ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ. «ՇԱՏ ԼԱՒ ԳԻՏԷԻ, ՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿ ԾԱՆՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՍԼԱՔԸ ՊԻՏԻ ՉԿԵՆԱՅ»

Երեւանի մէջ զրուցեցինք Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի հետ։ Յայտնի հասարական գործիչ եւ հրապարակագիր Հրայր Ճէպէճեան մեր ընթերցողներուն ծանօթ անուն մըն է՝ իր պարբերական աշխատակցութիւններով։ Այս անգամ, սակայն, ան հայ իրականութեան հրատապ օրակարգի նիւթերուն շուրջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընթերցողներուն համար իր միտքերը պարզած է՝ պատասխանելով մեր հարցումներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր շահեկան յայտարարութիւնները։

*

-Ինչպէս գտա՞ք Հայաստանը, յատկապէս՝ աղէտալի պատերազմէն ետք առաջին անգամն է, որ հայրենիքի մէջ էք։

-44-օրուայ պատերազմէն ետք երբ առաջին անգամ գտնուեցայ Հայաստան եւ կը շրջագայէի Երեւանի փողոցներուն մէջ, նկատեցի, թէ կեանքը կը շարունակուի եւ իր բնականոն հունին մէջն է ու չզարմացայ...։ Չզարմացայ, որովհետեւ ես լիբանանահայ եմ եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ապրեցայ 1975-էն մինչեւ 1990-ը, ռմբակոծում, քանդում եւ այլն… Բայց եւ այնպէս, պատերազմի ընթացքին կեանքը չդադրեցաւ Լիբանանի մէջ, այլ կեանքերնիս կերտեցինք ու շարունակեցինք: Հետեւաբար, գիտէի, թէ Հայաստանի մէջ ալ պատմութեան սլաքը պիտի չկենայ եւ կեանքը պիտի շարունակուի: Բայց երբ Եռաբլուր գացի, հոն իսկական արհաւիրքը ու յետ-պատերազմեան Հայաստանի իրական պատկերը տեսայ։ Մէկ մէկ այցելեցի այդ շիրիմները, ինչքան երիտասարդ տղաք կորսնցուցած ենք, 19, 20, 22 տարեկան: Հոն հանդիպեցայ այցելողներու ու խօսեցայ անոնց հետ: Սահմռկեցուցիչ փորձառութիւն էր Եռաբլուրը: Կ՚երեւի հայ ժողովուրդի պատմութիւնն է, մեր մեծ ծնողները ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրեցան, մենք՝ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի արհաւիրքը, որ մինչեւ այսօր տակաւին կը շալկենք, նաեւ պէտք է ընդունինք, որ Հայաստանի իրավիճակը եւ 44-օրուայ պատերազմի արհաւիրքն ալ պիտի շալկենք, բայց պէտք է դուրս գանք այս վիճակէն, յաղթահարենք զայն ու շարունակենք ապրիլ:

-Զանազան հարթակներու վրայ խօսած էք Հայաստան-սփիւռք համակարգուած աշխատանքի կարեւորութեան մասին։ Այսօր ինչպիսի՞ փուլի մը առջեւ ենք. ձեր կարծիքով՝ երկու կողմերուն միջեւ օտարում մը կամ բեւեռացում կա՞յ։

-Իմ յարաբերութիւնս Հայաստանին հետ սկսաւ 1991-ին, երբ մեր երկիրը նոր անկախացաւ։ Մեր Աստուածաշունչի ընկերութեան կեդրոնական գրասենեակին կողմէ ուղարկուեցայ Հայաստան, այնտեղ ընկերութեան գրասենեակ հիմնելու համար եւ ամբողջ վեց տարիներու ընթացքին յաճախակիօրէն այցեր տուի: Սկիզբը զիրար չէինք հասկնար, ոչ թէ լեզուական իմաստով, այլ մտածողութեան, ապրելակերպի եւ կենցաղի առումով։ Բայց պէտք է ըսել, որ կամաց-կամաց տարբերութիւնները սկսան նուազիլ եւ սկսանք կամուրջներ հաստատել: Այն օրերուն տեղի կ՚ունենային Հայաստան-սփիւռք համաժողովներ, թէեւ մարդիկ կը քննադատէին այդ ժողովները կամ վերապահութիւններ ունէին այդ հաւաքներուն հանդէպ, որոնք իսկապէս հիմնաւորեցին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները եւ առիթ տուին զիրար աւելի մօտէն ճանչնալու բոլոր առումներով եւ բոլոր ուղղութիւններով: Սակայն, 44-օրուայ պատերազմէն վերջ չեմ կրնար ըսել, որ մենք նոյն վիճակի մէջ ենք, ետդարձ մը եղաւ, յարաբերութիւններու իմաստով այդ կամուրջները կտրուեցան: Մենք որպէս հայկական իրականութիւն, եռանկիւն ենք, այսինքն՝ Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք ու ներկայ իրավիճակին մէջ չեմ տեսներ, որ այն գիծերը, որոնք այդ եռանկիւնը կը միացնեն՝ ամուր հիմերու վրայ են: Ներկայ պահուն մեր ամենամեծ պարտականութիւնն է վերահաստատել այդ յարաբերութիւնները, ժամանակ տալ՝ որպէսզի զիրար կրկին հասկնանք, յատկապէս այս 44-օրուայ պատերազմէն ետք, որու պատճառով շատ բան փոխուած է: Այս իմաստով պէտք է երկուստեք աշխատանք տանինք, որպէսզի գիտնանք, թէ մենք ո՛ւր ենք այսօր, ի՛նչ են մեր ազգային, հայկական, հայաստանեան մարտահրաւէրները, սփիւռքեան ու տակաւին արցախեան մարտահրաւէրները ու քով քովի բերելով կարենանք կամուրջները վերահաստատել:

-Աշխարհին կը ներկայանանք՝ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն որդեգրած առաջին ազգը։ Ինչքանո՞վ քրիստոնեայ ազգ ենք եւ արդեօք մեր արժեհամակարգը վերանայման կարիք ունի՞։

-Այո՛, մենք որպէս հայ ժողովուրդ առաջին քրիստոնէական պետականութիւնն ենք եւ անով միշտ կը հպարտանանք եւ իրաւունք ալ ունինք հպարտանալու: Պէտք է ըսել, որ քրիստոնէութիւնը եւ մեր ազգային ինքնութիւնը ամբողջ պատմութեան ընթացքին միասին եղած են եւ մեր մշակոյթին կարեւոր հիմքը հիմնուած է մեր քրիստոնէական հաւատամքին վրայ: Այս իմաստով քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը իր կարեւոր դերը խաղացած է մեր ազգային ինքնութեան եւ ազգապահպանումի գործընթացին մէջ: Հիմա, անշուշտ, նոր օրերու մէջ ենք եւ աշխարհը շատ արագ կերպով կը փոխուի, նոր արժէքներ սկսած են թափանցել մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքին մէջ՝ թէ՛ Հայաստանի իրավիճակին եւ թէ սփիւռքի իրականութեան կապակցութեամբ։ Այս արժէքներուն դէմ չենք կրնար կենալ, որովհետեւ անոնք մեր տուները կը մտնեն ու կը թափանցեն մեր երիտասարդներուն ու պատանիներուն մէջ: Հետեւաբար, հոս շատ կարեւոր պարտականութիւն մը ունինք. պէտք է գիտնանք հաւասարակշռել այդ արժէքները եւ մեր ազգային ու քրիստոնէական հաւատամքները, նախ Հայաստանի բեմահարթակին, նաեւ նոյնքան սփիւռքի բեմահարթակին վրայ պէտք է քաղաքացիական դաստիարակութեան վերահաստատում: Այսօր Հայաստանի բեմահարթակին վրայ ունինք մեծ մտահոգութիւններ՝ կաշառակերութիւն կամ փտածութիւն, որոնք արդիւնք են քաղաքացիական դաստիարակութեան (ethics) պակասի եւ ասիկա է, որ պէտք վերահաստատենք: Մենք, որպէս առաջին քրիստոնէական պետականութիւն, պէտք է տեսնենք, որ Աստուածաշունչը եւ անոր դաստիարակութիւնը շատ կարեւոր եւ հիմնական դեր ունին մեր քաղաքացիական դաստիարակութեան վերահաստատումի եւ ամրապնդումին մէջ, այդ պատճառաւ նաեւ շատ կարեւորութիւն պէտք է տանք աստուածաշնչային դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական համակարգին: Այս չի նշանակեր, որ եւրոպական արժէքները բոլորովին չընկալենք, կամ անտեսենք, որովհտեւ արդէն թափանցած են մեր կեանքէն ներս, բայց պէտք է տեսնել, թէ որպէս քրիստոնէական հիմքեր ունենալու կոչուած պետականութիւն՝ ինչպէս պահպանել ազգային եւ քրիստոնէական արժեչափերը: Այդ պատճառաւ ալ քաղաքացիական դաստաիարակութեան վերըմբռնումը եւ վերահաստատումը մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ շատ կարեւոր տեղ պէտք է ունենայ։

-Պետութիւն եւ եկեղեցի. ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս երկու «հիմնարկներ»ը։ Ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր կ՚աւարտին իւրաքանչիւրին սահմանները։

-Հայ Եկեղեցին ազգային եկեղեցի է, գէթ հայաստանեան բեմահարթակին վրայ եւ ազգային եկեղեցին իր կարեւոր խօսքը, դերը եւ առաքելութիւնը ունի մեր հայկական իրականութեան մէջ. չեմ գիտեր, եթէ կրնանք սահմաններ դնել եւ ըսել, թէ ուրկէ կը սկսին անոնք եւ ուր կը վերջանան: Ձեւով մը եկեղեցին եւ պետութիւնը միասին կը քալեն, այս իմաստով իւրաքանչիւրը իր կարեւոր առաքելութիւնը ունի: Որպէս ազգային եկեղեցի ան իր ըսելիքը ունի մեր ազգային, քաղաքական, ընկերային մշակութային կեանքի եւ հիմնահարցերուն մասին, եկեղեցին չի կրնար լռելեայն մնալ, երբ հարցեր ու դժուարութիւններ կան: Աստուածաբանութիւնը եւ մեր պարագային քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը այնպէս չէ, որ կեանքի հետ առընչուած չէ եւ հեռու տեղ մը կեցած է, ընդհակառակն, քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կը մտնէ մեր հաւաքական կեանքին մէջ եւ ըսելիքներ ունի, որովհետեւ ազգային եկեղեցի է, պէտք է շատ աւելիով հիմնաւորէ իր ընելիք պարտականութիւնները: Պետութիւնն ալ իր կարգին պէտք է նոյն ձեւով շատ հաւանաբար ըսէ իր ըսելիքը եկեղեցւոյ նկատմամբ: Եկեղեցի եւ պետութիւն միասին ձեռք ձեռքի տուած կը քալեն եւ միասին կը գործեն՝ մեկնելով պատմական, նաեւ ներկայ այն իրավիճակէն, որ մենք այսօր ազգային եկեղեցի ենք, միասին պէտք է լուծել մեր ազգային շատ մը հիմնահարցերը եւ պարտականութիւնները:

-Հարաւային Կովկասի հայոց լեռնոտ Բարձրավանդակին վրայ ապրելով՝ հայութիւնը առհասարակ վտանգուած է «պաշարուած» ըլլալու բնական վտանգով։ Ի վերջոյ ի՞նչ պէտք է ընենք «խօսելու» կամ հասկնալու համար մեր «հարեւաններ»ուն լեզուն, մանաւանդ՝ որպէս քրիստոնեաներ մեծ մտավախութիւններ ունինք, թէ մեզ շրջապատող երկիրներու կրօնա-քաղաքական ընկալումները՝ ինչ-որ տեղ, ինչ-որ պատճառով կամ առիթով պատրաստ են «կլլել»ու մեզ։

-Դժբախտաբար մեր հայրենիքի աշխարհագրական դիրքը տարածաշրջանին մէջ այնպիսի տեղ մըն է, որ շրջապատուած ենք ոչ անպայմանօրէն բարեկամ երկիրներով: Այսպէս եղած ենք մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ ասով ալ պիտի շարունակենք ապրիլ, չենք կրնար հողը յանձնել ուրիշին եւ սփիւռք դառնալ, այդ մէկը անկարելի է: Ուրեմն, ապրելու համար մենք պէտք ունինք որպէս հայեր համախմբուելու, մեր ուժը մեր հաւաքական միտքին եւ հաւաքական ռազմավարութեան մէջ է: Քանի որ մեր դրացիներուն մէջ կան հակառակորդներ ու տակաւին կան երկիրներ, որոնց յարաբերութիւնները անկայուն են, հետեւաբար ներքին կարգով մենք այնպիսի համադրուած ձեւով պէտք է ներկայանանք այս երկիրներուն, որպէսզի որեւէ ձեւով խոցելի չըլլանք: Երբ մենք հակասութիւններու մէջ ենք, երբ մենք որպէս հայեր զիրար չենք «բռնած», դուրսինը շատ լաւ կը տեսնէ այդ իրավիճակը եւ շատ աւելի խոցելի կրնանք դառնալ: Իբր այդ, լաւագոյն լեզուն մեր հարեւան երկիրներուն հետ լաւագոյն լեզոուն՝ համադրուած եւ միաձայնուած լեզուն է: Հոս շատ կարեւոր դեր կը խաղայ մեր միասնականութեան հասկացողութիւնը, անկախ այն երեւոյթէն՝ որ կրնանք տարբերութիւններ ունենալ, անկախ այն երեւոյթէն՝ որ տարբեր ձեւերով կը մտածենք եւ տարբեր դիրքորոշումներ ունինք, մենք որպէս հայեր պէտք է կարենանք հասարակ յայտարար մը գտնել: Մենք ցեղասպանուած ժողովուրդ ենք, ատիկա պէտք չէ մտահան ընել եւ ցեղասպանուած ժողովուրդ մը իր պատմաքաղաքական հոլովոյթներուն մէջ իր ռազմավարութիւնը կը պատրաստէ՝ մեկնելով իր պատմութեան անցած փորձէն եւ այդ պատմութեան փորձառութեան վրայ է, որ մենք պէտք է կերտենք մեր ներկան եւ ապագան: Երկրորդ՝ այս 44-օրուան պատերազմէն ետք ա՛լ աւելիով մեր վրայ կը դրուի այն պարտականութիւնը, որպէսզի միանանք եւ գիտնանք, թէ հարեւաններուն հետ ինչպէս պիտի խօսինք: Վերջապէս ես քաղաքական գործիչ մը չեմ, բայց քաղաքականութեան մէջ կ՚ըսուի, որ չկան մնայուն բարեկամներ, չկան մնայուն թշնամիներ եւ այս կը նշանակէ, որ մենք պիտի կարենանք այս իրավիճակներուն մէջ տեսնել, թէ ինչպէս այս ոչ-մնայուն բաեկամներուն եւ ոչ-մնայուն թշնամիներուն հետ կարենանք մեր դիւանագիտական լեզուն գտնելով մեր երկրի բարօրութիւնը ապահովել:

-Քրիստոնէութիւնը աշխարհիկութեան կրօն չէ, ընդհակառակը քիչ մը «նարկիսական» եւ ներամփոփման կրօն է, այդ բոլորը հաշուի առնելով մենք պարտաւոր չե՞նք վերափոխելու մեր ընկալումները, դուրս գալու համար կեթթոյացած վիճակներէն ու ի վերջոյ խօսելու աշխարհի լեզուով։

-Ինչ կը վերաբերի ձեր մատնանշումին, թէ քրիստոնէութիւնը աշխարհիկութեան կրօն չէ, այս քիչ մը աստուածաբանական նիւթ է: Նախ բացատրենք աշխարհիկութեան հասկացողութիւնը, աստուածաբանութիւնը՝ քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը չի կրնար անջատուած մնալ մեր կեանքերէն, ան կը մտնէ մեր կեանքերուն մէջ եւ իր ըսելիքը ունի: Եւ այս իմաստով ես ջատագովն եմ այն հասկացողութեան, որ եկեղեցին աշխարհին մէջն է, բայց աշխարհէն չէ, այսինքն եկեղեցին՝ քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կը մտնէ աշխարհին մէջ, աշխարհին հետ կ՚առընչուի, բայց ինք իր համոզմունքներով, իր ըմբռնումներով, իր կենցաղով եւ իր դաստիարակութեամբ, պարտաւորութիւններ ունի, որպէսզի այդ հաւաքական կեանքը դաստիարակէ եւ շտկէ: Այս իմաստով քրիստոնէութիւնը եւ եկեղեցին դեր ունին մեր հաւաքական կեանքին մէջ. երբ հաւաքական կ՚ըսենք, այդ իր մէջ պիտի ունենայ քաղաքական, կրթական, ընկերային, տնտեսական ու կենցաղային իրավիճակները: Մենք՝ քրիստոնեաներս խաչը ունինք որպէս ներկայութիւն, խաչը ունի իր ուղղահայեաց եւ հորիզոնական դիրքը, որոնք կը կիսուին իրարու հետ, ուղղահայեացը մարդուն յարաբերութիւնն է Աստուծոյ հետ, բայց այդ յարաբերութիւնը հոն չի մնար, այլ կը տարածուի հորիզոնական իմաստով, այսինքն կը տարածուի աշխարհի մէջ, հաւաքականութեան մէջ, մարդուն մէջ, իր ապրած երկրին մէջ եւ այն ինչ որ մենք որպէս քրիստոնեաներ կ՚առնենք Աստուծմէ, որպէս հաւատամք եւ որպէս դաստիարակութիւն, կը բաժնենք հորիզոնական իմաստով աշխարհին մէջ։ Այնպէս որ կը մտնենք մենք աշխարհին մէջ, կը տագնապինք աշխարհով, բայց միեւնոյն ժամանակ ալ կ՚ուզենք եւ կը փորձենք եկեղեցիին եւ մեր աստուածաբանութեան ուսուցմունքները եւ դաստիարակութիւնը ներմուծել մեր հաւաքական կեանքին մէջ, եւ շատ աւելիով բարօրութիւն ապահովել մեր երկրին:

-Վերջին հարց, ձեր կարծիքով՝ որո՞նք են Հայաստանի եւ հայութեան իսկական բարեկամները եւ ինչո՞ւ։

-Մեր պարագային՝ առաջին հերթին մեր ընկերը նոյնինքն հայն է, այսինքն այն հայը՝ որ մեզի պէս կը մտածէ, նաեւ այն հայը՝ որ մեզի պէս չի մտածեր: Այստեղ առաջին հերթին պարտականութիւն ունինք ըսելու իմ բարեկամս հայն է, հայը թշնամի չէ, հայն է՝ որ պիտի տեսնենք, հայն է՝ որ պիտի ընդունինք, հայուն հետ քով քովի պիտի գանք, եւ հայ ըսելով կը հասկնանք հայը Հայաստանի մէջ, Արցախի մէջ, կամ սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Եւ եթէ որպէս առաջին քայլ մենք տեսնենք, որ մեր բարեկամը հայն է, կը նշանակէ, պիտի կարենանք նաեւ տեսնել, որ հայուն բարեկամը նոյնինքն հայուն խելքն է. երբ կրնաս զիրար հասկնալ ու յարգել, կը նշանակէ այդ հայկական խելքը միաւորելով մէջտեղ կրնաս հանել շատ կարեւոր ուժ մը: Մենք պէտք է հայկական մտաւոր ուժը մէջտեղ հանենք, որովհետեւ մենք ունինք այդ մտաւոր ներուժը ըլլա՛յ Հայաստանի բեմի վրայ, ըլլա՛յ Արցախի բեմի կամ սփիւռքի իրականութեան մէջ: Այս օրերուն միայն նիւթական ուժը չէ, որ իր խօսքը ունի, մտաւոր ուժն ալ իր խօսքը ունի եւ երբ մտաւոր ուժը համախմբես՝ կրնաս մէջտեղ հանել շատ ուժեղ դիւանագիտական ռազմավարութիւն, որով կարելի է դիմագրաւել շատ մը հիմնահարցեր: Ներկայ մեր ազգային եւ հայաստանեան իրավիճակներուն մէջ ի զօրու է նաեւ ռազմական գործօնը, բանակը զօրեղացնելու պարտաւորութիւն կայ, բայց նոյնքան եւ աւելի կարեւոր է դիւանագիտական մարզը զօրացնել եւ այդ կարելի է՝ երբ հայը կը համախմբուի եւ կը ստեղծէ այդ հաւաքական ուժը: Սփիւռքը կարեւոր ներուժ է Հայաստանի համար, ան միայն նիւթական կարողականութիւն չէ, այլ նաեւ մարդկային մասնագիտական մտաւոր ուժ է տարբեր մարզերու մէջ: Վերջապէս փոքր ազգ ենք եւ ինչ պէտք է ընէ փոքր ազգ մը, պէտք է մեր հայկական կարողականութիւնները եւ ուժը՝ մտաւոր, նիւթական եւ ինչու չէ ռազմական համադրել, որպէսզի կարելի եղածին չափ ինքնապաշտպանուինք եւ այս իմաստով համադրողական մեծ աշխատանք մը կայ կատարուելիք, որպէսզի այդ տարբեր ուժերը, որոնք անպայմանօրէն գոյութիւն ունին, քով քովի բերուին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 18, 2021