«ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՐԻ ԱՃԸ ՉՆԿԱՏԵԼ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԿԱՐՃԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ»

Հայաստանի օրակարգի առկայ հրատապ հարցերու լոյսին տակ, շօշափեցինք ռազմաքաղաքական հարցերու փորձագէտ Արմինէ Մարգարեանի տեսակէտը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք սահմանային իրավիճակը յատկապէս՝ Իրան-Ատրպէյճան լարուածութեան շրջագիծէն ներս:

-Իրանը անցեալ տարի Արցախի դէմ սանձազերծած Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումի ընթացքին արդէն իսկ պատրանք չունէր, թէ տարածքաշրջանը պիտի մնայ նոյնը՝ անկախ պատերազմի արդիւնքներէն: Անոր դրսեւորումը մենք տեսանք պատերազմի ընթացքին, երբ Իրանը բազմիցս ընդգծելով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կարեւորութիւնը, տարածքաշրջանային այցի ծիրէն ներս հանդէս եկաւ իր ուրոյն առաջարկով, որ այդպէս ալ միս եւ արիւն չստացաւ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու փոփոխութիւնը, իր սահմաններուն մօտ ահաբեկիչներու ներկայութիւնը, 12 մայիսին Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելը, Ատրպէյճանի կողմէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը» օրակարգ դարձնելու փորձերը Իրանի համար յառաջացուցած են այնպիսի մարտահրաւէրներ, որոնք «կը պայմանաւորեն» Իրանի ներկայ քաղաքականութիւնը տարածքաշրջանին մէջ: Այստեղ չափազանց կարեւոր է այն հանգամանքը, որ հայկական եւ իրանական կողմերու շահերը ո՛չ միայն համահունչ են, այլեւ՝ կողմերը հետեւողականօրէն կը համատեղեն իրենց դիրքորոշումները, հետեւաբար նաեւ՝ քաղաքականութիւնը: Ասոր վառ ապացոյցն է երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Հիւսէյին Ամիր Ապտուլահիանի յայտարարութիւնները առ այն, որ կողմերը կարեւորութիւն կու տան «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրային միջանցք ստեղծելու մասին բազմակողմանի համաձայնագրի ստորագրութիւնն ու արդիւնաւէտ կիրարկումը, հաղորդակցական ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը, Գորիս-Կապան ճանապարհահատուածին այլընտրանք հանդիսացող ճանապարհի կառուցումը, ինչպէս նաեւ «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի շինարարութիւնը: Եթէ այս բոլորին գումարենք նաեւ Հնդկաստանի գործօնը, որ նոյնչափ անհանգիստ է «Թուրանական միջանցք»ի հնարաւոր գործարկմամբ, ուրեմն կրնանք փաստագրել, որ Իրան-Հնդկաստան դաշինքը պիտի ընէ առաւելագոյնը, որպէսզի Իրանի «Պարսից Ծոց-Սեւ ծով» եւ Հնդկաստանի «Հիւսիս-Հարաւ» աշխարհաքաղաքական տնտեսական խոշոր ծրագիրները իրականանան Հայաստանի տարածքով, ինչ որ իր հերթին պիտի յանգեցնէ Հայաստանի մէջ տնտեսական անվտանգութեան բաղադրիչի ամրապնդման, հետեւաբար նաեւ՝ տարածքաշրջանին մէջ իր քաղաքական դիրքերու ամրապնդման: Սահմանային իրավիճակը այսօր եւ վաղը, որպէս Արցախի վերջին պատերազմէն մնացած վատ ժառանգութիւն, մեծապէս պայմանաւորուած է վերոնշեալ տնտեսական ծրագիրներու արդիւնաւէտ ծրագրումով եւ իրականացմամբ։

-Ի՞նչ ակնկալել Փութին-Փաշինեան հանդիպումէն: Ի՞նչ է յառաջիկայ փուլին համար սպասելի գաղտնաբառը:

-Հայ-ռուսական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգը միշտ ուշագրաւ է իր յագեցածութեամբ: Միեւնոյն ժամանակ, հաշուի առնելով այն իրողութիւնը, որ պատերազմէն ետք Ռուսաստանի դերակատարութիւնն ու նշանակութիւնը տարածքաշրջանին մէջ շեշտակի վերելք ապրած է, ապա ուրեմն հայ-ռուսական ռազմաքաղաքական օրակարգը միտում ունի առաւել ընդլայնուելու եւ ներառելու տարածքարջանային եւ միջազգային այլ դերակատարներու շահերն ու հետաքրքրութիւնները ներառող հարցեր: Մեզի համար չափազանց կարեւոր է, որ այս բանակցութիւններու հետեւանքով արձանագրուի, որ 3+3 ձեւաչափը պիտի չփոխարինէ ԵԱՀԿ Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը: Ըստ այդմ, յառաջիկայ փուլի համար որպէս գաղտնաբառ ես կ՚առաջարկէի հետեւեալ բառային համակցութիւնը՝ կանխատեսելիութիւն, հաւասարակշռութիւն եւ դիմադրողունակութիւն:

-Արդեօք հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կ՚ակնկալէք դրական տեղաշարժ:

-Արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր իշխանութիւնները միշտ հանդէս եկած են Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման օգտին: Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հնարաւոր կարգաւորման վերաբերեալ ներկայ փուլը ուշագրաւ է շարք մը հանգամանքներով:

Տասնամեակներ շարունակ, Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան դիւանագիտական ճակատին վրայ ջանքեր գործադրած են Թուրքիան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ անմիջական դերակատար դարձնելու ուղղութեամբ: Այն ժամանակ չէին յաջողած, քանի որ ԵԱՀԿ Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափը միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ բանակցային ձեւաչափն էր եւ, Ատրպէյճանը թէպէտ ոչ-կառուցողական, այնուամնեայնիւ կ՚ընդունէր խաղի կանոնները եւ կը բանակցէր: Այսօր, երբ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտումներով եւ ուժի գործադրումով Ատրպէյճան վերականգնած է իր այսպէս կոչուած տարածքային ամբողջականութիւնը, միեւնոյն է հակամարտութիւնը տէ ֆաքթօ (փաստացի) եւ տէ իւրէ (իրաւական) դեռ կը մնայ չլուծուած: Այդ մասին կը վկայեն նաեւ համանախագահող երեք երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական դիրքորոշումները: Միեւնոյն ժամանակ, պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ դերակատարութիւնը՝ Ատրպէյճանին ցուցաբերած քաղաքական, ռազմական եւ դիւանագիտական աջակցութեան տեսքով, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ փաստացի տիրող իրավիճակը կը յուշեն, որ Թուրքիան եթէ ոչ ուղղակի, այլ միջնորդութեամբ պիտի շարունակէ ամրապնդել իր դիրքերը տարածքաշրջանին մէջ, ինչ որ այլեւս չնկատել տալը մեր կողմէն կ՚ըլլայ քաղաքական կարճատեսութիւն: Հետեւաբար, վերոնշեալ իրողութիւններու սթափ գնահատականը, Թուրքիոյ հետ հնարաւոր երկխօսութեան համար դրական օրակարգ ձեւաւորելը, որ ոչ միայն կը բխի մեր կարիքներէն, այլ նաեւ միտուած կ՚ըլլայ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման, ես արդէն կը համարեմ դրական տեղաշարժ:

-Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ համար շեշտակիօրէն կ՚առանձնացուի Հարաւային Կովկասը որպէս մէկ «միացեալ ծրար»: Արդեօք յառաջիկայ փուլին մենք պիտի նկատենք, որ Կովկասի խաղաղութեան նոր գործընթացներ իրօք տեղի պիտի ունենան եւ Հայաստանը ի՞նչ դիրք պիտի որդեգրէ այդ բոլորին առընթեր:

-Կը կարծեմ, որ նախ եւ առաջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի կողմէ առաջարկուող 3+3 ձեւաչափը ձեւակերպումն է ձեր մատնանշած խաղաղութեան նոր գործընթացներու, ուր Արեւմուտքը որեւէ կերպ ներկայացուած չէ: Իրանին սա նոյնպէս կու տայ հնարաւորութիւն ինքնադրսեւորուելու, տարածքաշրջանային գործընթացներէն ետ չմնալու, փորձելու կառավարել Ատրպէյճան-Իսրայէլ հետզհետէ ամրապնդուող ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւններէն բխող վտանգները, ինչպէս նաեւ զսպելու Թուրքիա-Ատրպէյճան-Փաքիստան տարածքաշրջանային եռեակի ախորժակը: Հայաստան պէտք է գործադրէ առաւելագոյն ջանքեր՝ բացառելու համար Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու շրջածիրէն ներս առկայ խնդիրներու տեղափոխումը այս ձեւաչափ, քանի որ ատիկա փակուղի տանող ճանապարհ է: Մենք այստեղ ուժեղ չենք կրնար ըլլալ: Մեր հնարաւորութիւնները միջազգային իրաւունքի դաշտին մէջ են եւ բազմազանութեան՝ արտաքին քաղաքականութեան մէջ:

-Իմ նշած խաղաղութեան օրակարգին հետ զուգահեռ մենք կը նկատենք Ալիեւի ռազմական հռետորաբանութիւնը: Այդ ո՞ւր կրնայ տանիլ եւ յանգեցնել: Ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Պաքուէն հնչած ռազմատենչ եւ ոչ-բարենպաստ յայտարարութիւնները: Մտավախութիւններ ունի՞ք:

-Պաքուէն հնչած ռազմատենչ յայտարարութիւնները ունին արտաքին եւ ներքին շահառուներ: Ներքին շահառուն Ատրպէյճանի ժողովուրդն է, որ դժգոհ է պատերազմի արդիւնքներէն: Փաստացիօրէն այսօր Արցախը, բացառութեամբ Շուշիէն եւ Հադրութէն, չի գտնուիր Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Առաւել՝ Ռուսաստանի խաղաղապահները կ՚ապահովեն հրադադարի դրութեան պահպանումը եւ արցախահայութեան գոյաբանական անվտանգութիւնը: Եթէ այս ամէնուն վրայ գումարենք նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն հնչող յայտարարութիւնները առ այն, որ հակամարտութիւնը լուծուած չէ եւ այն պէտք է լուծուի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի ներքոյ, բանակցային ճանապարհով, ուրեմն դժուար չէ կռահել, թէ Ալիեւ իր ռազմատենչ յայտարարութիւններով ինչպիսի օրակարգի կը փորձէ սպասարկել: Ինչ կը վերաբերի արտաքին շահառուին, ատիկա առաջին հերթին Հայաստանն ու Արցախն են: Ատրպէյճանական կողմը հետեւողականօրէն պատերազմի արդիւնքները շահագործելով զուգահեռաբար միտում ունի մեզ վախցնելու եւ ստիպելու համաձայնիլ իր կեղծ խաղաղութեան օրակարգին, ինչպէս նաեւ հայաթափելու Արցախը:

-Շատ կը խօսուի, որ արտաքին քաղաքականութեան հրապարակին վրայ Հայաստանը կը ներկայանայ «զերօ համար»ով, այսինքն ո՛չ մէկ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ ոք մեզի հետ հաշուի կը նստի եւ խնդիրները կը լուծուին անկախ մեր ներկայութենէն ու կամքէն: Մենք քաղաքական առումով դէպի ո՞ւր կ՚երթանք: Այլ խօսքով՝ մինչ իշխանութիւնները կերպով մը կը յաջողին պահել իրավիճակը վերահսկողութեան տակ, սակայն անդին միջազգային թատերաբեմին վրայ ո՛չ մէկ քաղաքական միաւոր կը ներկայացնեն, որպէս պետական միաւոր։

-Ես ամենեւին համաձայն չեմ այդ պնդումներուն հետ: Պատերազմի հետեւանքները ողբերգական են ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլ նաեւ՝ ողջ հայութեան համար: Մենք կրած ենք ռազմական, քաղաքական, տարածքային, մարդկային եւ բարոյահոգեբանական լուրջ կորուստներ: Այս իրավիճակին մէջ նոյնիսկ ամենահզօր պետութիւնները չէին կարողանար անմիջապէս ինքնակազմակերպուիլ եւ ընդգծուած ենթակայութիւն դրսեւորել: Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշեցի, մենք ականատեսն ենք Հայաստան-Իրան դիրքորոշումներու եւ քայլերու համատեղիութեան, Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման միտուած գործընթացներուն, Հայաստան-Ռուսաստան ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններու շարունակականութեան, Եւրոպական Միութեան կողմէ աննախադէպ չափի գանձատրական ներդրումային ծրարի, ինչպէս նաեւ հայկական զինեալ ուժերու արդիականացման ուղղուած քաղաքականութեան մշակման: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, մեր պետական եւ ազգային շահերը սպասարկելու յաջողութեան թիւ մէկ գրաւականն է բազմաուղղութեամբ, կանխատեսելի արտաքին քաղաքականութիւնը՝ համեմուած գերաշխոյժ եւ յարձակողական դիւանագիտութեամբ եւ միջազգային իրաւունքի ընձեռած հնարաւորութիւններու օգտագործմամբ:

-Ի՞նչ կը մտածէք Արցախի ապագային մասին։ Խաղաղապահներու հարց, Արցախը Ռուսաստանի կազմին միացնելու մասին խօսքեր, հայաթափութեան մտավախութիւններ։ Ի՞նչ տեսակէտներ ունիք այս առումով։

-Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն որեւէ հիմք չեմ տեսներ Արցախը Ռուսաստանին միացնելու համար: Ռուսաստանը բնականաբար պէտք է շահագրգռուած ըլլայ պահպանելու իր ներկայութիւնը Արցախի մէջ, ինչ որ փաստացի կը նշանակէ նաեւ Ռուսաստանի դիրքերու առաւել ամրապնդում տարածքաշրջանին մէջ: Մենք նոյնպէս շահագրգռուած պիտի ըլլանք ռուսական ներկայութեան պահպանմամբ, քանի դեռ չենք ամոքած մեր վէրքերը վերջին պատերազմէն եւ չենք վերականգնած մեր ուժերը:

Միեւնոյն ժամանակ, այսօր օրհասական է Արցախի հայաթափման խնդիրը, Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակ ունեցող քաղաքացիական անձերու վերադարձի խնդիրը, մշակութային ժառանգութեան կառոյցներու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ՝ հայկական հետքի մաքրումը Արցախէն առհասարակ: Հետեւաբար, մենք ոչ միայն պէտք է համախմբենք մեր ներքին եւ արտաքին միջոցները դիմակայելու համար ատրպէյճանական ռազմատենչ օրակարգը, այլ նաեւ՝ վերագտնելու մեր երբեմնի վստահութիւնը մեր ապագայի նկատմամբ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2021