ԹՈՔԱԽՏ ԿԱՄ ԲԱՐԱԿԱՑԱՒ

Կը շարունակենք բժշկապետ Վահան Արծրունիի «Բժիշկի զրոյցներ» շարքի գրքոյկներուն արեւմտահայերէնի վերածումը եւ մեր ըներցասէրներու ուշադրութեան յանձնելը զանոնք: Այս եւ յաջորդ գրութիւններով բժշկապետին «Թոքախտ կամ բարակացաւ» գրքոյկը պիտի ներկայացնենք, որ գրուած է 1902-ին:

Գրքոյկը կը սկսի բժշկապետին նախաբանով, այսպէս.

Ո՛չ մէկ հիւանդութիւն մարդիկը այդքան չի տանջեր ու այդքան զոհ չի տանիր, ինչքան թոքախտը: Նոյնիսկ խոլերիան ու ժանտախտը՝ որոնք երեւնալով սարսափ կը պատճառեն մեզի, մարդու կեանք այդքան չեն հնձեր՝ ինչքան բարակացաւը, թէեւ մարդիկ կարծես ասոր ընտելացած են:

Ինչո՞ւ. որովհետեւ խոլերիան ու ժանտախտը յանկարծ կայծակի նման կու գան եւ կարճ ժամանակուան մէջ ահագին քանակութեամբ մարդիկ կը սրբեն-կը տանին, այն ինչ թոքախտը այդպէս չի՛ բռնկիր, անոնց նման սրընթաց հիւանդութիւն չէ. ան կամաց-կամաց՝ գողի մը պէս ծածուկ կերպով իր գործը կ՚ընէ: Ան միշտ մեր մէջն է եւ անդադար, ամէն օր, ամէն վայրկեան հարիւրաւոր-հազարաւոր մարդոց կեանք կը խլէ:

Այս հիւանդութեան գործած կոտորածը սոսկալի է: Մէկ տարուան ընթացքին ան այնքան մարդ կը սպաննէ, ինչքան խոլերիան 35 տարուան ընթացքին:

Օրինակ, անցեալ դարուն Ֆրանսայի մէջ երեք մեծ խոլերիա պատահած է ու 4-5 հազար մարդ կոտորած. այդ մէկը ահագին կոտորած է, սակայն այդ թիւը շատ նուազ կ՚երեւայ, եթէ զայն բարակացաւէն մեռնողներուն թիւին հետ համեմատենք: Եւ, իրապէս, նոյն երկրին մէջ տարին 150.000 մարդ կը մեռնի բարակացաւէն. ասիկա կը նշանակէ, որ երեք տարուան ընթացքին այս ցաւէն այնքան մարդ կը կոտորուի, ինչքան խոլերիայէն 100 տարուան ընթացքին: Ռուսաստանի մէջ թոքախտէն ամէն տարի շուրջ 600.000 մարդ կը մեռնի: Եթէ այդքան ժողովուրդը ողջ մնար, անոնք ամէն տարի Թիֆլիզի նման չորս քաղաք կը հիմնէին:

Հաշուուած է, որ բոլոր մեռնողներէն վեցէն մէկը անպատճառ թոքախտէն է: Իսկ մի քանիներու հաշուառկով նոյնիսկ հինգէն մէկը:

Ասոնք մեռնողներն են, բայց քանի՜ները հիւանդ են, երկար տարիներ կը տանջուին, իրենց ուժը կորսնցուցած, աշխատանքէ ինկած, միշտ տաքութեան մէջ, անողոք հազը իրենց թոքերուն մէջ, անպէտք ծանրութիւն դարձած իրենց ընտանիքի վիզին:

Այս հիւանդութիւնը մանաւանդ սարսափելի է անով, որ գլխաւորաբար կը հարուածէ (20-էն մինչեւ 40 տարեկան) երիտասարդ ուժերը, հետեւաբար, կեանքի ու աշխատանքի ամենէն լաւ ժամանակը, ամենէն լաւ հասակին մէջ:

Եթէ 20-էն մինչեւ 40 տարեկան հասակին մէջ մեռնողներուն թիւը հաշուելու ըլլանք, կը նկատենք, որ երեք մեռնողներէն մէկը բարակացաւէն է:

Ի՛նչ սարսափելի աւերում է երկրի մը համար, երբ անոր բնակիչներէն այդքան հոգի կը կորսուին-կ՚ոչնչանան: Երկիրը իր ամենէն լաւ բանուոր ձեռքերէն կը զրկուի, երիտասարդները առանց ժառանգ ձգելու կը կորսուին, իսկ ամուսնացածները իրենց ընտանիքը առանց պաշտպանի եւ առանց կարկառող ձեռքի կը ձգեն:

Ահա թէ ի՛նչ զարհուրելի ցաւ է թոքախտը: Հետեւաբար, լաւ ծանօթանանք մարդկութեան այս ճիւաղին հետ, որպէսզի ի վիճակի ըլլանք անոր հետ կռուելու:

Վ. ԱՐԾՐՈՒՆԻ

Ա.

ԹՈՔԱԽՏԱԻՈՐԸ

Ո՞վ չէ տեսած թոքախտ ունեցող մարդիկը: Այս ողորմելի արարածները մատաղ հասակէն սկսած արիւնի պակասութենէ, սիրտի բաբախումէ եւ գլխացաւերէ կը տանջուին: Անոնք թուլակազմ կ՚ըլլան, դէմքերը գունատ, դիւրութեամբ կը յոգնին, իւրաքանչիւր թեթեւ պաղառութենէ կը հիւանդանան, հարբուխ եւ հազ կ՚ունենան: Որոշ հասակի մէջ, երբեմն 10-15 տարեկան դարձած (երբեմն ալ աւելի ուշ), թոքախտին նշանները կը սկսին:

Այս նշաններէն ամենէն շատը կը վախցնէ ծնողներուն եւ իր՝ հիւանդին հազը:

Հազը սկիզբը երբեմն ուշ-ուշ կու գայ եւ չոր է, սակայն երթալով աւելի յաճախակի կ՚երեւի եւ կամաց-կամաց աւելի կը փափկի, այսինքն՝ խորխ կը սկսի դուրս գալ:

Խորխը սկիզբները թուքի նման է եւ շատ քիչ, սակայն այն ալ հազին նման երթալով կը սաստկանայ եւ կը թանձրանայ (հաւկիթին սպիտակուցին նման), թարախ կը դառնայ եւ դեղնաւոյն գոյն կը ստանայ: Եթէ հիւանդը ջուրով լեցուն բաժակի մը մէջ թքել տանք, կը տեսնենք, որ խորխը տակը կ՚իջնէ:

Այս խորխը անսպառ է, խեղճ հիւանդը անդադար կը հազայ եւ չի կրնար իր թոքերը մաքրել. խորխը կուրծքին մէջ միշտ լեցուն է:

Բացի խորխէն, հիւանդը երբեմն արիւն ալ կը թքնէ:

Արիւնը կա՛մ խորխին հետ դուրս կու գայ, կամ առանձին: Հիւանդը երբեմն յանկարծ թեթեւ կը հազայ ու բերանը արիւնով կը լեցուի: Արիւնը շատ եւ քիչ կ՚ըլլայ, երբեմն խորխին մէջ միայն արիւնի թելեր կ՚երեւին, երբեմն թէյի երկու դգալ մաքուր ալ արիւն դուրս կու գայ, բայց երբեմն ալ հիւանդը ուղղակի արիւնաքամ կ՚ըլլայ եւ կը մեռնի:

Անշուշտ, իւրաքանչիւր արիւն թքող թոքախտ չունի. արիւնահոսութիւնը ուրիշ պատճառներէ ալ կը պատահի, բայց դարձեալ միայն թուքին մէջ արիւն երեւայ, անմիջապէս բժիշկի պէտք է դիմել: Բժիշկը կը քննէ հիւանդը եւ կ՚իմանայ, թէ ո՛ւրկէ է այդ արիւնահոսութիւնը:

Թոքախտաւորը ախորժակը կը կորսնցնէ, երեկոները անդադար կրծքացաւէ կը տանջուի, տաքութիւն կ՚ունենայ, գիշերները կը քրտնի եւ այս դրութեան մէջ անշուշտ որ կը նիհարնայ, կարծես կը հալի: Եթէ հիւանդութիւնը չ՚անցնիր եւ չի՛ լաւանար, խեղճ հիւանդը ուղղակի կմախք կը դառնայ: Այս պատճառով ալ ժողովուրդը թոքախտին բարակացաւ եւ ճլէրք անուններ կու տայ:

Խեղճ բարակացաւոտին դրութիւնը անտանելի է: Նիհարցած, կմախք դարձած, աչքերը, թուշերը խոր ինկած, կուրծքը ներս գացած, իսկ մէջքը կզացած, կողերը դուրս ինկած, ուսերը բարձրացած, վիզն ու անդամները բարակած, թշուառ հիւանդը անդադար կը տանջուի տաքութենէն, գլխացաւերէն, կրծքացաւերէն, անքունութենէն եւ գիշերային սառն քրտինքէն, ծանր հոգեկան դրութեան մէջ ինկած, սարսափելի խռպոտ հազը միշտ կուրծքին մէջ եւ գարշահոտ ու թարախոտ խորխը միշտ կոկորդին մէջ:

Բ.

ԹՈՔԱԽՏԸ ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ Է

Վարակիչ կը կոչուին այն հիւանդութիւնները, որոնք հիւանդէն առողջին կ՚անցնին:

Ժողովուրդը ատոնց ուրիշ անուններ ալ կու տայ. օրինակ՝ կպչողական, փոխուովի, դիպչող: Այսպիսի հիւանդութիւններ շատ կան: Ատոնք են. խոլերիան, ժանտախտը, տիֆը, բգացաւը (տիֆթերիտը), քութէշը կամ կարմրախտը, կարմրուկը, ծաղիկը եւ մի քանի ուրիշները1:

Բաւական է, որ տան մէջ մէկը այս հիւանդութիւններէն մէկուն մէջ իյնայ, հիւանդէն ուրիշներն ալ կը կպչին, կը վարակուին. ասոնցմէ կը վարակուին դարձեալ նոր մարդիկ, ու հիւանդութիւնը արագութեամբ կը տարածուի ամբողջ գիւղին կամ քաղաքին մէջ:

Թոքախտն ալ նոյն ձեւով կը տարածուի: Շատ յաճախ կը պատահի, որ ընտանիքէն մէկը ուրիշ երկրի մը մէջ բարակացաւ կը ստանայ եւ տուն վերադառնալով՝ տնեցիները կը վարակէ: Բժիշկները կը պատմեն, թէ գիւղի մը մէջ ոչ ոք թոքախտով հիւանդացած էր. այդտեղ բնակութիւն կը հաստատէ թոքախտաւոր մը եւ անկէ հիւանդութիւնը կը տարածուի գիւղին մէջ:

Վանք մը հիւանդ մը կը մտնէ եւ չորս ամիս չանցած, վանականներէն ինն հոգի կը բարակուի եւ անոնցմէ չորսը կը մեռնին:

Նոյն ձեւով բարակացաւը բանտերուն, զօրանոցներուն, արհեստանոցներուն մէջ կը տարածուի, եւ ընդհանրապէս այնպիսի տեղեր, ուր մարդիկ իրարու շատ մօտ են:

Ատիկա դեռ ոչինչ: Կրնայ պատահիլ, որ թոքախտաւոր մը հիւանդութիւնը իր հետ տանի եւ նոր երկիրներ վարակէ:

Այսպէս, օրինակ, մեծ կղզիի մը վրայ երբեք թոքախտ չէր տեսնուած. եւրոպացիները այդ գեղեցիկ կղզին գրաւեցին եւ հիւանդութիւնը բնիկ ժողովուրդին փոխանցեցին:

Այսքան օրինակները բաւական են:

Հիմա այլեւս ոչ ոք կը կասկածի, որ բարակացաւը վարակիչ հիւանդութիւն է: Փորձերով ալ կարելի է հաստատել:

Օրինակ. եթէ թոքախտաւորին խորխը ուտելիքին հետ խառնենք, կամ ուրիշ կերպով մը կենդանիի մը կերցնենք, եւ կամ չորցնենք եւ օդին հետ շնչել տանք, այդ կենդանին կը վարակուի:

Միայն մարդը չէ՛, որ բարակացաւ կը ստանայ, անասուններն ալ յաճախ այդ ցաւով կը հիւանդանան:

Թոքախտը տարածուած է կովերուն, այծերուն, ոչխարներուն, նոյնպէս եւ շան, հաւի եւ միւս թռչուններուն ու խոզերուն մէջ: Ամենէն շատ կովերը կը հիւանդանան: Կովերուն թոքախտը գոհարախտ կը կոչուի:

Այս տեղեկութիւնը չափազանց մեծ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնենք, հիւանդ կովին կաթին մէջ ալ թոքախտի թոյն կայ, եւ հետեւաբար, տան կաթն ալ վարակիչ է: Հիւանդ կենդանիին միսը նոյնպէս վախնալիք է գործածել, որովհետեւ թոքախտի թոյն կը պարունակէ իր մէջ, թէեւ լաւ եփած միսը անվնաս է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 1

Վաղարշապատ


1 Մանրամասնութեամբ տե՛ս իմ՝ «Վարակիչ հիւանդութիւնները եւ անոնց թոյնը» գրքոյկը, Թիֆլիզ, 1902:

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2022