ԽՈՑԵԼԻ ՈՒ ԾԱՆՐ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Արցախի հարցը դէպի վճռական փո՞ւլ… Ուքրայնայի պատերազմին առընթեր, արագ զարգացումներ կ՚արձանագրուին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ 2020 թուականին տեղի ունեցած՝ ահաւոր հետեւանքներով պատերազմը զանազան առումներով կը շարունակուի։ Ստոյգ է անշուշտ, որ այս պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Ատրպէյճանին համար ներկայ դրութիւնը այդքան ալ ձեռնտու չէ։ Այստեղ ուշագրաւ է, որ հրադադարէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանին Ատրպէյճան բացէ ի բաց կը խօսէր Զանգեզուրէն դէպի Նախիջեւան ցամաքային ճանապարհ մը ունենալու կարեւորութեան մասին։ Այդ դրուածքը «դրօշակ» դարձուցած էր Հայաստանի երեսին։ Այսօր, մասնաւորապէս Ուքրայնայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր արդէն կը նկատենք, որ Պաքու փոխած է իր հետաքրքրութիւններու մեծ առանցքը եւ աչքերը լարած դէպի Արցախի այն հատուածները, որոնք մնացին հայկական ուժերու տիրապետութեան տակ։ Զուգահեռաբար Երեւանի քաղաքական վերնախաւի փակ սենեակներուն մէջ արդէն իսկ ընկալելի դարձած է, որ Պաքու պիտի փորձէ լաւագոյնս օգտուիլ Ռուսաստանի բազմազբաղութենէն եւ եթէ հարկ ըլլայ, նոյնիսկ ռազմական ուժի պիտի դիմէ այդ հարցերը լուծելու համար։ Գաղտնիք չէ, անշուշտ, որ հայկական կողմը դարձած է մեծապէս խոցելի։ Այս ժամանակներուն նոյնիսկ եթէ կարողանայ պահպանել իր դիրքերը, երկար ժամանակի վրայ հայոց բանակը բաւարար ուժ չունի նոր պատերազմի մը մէջ մտնելու համար։ Եւ չմոռնանք, որ նոր պատերազմի մը ծագման պարագային հայութեան համար վիճակը պիտի դառնայ ողբերգական՝ հակառակ անոր, որ մինչեւ այս պահը Արցախի մէջ ընդհանուր անվտանգութեան թիւ մէկ երաշխաւորը Ռուսաստանն է, որու խաղաղապահ զօրքերը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Բաց աստի, անշուշտ, կայ ու շատ ջուր կը վերցնէ տարածաշրջանէ ներս արդէն ֆիզիքական ներկայութիւն դարձած ռուսական գործօնը, որու մասին կը խօսուի յաճախ։
Շատեր Պաքուի վերջին շաբաթներու ռազմական նկրտումները կը համարեն «շանթաժ» Մոսկուայի դէմ՝ կերպով մըն ալ հասկցնելով, որ իրենք յաղթական կողմ են, երկար չեն կրնար սպասել, որպէսզի ի վերջոյ խաղաղութեան պայմանագիր մը կնքեն Հայաստանի հետ։ Այս պատկերը ներկայացնելու ատեն, անշուշտ, պիտի խորհինք հայկական կողմի խակ մօտեցումներուն մասին, որոնք յար եւ նման են մատղաշ մանուկի մը դրսեւորումներուն։ Արդարեւ, հայկական կողմը՝ մեծ հաշուով թէ՛ ընդդիմութեամբ եւ թէ յատկապէս Փաշինեանի իշխանութեամբ, հրադադարէն ամիսներ անց մտան խաղի մը մէջ, որ կը կոչուի ժամանակ շահիլ։ Անոնք պահու մը համար մոռցան կամ ուզեցին մոռնալ տալ այն հիմնաւոր փաստը, թէ այսօր Հարաւային Կովկասի այսօրուայ իրավիճակը նոյնը չէ՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ ստորագրուած հրադադարի փուլին հետ։ Կայ նոր վիճակ, որու հետ հաշուի նստիլը ստիպողութիւն էր։
Ճիշդ է. Երեւանի իշխանութիւնները իր բոլոր միջոցներով, իսկ ընդդիմութիւնը բոլոր լծակներով հասան վիրաւոր Արցախի օգնութեան եւ ամէն ինչ ըրին վերականգնելու համար արցախահայերու բարոյահոգեբանական եւ նիւթական վիճակը, սակայն, այդ բոլորը բաւարար չէին, որովհետեւ կան շատ աւելի մեծղի մարտահրաւէրներ։
Այս միջոցին եւ երկար ժամանակի վրայ Պաքու սպասեց, ամրապնդեց իր դիրքերը, վերահաշուարկեց ստեղծուած իրավիճակը եւ հնարաւոր բոլոր լծակներով անցաւ գործի։ Իսկ Հայաստան ապրեցաւ քաղաքական սուր ճգնաժամ, ներքին պառակտում, բողոքի մեծ ալիք եւ ընտրութիւններ։ Կրնա՞ք պատկերացնել երկիր մը, որ Հայաստանի չափ վիրաւոր ըլլայ ու ամէն բան մէկդի նետելով «վազէ» ընտրութիւններու։ Միտքը, անշուշտ, պիտի չընդունի, սակայն անսպասելին պատահեցաւ ու Փաշինեան (որուն ուսերուն է՝ ընդունինք կամ ոչ, այս պարտութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնը) փոխանակ հրաժարելու, աւելիով կառչեցաւ իր աթոռին ու իր չունեցած ընդունակութիւնները զարգացնելով ու սեփական ազգիին գլխուն վրայ «պէրպէրութիւն» ընելով յաջողեցաւ սիրաշահիլ ռուսերը, ստանալ անոնց կողմէ առ երեւոյթ կանաչ լոյս մը եւ անցնիլ իր սիրած գործ ու բանին, որն է ամրացնել իր իշխանութիւնը եւ «մաքրել» նեղ իշխանական օղակները այնպիսի տարրերէ, որոնք ո՛չ միայն իրեն տուրք չտուին, այլ ունակ էին բարձրաձայն հարցումներ տալու։
Հիմա այս վիճակին մէջ եթէ հարց տանք, թէ որո՞նք էին իրական օգտուողները եւ որո՞նք էին անոնք, որոնք կարողացան ու տակաւին կը կարողանան իրենց կամքը պարտադրել Հայաստանին։ Հարկ է արձանագրել, որ պատերազմի աւարտէն ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին բացայայտ կերպով յայտնեցին, որ Արցախի հիմախնդիրը, կամ իրենց բառերով՝ Լեռնային Ղարաղաբի հակամարտութիւնը հասած է իր աւարտին։ Այլ խօսքով, այդ էջը արդէն փակուած է եւ հարկաւոր է ամէն բան ընել՝ անցնելու համար յաջորդ փուլին, որն է նոր Կովկասի ծրագիրը, որու հիմնական թելադրողներն են Ռուսաստանը եւ Թուրքիան։
Այս բոլորը տակաւին չէին մարսուած եւ մասամբ ալ տեղի կ՚ունենային եռակողմ բանակցութիւններ (Փութինի նախաձեռնութեամբ հանդիպումները Մոսկուայի եւ Սոչիի մէջ), որոնք գուցէ գետին կը պատրաստէին երկու երկիրներու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման։ Չէր բացառուեր նաեւ, որ այդ քայլերը դեռ երկար ժամանակով շարունակուէին, եթէ չբացուէր Ուքրայնայի ճակատը։ Սա բոլոր առումներով վնասակար ազդեցութիւն ունեցաւ հայկական կողմին համար՝ եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ դնենք պատերազմի հետեւանքով Ռուսաստանը լքած եւ Հայաստան հասած հայ եւ ռուս քաղաքացիներու ներհոսքը։ Իր ժամանակը գերազանցօրէն արժեւորած Ատրպէյճան, անշուշտ, օգտուելով ներկայացած առիթէն՝ հինգ կէտերէ բաղկացեալ պայմանագրի նախագիծ մը ներկայացուց Հայաստանին։ Ան նաեւ ձեռքը բլթակին պահելով ու նոյնիսկ կրակելով եկաւ ըսելու, որ Պաքու պատրաստ է ամէն ինչի։
Ատրպէյճանի քայլերը ի՞նչ մեկնակէտով կը թարգմանուին, կամ ինչքանո՞վ կ՚անհանգստացնեն ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը, կամ նոյնիսկ բաց պատգամներ կը համարուին՝ ուղղուած Ուքրայնայի մէջ մինչեւ ունկերը պատերազմի մէջ մխրճուած Ռուսաստանին, այդքան ալ կարեւոր չէ. կարեւոր չէ, որովհետեւ Ալիեւ ունի Թուրքիոյ անմիջական նեցուկը ու կը գործէ միայն ու միայն ռէէլ փոլիթիք կանոններով։
Ինչ կը վերաբերի հայկական կողմին, ապա արդէն իսկ յստակ է, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը յայտնուած է իր գործունէութեան ամենէն բարդ իրավիճակին մէջ։ Փաշինեան ի վերջոյ շատ լաւ գիտէ, որ ռազմական որեւէ երկարատեւ գործողութեան պարագային հայկական կողմը պիտի կրէ անփարունակ պարտութիւն մը, որու հետեւանքները կրնան անսրբագրելի դառնալ։ Ան նաեւ շատ լաւ կ՚ըմբռնէ, որ ժամանակ շահելու միտուած իր քայլերը արդէն իսկ սպառած են եւ չունի խուսանաւելու որեւէ առիթ։ Ան գրաւը կրնայ դնել ներքին ճակատին վրայ, իրեն հանդէպ արդէն իսկ մասնակիօրէն խոցելի դարձած ժողովրդային նեցուկին վրայ, կրնայ դիմել Ռուսաստանի աջակցութեան. բան մը, որու արդիւնքները այդքան ալ ապահովագրուած չեն։ Եւ կամ կրնայ ստորագրել թուղթի մը տակ, որու հետեւանքով ալ Արցախի մէջ ցարդ մնացած ազգաբնակչութիւնը կը դառնայ գաղթական...։
Բոլոր վարկածներն ալ դառն ընտրանքներ են Հայաստանի համար, որ եղաւ ժամավաճառ եւ այսօր ահա կանգնած է մեծ ջրբաժանի մը առջեւ։
Այս բոլորէն անդին կը մնայ էական հարցում մը։ Թէ ի՞նչ դեր պիտի ստանձնեն ռուսերը։ Արդեօք իրենց համար Արցախի ներկայ վիճակին պահպանումը կը բխի՞ աշխարհին ձեռնոց նետած եւ մեծն Ռուսաստանի «երազ»ով կլանուած Փութինի շահերէն։
Յառաջիկայ շաբաթ Փաշինեան եւ Ալիեւ պիտի հանդիպին Պրիւքսելի մէջ։ Հաւանական է, որ Եւրոպայի հովանոցի տակ կազմակերպուած այս տեսակցութիւնը դառնայ վճռորոշ հԱրցախի ճակատագրին համար։
Սպասենք։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան