ՀԱՅՐՍ՝ ԱԲՐԱՀԱՄԸ ԵՒ «ԹԱԳՈՒՀԻ» ՄԱՅՐՍ՝ ՍՐԲՈՒՀԻՆ (Ա.)

Ծնողներուս մասին պատմելու ելայ։ Անոնց արմատներուն, անցեալին եւ այն մասին, թէ ինչպէս հասան իմ ծննդավայր՝ Լիբանան ու բոյն մը կազմեցին Մերձաւոր Արեւելքի երբեմնի Փարիզը համարուող Պէյրութի ափերուն։

Մեծ հաշուով երկար պատումի մը կամ գուցէ ինքնակենսագրութեան մը սկիզբին ենք։ Դրած եմ նախնական խորագիր մը, որ կրնայ փոխուիլ, սակայն ապահով եմ, որ այս գրութիւնը պիտի դառնայ հիմքը աւելի կատարեալ եւ աւելի ընդարձակ գործի մը, որ պիտի պատմէ ո՛չ միայն ծնողներուս ու անոնց անցած ճանապարհին մասին, այլեւ լոյսին պիտի տայ Լիբանանի, Պէյրութի եւ տեղւոյն հայութեան հակիրճ կենսագրութիւնը։

Մնացեալը կը թողեմ ընթերցողներուս դատին՝ հայցելով նաեւ որոշ նրբանկատութիւն մը, որովհետեւ այստեղ ներկայացուած տողերը մեծ հաշուով հիմնուած են անձնական յիշողութիւններու եւ պատումներու վրայ։ Նշելով նաեւ, որ նման պատումներու պարագային պատմական փաստերու ամրագրումները (որոնք պէտք է կատարուին ապագային) աւելիով կ՚ուռճացնեն եւ նոր բարձրութեան մը կը տանին որեւէ գործ։

Հայրս կու գար Պէյրութի ամենահամեստ խաւերէն։ Արմատներով պէրէճիկցի, իսկ ծնունդով Ճարապլուսէն, ան Պէյրութ հասած էր Լիբանանի անկախութեան տարիներուն (վաղ 1940-ականներուն)։

Չեմ կրնար ըսել, որ մեծ հօրս՝ Սարգիս Ղազարեանի ընտանիքը կը պատկանէր աղքատ դասակարգին, բայց զանազան պայմաններով մեծ հօրս վաստակած գումարները օր մը սպառած էին ու ընտանեօք տեղափոխուած՝ դէպի Պէյրութ։ Վերյիշեցի, որ Լիբանանի անկախութեան տարիներն էին, հետեւաբար պէտք է հասկնալ վաղ քառասունականները, երբ Պէյրութը դարձած էր գլխաւոր ուղղութիւն մը այն հայերուն, որոնք կայք հաստատած էին Սուրիա-Թուրքիա սահմանային հատուածներուն վրայ։

Ճարապլուսն ալ այդ ժամանակ հայութեան համար կարեւոր կայան մըն էր։ Մերոնք այնտեղ ստեղծած էին փոքրիկ համայնք մը, ունէին եկեղեցի եւ կը վարէին գէշ-աղէկ տանելի կեանք մը։

Չես գիտեր ինչո՞ւ, ի՞նչ դրդապատաճռներով անոնց բոլորը որոշեցին լքել իրենց ծննդավայրը (որոնցմէ էր նաեւ հայրս) ու հաստատուիլ Պէյրութ, Լիբանան։ Շեշտեմ նաեւ, որ հօրս ընտանիքին համար առաջին նոր կայան կը դառնար Պուրճ Համուտի ծայրամասին՝ «Քամփ Սիս» թաղամասը, որ իմ լսելով, մասնիկն էր այն շրջաններուն, որոնք մարմին կապեցին «քամփ»երու տեսքով ու կամաց-կամաց զարգացան եւ դարձան հայահոծ շրջաններ։

«Քամփ Սիս», «Քամփ Թրատ», «Քամփ Թոմարզա», «Քամփ Հաճըն» եւ այսպէս անվերջ անհատնում մեր նախնիները հիմնեցին տասնեակ «գամփ»եր, որոնք սկիզբի օրերուն թիթեղածածկ էին։

Դժուար տարիներ էին։ Երկրորդ աշխարհամարտի ծանր օրեր, անգործութիւն, թշուառութիւն եւ նոյնիսկ սովի սպառնալիք։ Այդ ժամանակներուն մասին ուշագրաւ վկայութիւններ ալ լսած եմ մօրմէս՝ Սրբուհի Ղազարեանէն, որ բոլորովին այլ պայմաններու տակ եկած-հասած էր Լիբանան։ Ինչքան կը յիշեմ եւ ինչքան որ մայրս կը պատմէր (ինչ որ կը համապատասխանէ նաեւ տրամաբանութեան), մօրս նախնիները Լիբանան հասած են ուղղակի Ատանայէն։ Անոնք կայք հաստատած են «Քարանթինա» կոչուած շրջանին մէջ, որ խորքին մէջ եղած է այն «հանգստավայր»ը, ուր արտերկրէն եկած եւ Լիբանան մուտք գործել ուզողները պարտաւորուած կ՚ըլլային ապրիլ քառասուն օր ու ատկէ ալ ծլած-մեծցած էր «Քարանթինա» անունը, որ ձեւափոխումն էր ֆրանսերէն «Քարան թեմփ» (քառասուն օր) բառին։

Այդտեղ էր նաեւ, որ մեծ թիւով ընտանիքներ կայք կը հաստատէին ու յետոյ կը սպասէին Լիբանանի իշխանութիւններու թոյլտուութեան, որպէսզի կարողանան մուտք գործել Լիբանան։ Չի բացառուիր, որ պատկան մարմինները այդ կարգադրութեան դէմ ըլլային՝ նպատակ ունենալով արգիլել բոլոր տեսակի փոխանցիկ հիւանդութիւններու երկիր մուտքը։

Ըսի չէ՞, պատերազմի տարիներ էին ու այդ ժամանակներուն Լիբանան ըլլալով հիւրընկալ երկիր՝ մեծ թիւով հայերու գլխաւոր ուղղութիւնը պիտի դառնար։ Ի հարկէ, ի տարբերութիւն հօրս նախնիներուն, մօրս ընտանիքը՝ Ապուտուրեանները Լիբանան կը հասնէին աւելի վաղ, այսինքն Առաջին աշխարհամարտի աւարտի ժամանակներուն ու որոշ շրջան մը «Քարանթինա» ապրելէ ետք անոնք կը փոխադրուէին Լիբանանի ամենէն գեղատեսիլ ամարանոցներէն Զահլէի գիւղաւանը, ուր լոյս աշխարհ կու գար Արթին եւ Էօժէնի Ապուտուրեաններու առջինեկ զաւակը, մայրս՝ Սրբուհի Ապուտուրեանը։

Ապա դարձեալ պայմաններու բերումով ու շատ հաւանաբար այն պատճառով, որ Պէյրութին համեմատ Զահլէն կ՚ունենար խստաշունչ ձմեռ մը, Ապուտուրեանները դարձեալ կը վերադառնային Պէյրութ եւ կայք կը հաստատէին այս անգամ ծովեզերեայ հատուածին մօտ եւ նոյն «Քարանթինա» անունը կրող «քամփ»ին մէջ։ Շատ մեծ գունագեղութեամբ թաղամասեր էին այդ «քամփ»երը, որոնց պատմութիւնը օր մը անպայման պէտք է ուսումնասիրուի։

Մասնաւորապէս «Քարանթինայի քամփ»ը, որ ունէր հազար ու մէկ տեսակ պատմութիւն, երանգ ու ճակատագիր, ահա՛, այդ ճակատագիրներուն մէջ դէպի կեանք կը վազէին շատ մը իւրայատուկ անուններ, որոնք այսօրուան մեր հաւաքական կեանքէն ներս ունին իրենց ուրոյն դերն ու ստորագրութիւնը։ Այդ անուններէն է, անշուշտ, Մեծի Տանն Կիլիկոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որուն ծնողներուն բնակարանը կը գտնուէր մօրս ընտանեկան բնակարանի հարեւանութեամբ։

Այստեղ կայ նաեւ այլ գեղեցիկ պատում մը, որուն մասին կ՚արժէ գրել այլ պատեհ առիթով եւ այդ պատումը առընչուած է, անշուշտ, Արամ Ա. Կաթողիկոսի (Աւազանի անունով Պետրոս Քէշիշեան՝ Պեպօ) փոխառընչութեան մերիններուն՝ մօրս ընտանիքին հետ։ Սոսկ հարեւանութիւն մը չէր այդ մէկը, այլ աւելին եւ այդ մասին այլ առիթով։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

•շարունակելի

Երեւան

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022