ՔԵՐՔԻՒՔԷՆ…
Քերքիւքի մէջ 1938 թուականի մարտի առաջին օրը գրուած տողերով սկսաւ ամէն ինչ։
Ամէն ինչ, որ կ՚ըսեմ, այս շաբաթական սիւնակներուս մէջ ձեր տեսած ամէն ինչին կ՚ակնարկեմ. իմ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնս, ընկերամշակութային մարդաբանական հետազօտութիւնս Թուրքիոյ մէջ, եւ նոյնինքն յօդուածաշարքն այս։
2010-ի մօտերն էր, երբ յայտնաբերեցի, եղբայրներուս ու քրոջս հետ, հին տետր մը. հօրս դարակէն Գուրգէնը՝ փոքրիկ եղբայրս էր հանած, եթէ ճիշդ կը յիշեմ։ Մաշած, մոխրագոյն, կարծր կողքով տետր մըն էր, վրան անգլերէնով գրուած “Diary” (օրագիր)։ Մեծ հօրս հօր, Գուրգէնի ձեռամբ ինքնակենսագրական մը, գրուած (կամ սկսած) 1938 թուականի մարտ 1-ին, Իրաքի Քերքիւք քաղաքին մէջ. վերնագրեալ՝ «Ինքնակենսագրութիւնս՝ իմ սիրելի զաւկիս Բաբգէնին եւ ապագայ թոռնիկներուս համար։» Միտքէն չէր անցած, երեւի, որ ծոռներուն համար ալ կը գրէր։
Երկրորդ էջէն կը սկսէր պատմութիւնն իր կեանքի. «Ես ծնած եմ 1888 յունիս 29-ին, հին տոմարով։ Ակնայ Ապջուղայ կամ Ապուչեխ գիւղը»։ Մօտ քսան տարեկան նոր-երիտասարդիս համար այդքանն իսկ բաւարար էր, որ մէջս բան մը շարժէր ու մտքիս մէջ վերացական GPS մը կարծես դառնար դէպի Ակն, դէպի Ապջուղայ կամ Ապուչեխ, մղելով զիս այնտեղ։ Անշուշտ նախապէս լսած էի, որ ակնցի ենք. բայց Ակնայ ջուրը չխմած եւ թութը չկերած բերաններէ լսելը բա՛ն մըն էր, ինչքան ալ անկեղծ ու յուզական, Ակնը տեսած, Ակն ծնա՛ծ ու ապրած նախնիի մը ձեռամբ գրուած-ըսուածը՝ բոլորովին ուրիշ բան մը. այն օրէն ակնցի էի արդէն։
Եւ Ակն երթալու, Գուրգէնի ծնած մեծցած տեղը տեսնելու ցանկութիւն մըն էր արթնցեր մէջս։ Շարժապատկերի ուսանող էի այն ժամանակ. միտք ծագած էր մինակ ճամբորդել այնտեղ, վաւերագրական ֆիլմ մը նկարել այդ մասին. Գուրգէնի, Ակնի, մեր, իմ մասին։ Բանայի պիտի քարտէսներ, փնտռէի նկարներ հին ու ներկայ Ակնէն։ Աւելի՛ն, պիտի կապուէի Պոլիս (այո, կեանքիս մէջ առաջին անգամ), հեռախօսով զրուցէի «Ակօս»ի հայերէն բաժնի երբեմնի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի հետ, պատմէի իրեն ծրագրիս մասին, ու լսէի իրմէ, որ Ակնը «Ամենէն գեղեցիկ տեղն է այս երկրին»։ Այդպէս ալ, սակայն, պիտի չյաջողէի երթալ. առանց թրքերէնի իմացութեան միս մինակ Ակն գացողս ո՞վ էր…
Փորձարական կարճ ֆիլմս այնուամենայնիւ նոյն թեմայով նկարէի պիտի. ուղղակի հեռուէն՝ հին նկարներու, քարտէսներու, ընտանեկան ծառի, եւ անշուշտ նոյնինքն ինքնակենսագրութեան էջերու վրայ կեդրոնանալով։ Ճրագը պիտի չմարէր սակայն։ Ակն երթալու ցանկութիւնը պիտի մնար մէջս։
Եւ վերջապէս, մէկ-երկու տարի վերջ, երկու պէյրութահայ ընկերներու ընկերակցութեամբ, որոնցմէ մէկը՝ թրքագիտակ էր, առիթը պիտի ունենայի հասնելու Ակն, գտնելու գիւղը մեր, Ապուչեխը, Ապջուղան, նոր անունով Ափչաղան (Apçağa)։
Եփրատ գետի հարեւան բարձունքին վրայ թառած գիւղակն այդ հասնելու եւ Գուրգէնն այնտեղ փնտռելու պատմութիւնս կը փորձեմ վերյիշել ու պատմել ձեզի յաջորդիւ։ Քերքիւքի մէջ ցանուած, Պէյրութի մէջ ծլած մտքի եւ հոգու ճամբորդութիւնս հասցնենք իր սկզբնական ակին, ակունքին, Ակնին։ Հասնինք Ապուչեխ։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
•շար. 1
Հարթակ
- 03/12/2025