ԱՌՕՐԵԱՅ ԱԿՆԱՐԿՆԵՐ

ԱՅԳԻԻՆ ՄԷՋ

-Ա՛ն ճան, մարդ երբ մի տեղ է գնում, էնտեղ ապրում, ընտելանում սովորոյթներին..., էդ երկրի մարդկանց նման է խօսելու. էնպէս չի՞:

Նիւթը բացաւ հարեւանս, երբ երեկոյեան շրջապտոյտի ելած էինք մօտակայ այգին:

-Այո՛, հարկաւ, եթէ...,- «Այո»ս լսածին պէս, առանց շարունակութեան սպասելու՝

-Պա դու ինչի՞ մեզ նման չես խօսում...

Նախապատրաստուած հարցումը դուրս թռաւ բերնէն հարեւանիս, իսկ պատասխանը զուգադիպութեամբ կերպարանք ստացաւ դէմս, եւ՝

-Մեզ կը նկարէ՞ք այս յուշարձանին քով:

Առձեռնս տալով խնդրեցի քովէս, այդ վայրկեանին, անցնող աղջնակէ մը, ապա լուսանկարուելէ ետք յուշարձանին դառնալով.

-Տեսա՞ր. Աբիսողոմ աղան է, լսե՞ր ես իր մասին,- հարցուցի հարեւանիս:

-Ո՞նց չէ, Ան ճան, Յակոբ Պարոնեանի հերոսը չի՞:

-Իսկ ի՞նչ լեզուով կը գրէր Պարոնեանը...

Հարցումին պատասխանը ստացաւ կարծես եւ իր առձեռնին ձայնը լսելով, բացաւ ու տեսաւ, իմ իսկոյն ղրկած, մեր քիչ առաջուան լուսանկարը՝ Աբիսողոմ աղային շուրջը:

ՄԱՆԿԻԿԻՆ ՀԱՐՑՈՒՄԸ

-Տա՛տ ճան, Վապշէն (ռուս. ընդհանրապէս) հայերէնով ո՞նց էր ասւում:

Մանկիկը տատիկին մօտենալով կամացուկ մը հարցուց:

-Ինչի՞, բալէս:

-Մեր սիրիահայ հարեւանին մի բան եմ ուզում ասեմ:

Շարունակեց շշուկով պատասխանել տատիկին, որպէսզի կողքին նստած սուրիահայ «հարեւան»ը չլսէ եւ մտածկոտ աչուկներով կարծես նախադասութեան անդամները լուռ կը միացնէր:

-Կ՚ասեմ, բալէս, բայց թող ռուսերէն սովորի, նրան շատ է պէտք գալու,- պատասխանեց տատիկը:

ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ՓԱՓԱՔԸ

-Բարի տարեդարձ, աղուո՛ր տղայ:

Շնորհաւորեց երեւանաբնակ քեռին պէյրութաբնակ քրոջ պատանի զաւկին տարեդարձը, եւ՝

-Այսօր ինչ որ փափաքիս կ՚իրականանայ, գիտե՞ս: Ըսէ՛, տեսնեմ, ի՞նչ է փափաքդ,- շարունակեց քեռին քրոջը զաւկին տրամադրութիւնը բարձրացնել ջանալով:

-Կ՚ուզեմ, որ տոլարը առաջուայ գինը ըլլայ:

Պատասխանեց պատանին ընդհանրական այս փափաքը հաղորդելով:

ՍԵՓԱԿԱՆԱՏԷՐԸ

Առաջին սեփականատէրը չէ կարողացած իրականացնել մտապատկերը եւ վերակառուցել ամրոցը, վաճառած է երկրորդին, որ փրկած է փլատակ պատմամշակութային յուշարձանը եւ իրականացուցած առաջին սեփականատիրոջ չիրականացուցածը:

Մինչ պատմաբանը վրդոված կը յայտնէ՝

«Ո՞նց կարելի է նման պատմամշակութային արժէք ներկայացնող յուշարձան, ընդհանրապէս, յանձնել սեփականատէրերին»...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020