ՅԵՏՑՆՑՈՒՄՆԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍԻ ՈՒՐՈՒԱԳԾՈՒՄԸ

Նաւահանգիստի պայթումին՝ պատահար թէ՞ ծրագրաւորուած խափանարարութիւն ըլլալու իրականութեան բացայայտումը կը թուի, որ երկրորդական նշանակութիւն կը ստանայ: Քաղաքական տրամաբանութեամբ նման իրավիճակ դուռ կը բանայ քաղաքական մեծ քայլերու, նոր գործընթացներու: Որքան ալ ոչ բարոյական հնչէ, այնուամենայնիւ լայնածաւալ եւ աշխարհի ուշադրութիւնը իր վրայ կեդրոնացուցած պատահարներ լիարժէք կ՚օգտագործուին աշխարհաքաղաքական ծրագիրներ գործարկելու:

Այս պատճառով ալ իրականութեան բացայայտումէն աւելի շահագրգիռ է հետաքննութեան լիբանանեա՞ն, թէ՞ միջազգային բնոյթը: Իրաւամբ թէ քաղաքականացուած մօտեցումով, եթէ անհրաժեշտ է աւելի հեղինակազրկել արդէն իսկ վարկաբեկուած պետութեան այս պարագային արդարադատութեան համակարգը, ապա ուրեմն թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին առումներով պիտի սաստկանան հետաքննող մարմիններու միջազգայնացման պահանջները:

Միայն հետաքննութիւնը չէ, որ միջազգային շահագրգռութիւն կամ նոյնիսկ մասնակցութիւն կրնայ ստանալ: Աղէտին անմիջապէս հետեւած մարդասիրական միջազգային ծրագիրները այդ բնոյթով պիտի չսահմանափակուէին: Դիւանագիտական եռուզեռը պիտի սկսէր օժանդակութիւններու պայմանականութիւնը յիշեցնելով. վերանորոգման մեծ ծրագիրներ ստանձնելու մրցապայքար մը՝ նաւահանգիստէն սկսեալ մինչեւ ենթակառոյցներ, հասնելու համար պետութեան կողմէ քաղաքացիական տարրական ծառայութիւններու տասնամեակներէ ի վեր առկախ մնացած ծրագիրներու ստանձնումին:

Վերականգնումը, շինարարութիւնը, ելեկտրականութեան չարչրկուած թղթածրարի ստանձնումը կամ նման անլոյծ մնացած եւ ապաշնորհ վարչակառավարման վերագրուող հանգոյցներու լուծման ուղիներու մատնանշումը կ՚ենթադրեն, որ ֆինանսական եւ տնտեսական պաշարումի օղակներու թուլացման միտումներ գոյութիւն ունին:

Կառավարութեան հրաժարականը եւ տակաւին վարչապետութեան պաշտօնին նոր թեկնածուի շուրջ համաձայնութիւն չկայանալը, լիբանանեան դրամանիշի համեմատական արժեւորման կամ օտար արժոյթի նուազեցման միտումները կը խօսին այդ պաշարման թուլացման նախադրեալներուն մասին՝ հերթական անգամ հետեւողը համոզելով շրջափակումի ետին կանգնած աշխարհաքաղաքական որոշումներուն առկայութեան գծով:

Պարզ են ուղերձները. տարածքաշրջանին մէջ իւրաքանչիւր գլխաւոր դերակատար այս անգամ նոր իրավիճակի ձեւաւորման մէջ կը փորձէ ստանձնել իր բաժինը՝ նախանշելով Լիբանանի նկատմամբ ընդհանուր գիծերու մէջ համաձայնեցուած միջազգային ծրագիր մը:

Ֆրանսական միջնորդութիւնը տեսանելիօրէն յառաջատար դերակատարութիւն կը վերապահէ անոր. սակայն բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով եւ յատկապէս այս պարագային Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ներկայացնողներու յայտարարութիւններն ու այցելութիւնները, կարելի է ենթադրել, որ Փարիզը բոլորովին ինքնուրոյն չի շարժիր այս ուղղութիւններով:

Քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումի առաջադրանքները երբ կտրուկ անցում կատարեցին քաղաքացիականէն քաղաքական, արծարծեցին հետեւողականօրէն նախորդ կառավարութեան հրաժարական, անկուսակցականներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն եւ ապա արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, յանգելու համար համակարգային փոփոխութեան:

Այդ պահանջները դեռ հեռու են վերջնակէտէն: Հատած են սակայն որոշ եզրագիծեր: Թէեւ ոչ անմիջական, այդուհանդերձ անտեսանելի չեն խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները: Միջազգային ընտանիքը այժմ ունի Լիբանանի մէջ ժողովրդային ենթահող՝ արտաքին-ներքին առաջադրանքները համատեղելու:

Լիբանանի քաղաքական քարտէսի վերագծման ծրագիրի մը շրջանակը սկսած է երեւիլ: Իսկ արմատական փոփոխութիւններու մեկնարկին կը նախորդեն մեծ ցնցումներ: Անոնք ըլլան պատահար թէ ծրագրաւորուած:

Լիբանանը կարեւոր երկընտրանքի առջեւ է: Յետցնցումնային իրավիճակը ներլիբանանեան համախմբումով յաղթահարելու եւ նոր ուղի դուրս բերելու երկիրը կամ վերստին յանձնուելու հեռակառավարման եղանակին՝ պետական հրապարակը յանձնելով արտաքին գլխաւոր դերակատարներու:

Քաղաքական իրատեսութիւնը կը յուշէ, որ առաջին ընտրանքը իր բացարձակին մէջ իրականանալի չէ: Պաշտօնական Պէյրութին պարտադրուած երեք օրակարգ կը ճնշեն եւ ապաշրջափակումը կը պայմանաւորեն: Իրանական յենակէտերու ապապետականացումն ու զինաթափումը, ընդծովեայ ուժանիւթի օգտագործման համար սահմանազատումը եւ պաղեստինցիներու բնակեցումը: Այս զիջումներու մասնակիութեան կամ ամբողջականութեան համաչափ կ՚ընթանան նաեւ ապաշրջափակման կամ դրամական յատկացումներու հոսքերը:

Հայկական ոսպնեակը անպայման նկատի կ՚ունենայ միջազգային շահագրգռուածութեան տարողութիւնները, տարբեր պետութիւններու միջամուխ ըլլալու հանգամանքները, միջազգային ծրագիրի իրականացման հաւանականութիւնները, Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ նկրտումներուն դիմաց ցցուող հանգամանքները եւ ի վերջոյ քաղաքական վերագծուող քարտէսին մէջ հայկական գործօնի դերին ազդեցիկութեան հետ կապուած խնդիրները:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Խմբագրական «Ազդակ»ի, Պէյրութ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 18, 2020