ԿՈՏՐՈՒԱԾ ՀՈԳԻ, ԲԱՅՑ ԱՆՆԿՈՒՆ ԿԱՄՔ. ՏՔԹ. ՎԱՉԷ ՎԱՍԻԼԵԱՆԻ ԱՅՑԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Ֆրեզնոյի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հայկական համայնքի պատասխանատուներէն տքթ. Վաչէ Վասիլեան այցելեց Հայաստան։ Առիթէն օգտուելով իրեն հետ ունեցանք հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
-Վերջերս կը գտնուէիք Հայաստան, ի՞նչ էր ձեր այցելութեան գլխաւոր նպատակը:
-Ինչպէս շատերուն արդէն ծանօթ է, Ֆրեզնոյի Բժիշկներու միութիւնը ամենամեայ այցելութիւններ կու տայ Հայաստան եւ «Fresno medical mission» ծրագիրը կ՚իրականացնէ: Այս տարի եւս այդ առաքելութիւնը պիտի իրականացնենք։ Այս տարուան առաքելութիւնը յատկապէս մեր վիրաւոր զինուորներուն օգնութեան ուղղուած պիտի ըլլայ, իսկ ես այդ աշխատանքները նախապատրաստելու նպատակով կը գտնուէի Հայաստան: Ասկէ երկու ամիս առաջ ալ մեր խումբի ղեկավարը՝ հիւպատոս պրն. Պերճ Աբգարեանը հոն էր, իսկ այս անգամ ինծի յանձնուրարուեցաւ, որպէսզի երթամ, ծանօթանամ, թէ ինչ են առաջնային կարիքները, որպէսզի Ամերիկայէն բժիկներու խումբը առաւելագոյնս պատրաստուած եւ նպատակային առաքելութեամբ գայ։ Պէտք է ստուգենք, թէ ինչ մասնագիտութեամբ, գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ մասնագէտներու կարիք կայ, որպէսզի այդ 15 օրուան մէջ արդիւնաւէտ ձեւով մեր նպատակին հասնինք:
Մինչ այդ շեշտեմ նաեւ, որ այս անգամ Հայաստան գտնուած օրերուս այցելեցի «Զինուորի տուն», որուն հետ ալ պիտի ըլլայ մեր գործակցութիւնը: Ըսեմ, որ շատ լաւ տպաւորուեցայ «Զինուորի տան» ներկայ վիճակով, իսկապէս բաւական սարքաւորումներով գերյագեցած, գերարդիական տեղ մըն է, ուր գնահատելի աշխատանք կը տարուի: Բացի «Զինուորի տուն»էն, կապեր հաստատեցինք եւ պիտի համագործակցինք նաեւ Կիւմրիի, Արմաւիրի եւ Վանաձորի մէջ գործող զինուորներու վերականգնողական կեդրոններու հետ, որպէսզի մեր մասնագէտները ըստ պահանջի խումբերու բաժնենք, ու ամէն մէկ խումբ շրջան մը երթայ, աշխատի, գիտելիքներ փոխանակէ տեղւոյն բժիշկներուն հետ եւ աշխատանքը, ինչպէս ըսի, ըլլայ արդիւնաւէտ։
-Ինչպէս ըսիք, շատեր արդէն տեղեակ են Ֆրեզնոյի Բժիշկներու միութեան Հայաստան այցելութիւններու ու իրականացուցած ծրագիրներու մասին: Կրնա՞ք աւելի մանրամասնութիւններ ներկայացնել, թէ ե՞րբ սկսած է այդ նախաձեռնութիւնը, ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ, ի՞նչ ոլորտի մէջ կ՚օգնէք, որքա՞ն է պիւտճէն, ո՞ր խաւերուն կը հասնիք եւ արդեօք այդ ծրագիրները ապագային եւս պիտի շարունակուի՞ն:
-Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը խումբ մը ամերիկացի բժիշկներու կողմէ իրականացուող առաքելութիւն մըն է: Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, որ շատ հայրենասէր, մարդասէր եւ աշխատասէր անձնաւորութիւն մըն է (ծնունդով Հալէպէն), 40 տարի է Ֆրեզնօ հաստատուած է ու շուրջ 38 տարիէ ի վեր գործունէութիւն կը ծաւալէ բժշկական ոլորտէն ներս։ Ան մտայղացաւ եւ ան կը ղեկավարէ այս առաքելութիւնը, որ կը գործէ 2015 թուականէն ի վեր։ Մենք անընդմէջ ամէն տարի կ՚այցելենք հայրենիք։ Միայն անցեալ տարի չկրցանք այցելել, քորոնաժահրի համավարակի պարտադրած սահմանափակումներու պատճառով:
Իր գործունէութեան առաջին երկու տարիներուն մեր խումբը 15 օրով կը գտնուէր Հայաստան, այդ օրերուն ծառայութիւն կը մատուցէր միայն մայրաքաղաք Երեւանի եւ Վանաձորի, Կիւմրիի, Արմաւիրի, Գեղարգունիքի տարբեր շրջաններու եւ գիւղերու մէջ: Երրորդ տարիէն սկսեալ մենք սկսանք այցելել նաեւ Արցախ, այդպիսով կը գործէինք՝ մէկ շաբաթ Հայաստանի ապա՝ Արցախի մէջ: Երբ մենք նոր սկսած էինք այս առաքելութիւնը, մեր խումբին մաս կը կազմէին 18-20 բժիշկներ, որոնց կէսէն աւելին օտարներ էին, իսկ վերջին անգամ արդէն աւելի քան 40 հոգի էինք, այսինքն ամէն անգամ որ մեր հետ բժիշկ մը կու գար Հայաստան, այնքան ուրախ եւ գոհ կը մնար, որ կ՚ուզէր յաջորդ անգամ դարձեալ գալ եւ իր հետ բերել իր գործընկերը:
Ինչ կը վերաբերի առաքելութեան պիւտճէին, ըսեմ, որ մեր առաջին առաքելութեան պիւտճէն մօտաւորպէս 300 հազար տոլարի շուրջ էր, եւ այն կամաց-կամաց աճեցաւ, հասնելով մինչեւ 800-900 հազար տոլարի։ Անշուշտ շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայ գաղութին, իր բոլոր միութիւններով եւ անհատ բարերարներով, որոնք կը հաւատան մեր առաքելութեան, մանաւանդ որ ամէն առաքելութենէ ետք հայրենիքէն մեր վերադարձէն յետոյ հաւաք կը կազմակերպենք համայնքի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ, ուր կը ներկայացնենք մեր կատարած ամբողջ աշխատանքը, որ վաւերագրած կ՚ըլլանք եւ ցոյց կու տանք, թէ գումարները ինչի վրայ ծախսուած են։ Այդ է պատճառը, որ բոլորը մեզի կը հաւատան եւ ամէն տարի աւելիով նեցուկ կը կանգնին: Եւ անշուշտ այստեղ դարձեալ մեծ ներդրում ունի Պերճ Աբգարեանը, որ կը կազմակերպէ այդ դրամահաւաքները:
Նախաձեռնութեան շրջածիրէն ներս, բժշկական առաքելութեան կողքին, պրն. հիւպատոսը նաեւ քաղաքական կարեւոր գործունէութիւն կը կատարէ. օրինակ՝ ասկէ երեք տարի առաջ Հայաստան հրաւիրեց ծերակուտականներ, որոնցմէ մին էր յանձինս պրն. Ճիմ Քոսթա։ Այս տարի նոյնպէս երկու ծերակուտական մեզի պիտի միանայ եւ մեծ հաւանականութեամբ անոնք նաեւ Արցախ պիտի այցելեն:
Ինչպէս ըսի, բժիշկները շրջաններ կ՚այցելեն եւ կ՚աշխատին գետնի վրայ՝ ուղղակի հիւանդներու հետ։ Ամերիկայէն մեր հետ նաեւ դեղօրայք կը տանինք, շաքարախտ կամ ճնշում ունեցող հիւանդներէն շատերուն իրենց մէկ տարուայ պիտանի դեղօրայքը կը հայթայթենք, կը գործակցինք շատ մը կազմակերպութիւններու հետ. ինչպէս՝ COAF-ի (Children of Armenia Fund), SOAR-ի (Society for Orphaned Armenian Relief) եւ զանազան հիւանդանոցներու հետ: Մեր հետ եկած մասնագէտներ ծանր վիրահատութիւններ կը կատարեն Երեւանի մէջ: Այստեղ որպէս օրինակ կ՚ուզեմ պատմել հետեւեալ պարագան. երկու տարի առաջ Մասիսի շրջանին մէջ յայտնաբերեցինք հիւանդ մը՝ 13 տարեկան երեխայ, որ պէտք է անպայման մինչեւ 14-15 տարեկանը վիրահատուէր, իսկ Հայաստանի մէջ միջոցը չունէին։ Ուստի մենք ծանօթանալով հիւանդութեան, խումբի ղեկավար պրն. Աբգարեանը Ամերիկայէն մասնագէտը գտաւ։ Մեր յաջորդ այցին բժիշկը իր օգնականներով մեր հետ Հայաստան ժամանեց եւ վիրահատութիւնը Հայաստանի մէջ կատարուեցաւ։ Այսօր այդ տղան կ՚ապրի, ողջ ու առողջ է։ Այսպիսի յատուկ նախաձեռնութիւններ կ՚ընենք:
Այս անգամ ալ մեր, դժբախտաբար, անդամալոյծ դարձած, ուղեղէն վնասուած եւ նման ծանր պարագաներով զինուորներու բժշկութեան համար յատուկ մասնագէտներ պիտի հրաւիրենք։ Վերջին այցիս այդ զինուորներու առողջական վիճակին մասին ամբողջ պատմութիւնը հաւաքեցի եւ թուղթերը հետս բերի, որպէսզի ցոյց տանք մասնագէտներուն։ Աշխատանք պիտի տանինք, թէ ինչպէս կրնանք այդ զինուորներուն աւելի օգտակար ըլլալ ու անոնց կեանքի որակը աւելիով բարելաւել:
Հայաստան գտնուած ժամանակս նաեւ զոհուած զինուորի մը ընտանիքին ծանր վիճակին մասին լսեցի. հայրը զոհուած, մայրը երկու անգամ կաթուած առած, ունի 6 երեխայ, որոնցմէ ամենէն մեծը 13 տարեկան է, նաեւ կնոջ աներհայրն ու աներմայրը, ընդհանուր 9 հոգիէ բաղկացած ընտանիքը կ՚ապրի մէկ սենեակի մէջ, փլատակ խոհանոցով։ Երբ այցելեցի ընտանիքին, այրիին խոստացայ, որ տան հարցով կը փորձենք օգտակար դառնալ, որովհետեւ այդ տան մէջ ապրիլը կարելի չէ։ Ամերիկա հասնելէս ետք պրն. հիւպատոսին հետ խորհրդակցելով եւ շնորհիւ Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄ «Սասուն» մասնաճիւղին, այդ գումարը հաւաքեցինք եւ մօտ օրէն այդ ընտանիքին 4 սենեակնոց տուն մը պիտի ապահովենք Մասիսի շրջանին մէջ:
Մեր մեծ իրագործումներէն մէկը եղած է նաեւ Աշտարակի հիւանդանոցի վիրահատարանի վերանորոգումը, որ ամերիկեան բարձր չափանիշերով վերանորոգուեցաւ։ Մօտաւորապէս 340 հազար տոլար ծախսուեցաւ այդ վիրահատարանի նորոգման համար։ Այդ գումարը հայթայթեցին երկու ամերիկահայեր, որոնք մեզի հետ եկան ու բացման ԱՄՆ-ի դեսպանն ալ ներկայ եղաւ:
-Ինչպէս ըսիք, ձեր պատուիրակութեան մէջ եղած են նաեւ օտար բժիշկներ, ինչպէ՞ս կը մօտենան անոնք Հայաստանի այսօրուայ վիճակին, ինչո՞ւ կ՚ուզեն Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին օգտակար ըլլալ:
-Այո, խումբին կէսը լրիւ օտարներ են՝ ամերիկացի, որոնք մեզի հետ կու գան եւ կ՚աշխատին շատ մեծ սիրով ու հաճոյքով։ Անոնք շատ լաւ տպաւորութիւններով կը վերադառնան այնտեղէն։ Անշուշտ մենք եւս մեծ ճիգեր կը գործադրենք, որպէսզի օտար բժիշկները դրական տպաւորութիւններով վերադառնան ու իրենց կարգին ալ Հայաստանի ու հայութեան մասին դրական վկայութիւններ տան։
Այս տարի օտար բժիշկներուն յարմար տեղեր ապահովելէ բացի, պիտի գործակցինք նաեւ բժիշկ Թամանեանին եւ իր խումբին հետ։ Մեր բժիշկները այնտեղ դասախօսութիւններ պիտի տան, որպէսզի հայաստանցի բժիշկները աւելի լուսաբանուին եւ մօտէն ծանօթանան ամերիկեան բժշկութեան, փորձառութեան, նաեւ ամերիկացի բժիշկներն ալ օգտուին այդտեղի մասնագէտներէն։ Ի վերջոյ երկու կողմերուն միջեւ գիտելիքներու փոխանակութիւն ըլլայ. բան մը, որ շատ դրական է թէ՛ Հայաստանին եւ թէ ամերիկացի բժիշկներուն համար։
-Այս այցելութիւնը ձեր առաջին այցն էր հայրենիք պատերազմէն ետք։ Ի՞նչ նկատեցիք, ի՞նչ էր ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնը:
-Ես անձնապէս Հայաստան կ՚երթամ ոչ թէ օգնելու համար, այլ օգտուելու համար, որովհետեւ այն ինչ մենք կու տանք հայրենիքին, ոչինչ է հայրենիքէն մեր ստացած ուժին եւ եռանդին դիմաց։ Ես ու տիկինս, որ նոյնպէս բժիշկ է՝ մանկաբոյժ՝ Կարինէ Լեփեճեան, ամէն տարի Հայաստան կ՚երթանք եւ աւելի լիցքաւորուած, կազդուրուած, աւելի ամուր ցտեսութիւն կ՚ըսենք հայրենիքին, ետ կը վերադառնանք օտար ափեր եւ մեր եկած օրէն կը սկսինք ծրագրաւորել մեր յաջորդ այցը:
Շիտակը, այս անգամ տպաւորութիւնս տարբեր էր, ես միշտ հայրենիք կ՚երթայի եռանդով, բայց այս այցելութիւնը տարբեր էր... հոգիս ձեւով մը կոտրուած էր, բայց այդ չի նշանակեր որ տկար ենք կամ պիտի տկարանանք, ընդհակառակը, այդ մեզ աւելի պիտի մղէ, որ դարձեալ երթանք եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնենք, ինչու չէ նաեւ օգտուինք: Իրականութեան մէջ, քիչ մըն ալ զարմացած էի, տեսնելով, թէ ինչպէս Երեւանի կեդրոնը խճողուած է, ճաշարանները պարապ տեղ չկայ, կարծես բան մը չէ եղած... բայց երբ Երեւանէն դուրս ելայ եւ Կիւմրի ու Մասիս երթալով վիրաւոր զինուորներուն այցելեցի, խայտառակ խեղճուկ վիճակ էր...։
Մտատանջումներ ապրեցայ ու մտածեցի, որ ուր են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ եղած մեծագումար փոխանցումները։ Նաեւ վհատեցնող էր ժողովուրդի վիճակը, ես որ Հայաստան ուսանած եմ եւ ամէն տարի կ՚այցելեմ, դեռ այսպիսի պառակտուած վիճակ չէի տեսած հայրենիքի մէջ, ինչ որ ամենէն մտահոգիչն էր։
-Հայաստանի մէջ կ՚ապրինք բաւական ծանր ժամանակներ, պատերազմէն ետք ամենամեծ խնդիրը երկրին համար անվտանգութեան ապահովման հարցն է։ Դուք որպէս ամերիկահայ, ինչպէ՞ս կը դիտարկէք այս բոլորը, ի վերջոյ ի՞նչ պէտք է ընենք որպէս ժողովուրդ, այս վիճակէն դուրս գալու համար:
-Անվտանգութեան ապահովման համար միակ միջոցը մեր միակամ ըլլալն է, այլապէս մեզի ո՛չ արեւելքը, ո՛չ հիւսիսը, ո՛չ հարաւը, ո՛չ ալ արեւմուրքը կրնայ օգնել: Անվտանգութեան ամենէն մեծ երաշխիքը մեր միասնականութիւնն է, միասնական ըլլալու համար ալ համախմբող ղեկավար մը պէտք է, բայց նոյնիսկ եթէ չունենանք այդ ղեկավարը, պէտք է ամէն գնով ջանանք միասնակամ ըլլալ։ Մեր անվտանգութեան երաշխիքն է նաեւ մեր խելքը եւ ճիշդ ձեւով համագործակցութիւնը սփիւռքին հետ: Դժբախտաբար, տարիներէ ի վեր այսպէս ապիկար, այսպէս անշնորհք գործակցութիւն չէի տեսած ես սփիւռքի հետ։ Գիտենք նախկիններու ժամանակ թերութիւններ կային, բայց սփիւռքի այսքան թերագնահատումը շատ ցաւալի կը համարեմ։ Ես կը հաւատամ, այո՛, հայրենիքը մեզի համար խարիսխ է, ամէն ինչ է, բայց հայրենիքին համար ալ սփիւռքը շատ կարեւոր գործօն է, բայց հայրենիքի մէջ աթոռի վրայ նստող ղեկավարները պէտք է արժեւորեն այդ մէկը, պէտք է անկեղծօրէն գործակցին, մօտենան, սիրաշահին սփիւռքը։ Ես կը վստահեցնեմ, որ սփիւռքի մէջ շատ պահուած գանձեր կան, կարեւորը զանոնք գտնալն ու գործի լծելն է՝ ի շահ հայրենիքի։ Եւ նորէն կ՚ըսեմ, այդ մէկը Հայաստանի մէջ աթոռի, պաշտօնի վրայ նստած մարդոց գործն է:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան