ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան հետեւեալ բանախօսութիւնը ներկայացուցած է Էսաեան սանուց միութեան վերակազմութեան 75-ամեակի հանդիսութեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ. 26 մարտ 2022, շաբաթ։

*

Սիպիլի բառերով «Իմաստութեան տաճար» Էսաեան վարժարանը եղած է այն բախտաւոր կրթական յարկերէն, որոնք ունեցած են իրենց սանուց միութիւնները։

Թրքահայ իրականութեան մէջ սանուց միութիւնները ընկալուած են որպէս մշակութային ընկերութիւններ։ Հայր Եփրեմ Վարդապետ Պօղոսեանի ներկայացուցած տուեալներուն հետեւելով՝ կը տեսնենք, թէ իրենց կազմութեան շրջաններուն համաձայն մշակութային ընկերութիւնները ուսումնասիրուած են երեք գլխարկման ներքեւ. Հին շրջանը՝ կը հասնի մինչեւ 1810 թուականը։ Միութենական կեանքի նախաքայլերը այս շրջանին կոչուած են «Եղբայրութիւններ», կազմուած՝ Հայ Կաթողիկէ համայնքի ծոցին մէջ։ Միջին շրջանը կ՚ընդգրկէ 1810-1908 տարիները։ Այս շրջանին կազմուած միութիւնները ծանօթ են ընդհանրապէս «Ընկերութիւն» անունով։ Նոր շրջանը՝ կը սկսի 1908-ին եւ այլեւս կը սկսի ընդհանրանալ «Միութիւն» կոչումը։

1840-ական թուականներուն Հայ մշակութային ընկերութիւններու պարզած գործօն վիճակը սերտ կապակցութիւն ունեցած է օրուան Պատրիարքական Աթոռի գահակալին՝ Մատթէոս Արքեպիսկոպոս Չուխաճեանի անխոնջ աշխատանքին հետ։ Երանաշնորհ Պատրիարքը իր գահակալութեան առաջին իսկ մէկ օրէն իր հայրական յորդորներով եւ խրախուսանքով Պոլսոյ մէջ կազմուած բազմաթիւ ընկերութիւններուն գրեթէ բոլորին արդեամբ ձեռնտու եւ օգնական եղած է։ Բաց աստի, նաեւ իր գրութիւններով քաջալերած է, որ արտաքոյ Պոլսոյ զանազան կեդրոններու մէջ եւս միութիւններու կազմութիւնը քաջալերուի։

Եղբայրութիւններ, ընկերութիւններ եւ կամ միութիւններ որպէս իրենց ծառայութեան կիզակէտը ընդունած են հայ դպրոցին գոյատեւումը եւ զարգացումը, կարօտ ուսանողներու օժանդակելը, ժողովուրդի մտաւորական մակարդակի բարձրացումը։ Օրինակի համար, կը կարդանք Պէյօղլուի մէջ հաստատուած «Նարեկեան ընկերութեան» մէկ արտայայտութիւնը, 1848 թուին. «Կը յուսանք որ Պէյօղլուի ազնիւ բնակչաց սէրը իրենց ընկերութեանը բարեկարգութեանը վրայ առաւել եւս սաստկանալով նոյն դպրոցին յառաջդիմութիւնը քիչ ժամանակի մէջ ազգիս ուրիշ ամէն դպրոցներէն գերազանց հանդիսանայ… դպրատան մը բարեկարգութիւնը՝ ընկերութեան մը բարգաւաճ յառաջդիմութենէն կախեալ ըլլալուն ամենեւին տարակոյս չունինք. Վասնզի միշտ կը տեսնանք, թէ քանի որ ազգային դպրոցներէս մէկը այս միջոցներէս զուրկ է, իր բարեկարգութիւնն ալ այնքան կասկածոտ է… ընկերութիւն մը քանի որ բարգաւաճի. այնքան աւելի դպրատան մը պտուղը կը զարգանայ»։

Նարեկեան ընկերութեան այս արտայայտութենէն վաթսուն տարի յետոյ նոյն թաղին մէջ 1908-ին Էսաեան վարժարանի նախկին շրջանաւարտներու փափաքով կը կազմուի Էսաեան սանուց միութիւնը, «Էսաեան վարժարանի կարօտ երկսեռ աշակերտներու գրենական եւ դասական պիտոյքը ձրիապէս հայթայթելու» առաքելութեամբ։ Էսաեան սանուց միութիւնը այլ միութիւններու կարգին ունեցած է յատկանշական կէտ մը, որ է երկսեռ ընկերութիւն մը ըլլալու իր հանգամանքը, թէ՛ կազմողներու եւ թէ վարչական կազմերու առումով։ Այս մասնայատկութիւնը կը շեշտուի միութեան կազմութեան չորրորդ տարիին պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ հրապարակած յատուկ գրքոյկով։ Այս գրքոյկը նաեւ բացայայտօրէն կը ներկայացնէ միութեան առաքելութեան գլխաւոր կէտերը. վարժարանի նախկին սաներուն միջեւ բարոյական կապ հաստատել, դասախօսութիւններ սարքելով, մատենադարան ու թանգարան հիմնելով վարժարանի աշակերտներուն մտաւորական զարգացումին նպաստել, վարժարանի կրթական եւ բարոյական մակարդակին հոգածու գտնուիլ, կարօտ աշակերտներուն օգնել եւ չքաւոր մանուկներու դաստիարակութեան մղում տալ։

Միութեան առաքելութեան այս հիմնական կէտերը կեանքի կոչուած են կարելիութեանց ընձեռած չափով։ Օրինակի համար, կարելի է նշել մատենադարանի մը կազմութիւնը աւելի քան 1200 հատորով, ինչպէս նաեւ վարժարանի կարօտ 150 երկսեռ աշակերտներու ձրի գիրք եւ գրենական պիտոյք ապահովելու յոյժ գովելի առաքելութիւնը։

Միութեան կարեւոր գործունէութեանց մաս կը կազմէ սարքուած գրական ասուլիսները, որոնք իրենց ժամանակին վայելած են լայն ժողովրդականութիւն։ 1913-ի մարտ-յունիս ամիսներուն կազմակերպուած ասուլիսներու ընթացքին վերլուծական ուսումնասիրութեան ծիրէն ներս քննարկուած են Լեւոն Շանթի «Հին աստուածները», Գրիգոր Զօհրապի «Նորավէպերը», Դանիէլ Վարուժանի «Հեթանոս երգերը», Ռուբէն Զարդարեանի «Ցայգալոյսը», Յովհաննէս Սէթեանի բանաստեղծութիւնները, Ատովմ Եարճանեանի (Սիամանթօ) «Ամբողջական գործը»:

Ծրագրուած էր քննարկել նաեւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Պետրոս Դուրեանի, Թովմաս Թէրզեանի, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի, Արփիար Արփիարեանի, Միսաք Մեծարենցի գրական վաստակները, սակայն վրայ հասած ծանր քաղաքական իրադարձութիւններու պատճառով ընդհատուած է եւ չէ իրականացած։

Սարքուած գրական ասուլիսներու այն աստիճան կարեւորութիւն ընծայուած է, որ իրենց ժամանակին լոյս տեսած ասուլիսներու բնագրերու առանձին պրակները, 2013-ին ի մի համախմբուած են եւ լոյս տեսած՝ Երեւանի մէջ, «Գրական ասուլիսներ. Կ. Պոլիս, 1913, Ա-Զ» խորագրեալ առանձին հատորով, որ կազմուած, հրատարակութեան պատրաստուած եւ ծանօթագրուած է Արքմենիք Նիկողոսեանի աշխատանքով։

Սոյն աշխատասիրութեան նախաբանի հեղինակ փրոֆ. Լարիսա Մնացականեան իր խօսքերը կը վերջացնէ հետեւեալ հաստատումներով.

«Էսաեան սանուց միութեան ջանքերով կազմակերպուած Պոլսոյ այս ասուլիսներուն այսօրուան սերունդը ծանօթ է առաւելապէս գիտական գրականութենէն առանց անմիջականօրէն շփուած ըլլալու սկզբնաղբիւրներու հետ: Այս գիրքը նպատակ ունի լրացնելու այդ բացը: Ինչ որ կը վերաբերի ներկայացուող յառաջաբանին, մեր նպատակը չէ եղած ասուլիսներու ընթացքին հնչած բոլոր ելոյթներու համակողմանի քննութիւնը, մասնաւորապէս անոնց բոլոր աղերսներու լուսաբանումը ժամանակի եւրոպական գեղագիտական ուղղութիւններու հետ, առաջադրուած տեսակէտներու քննական վերլուծութիւնը գեղարուեստական նիւթի համադրեամբ եւ այլն։

«Այդ ամէնը ժողովածուն ընթերցողներու, մասնաւորապէս երիտասարդ գրականագէտներու խնդիրն է: Համառօտակի ծանօթացնելով ասուլիսներու բովանդակութիւնը՝ փորձեր ենք միայն օգնել անոնց իրենց ապագայի ուսումնասիրութիւններու ընթացքին՝ արդէն մերօրեայ համաշխարհային գրական մտքի համատեքստին մէջ»:

Սեւան Տէյիրմենճեան սոյն հատորի ծանօթացման առթիւ գրի առած յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ եզակի ձեռնարկ մըն էր ասուլիսներու այս շարքը, որ ապրող, ժամանակակից գրականութեան համաժամանակեայ քննութեամբ՝ արթուն կը պահէր ոչ միայն ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը, այլ նաեւ հեղինակները կը մղէր զգօնութեան եւ արտադրելու։ Ասուլիսներուն մղիչ ուժերէն էր Յակոբ Սիրունի, Էսաեան սանուց միութեան հիմնադիրներէն մէկը։ Հնչած քննադատութիւններուն, թէ ինչո՞ւ արդեօք «փոխանակ մեռած գրողներով զբաղելու, ապրող հեղինակներու մասին կը սարքուին այս գրական ասուլիսները», ան կը պատասխանէ. «... կը նկատենք, որ աւելի շինարար գործ մըն է մեր ներկայ գրողներուն եւ գրականութեան շուրջ համակրութիւն եւ հետաքրքրութիւն ստեղծել»։ Սիրունի կը նշէ, թէ որեւէ ուղղութեան չեն հետեւիր, այլ միայն կ՚ուզեն թրքահայ գրականութեան լաւագոյն գործերը ենթարկել քննութեան՝ «առաջնորդուած այն իտէալէն, որով կ՚ուզենք մեր գրողները աւելի խանդավառուած տեսնել իրարմով, եւ հասարակութիւնը աւելի հետաքրքիր դէպի իր գրականութիւնը»։

Էսաեան սանուց միութեան 1947-ին սկսած երկրորդ շրջանին մշակուած գրական, գեղարուեստական, թատրերգական, երաժշտական եւ ընկերային զանազան հանդիսութեանց առընթեր միութիւնը հերոսութիւնը ցուցաբերած է հրատարակչական աշխատանքի։ Միութեան վերակազմութենէն երեք տարի յետոյ միութեան նախաձեռնութեամբ կը հրատարակուի առաջին գիրքը, որով լոյս կ՚ընծայուի երկու թատրերգութիւններու՝ «Պանդոկապետուհին» եւ «Րոմէյ եւ Ժանէթ», թարգմանութեամբ Մկրտիչ Հաճեանի։ 1957-ին լոյս կը տեսնէ Ատրինէ Տատրեանի «Վանօ եւ Մարօ» քերթուած թատրերգութիւնը։

Յաջորդ տարի հրատարակութեան ցանկը կը հարստանայ երեք նոր գիրքերով, որոնցմէ միոյն միջոցաւ կ՚անմահանայ յայտնի գիւղագիր Յակոբ Մնձուրի, իր «Կապոյտ լոյս» պատմուածքներու հաւաքածոյով։ Միւս երկու գիրքերը յուշամատեաններ են. առաջինը՝ լոյս տեսած Աղեքսանդր Շիրվանզատէի ծննդեան հարիւրամեակի հանդիսութեան առթիւ, երկրորդը ձօնուած՝ փրոֆ. Ստեփան Բաբէլեանի գեղարուեստական վաթսունամեայ գործունէութեան։

1959-ին կը նշուի վաստակաւոր գիւղագիր Յակոբ Մնձուրիի յիսնամեայ յոբելեանը եւ այս առթիւ կը հրատարակուի գրքոյկ մը։

Հրատարակչական գործունէութիւնը շուրջ եօթ տարի կանգ կ՚առնէ եւ առաջին առթիւ 1965-ին կը հրատարակուի Աւետիս Գալֆայեանի «Մանկական 10 թատրերգութիւններ»ը։ Էսաեան սանուց միութեան գրատպութեան գործունէութեան կարապի երգը կ՚ըլլայ Մայրերու օրուան յիսնամեակին առթիւ Էլիզ Այվազեանի 1964-ին խօսած «Մօր սէրը» խորագրեալ բանախօսութեան բնագրին «Պատանեկութիւն» անունով հրատարակութիւնը, 1965-ին։

Երբ միութեան գրատպութեան առաքելութիւնը կանգ կ՚առնէ 1966-ին, ի յայտ կու գայ «Կամար» ամսաթերթը, որուն առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 17 յունուար 1966-ին։ Արտօնատէրն է յանուն միութեան վարչութեան՝ Գրիգոր Արման Միրիճանեան, իսկ խմբագիրը՝ Իրմա Աճէմեան։ «Կամար»ը տարբեր է միութեան սարքած տարեդարձի պարահանդէսներու առթիւ հրատարակուած թերթերէն, որոնք ծանուցումներու առընթեր ունէին գրական երեսակ մը եւս, նաեւ ներկայացնելով՝ միութեան երդիքին տակ գործող յանձնախումբերը։

«Կամար»ը, որ լոյս տեսած է որպէս ամսաթերթ, պաշտօնաթերթն էր միութեան։ Առաջին թիւի խմբագրականին մէջ կայ անկեղծ խոստովանութիւն մը, որ կապուած է ուղղակի միութեան հետ։ Երկու կէտեր կը նշուին այս խոստովանութեան մէջ։ Հակառակ անոր որ Էսաեանը լիսէի բաժինը շրջանաւարտներ սկսած էր տալ, «միութիւնը չէր կրցեր կատարել կարեւոր եւ տեղին պարտականութիւն մը, այսինքն իբր մեծ եղբայր կամ քոյր ձեռք երկարել շրջանաւարտուհիներուն, հաւաքել զանոնք իր թեւերուն մէջ, ըլլալ մէկ շարունակութիւնը Էսաեան վարժարանին, ըլլալ տունը նոր սանուհիներուն ալ, կապել նորերը հիներուն եւ փորձառուներուն։ Եւ լիսէի շրջանէն վերջ սանուհիներու հոյլը վարժարանի մթնոլորտէն հեռացած ցրուած եւ դժբախտաբար չէ կրցած երբեք ի մի հաւաքուիլ»։ Նաեւ երկրորդը, «միութիւնը այսքան տարի երբեք չէ կրցած իրականացնել նման ամսաթերթի մը հրատարակութիւնը»։

Վարչութիւնը ամսաթերթի հրատարակութեան մէջ կը տեսնէ երկրորդ կէտին սրբագրութիւնը եւ կը շարունակէ. «Սակայն սխալ պիտի ըլլար իբր առաջին խօսք գրական եւ գեղարուեստական հանդէս մը ըլլալու նպատակով եւ խոստումով հրապարակ իջնել։ Ամսաթերթ մը որ սանուց միութեան մը օրկանն է, չի կրնար տարբեր ըլլալ այդ բոլորէն։ Ուրեմն մեր խոստումը պէտք է ըլլայ աւելին եւ մանաւանդ գոնէ մեզի համար՝ աւելի օգտակարը, որպէսզի սրբագրուած թերութիւն մը ինքնին սրբագրէ նաեւ միւսը եւ կարենայ հաւաքել Էսաեանցիները նախ իր սիւնակներուն, յետոյ Էսաեան սանուց միութեան տաք երդիքին ներքեւ»։

Դարձեալ առաջին թիւին մէջ Էսաեանի անմոռանալի տնօրէններէն Հերմինէ Գալուստեան մեկնելով ամսաթերթի «Կամար» անունէն՝ կը գրէ. «Կամար բառը ինքնին կ՚ոգեկոչէ տաճարներու կամ հին գիտնականներու մթաստուեր խուցերուն նման խորհրդաւոր վայրեր, ուր յանդուգն խոկումներ կը թեւածեն, ուրեմն այս անուանումն ալ արդի գրականութեան ուրուագիծ պատկերներուն թելադրական ուժը ունի թերեւս եւ կը խորհրդանշէ «Կամար»ի խմբակին լուրջ առաջադրութիւնները»։ Կը մաղթէ, որ «անսայթաք շարունակելով իր օգտաշատ դերը, հետզհետէ բարձրանայ «Յաղթանակի կամար»ի պատուաբեր դիրքին»։

«Կամար» տասնեւչորս թիւ հրատարակուելէ յետոյ կը դադրի։ Դժբախտաբար ի ձեռին չունինք հաւաքածոն, այս առումով պիտի չկարենանք գիտնալ, թէ ի՞նչ էր դադարման պատճառը։ Սակայն կայ ճշմարտութիւն մը, որ մեր ի ձեռին ունեցած թիւերը անգամ բաւարար են վկայելու, թէ Էսաեանի սաներէն եւ մեր դասընկեր՝ երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի յաճախ բարի իմաստով գործածած բառերով «խումբ մը խենդերու» տարած լուրջ աշխատանքին մասին։ Լաւ որ բարի իմաստով խենդեր գտնուեր են, ինչպէս այլ միութիւններու երդիքներուն ներքեւ, եւ մենք այսօր ունինք արտայայտուելու առիթը Էսաեան սանուց միութեան միջոցաւ տարուած օրհնեալ աշխատանքի մը պտուղներուն մասին։

Բազմակողմանի գործունէութեամբ ծանօթ Էսաեան սանուց միութեան հրատարակչական գործունէութեան անդրադարձանք, նախ յարգելով մամուլի ունեցած արժէքը եւ կարեւորութիւնը, ապա ողջունելով այդ գծով ցուցաբերուած յանդգնութիւնն ու հերոսութիւնը, որ գրեթէ անծանօթ մնացած է շատերուն։

Իր եօթանասնամեակի հանգրուանին մեր սրտագին մաղթանքը պիտի ըլլայ, որ Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ օրհնեալ ծառայողներու ջանասիրութեամբ պատրաստուած եւ մեզի հասած բարոյական եւ մշակութային սեղանի ոգին «անհատ եւ աննուազ մնայ» մեր զաւակներուն բարոյական շինութեան համար։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 2, 2022