Ո՞ՒՐ
Հացի տոպրակը թեւին տակ դրած բարձրացաւ աստիճաններէն վեր։ Հեւքը հազիւ սկսած՝ հասած էր արդէն։ Բանալին զետեղեց դրան մէջ, պտտցուց կղպանքը ու հրեց դուռը ներս։ Նկատեց, որ անմիջապէս սեմին վրայ ծալլուած թուղթի կտոր մը կար։ Վերցուց, բացաւ, ու ոչ կարճ ձեռագիր գրութիւն մը տեսաւ։ Սկսաւ կարդալ, մոռնալով, որ դուռը բաց ձգած էր։
«Ե՞րբ եկար։ Ի՞նչ կարեւոր է, թէ քանի տարի առաջ։ Ուրկէ՞ եկար, եւ ո՞ւր կ՚երթաս։ Առաջինին մասին չես մտածեր. նորէն հարցնեմ. ուրկէ՞ եկար։ Խանութէ՞ն, ընկերոջդ մօտէ՞ն, այգիէ՞ն... այդ մասին չէ հարցումս։ Ուրկէ՞ եկար ի կեանք։ Չես մտածեր. կարծես անկարեւոր ըլլայ այդ։ Չես մտածեր, քանի որ հաշտուած ես այն մտքին հետ, որ պատասխան չունիս այդ հարցման։ Ո՞ւր կ՚երթաս։ Ահա այստեղ ճառեր կրնաս խօսիլ հաւանաբար։ Նպատակ, թիրախ, հասնելիք կէտ մը, ապացուցելիք բան մը ունիս։ Կը մտածես, շա՜տ կը մտածես այս մասին։ Ամէն օր գրեթէ։ Ո՞ւր պիտի երթաս այս գիշեր, ո՞ւր պիտի հասնիս վաղը, ո՞ւր պիտի ըլլաս հինգ տարի ետք։ Իսկ ո՞ւր պիտի ըլլաս ամենավերջը այս ամէն ինչին։ Ահա, ա՛յդ ալ չես մտածեր։ Երբեմն գուցէ, մէկ «փիլիսոփայական» պահուդ կամ թաղման ծէսի մը ընթացքին. բայց երկուքէն ալ շուտով դուրս կու գաս, կը կտրուիս ու մոռնաս։ Որովհետեւ տե՛ղ ունիս երթալու, բա՛ն ունիս ընելու, եւ անգործ-անգործ պիտի չնստիս ամենավերջի մասին մտածես։ Չէ՞ որ Ժամանակ չկայ, դուն տե՜ղ ունիս հասնելու։
Բայց չես գիտեր, թէ ուրկէ եկար. ու չես գիտեր, թէ ուր կ՚երթաս։
Գրեց՝
Դուն»։
Շշմած իջեցուց վար թուղթը աչքերու դիմացէն... սկսաւ մտածել։ Նախ՝ պարունակի մասին. իրապէս, ինք ուրկէ՞ եկած էր, եւ ո՞ւր կ՚երթար։ Յետոյ՝ գրողի մասին. աս ո՞վ էր գրեր, ինչո՞ւ էր բերեր դրեր իր դրան տակ։ Նայեցաւ կողքի դռներուն, եւ այնտեղ ալ նմանատիպ թուղթեր տեսաւ։ Ապա մտածեց բաց ձգած դրան մասին. պէտք է փակէր, տունը կը պաղէր արդէն։ Քաշեց դուռը, հանեց գլխարկը հացը թեւին տակ առած ձեռքով, մինչ միւսի մէջ թուղթն էր։ Կքեցաւ որ կօշիկները քակէ. ստիպուած դրաւ թուղթը ետեւ, սեղանիկին վրայ։
Հազիւ կապերը քակած՝ խոհանոցէն ճաշի հոտ առաւ. ծնեփեկ էր կարծես։ Հասկցաւ, թէ եկող կէս ժամուան մէջ ի՛նչ հաճելի բան պիտի ընէր, ու գրեթէ վազեց ի խոհանոց, թուղթը բոլորովին ետեւ ձգելով։ Թիրախ՝ խոհանոց. ուտելու կ՚երթար։
ԵՐԱՄ
Երեւան