր իսկական շահերը։ Հաստատապէս, այդ մէկը տարածաշրջանի տեւական եւ համապարփակ խաղաղութիւնը չէ, այլ ընդհակառակն՝ թշնամանք, անորոշութիւն, քաոս եւ, ամենակարեւորը՝ տեղեկատուական դատարկութիւն յառաջացնելը, ինչ որ թոյլ կու տայ գործի դնել ռուսական քարոզչութիւնը եւ ապատեղեկատուութիւը ընդդէմ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արեւմուտքի։ Ըստ էութեան, փաստը այն է, Հայաստանն ու Եւրամիութիւնը ճշդած են շահերու, նպատակներու եւ արժէքներու ընդհանրութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ, ընդհանրապէս, մինչդեռ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ չկայ անոնցմէ որեւէ մէկը։ Հիմա, բնականաբար, Ռուսաստան կը փորձէ շարունակել Ատրպէյճանը օգտագործել՝ որպէս թնդանօթ ընդդէմ Հայաստանի, սակայն, Ալիեւ քաջ կը գիտակցի, որ այդ կրակոցի քաղաքական գինը ինք պիտի վճարէ։ Իսկ պարզ հաշուարկը ցոյց կու տայ, որ Պաքու պատրաստ չէ այդ գինը վճարելու՝ մանաւանդ, երբ ան հետզհետէ կը թանկանայ եւ ա՛լ աւելի պիտի թանկանայ։ Ահա՛, թէ ինչն է, որ կը բարկացնէ Մոսկուան։ Ասոր պէտք է շատ հանգիստ, փիլիսոփայօրէն վերաբերիլ եւ շարունակել կատարել բոլոր քայլերը, որոնք կը բխին մեր շահերէն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան շահերէն։

-Հայաստան վերջին ժամանակներուն կտրուկ մօտեցումներ ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի վերաբերեալ։ Վերջին քայլը ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնէն հրաժարիլն էր։ Այս քայլերուն մէջ կա՞ն որոշ վտանգներ, թէ այդ քայլը միայն դրական ցոլքեր պիտի ունենայ երկրին համար։ Դրականի մասին խօսելով հարկ է, անշուշտ, դիտարկել այս խնդրով Արեւմուտքի մեծ փափաքները՝ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու վերաբերեալ։

-Հայաստանի ձեր վկայակոչած կտրուկ մօտեցումները հետեւանքն են այն քաղաքականութեան, որ որդեգրած է Փութինի Ռուսաստանը իրեն դէմ։ Այդ քաղաքականութիւնը ուղղուած է Հայաստանը ուժասպառ ընելու՝ յետագային կլանելու նպատակով, ինչպէս որ է պարագան այլ յետխորհրդային երկիրներու. օրինակ՝ Վրաստան, Սպիտակ Ռուսիա, նոյնիսկ Ատրպէյճան կամ Ուքրայնա։ Այս վերջնոյն դէմ Ռուսաստան յանցաւոր պատերազմ մը սանձազերծած է։ Այն ճակատագիրը, զոր մեզի համար նախագծած է Ռուսաստան, բնականաբար, չի կրնար մեր կողմէ ընդունուիլ եւ բնական է, որ այդ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ քաղաքականութեան բոլոր գործիքները. ինչպէս՝ ՀԱՊԿ-ն եւ ո՛չ միայն՝ Հայաստանի կողմէ կ՚ընկալուին եւ պիտի ընկալուին որպէս սպառնալիք։ Պարզ է, որ պիտի փորձենք հնարաւորինս հեռու մնալ սպառնալիքի այդ աղբիւրէն։ Ուստի, Հայաստանի քայլը պէտք է դիտարկել ա՛յս պարունակին մէջ եւ ակնկալել, որ այն իր շարունակութիւնը ունենայ, քանզի մեր անդամակցութիւնը այդ կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿ-ին ո՛չ միայն իմաստազրկուած է, այլեւ վերածուած՝ խոչընդոտի, Հայաստանի նոր, հեռանկարային գործընկերներու հետ անվտանգային եւ պաշտպանական գործընկերութիւն հաստատելու ճանապարհին վրայ։ Ի հարկէ, այստեղ ռիսքեր կան, սակայն, Հայաստան նոյնիսկ տեսականօրէն չունի առանց ռիսքի որեւէ տարբերակ։ Հետեւաբար, այլընտրանքները այս տարբերակներն են։ Անոնք ռիսքի հետ միասին նաեւ հնարաւորութիւն կը պարունակեն՝ մանաւանդ, երբ ակնյայտ է, որ հինի անշարժութեան յանձնուիլը ուղղակի յետաձգուած կործանում կը նշանակէ, ինչպէս նաեւ կորսուած հնարաւորութիւններ, պատմական առիթի մսխում եւ այլն։ Իսկ սա կը նշանակէ, որ առաջին հերթին այդ մե՛զի պէտք է եւ մե՛զի կը վերաբերի, անկախ անկէ, թէ Ռուսաստան որքան բացասաբար կը վերաբերի անոր դէմ, իսկ Արեւմուտքը՝ որքան դրական։

-Միւս կողմէ եւ վերադառնալով Ուքրայնայի պատերազմական իրավիճակին… Ձեր կարծիքով, Ռուսաստանի կողմէ համաշխարհային բեւեռ մը ստեղծելու պատրանքները սպառա՞ծ են արդէն, թէ այդ առումով շատ կարեւոր կրնայ ըլլալ Չինաստանի կողմէ նոր դիրքորոշումի մը յայտնուիլը։

-Ուքրայնայի դէմ պատերազմ սանձազերծելու՝ Փութինի վարչախումբին գաղափարը այն աստիճանի ակնյայտ վնասակար էր, որ, ճիշդն ըսած, մինչեւ վերջին պահը ես չէի հաւատար, որ ան կրնայ երթալ նման ինքնասպանութեան քայլի մը՝ անկախ իմ ի սկզբանէ վերաբերմունքէս։ Սակայն, ցաւօք, այդ մէկը տեղի ունեցաւ եւ տեղի ունեցաւ նաեւ անոր օրինաչափական հետեւանքը։ Ռուսաստան ինք իսկ նախաձեռնեց եւ արագացուց իր իսկ կործանումը՝ յանձնուելով այդ «նոր բեւեռ» ձեւաւորելու, Արեւմուտքի դէմ անմիտ առճակատման իր ամբողջ պաշարը տրամադրելու, անոր ուղղակի անհամարժէք բացատրութիւններ տալու քաղաքականութեան։ Ռուսաստան կը ձգտի Ուքրայնայի «ֆինլանտացման»՝ մինչդեռ ստացաւ Ֆինլանտիայի «ուքրանացում», Շուէտինն ալ՝ վերադիր, իր դիմաց ստանալով Եւրոպայի լաւագոյն բանակը, որու մէջքին Ռամշթայնի դաշինքն է՝ միաւորուած 50 եւ աւելի երկիր, որոնց տնտեսութիւնները հաւաքականօրէն կը կազմեն համաշխարհային տնտեսութեան աւելի քան երկու երրորդը՝ արհեստագիտութեան յառաջատար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ։ Մէկ տարի շարունակուող պատերազմին հետեւանքով Ուքրայնա ազատագրած է կորսնցուցած տարածքներու մօտ կէսը, իսկ յառաջիկայ շաբաթներուն կը նախապատրաստէ լայնածաւալ հակայարձակում մը, որուն իբրեւ արդիւնք, արդէն իսկ 150 հազար զոհ տուած ռուսական բանակի ողնաշարը պիտի կոտրի։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Չինաստանին, ապա դժուար է պատկերացնել, որ չինացի ղեկավարները չեն հաշուարկեր, թէ ինչ աղէտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ միլիառանոց երկրին համար, եթէ փորձէ Ռուսաստանին զէնք մատակարարել։ Անոր մասին ուղիղ խօսելով զգուշացուցած են Ուաշինկթընէն եւ կը թուի, թէ Փեքին այդ նախազգուշացումներուն շատ լուրջ կը վերաբերի։ Յամենայնդէպս, Չինաստանի մասով՝ կ՚ապրինք եւ կը տեսնենք։

-Խօսինք նաեւ ներքին ճակատի վրայ նախատեսուող զարգացումներուն մասին։ Ի՞նչ կը խորհիք՝ արդարանալի՞ են ընդդիմութեան ակնկալութիւնները՝ կապուած Ռուսաստանէն կանաչ լոյսի մը, որ, անշուշտ, զուգակցուած պէտք է ըլլայ Ուքրայնայի ճակատին վրայ ռուսական դրական տեղաշարժով։ Այլ խօսքով, Հայաստանի ընդդիմութիւնը անկիւն մը նստած կը սպասէ ռուսական կանաչ լոյսին։ Պիտի վառի՞ այդ լոյսը, մտահոգութիւններ ունի՞ք։

-Այդ խումբերը, որոնք իրենք զի-րենք ընդդիմութիւն կը կոչեն, այդ լոյսին կը սպասեն շատ վաղուց, դեռ 2018-էն՝ մինչդեռ իրենք չեն հասկցած, որ Ռուսաստան իրենց համար այդ լոյսը մշտապէս վառ պահած է եւ կը պահէ։ Այլ հարց է, որ այդ լոյսը անոնց ոչինչով կ՚օգնէ եւ պիտի չօգնէ, քանզի անոնք մերժուած են հայ ժողովուրդին կողմէ, ինչ որ զիրենք ուղղակի անպէտք կը դարձնէ ռուսերուն համար։ Ռուսաստան աւանդաբար միշտ կը նախընտրէ իր նպատակներուն հասնիլ այլոց ձեռքերով, այդ նպատակով ձեւաւորելով «փրոքսի»ներու ցանցեր։ Սակայն, յաջողութեան համար Ռուսաստան գոնէ նուազագոյն համակրանքի պաշար մը պէտք է ունենայ հասարակական զանազան շերտերու մէջ։ Սակայն, փաստը այն է, որ իր քաղաքականութեան հետեւանքով, Մոսկուայի առջեւ բացուած է իր նախկին ազդեցութեան աւերակներու համայնապատկեր մը եւ այդ մէկը Քրեմլինի ներկայ վարչախումբն է, ինչ որ գործնականօրէն անվերականգնելի է։ Չեմ բացառեր, որ գարնանային արեւը որոշ խումբերուն գայթակղեցնէ փողով դուրս գալու եւ ինչ-ինչ քաղաքական կամ մերձքաղաքական խօսքեր արտաբերելու, սակայն, սա որեւէ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ հանրային տրամադրութիւններուն վրայ։ Իսկ տրամադրութիւնները յայտնի են, այդ ուժերը մէկընդմիշտ մերժուած են, ինչպէս եւ մերժուած է իրենց «գաղափարական հայրը». յանձինս՝ Քրեմլինի ներկայ տիրակալը։

-Մենք նաեւ կը նկատենք Ռուբէն Վարդանեան անունով նոր խաղացող մը, որ մեծ հաշուով կը համարուի ռուսական ծրագիր։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին։

-Ռուբէն Վարդանեան՝ որպէս քաղաքական գործօն, գոյութիւն չունի եւ մեծ հաշուով ոչ ալ կ՚ունենայ։ Մոսկուա անոր խաղի մէջ մտցուց կարճաժամկէտ խնդիր մը լուծելու համար, հասաւ իր նպատակին եւ ձեռքերը լուաց։ Իսկ խնդիրը այն էր, որ խափանուի Ուաշինկթընի մէջ Գրիգորեան-Սալըվըն-Հաճիեւ ձեւաչափով ձեռք բերուած պայմանաւորուծութիւնը, ըստ որում Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է կնքեն խաղաղութեան պայմանագիր՝ հիմնուած 1991 թուականի Ալմաթըի հռչակագրի եւ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան վրայ, իսկ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ միջազգային, առաջին հերթին ամերիկեան հովանիին ներքոյ ձեւաւորուի երկխօսութեան ձեւաչափ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու օրակարգով։ Սա անցեալ տարուան սեպտեմբերի 27-ին էր։ Անկէ ետք Արցախի մէջ կը յայտնուի Ռուբէն Վարդանեան, որ կը սկսի երկիմաստ յայտարարութիւններով քարեր նետել Երեւանի վրայ, իսկ Պաքու պատրուակ կը ստանայ՝ Ուաշինկթընի պայմանաւորուածութիւնը շրջանցելու։ Անկէ ետք ի յայտ կու գայ «բնապահպանական» կեղծ օրակարգ մը եւ Լաչինի միջանցքի՝ Ռուսաստան-Ատրպէյճան, ըստ էութեան, շրջափակումը, իսկ յաջորդած դէպքերու ընթացքը յայտնի է։ Մինչդեռ Մոսկուա իր կարճաժամկէտ հարցերը լուծելէ ետք, արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի շուրթերով, ուղիղ ձեւով յայտարարեց. «Գործարար Վարդանեանին հետ Ռուսաստան որեւէ առընչութիւն չունի»։ Հետեւաբար, այլեւս միեւնոյնն է, որ քաղաքական հարթութեան վրայ ի՛նչ կ՚ըսէ կամ ինչ կ՚ընէ Ռուբէն Վարդանեան, ան ժողովրդական յենարան չունի Հայաստանի կամ Արցախի մէջ։

-Ամէն առիթով, որ կը խօսինք կամ անդրադառնանք Հարաւային Կովկասի ընդհանուր դրութեան, մտավախութիւններ յառաջ կու գան, թէ այս անգամ ալ Արեւմուտքը պիտի լքէ այս տարածքը եւ Հայաստանի ճակատագիրը պիտի վերադարձնէ զերօ կէտի մը կամ այլ խօսքով՝ Հայաստանը յանձնէ Ռուսաստանին։ Այս մասին ի՞նչ կը խորհիք։

-Վստահ եմ, որ այս բոլորը պատմական վախեր են, անոնք, ի հարկէ, միանգամայն բացատրելի են, սակայն աղերս չունին ժամանակակից աշխարհին հետ։ Հարիւր տարի առաջ թէ՛ մենք ուրիշ վիճակի մէջ էինք, թէ՛ Արեւմուտքը, թէ՛ Ռուսաստանը, թէ՛ ուժերու յարաբերակցութիւնը, թէ փիլիսոփայութիւնը եւ արժէքները, որոնցմով միջազգային կառոյցները կ՚առաջնորդուին։ Դարաշրջանը փոխուած է, մարդիկ փոխուած են, ներկայ հնարաւորութիւնները այլ են, անոնցմէ պէտք է օգտուիլ ի նպաստ մեր պետականութեան։ Հայաստան ունի այդ ներուժը՝ դէպքերու ընթացքը իր շահերու հունին համապատասխանեցնելու համար։

-Նկատեցինք Վրաստանի մէջ բաւականին լուրջ իրադարձութիւններ, որ կարծես թէ այս փուլին հանգուցալուծման մը յանգեցան։ Խնդիրը, սակայն, խորքային խաղ մը կը թուի ըլլալ, անոր հերոսը դարձեալ Ռուսաստանն է։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի հարեւան Վրաստանի մէջ կատարուած զարգացումները եւ այդ առումով Հայաստան կրնա՞յ վնասներ կրել։

-Վրաստան ո՛չ միայն մեր բարի հարեւանն է՝ պատմութեան դասագիրքի առաջին իսկ էջէն, այլեւ կեանքի ճանապարհն է դէպի քաղաքակիրթ աշխարհ։ Բաց աստի, Հայաստան եւ Վրաստան երկու ժողովրդավարական կղզիներն են մենատիրական ովկիանոսին մէջ։ Վրացի հասարակութիւնը, ներառեալ Վրաստանի բազմաթիւ հայեր, ատրպէյճանցիներ՝ զգալով ժողովրդավարութեան եւ ազատութիւններուն դէմ ուղղուած սպառնալիքը, իշխանութիւնները ստիպեցին ետ կանգնելու իրենց իսկ նախաձեռնութենէն, որ կոչուած էր «ռուսական օրէնք»։ Սա լաւ նորութիւն մըն էր Հայաստանի եւ հայկական ժողովրդավարութեան համար։ Ես առիթն ունեցայ շնորհաւորելու իմ բազմաթիւ վրացի ընկերներս եւ բաժնեցի անոնց ուրախութիւնը՝ այդ բոլորը առանց արիւնահեղութեան եւ զոհերու աւարտելու համար։ Որովհետեւ կ՚առաջնորդուիմ այն կանխադրոյթով, որ այն, ինչ որ լաւ է Վրաստանի համար՝ լաւ է նաեւ Հայաստանի համար եւ ընդհակառակն։ Նոյնն է՝ սպառնալիքի պարագային։ Ներկայիս, հաշուի առնելով այն փոփոխութիւնները, որոնք արդէն իսկ տեղի ունեցած են եւ անպայման տեղի կ՚ունենան մեր տարածաշրջանին մէջ՝ անհրաժեշտ է հայ-վրացական յարաբերութիւններուն հաղորդել ռազմավարական մակարդակ եւ բովանդակութիւն՝ յենլով մեր շահերուն, նպատակներուն եւ արժէքներուն, ինչպէս նաեւ ապագայի տեսլականներու ընդհանրութեան վրայ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մարտ 18, 2023