ՆՈՐ ԿԱՐԳ ԿԱՄ ԱՆԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆ

Նախանձախնդրութիւնն ունենալով հետեւելու մեր տարածքաշրջանի հիմնական զարգացումներուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այս օրուան թիւով հանրութեան կը ներկայացնենք 15 սեպտեմբերին, Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած նոր համաձայնութեան մը բազմաբովանդակ ծալքերը։

Ո՞ւր կերթայ Միջին Արեւելքը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ու Իսրայէլի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, ի՞նչ նպատակներ կը հետապնդէ։ Աւելի՛ն, ի՞նչ կարելի է ակնկալել այս համաձայնութենէն եւ արդեօք շրջանը կը մտնէ քաղաքական նո՞ր լուծումներու դաշտ։

Այս բոլորին պատասխանները փորձած ենք գտնել այս թիւով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Գրիգոր Խոտանեան, Արմէն Պետրոսեան եւ Եղիա Թաշճեան։ Հեղինակաւոր կարծիքներ ունենալու համար շօշափեցինք անոնց տեսակէտները, որոնք իրարու հետ կը ցոլացնեն ամբողջական պատկեր մը։ Հայութեան ու Հայաստանի համար այնքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն Մերձաւոր Արեւելքն ու այնտեղ մարմին ստացող զարգացումները։ Այդ բոլորը միշտ ալ կիզակէտային են, ուստի այստեղ կը փորձենք հնարաւորինս բանալ փակագիծերը։

*

Գերազանցօրէն կարեւոր ժամանակներ կ՚ապրինք։ Աշխարհը պրկուած հայեացքներով հետեւեցաւ օրեր առաջ Սպիտակ տան մէջ կայացած համաձայնութեան, որու հիմքով ալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ համաձայնութեան դաշինք մը ստորագրեցին Իսրայէլի հետ։

Շատերու համար անսպասելի եւ նոյնիսկ անակնկալ համարուած այս զարգացումը վերջին տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի մեծ քարտէսին մէջ գոյացած ամենաոըկyկարեւոր ձեռքսեղմումը պիտի սեպուի, մանաւանդ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մէջ հիմնարար տեղ ունեցող արաբ-իսրայէլեան հակամարտութտուն երկրորդ մուտքը, բայց եւ այնպէս աւելի քան յստակ է, որ Պարսից ծոցին մէջ նոր իրավիճակի մը ստեղծումով ԱՄՆ մի քանի հեռահար ծրագիրներու մեկնարկը կատարեց։

Խօսքը անշուշտ գոյացող նոր պլոքի մասին է, որուն անդամն են (ցարդ) Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը եւ որուն շատ հաւանաբար պիտի միանան Օմանը, Սուտանը ու աւելի ուշ Սէուտական Արաբիան։ Ամէն պարագայի Սէուտեան թագաւորութեան մասին ճշգրիտ դիտարկումներ կատարելը բաւականին անշնորհակալ գործ պիտի ըլլայ, մանաւանդ, որ Իսրայէլի հետ մերձեցման որեւէ փորձ վերջինիս կողմէ, պիտի համարուի շիի աշխարհին նետուած ձեռնոց եւ պիտի «օրինականացնէ» նոյն շիիներու սրբազան «մինի» պատերազմներ յայտարարելու ընտրանքը։

Մինչ այդ, կայ նաեւ այս համաձայնութենէն պաղեստինեան թեւին բացակայութիւնը, որ աւելի կը խորացնէ մինչեւ հիմա բիւննիներուն եւ պաղեստինեան ճակատին միջեւ առկայ վիհը եւ հեռաւորութիւնը կը դարձնէ տեղ մը անհասնելի ու անբուժելի վէրք։

Գալով շրջանային միւս խաղացողներուն, դէպի Իսրայէլ կատարուած այս ցատքը Արաբական Էմիրութիւնները կը դարձնէ աւելի «անվտանգ» եւ կերպով մը սիւննիական «մոտեռն» թեւի յառաջատարը, որուն համար ալ շատ կարեւոր է մնալ արեւմտեան աշխարհի սիրելի բարեկամն ու նոր Մերձաւոր Արեւելքի «լուսաւոր» կայանը։

Միւս կողմէ, այս համաձայնութիւնը կերպով մը աւելիով կը սեղմէ Իրանի շուրջ նետուած պարանին օղակը եւ կ՚արտօնէ, որ Թեհրան-Անգարա կապերը դառնան աւելի ամուր, իրենց մէջ ներգրաւելով Դամասկոսը, Պէյրութի մէկ մասը, պայքարող Եմէնը եւ Պարսից ծոցի միակ «պարսիկ» խաղացող՝ Քաթարը։

Այս է իրական պատկերը այսօր եւ յստակ է նաեւ, որ Թրամփի փեսան՝ Ճերըտ Քուշնէրի կողմէ ընդգծուած այս նոր սահմանները Մերձաւոր Արեւելքի այս ժամանակները պիտի դարձնեն աւելի լարուած եւ տեսադաշտէն հեռացնեն ամբողջական լուծումներ բերելու փուլը, որուն համար գլխաւոր ճարտարապետի դեր ստանձնած էր ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պիլ Քլինթըն։

Աւելի արդար, մարդկային եւ հաւասարութեան մօտեցող իր տեսլականով Քլինթըն կը հաստատէր, որ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան լուծումը կարելի է կերտել միմիայն արդար ծրագրով մը, որուն մէջ անշուշտ կարեւոր եւ հիմնարար տեղ ու դեր պիտի ունենան անարդարուած պաղեստինցիները։

Ամէն պարագայի, աւելի քան յստակ է, որ Սպիտակ տան համաձայնութիւնը տակաւին երկար ճանապարհ ունի կտրելիք եւ ինչպէս ընդունուած է ըսել «դեռ շատ ջուր» կը շալկէ, հիմնարարը անշուշտ ամբողջ շրջանին համար խաղաղութեան նոր ժամանակ մը բանալն է, որուն համար ալ պէտք են նախ եւ առաջ խաղաղութեան եւ արդարութեան համար «կռիւ տուող» իրական ղեկավարներ, որոնք այսօր չեն երեւիր մեր տեսադաշտին վրայ։

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱՐԵՒՈՐ ՄԻԱՒՈՐՆԵՐ ԱՊԱՀՈՎԵՑ»

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները (ԱՄԷ), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «օրհնութեամբ», համաձայնեցան «հաշտութեան համաձայնագիր» մը կնքել Իսրայէլի հետ: Այս համաձայնագրով երկու երկիրները պիտի հաստատեն դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններ: ԱՄԷ-ուն յաջորդեց Պահրէյնը, որ եւս յայտարարեց նման քայլի մասին եւ շատ հաւանաբար մօտ ժամանակէն Օմանը եւ Սէուտական Արաբիան եւս նման յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան: Սակայն ինչո՞ւ այս դիւանագիտական աշխուժացումը, այս ժամանակաշրջանին:

Վերջին տարիներուն Թուրքիա եւ Իրան դարձան շրջանի ազդեցիկ երկու իսլամական երկիրները եւ արաբները, մանաւանդ, Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը, կորսնցուցին իրենց տարածքաշրջանային ազդեցութիւնը: Արաբական ծոցի երկիրները մտահոգուելով, որ Միացեալ Նահանգներ կրնայ լքել շրջանը, սկսան փնտռել այլ ուժեր, ինչպէս՝ Չինաստան, Հնդկաստան, Ռուսաստան եւ նոյնիսկ Իսրայէլ, պաշտպանուելու համար իրանեան յարձակումներէն, սակայն այս երկիրներէն միայն Իսրայէլը պատրաստակամութիւն ցուցաբերած էր այս առաքելութիւնը կատարելու, հետեւաբար անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելը հիմնական քայլ մը պիտի ըլլար:

2016 թուականին Իսրայէլի ՄԱԿ-ի դեսպան Տանի Տանոն դիւանագիտական այցելութիւն մը կատարեց Տուպայի, ուր կարեւոր պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ, եւ այդ այցելութեան նպատակն էր «կասեցնել իրանական վտանգը Պարսից ծոցին մէջ»: 2018 թուականին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու այցելեց Օմանի սուլթանութիւն եւ տնտեսական համաձայնագրեր կնքեց սուլթան Քապուսի հետ: Իսրայէլ փորձեց «փափուկ քաղաքականութիւն» խաղալ, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ իրանեան կողմը նախազգուշացնել, որ կրնայ հասնիլ մինչեւ Պարսից ծոց:

13 օգոստոսին ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Իսրայէլ եւ ԱՄԷ հաշտութեան պայմանագիր մը պիտի ստորագրեն: Ըստ համաձայնութեան, Իսրայէլի եւ ԱՄԷ-ու միջեւ կնքուեցան առեւտրային, գիտական եւ տնտեսական համաձայնագրեր: Գալով դիւանագիտական յարաբերութեանց, յստակ չէ, թէ արդեօք Էմիրութիւնները իր դեսպանատունը պիտի բանայ Երուսաղէմի՞ մէջ, կամ թէ՞ Թել Աւիւի մէջ: Երկու երկիրներուն միջեւ արդէն իսկ կան ապահովական կապեր եւ որոշ գործակցութիւն՝ Լիպիոյ եւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերուն մէջ:

Այս բոլորէն բացի, հարկ է նաեւ հաշուի առնել, որ Իսրայէլի եւ ԱՄԷ-ու միջեւ գաղտնի մակարդակի յարաբերութիւնները նորութիւն մը չեն։ Այդ մասին կարեւոր տեղեկութիւն հաղորդած է իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան մասնագէտ՝ Եոսի Մելման, որ «Հաարեց» օրաթերթին մէջ գրելով կը նշէ, որ երկու կողմերու գաղտնի սպասարկութիւնները 1970-ականներէն սկսեալ կապի մէջ եղած են։ Մելմանի համաձայն, 1994-ին Օսլոյի համաձայնութենէն ետք, երկու երկիրներու գաղտնի սպասարկութեան պետերուն միջեւ կային բարեկամական յարաբերութիւններ եւ գաղտնի տեսակցութիւններ, որոնք երբեմն տեղի կ՚ունենային Տուպայիի մէջ, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ հետախուզական սարքեր կը վաճառէր Միացեալ Էմիրութեանց: Սթիւ Հենտրիքսի համաձայն («Ուաշինկթըն Փոսթ», 15/8/2020), Իսրայէլ-ԱՄԷ համաձայնութիւնը կուտակում է տարիներու գաղտնի ապահովական գործակցութեան, որ սկիզբ առած է 2015-ին, երբ իսրայէլեան կողմը գրասենեակ մը բացաւ Տուպայիի մէջ, որպէս ուժանիւթային ուսումնասիրական կեդրոն, սակայն, իրականութեան մէջ, այն ունէր դիւանագիտական առաքելութիւն, հիմնական նպատակ ունենալով՝ երկու կողմերը իրարու մօտեցնել եւ քննարկել ապահովական խնդիրներ, որոնք կը մտահոգեն երկու տէրութիւնները։

Ի՞նչ շահեցաւ արաբական կողմը այս քայլէն:

Քորոնաժահրի տարածումէն ետք, երբ համաճարակը շրջանային ու միջազգային առեւտուրին վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ, ԱՄԷ պէտք ունէր տնտեսական արտաքին ներդրումներու, իսկ տնտեսական բարգաւաճում արձանագրելու համար նաեւ պէտք ունէր յատկապէս գիտական եւ մասնագիտական ներդրումներու, ուստի երբ չինական ներդրումները սառեցան, իսրայէլեան ներդրումները կարելիութիւնը ունէին զանոնք փոխարինելու։

Սակայն, այս բոլորին զուգահեռ, կայ նաեւ քաղաքական տեսլականը: Էմիրութիւնները, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիան եւ Եգիպտոսը Միջին Արեւելքի մէջ կը կազմեն հակաթրքական եւ հակաիսլամեղբայրութեան դաշինք մը: Այս դաշինքը օգտուելով Միջերկրականի արեւելեան ափին մէջ ստեղծուած տագնապէն, ոչ-պաշտօնական դաշինք մը կազմեց Յունաստանի, Յունական Կիպրոսի եւ Իսրայէլի հետ: Այս մէկը կը բխէր Իսրայէլի շահերէն, որովհետեւ այդպիսով Կազզէի մէջ յաւելեալ արաբական ճնշում պիտի բանեցուէր «Համաս»ին վրայ: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը՝ «Համաս»ը, որ մաս կը կազմէ «Իսլամ Եղբայրութեան» մեծ ընտանիքին, սերտ կապեր ունի Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ: Հետեւաբար, Իսրայէլ սերտ յարաբերութիւններ մշակելով Եգիպտոսի եւ ԱՄԷ-ու հետ, կ՚ուզէ «Համաս»ը մեկուսացնել արաբական աշխարհին մէջ:

Այս համաձայնութեան զայրոյթով արձագանգեց Անգարան, որ քննադատեց Էմիրութիւնները եւ յայտարարեց, որ արաբական կողմը դաւաճանեց պաղեստինեան դատը, մոռնալով, որ ինք ալ իր հերթին ապահովական եւ ռազմական համաձայնութիւններ ունի Թել Աւիւի հետ: Իրականութեան մէջ նախագահ Էրտողանի մտահոգութիւնը այն է, որ այսպիսով Թուրքիա կրնայ կտրուիլ Արաբական աշխարհէն եւ Արաբական ծոցի երկիրները կը կազմեն հակա-թըրքական դաշինք մը եւ երկրի միակ դաշնակիցը կը մնայ Քաթարը, որուն քաղաքական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ տկարացաւ վերջին տարիներուն:

Ըստ նոյն համաձայնութեան, Իսրայէլ պիտի յետաձգէր Պաղեստինի արեւմտեան ափի կցումը՝ Իսրայէլին, սակայն այնտեղ յստակ դիրքորոշում մը չտրուեցաւ Պաղեստինի կարգավիճակին: Այս մէկը զայրոյթ յառաջացուց պաղեստինեան կողմին մօտ, որ համաձայնութիւնը որակեց որպէս «դաւաճանութիւն»: Այս առիթէն օգտուեցաւ նաեւ Քաթար, որուն լրատուական միջոցները Էմիրութիւնները քննադատութեան թիրախ դարձուցին, մոռնալով, որ Տոհա 1996-էն արդէն առեւտրական յարաբերութիւն հաստատած էր Իսրայէլի հետ:

Իսրայէլցի քաղաքական վերլուծաբան Սէթ Ֆրանզմանի համաձայն («Ժերուսալեմ Փոսթ» 12/9/2020), ԱՄԷ-էն եւ Պահրէյնէն ետք, Իսրայէլ իր կարկինի տրամագիծը ընդլայնած է դէպի Սէուտական Արաբիա: Ըստ վերլուծաբանին, այս մէկը իրականացնելը դիւրին չէ, սակայն անկարելի ալ չէ, բայց այստեղ նկատի պէտք է առնել նաեւ Ռիատի աշխարհաքաղաքական հաշիւները: Սէուտական Արաբիան կ՚աջակցի 2002-ի Արաբական Լիկայի որոշումին, որ կը թելադրէր երկու պետութեան ստեղծում, այսինքն՝ Իսրայէլի կողքին նաեւ գոյութիւն ունենայ Պաղեստինի պետութիւն, 1967-ի սահմաններով, մայրաքաղաք ունենալով արեւելեան Երուսաղէմը: Սակայն Ռիատ ունի նաեւ մտահոգութիւն, որ երկրէն ներս, շիիները, Իրանի աջակցութեամբ, խռովութիւններ կազմակերպեն եւ ներսէն հարուածեն արաբական թագաւորութիւնը: Ուստի, շատ հաւանական է, որ Ռիատ ռազմական աջակցութիւն ակնկալէ Իսրայէլէն, անկէ «Ֆ-35» ռազմական օդանաւեր գնելու եւ հարուածելու համար հուսիներու կեդրոնները՝ Եմէնի մէջ: Ռիատ նաեւ կը հաւատայ, որ Իսրայէլի աջակցութիւնը վայելելով կրնայ հաւասարակշռել Թուրքիոյ եւ Իրանի քաղաքական եւ ռազմական ազդեցութիւնն ու ներկայութիւնը շրջանէն ներս:

Այս բոլորէն մեկնած, կրնանք ըսել, որ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, ռազմավարական կէտեր արձանագրեց արաբական դաշտին մէջ: Այսպիսով, շրջանային հաւասարակշռութիւնը կը փոխուի ի նպաստ Իսրայէլի եւ մինչեւ ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւնները, Իսրայէլ պիտի փորձէ այլ դիւանագիտական կէտեր եւս արձանագրել արաբական աշխարհին մէջ:

ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. «ԱՐԱԲՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՓՈԽՈՒԱԾ»

Յայտնի արաբագէտ Արմէն Պետրոսեան հետաքրքրական դիտարկումներ ունի Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնութեան եւ անոր հետ պայմանաւորուած հեռանկարներուն շուրջ։ Ան կը նկատէ արաբական նոր արեւելում մը եւ չի բացառեր նոր բարեկամութիւնները։ Մեզի տուած հեռավար հարցազրոյցին մէջ ան վերջին զարգացումները մանրամասնօրէն մեկնաբանեց, անդրադառնալով նաեւ Երեւանի պաշտօնական դիրքորոշման, որ միշտ հիմնարար սկզբունքներու առանցքին շուրջ է։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Արմէն Պետրոսեանի խորհրդածութիւնները։

-Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մեծ տոմարին մէջ եւ Քեմփ Տէյվիտի համաձայնութենէն ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ)-Իսրայէլ նոր համաձայնութիւնը կարծէք ամենակարեւոր համաձայնութիւնը պիտի հանդիսանայ։ Ի՞նչ է ձեր գնահատականը։

-Անշուշտ, ԱՄԷ-Իսրայէլ հաշտութեան գործարքը, ըլլալով երրորդը՝ 1978 թուականի Քեմփ Տէյվիտէն, ապա 1979 թուականի Ուաշինկթընի Եգիպտոս-Իսրայէլ եւ 1994 թուականի Արավայի (Արաֆա) Յորդանան-Իսրայէլ հաշտութեան պայմանագիրներէն յետոյ, բաւականաչափ կարեւոր նշանակութիւն ունի միաժամանակ քանի մը հարթութիւններու վրայ։ Նախ եւ առաջ, այն իր բնոյթով կը տարբերի նախորդ երկուքէն, այն բովանդակային տարրով, որ ԱՄԷ-ը սահմանակից չէ Իսրայէլին եւ երբեւէ ուղիղ ռազմական գործողութիւններ չէ վարած այդ երկրին հետ։ Յաջորդ կարեւոր հանգամանքը այն է, որ ԱՄԷ-ը իր կշիռով բաւականաչափ ազդեցիկ պետութիւն մըն է ինչպէս մերձաւորարեւելեան, այնպէս ալ համաարաբական հարթակներով, եւ անոր մասնակցութեամբ նմանատիպ գործընթացը, անշուշտ, շղթայական ազդեցութիւն պիտի ունենայ. Պահրէյն-Իսրայէլ գործարքը նշուածին վառ ապացոյցն է։ Միւս ուշագրաւ ուղղութիւնը Պաղեստին-Իսրայէլ հիմնախնդրի համաթեքստով՝ Իսրայէլի դէմ համաարաբական միասնական ճամբարի մասնատման հանգամանքն է եւ խնդրի կարգաւորման հարցին մէջ բոլոր արաբական երկիրներու կողմէ համընդունելի համարուող 2002 թուականի արաբական միասնական նախաձեռնութեան տրամաբանութեան ոչնչացումը։ Ան կ՚ենթադրէր միաժամանակ հիմնախնդրի կարգաւորում՝ մինչեւ 1967 թուականի «Վեցօրեայ» պատերազմը եղած սահմաններուն վերադարձը՝ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով, Պաղեստին պետութեան հիմնումով եւ բոլոր արաբական երկիրներու ու Թել Աւիւի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումով։ Թուարկուած եւ շարք մը այլ ածանցեալ հանգամանքներ էականօրէն կը կարեւորեն քննարկուող գործարքի կարեւորութիւնը, որ, ինչպէս նկատեցինք, սկզբունքօրէն կը փոխէ պաղեստինեան հիմնախնդրի կարգաւորման առընչութեամբ համաարաբական ռազմավարութեան բովանդակութիւնը։

-ԱՄԷ-Իսրայէլ համաձայնութեան լոյսին տակ մենք նոյնպէս կը նկատենք, որ Արաբական ծոցի երկիրներու պարագային դրական մեծ աշխուժութիւն մը կայ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնեցման առընթեր։ Որքանո՞վ խորքային է այս մօտեցումը եւ որքանո՞վ այն պայմանաւորուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն հետ։

-Ընդհանուր առմամբ այս զարգացումները մեծապէս պայմանաւորուած են ԱՄՆ-ի մէջ իշխող վարչակազմի մերձաւորարեւելեան քաղաքականութեամբ եւ մասնաւորապէս Իսրայէլի հետ կապուած տարաբնոյթ խնդիրներուն, անոր կարգին նաեւ անվտանգային միջավայրի ամրապնդման առաջնահերթութեամբ։ Անոր վառ ապացոյցն է անցնող երեք տարիներու ընթացքին Տանըլտ Թրամփի վարչակարգի նախաձեռնած շարք մը գործընթացները. Իրանի միջուկային համաձայնագիրէն միակողմանի հրաժարումը, Իրանի իսլամական յեղափոխական պահակագունդին՝ որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակումը, ամբողջական Երուսաղէմի Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանաչումը եւ ԱՄՆ-ի դեսպանատան այնտեղ տեղափոխումը, Սուրիոյ Կոլանի բարձունքներու նկատմամբ Իսրայէլի ինքնիշխանութեան ճանաչումը, իսրայէլա-պաղեստինեան հիմնախնդրի կարգաւորման միտուած իսրայէլամէտ «Դարու գործարքի» հրապարակումը եւ այլն։ Նոյն տրամաբանութեան մէջ է նաեւ Իսրայէլի եւ շարք մը արաբական երկիրներու միջեւ հաշտութեան գործարքներու նախաձեռնութիւնը։ Հետեւաբար, ժամանակային առումով, յատկապէս ԱՄՆ-ի մէջ սպասուող նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հետ կապուած անորոշութեան պայմաններուն տակ, կը նկատուի որոշակի աշխուժութիւն այն երկիրներու կողմէ, որոնք էական զգայնութիւն, ներգրաւուածութիւն չունին պաղեստինեան հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով։ Բայց եւ այնպէս, ընտրութիւններու պատճառով սահմանափակ-ւած են Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու հաստատման տեսանկիւնէն, ինչպէս նաեւ կը փորձեն առաւելագոյն օգուտ քաղել միջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնած ամերիկեան վարչակազմէն՝ միանալով «Իսրայէլի հետ խաղաղութեան հաստատման շքերթին»։

-Այս բոլորի ներքոյ նկատելի է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ սպասողականութիւնը։ Ըստ ձեզի, Սէուտական թագաւորութիւնը կը միանա՞յ ԱՄԷ-ու, Պահրէյնի եւ Օմանի կողմէ հիմնադրուած «Խաղաղութիւն Իսրայէլի հետ» ակումբին։

-Սէուտական Արաբիոյ մօտեցումը, բնականաբար, կը տարբերի միւս արաբական երկիրներու դիրքորոշումէն։ Այդ առաջին հերթին պայմանաւորուած է համաարաբական ճամբարը, նոյնիսկ իսլամական աշխարհը առաջնորդելու այդ երկրի նկրտումներով։ Հետեւաբար, Ռիատ չի կրնար համաարաբական, նոնիսկ համաիսլամական ամենազգայուն՝ պաղեստինեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման հարցով առանց շօշափելի ձեռքբերումներու երթալ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, որքան ալ այդ մէկը շահեկան ըլլայ։ Բայց կարեւոր նրբութիւն մը պէտք է արձանագրել։ Ռիատ առնուազն դրական տրամադրուած է տարբեր արաբական երկիրներու եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու գործընթացներուն։ Աւելի՛ն. թէ՛ ԱՄԷ եւ թէ յատկապէս Պահրէյն չէին կրնար նման քայլի երթալ, առանց Սէուտական Արաբիոյ հետ համախոհութեան։ Իսկ անկէ կարելի է ենթադրել, որ կը ծաւալուին ստուերային գործընթացներ, որոնց ծիրէն ներս կը քննարկուի նաեւ պաղեստինեան հիմնախնդրի հանգուցալուծման հարցը, ինչպէս ամերիկեան ծրագիրի, այնպէս ալ հնարաւոր այլ տարբերակներու տրամաբանութեան մէջ։ Եւ դարձեալ չի բացառուիր, որ այդ գործընթացներուն Սէուտական Արաբիան իր մօտեցումները ներկայացնէ միջնորդաւորուած՝ ԱՄԷ-ու միջոցով։ Յամենայնդէպս, յառաջիկային որոշ ստուերային գործընթացներու հետ կապուած կ՚ըլլայ որոշակի յստակութիւն, որու հետեւանքով կ՚ընդլայնուին անոնց խորքային վերլուծութեան հնարաւորութիւնները։

-Այս համաձայնութիւնները արդեօք վերջին գամերն են դրուած .Պաղեստինեան դատեի վերջին տարիներուն պատրաստուող դագաղին մէջ։

-Ձեր բնորոշումը բաւականաչափ զգացական է խնդրին վերաբերեալ, որուն ես կ՚առաջարկեմ մօտենալ այլ դիտանկիւնէ։ Ընդհանուր առմամբ, համոզուած եմ, որ Պաղեստինի հիմնախնդրի արդի իրողութիւններուն մէջ ամենաառանցքային դերը կամ մեղքի բաժինը ունին իրենք՝ պաղեստինցիները։ Մեծ մասամբ պաղեստինեան կողմի թիւր հաշուարկներու հետեւանքն է ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը։ Ներպաղեստինեան հարթութեան վրայ տարբեր խումբերու, տարբեր արտաքին հովանաւորներ ունեցող կազմակերպութիւններու միջեւ առկայ պայքարը, մրցակցութիւնը սեփական հնարաւորութիւններու եւ առկայ իրողութիւններու ոչ-սթափ գնահատականը, առաւելապաշտական դիրքորոշումը, ազգային խնդիրը տարբեր դերակատարներու եւ Իսրայէլի միջեւ սակարկութիւններու, Իսրայէլի դէմ «ճիպոտ» շարժելը հնարաւորութիւն դարձնելու հիմնական մեղաւորը իրենք՝ պաղեստինցիներն են, աւելի յստակ՝ անոնց շահերը ներկայացնող տարաբնոյթ կազմակերպութիւնները։ Ներկայիս ականատես ենք իրողութեան մը, որ տասնամեակներ շարունակ Պաղեստին պետութեան ստեղծման միտուած ռազմավարական մօտեցումները, որոնց հիմքը համաարաբական, համաիսլամական միասնութեան կեղծ հանգամանքներն էին, ապացուցած են իրենց անպտուղ ըլլալը, եւ ժամանակն է նոր դիրքորոշում եւ քաղաքականութիւն վարել այդ ուղղութեամբ։ Հնարաւոր է, որ նաեւ անոր ականատեսն ենք ներկայիս։

-Մօտիկ անցեալին արաբական եւ իսլամական աշխարհին համար միակ գերխնդիրը «Պաղեստինեան խնդրին» լուծում մը ապահովելն էր. այսօր կարծէք փոխուած են մօտեցումները, ի՞նչ է պատճառը եւ ինչո՞ւ արաբական աշխարհը (յատկապէս սիւննի աշխարհը) որոշ չափով կ՚ուզէ «անտեսել» այդ դատը։ Այս առումով ալ պէտք է հաշուի առնել, որ արաբներուն համար բաւական բարդ է խաղաղութիւն կերտել Իսրայէլի հետ, բացի պաշտօնական մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներէն. արդեօք արաբական աշխարհը պիտի «մարսէ՞» իրադարձութիւնը, այլ խօսքով՝ արաբ հասարակութիւնները հալած իւղի պէս պիտի ընդունի՞ն զայն։

-Այս հարցի պատասխանը սերտօրէն կ՚առընչուի նախորդին։ Տասնամեակներ շարունակ արաբական հասարակութիւններու մեծամասնութեան մէջ գերակշռող եղած է հակաիսրայէլական, հակասիոնիստական, հակաիմփերիալիստական գաղափարական քարոզչութիւնը, ինչ որ, անշուշտ, կը շարունակէ որոշակի ազդեցութիւն ունենալ առանձին երկիրներու մէջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու հարցով հասարակական տրամադրութիւններուն վրայ։ Բայց եւ այնպէս, տարածքաշրջանին մէջ փոխուած են իրողութիւնները, նոյնիսկ համաարաբական մարտահրաւէրները։ Արաբական երկիրներն ու հասարակութիւնները այսօր առաւելապէս կը մտահոգեն այլ երկիրներէն, դիցուք՝ Թուրքիայէն, Իրանէն նկատուող սպառնալիքները, քան Իսրայէլէն։ Հետեւաբար նաեւ տրամաբանական է, որ գրագէտ քարոզչութեամբ մատուցման պայմաններուն Թել Աւիւի հետ խաղաղութեան եւ նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման հանգամանքը գուցէ նաեւ բովանդակային առումով այլ դրսեւորումներ ունենայ։

Միւս կողմէ, գոնէ ինծի համար, պաղեստինեան հիմնախնդրի համաարաբական եւ համաիսլամական ընկալման իւրօրինակ ցուցիչ էր Երուսաղէմի հարցով ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան եւ յստակ քայլերու հանդէպ վերաբերմունքը եւ դրսեւորումները, որոնք, ինչպէս կը տեսնենք, ցայժմ որեւէ արդիւնաւէտութիւն չեն արձանագրած:

-Ամերիկեան կողմին համար այս բոլորէն քաղաքական-ընտրական միաւորներ կորզելու քաղաքականութիւնն է ամենակարեւորը, ընտրութիւններէն ետք Միացեալ Նահանգներ նոյն հաստատակամութեամբ պիտի հետապնդէ՞ «խաղաղութեան ծրագիր»ը։

-Ամէն բան կախուած է նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներէն։ Տանըլտ Թրամփ տակաւին 2017 թուականի մայիսին իր արտասահմանեան առաջին այցը իրականացուց Մերձաւոր Արեւելք, որ բացառիկ էր ԱՄՆ-ի նախագահներու պարագային, նաեւ խորհրդանշական՝ հիմքեր ստեղծելով կանխատեսելու այս տարածքաշրջանի կարեւորութիւնը ամերիկեան նոր վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան ուղեծիրէն ներս։ Այդ ապացուցուեցաւ Թրամփի կառավարման յետագայ տարիներու ընթացքին։ Վերագնահատուեցան Մերձաւոր Արեւելքի անվտանգային միջավայրը եւ անոր ուղղուած նոր սպառնալիքները։ Իսկ անոնց կանխման առանցքին դրուեցան Ուաշինկթընի բոլոր տարածքաշրջանային դաշնակիցներու համախմբան միտուած ջանքերը, ընդդէմ այլ՝ առաւել ընդհանուր հակառակորդի՝ Իրանի։ Եւ անոր արդիւնքն են նաեւ վերջին գործընթացները։ Հետեւաբար, միանշանակ է, որ գործող վարչակազմը իր տարաբնոյթ քայլերով արդէն իսկ հասցուցած է վաստակելու աջ-պահպանողական դիրքորոշում ունեցող հրեաներուն, նաեւ աւետարանական համայնքի վստահութիւնը։ Ուստի, եթէ Տանըլտ Թրամփ վերընտրուի եւ եթէ շարունակէ պաշտօնավարել նոյն խմբային տրամաբանութեամբ, ուր առանցքային դերակատարում ունին հրեայ եւ իսրայէլամէտ գործիչները, ապա համոզուած եմ, որ այս քաղաքական ուղեգիծը պիտի շարունակուի։ Ճօ Պայտընի յաղթանակի եւ դեմոկրատական վարչակազմի ձեւաւորման պարագային կանխատեսելի է ընթացող գործընթացներու սահմանափակում, որ պետութեան ստեղծման հարցով հազիւ թէ լուրջ արդիւնքներու յանգեցնէ պաղեստինցիներուն համար։ Այս պարագային, վստահաբար, տեղի կ՚ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի հիմնախնդիրներու, տարածքաշրջային սպառնալիքներու եւ անոնց կանխման միտուած քաղաքականութեան վերագնահատում։ Այս պարագային, կանխատեսելի է, որ աւելի կը կարծրանայ Իսրայէլի դիրքորոշումը, որ զգալիօրէն կը խոչընդոտէ պաղեստինեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը։

-Պաղեստինեան խնդրին առընթեր Հայաստան մինչեւ այս պահը յստակ դիրքորոշում մը չունի. ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի կեցուածքը օրէ օր կարծրացող տեսակէտներ ունեցող երկու պլոքներուն վերաբերեալ։ Նկատի ունիմ Իսրայէլի դէմ պայքարելու յանձնառութիւնը վերցուցած երկիրներու պլոքը՝ գլխաւորութեամբ Իրանի եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին ընթացք տուող եւ նոր կազմուող Արաբական ծոցի պլոքը։

-Պաղեստինեան հիմնախնդրի առընչութեամբ Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ միջազգային հիմնարար սկզբունքներու եւ փաստաթուղթերու հիման վրայ խնդրի կարգաւորման հանդէպ համախոհութիւնը։ Այն հիմնուած է «երկու պետութիւն երկու ժողովուրդի համար» հանրայայտ սկզբունքի աջակցութեան վրայ։ Ինչ կը վերաբերի երկու դաշինքներու միջեւ ռազմավարական շարժումներու հարցին, ապա, կը կարծեմ, որ Երեւանի դիրքորոշումը պէտք է տարբեր ըլլայ, քանի որ ինչպէս ձեր նշած դաշինքներէն եւ անոնց մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը, այնպէս ալ Հայաստան ունի նաեւ իր նեղ հետաքրքրութիւնները այս հիմնախնդրի հետ կապուած։ Մեր օրակարգին վրայ պէտք է ըլլայ ոչ թէ աւելի կարծր դիրքորոշում ունեցող՝ Իրանի, Թուրքիոյ կամ աւելի մեղմ մօտեցում որդեգրած արաբական երկիրներու գլխաւորած խումբերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու հարցը, մանաւանդ, երբ երկու կողմին մէջ ալ առկայ են բարեկամ եւ գործընկեր դերակատարներ, այլ՝ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման հակամարտ կողմերու համախոհութիւնը վայելող որեւէ գործընթացի աջակցութիւն ցուցաբերելը։ Այդ տարածքաշրջանին մէջ հայկական կողմը ունի իր սեփական շահերը, որու առանցքին հայկական համայնքի եւ հայ պատմամշակութային, եկեղեցական անվտանգութեան ապահովման գերխնդիրն է։ Եւ պաշտօնական Երեւանի քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ այս կանխադրոյթին վրայ, իսկ մնացած գործօնները ածանցեալ են։

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ. «ՆԱԽԱԳԱՀ ԹՐԱՄՓԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐԸ  ԱՆՇՐՋԵԼԻ ԵՆ»

Որպէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կարծիք՝ Լոս Անճելըսի «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան մեզի համար մեկնաբանեց Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր կարծիքները.

-Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները  օրեր առաջ  Սպիտակ տան մէջ կնքուած համաձայնութենէն: Մէկ կողմէն Թրամփի, միւս կողմէն խաղաղութեան դաշինք կնքող երկու ղեկավարներու՝ Նեթանիյահուի եւ Շէյխ Զայէտ պին Սուլթան էլ Նըհեանի համատեղ լուսանկարը խաղաղութեան յոյս կը ներշնչէ՞:

-Նախ պէտք է արձանագրել, որ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուածը խաղաղութեան դաշինք չէր, այլ  բնական  յարաբերութիւններ հաստատելու համաձայնութիւն: Ամերիկացի  մեկնաբանները գնահատելով հանդերձ խաղաղութեան միտող այս քայլը, դիտել կու տան, որ պահը յատուկ ընտրուած էր, օգնելու համար Տանըլտ Թրամփի  վերընտրութեան: Իսրայէլի վարչապետը պարտական էր Թրամփին, երբ ան օգնութեան հասաւ Պենիամին Նեթանիյահուին՝ մէկ տարուայ ընթացքին կայացած երեք յաջորդական ընտրութիւններուն առիթներով, վերջին անգամ ճանչնալով սուրիական Կոլանը որպէս Իսրայէլի մաս: Միւս կողմէն Ծոցի Արաբական երկիրները եւս կը նախընտրեն Թրամփի վերընտրութիւնը, քանի որ ան հրաժարեցաւ Իրանի հետ ստորագրուած միջուկային զէնքի համաձայնագրէն, որուն առաջին օրէն դէմ էին այդ երկիրները: Անոնք մտահոգուած են, որ Ճօ Պայտընի նախագահութեան օրօք այդ պայմանագիրը կրնայ վերակենդանանալ, ուժեղացնելով Իրանի դիրքերը:

Ծոցի երկիրներուն համար Իրանը աւելի մեծ վտանգ կը ներկայացնէ իրենց գոյութեան տեսանկիւնէն, քան Իսրայէլը, որուն հետ արդէն իսկ գաղտնի կը գործակցէին տարիներէ ի վեր:

-Խաղաղութեան այս դաշինքը, ըստ ամերիկացիներուն, նոր էջ մը պիտի բանա՞յ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւններու ամենահինը համարուող՝ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մէջ. ինչքանո՞վ անկեղծ է այս մօտեցումը եւ ինչքանո՞վ՝ շահադիտական: Միացեալ Նահանգներ եւ մասնակից կողմերը ի՞նչ շահերու հիման վրայ մոռցան երկար տարիներու քէնը եւ իրարու ձեռք սեղմեցին:

-Ինչպէս նշեցինք, խաղաղութեան հասնելու ճանապարհը տակաւին շատ երկար է եւ առանց պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման, գրեթէ անկարելի է հասնիլ վերջնական խաղաղութեան: Ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ պնդել, որ իրենք կը մնան յանձնառու՝ երկու պետութեան լուծումին: Սակայն Թրամփի վարած ի նպաստ Իսրայէլի  բացայայտ կողմնակալ քաղաքականութիւնը շատ աւելի հեռացուց այդ նպատակի իրագործումը: Վերջին չորս տարիներուն Իսրայէլ շարունակեց  Պաղեստինի հողերուն վրայ աւելի մեծ թափով նոր բնակավայրեր կառուցելու իր քաղաքականութիւնը՝ Ամերիկայի լուռ մեղսակցութեամբ:

Թրամփ ճանչցուած է որպէս իր անձնական շահերով առաջնորդուող  նախագահ մը, որուն վարած քաղաքականութիւնը  աւելի դժուարացուց պաղեստինեան հարցի վերջնական լուծումը: Չմոռնանք հոս յիշելու Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու որոշումը, քայլ մը, որ կր մերժէին Ամերիկայի նախկին բոլոր նախագահները, ըլլան անոնք Հանրապետական թէ Դեմոկրատ:

-Երկար տարիներ Միացեալ Նահանգներ փայփայեց «Two State solution»  քաղաքական ծրագիրը, որուն հիման վրայ կ՚առաջադրուէր ստեղծել պաղեստինեան տէրութիւն: Այս խաղաղութեան դաշինքը, ըստ երեւոյթին, անտեսեց պաղեստինցիներու իրաւունքները: Արդեօք այս հունով իրապէս կարելի՞ է խաղաղութեան հասնիլ, կամ թէ՝ այս դաշինքի ժամկէտը կ՚աւարտի՞ Սպիտակ տան նոր նախագահի ընտրութենէն ետք:

-Դժբախտաբար, պաղեստինեան հարցով Թրամփի առած կարգ մը քայլերը անշրջելի են եւ նոր նախագահ մը պիտի չկարողանայ փոփոխութեան ենթարկել զանոնք, յատկապէս Երուսաղէմի եւ կամ Կոլանի հարցով: Բնակավայրերու գծով նոր նախագահը կրնայ պարտադրել, որ Իսրայէլ կասեցնէ ապագայ պաղեստինեան պետութեան համար նախատեսուած հողերու մասնատումը:

Հոս պէտք է ըսել, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Պահրէյն իրենց այս վերջին քայլը արդարացնելով կը յայտարարեն, որ յաջողած են կասեցնել բնակավայրերու վերջնական կցումը Իսրայէլին։

-Հայկական պատուհանէն դիտուած, խաղաղութեան այս նոր համաձայնութիւնը Հայաստանին կամ հայութեան համար որեւէ դրական լիցքեր կը ստեղծէ՞:

-Դժուար է որեւէ կապ գտնել վերջին զարգացումներուն եւ Հայաստանի վրայ անոնց ազդեցութեան միջեւ, ի բացառեալ անշուշտ եթէ հակաիրանեան լայն ճակատ մը կազմուի՝ ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ Արաբական երկիրներու մասնակցութեամբ, որու հետեւանքով տեղի ունենան ռազմական գործողութիւններ, որոնց կայծերը կրնան հասնիլ մեր տարածքաշրջանը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2020