ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (39)

Երեկոյեան գործէն յոգնած տուն վերադարձաւ Զանան։ Արեւը մար չէր մտած տակաւին։ Այս գիշեր, արտասովորաբար, պիտի չտեսնէր Նորան. երէկ գիշեր հեռաձայներ եւ տեղեկացուցեր էին անոր, որ մօրաքրոջ ամուսինը մահացեր էր Վանաձորի մէջ։ Առաւօտ կանուխ, Նորան միջքաղաքային երթուղայինով ուղեւորուեր էր դէպի ծննդավայր, հոգեհանգստեան ծիսակատարութեան մասնակցելու։

Չիմանալով, թէ ի՞նչ ընէր, երեկոն ինչպէ՞ս անցընէր, ելաւ դուրս Զանան, նստաւ բակի փոքր ցայտաղբիւրի կողքին, քարի մը վրայ։ Ձեռքը տարաւ գրպանը, հանեց տուփը։ Գործընկեր Վահանը ի վերջոյ յաջողեր էր զինք համոզել, եւ ամիս մըն էր արդէն, որ ծխել սկսեր էր Զանան։ Հանեց գլանիկ մը, տարաւ բերնը, բռնեց շրթունքներուն միջեւ։ Հրահանը մօտեցուց բերնին, որ վառէր, բայց, յանկարծ...

Այնքա՜ն ծանօթ ձայն մը, կարծես Պամէն, եկաւ սառ կապելու մարմնին։

Թափահարումներ...

Գլուխը անմիջապէս բարձրացուց վեր. չէր սխալած։ Ձայնին յաջորդեց այն, ինչ օրինաչափ էր. դէպի երկինք յառնող խումբ մ՚ աղաւնիներու, դրացիներուն տանիքէն։ Ինքզինք չկրցաւ զսպել Զանան. գլանիկը դրաւ ականջին (Վահանէն սորված էր) եւ վազեց դէպի այդ տուն, բացաւ դարպասը, բարձրացաւ տանիք։

Ծերութեան մօտ մարդ մը զարմացած դէմքով դիմաւորեց զինք։

-Բարեւ ձեզ... կը ներէք այսպէս անկոչ գալու համար

Ղուշբասը շփոթած հայեացքով կը նայէր Զանային։

-... լսեցի, տեսայ, չդիմացայ... ես էլ էի պահում, մի տարի առաջ... կը ներէք, իսկապէս...

-... սիրու՞մ ես աղաւնիներին...

-Ի հարկէ՛...

-Դե... ուրեմն խնդիր չկայ, բարով ես եկեր...

Երկարեց ձեռքը, եւ ներկայացաւ որպէս Ղուշբաս Աշոտ։

Քիչ անց, աղաւնիներէն մէկը երկու ձեռքերուն մէջ բռնած, ուղիղ անոր աչքերուն կը նայէր Զանան։ Անոնց հայելիին մէջ ինքզինք կը տեսնէր։ Պահ մը կարծեց, որ իր ետին Արգէ Պամը կ՚երեւէր... անմիջապէս դարձաւ ետեւ. Երեւանի կեդրոնն էր, իր կարմիր, նարնջագոյն, դեղին, մայրամուտային շղարշով։ Դարձեալ նայեցաւ աղաւնիին, համբուրեց գլուխը, ու նետեց զայն վե՛ր, ամպերուն, հիացած նայելով ետեւէն։

Յանկարծ հնչեց հեռախօսը։ Նորան էր։ Երջանկութիւնը կիսելու անցկութեամբ վերցուց զանգը Զանան, տարաւ գործիքը ականջին։ Բայց ուրախ ողջոյնն իր մնաց կիսատ՝ Նորայի լալալագին պատասխանին ընդհարելով։

-Նորա՞... ի՞նչ է եղել

-Մերոնք քո մասին են իմացել, Զանա՛

-Ո՞նց, ո՞վ է ասել

-Չեմ կարող խօսալ, կը լսեն, ուղղակի ուզում էի ձայնդ լսել...

Եւ հեծկլտալով անջատեց զանգը Նորան։

Ամպերը ակնթարթի մը մէջ իջան ցած, մօտեցան երկրին։ Ղուշբաս Աշոտը կանչեց աղաւնիները վար, մտցուց վանդակէն ներս։ Զանան մատները տարաւ ականջին, իջեցուց գլանիկը, զետեղեց բերնի միջանցքին, վառեց։

Խորունկ ներս քաշեց ծուխը խեղդող։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2020