ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ հետեւեալ համարները. «Իմաստուն մարդը զօրաւոր կ՚ըլլայ ու գիտութիւն ունեցողը ուժ կ՚աւելցնէ. վասնզի պատերազմդ խոհեմութեամբ կ՚ընես» (Առ 24.5-6):
Պատասխան. Այստեղ զօրաւոր ըլլալն ու ուժ աւելցնելը եթէ աշխարհիկ հասկացողութեամբ ընկալենք, ապա սխալ կ՚ըլլայ մեր ըմբռնումը այս համարներուն: Այստեղ, իմաստունը աւելի կը խօսի մարդու ներքին կեանքի մասին, քան արտաքին, այսինքն՝ մարդու հոգիին մասին: Մարդ եթէ ներքնապէս իմաստուն ըլլայ, ապա այդ իմաստութիւնը ինքնին իրեն համար զօրութիւն կ՚ըլլայ, որ միաժամանակ անոր գիտութիւն տալով՝ կ՚աւելցնէ անոր ուժը: Գիտութիւն՝ կարենալ ըմբռնելու ճիշդն ու սխալը, ճշմարիտն ու կեղծիքը, մեղքն ու բարութիւնը: Մարդ եթէ համեմատելու այս կարողութիւնը կարենայ ձեռք ձգել, ապա կը յաջողի իր պատերազմներուն մէջ, որովհետեւ իր յոյսը ո՛չ թէ ինքն իր վրայ, կամ աշխարհին վրայ կը դնէ, այլ՝ Աստուծոյ եւ Անով յաղթանակ կը տանի:
Հետեւաբար, իմաստութիւն, գիտութիւն, զօրութիւն եւ ուժ հոգեւոր հասկացողութեամբ, կեանքը Աստուծոյ յանձնելն է ու ապաւինիլ Անոր պարգեւած իմաստութեան, ուժին, կարողութեան, կարենալ յաղթահարելու եւ դիմագրաւելու մեր դիմաց ցցուող դժուարութիւններն ու փորձութիւնները:
Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսպէս կը գրէ այս համարներուն մասին. «(Սողոմոնը) թերեւս կը զգուշացնէ մեզ, որպէսզի առանց մտածելու՝ դէպի պատերազմ երթանք: Կ՚ըսէ. տեսէ՛ք, եթէ որոշում մը կը կայացնէք, օգտակար չէ՞ որ իմաստութիւնը այդ բոլորին մէջ ըլլայ»:
Իմաստութեամբ վարուինք, որպէսզի կարենանք յաղթական դուրս գալ կեանքի պատերազմէն եւ աշխարհի այս կեանքէն փոխուինք երկնային կեանքին, որ յաւիտենական է, որ երանաւէտ է:
Ամէն ինչէ աւելի իմաստութիւն խնդրենք, որպէսզի կարենանք մեր կեանքը իմաստութեամբ կառավարել եւ Աստուծոյ կամքին մէջ մնալով՝ ընթանանք դէպի յաւիտենական խաղաղութիւն ու հանգիստ:
Իմաստութիւն խնդրենք, որպէսզի կարենանք հասկնալ թէ ի՛նչն է բարին մեզի համար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ընթանանք, որպէսզի կարենանք մեր դիմաց եղող դժուարութիւններն ու արգելքները յաղթահարենք ու մաքրենք:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին հետ, մենք եւս դիմենք Տէր Յիսուսին, ըսելով. «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս, տուր ինձ իմաստութիւն զբարիս խորհել եւ խօսել եւ գործել առաջի Քո յամենայն ժամ. ի չար խորհրդոց, ի բանից եւ ի գործոց փրկեա զիս. եւ ողորմեա Քո արարածոց եւ ինձ բազմամեղիս»: Այո՛, մեր կեանքի իւրաքանչիւր քայլափոխին, Աստուծմէ իմաստութիւն խնդրենք, որպէսզի միշտ բարին խորհինք, խօսինք ու գործենք, աւելին՝ որպէսզի չար խորհուրդներէն, խօսքերէն ու գործերէն հեռու մնանք եւ կարենանք փրկութիւնը ժառանգել:
Հ. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Իմաստութիւնը յիմարին համար շատ մեծ է. անիկա դրան մէջ իր բերանը չի բանար» (Առ 24.7):
Պ. Անցեալին յանցաւորներուն քաղաքներու դրան առջեւ կը դատէին: Իսկ հանդերձեալին մէջ դատաստանը պիտի ըլլայ յաւիտենականութեան դռներուն առջեւ:
Անոնք որոնք մեղքի կեանքով կ՚ապրին, անոնք որոնք յամառութեամբ չարութեան մէջ կը մնան, այդպիսները վերջին դատաստանի ժամանակ լուռ պիտի մնան ու պիտի չկարենան իրենց բերանը բանալ: Ա՛յս պատգամն է, որ իմաստունը կը փափաքի մեզի հասկցնել, ըսելով թէ՝ իմաստութիւնը յիմարին շատ մեծ է, այսինքն՝ անոնք որոնք չե՛ն ուզեր ուղղուիլ, չեն ուզեր դարձի գալ, իմաստութիւնը այդպիսներուն համար շա՜տ մեծ ու բարձր բան մը կ՚ըլլայ, որովհետեւ չե՛ն կրնար հաղոդակցուիլ անոր արժէքին ու իմաստին, որով իրենք զիրենք յաւիտենական դատապարտութեան կ՚արժանացնեն:
Յիշենք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ արձանագրուած հրաւիրեալներուն մասին առակը, ուր կը նկարագրուի, թէ ինչպէս բազմաթիւ հրաւիրեաներ կու գան մասնակցելու հարսանիքի մը։ Ատոնց մէջ եղած է մէկը, որ հարսանիքին պատշաճ հագուստ չէ հագած: Թագաւորը անոր դիմելով՝ կը հարցնէ. «Բարեկա՛մ, ինչպէ՞ս հոս մտար առանց հարսանիքի հագուստ ունենալու»: Եւ աւետարանիչը կը գրէ, թէ՝ մարդը պապանձեցաւ (կարդա՛ Մտ 22.1-12): Թագաւորը, այդ հարցումով չի՛ բաւարարուիր, սակայն, այլ դառնալով իր ծառաներուն, կը հրամայէ անոնց. «Կապեցէ՛ք անոր ոտքերն ու ձեռքերը եւ դուրսը խաւարին մէջ նետեցէք. հոն անիկա թող լայ եւ ակռաները կրճտէ»: Որովհետեւ կանչուածները շատ են, բայց ընտրուածները՝ քիչ (Մտ 22.13-14):
Նոյն ձեւով պիտի վարուի Արդար Դատաւորը մեզմէ իւրաքանչիւրիս հետ: Եթէ այս աշխարհի վրայ չիմաստնանանք եւ դարձի գալով Իրեն չյանձնենք մեր կեանքը, ու մեր մեղքերով Անոր արդար դատաստանին ներկայանանք, ապա երկինքի դռներուն առջեւ պիտի լսենք նո՛յն վճիռը, ինչը տրուեցաւ հարսանիքին պատճաշ հագուստ չունեցող մարդուն, որ հարսանիքի սպրդած էր:
Հետեւաբար, այսօր իսկ սկսինք աշխատիլ մենք մեր վրայ, որովհետեւ եթէ այստեղ՝ կրնանք որեւէ մէկ կերպով սպրդիլ, այնտեղ՝ ո՛չ մէկ տեղ ունինք սպրդելու, բացի կրակին մէջ, ուր լանք եւ մեր ակռաները կրճտենք, առանց սակայն մխիթարող մը գտնելու:
Մտածենք այս մասին եւ ըստ այնմ ապրինք մեր կեանքը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 120
Վաղարշապատ