ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՍԼԱՔՆԵՐԸ ՄԻՇՏ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ ՄՈՍԿՈՒԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու կողքին տեղի կ՚ունենան բաւական աշխոյժ դիւանագիտական տեղաշարժեր։ Նախ սկսինք հոնկէ, որ շաբաթ մը առաջ Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջարկուած հրադադարը յար եւ նման Մոսկուայի մէջ ընդունուած, աւելի վերջ ալ «հաստատուած» երկու հրադարարներուն՝ «մեռեալ ծնունդ» էր։ Սակայն անկախ այդ հրադադարներու «տապալուած» ըլլալու իրականութենէն, չես գիտեր ինչո՛ւ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները «մեծ խանդավառութեամբ» դիմաւորեցին նախագահ Տանըլտ Թրամփի «կնիք»ը կրող հրադադարի յայտարարութիւնը։ Ի տարբերութիւն Մոսկուայի կողմէ յառաջ տարուած ճիգերուն՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Դիմատետր»ի գրառում մը կատարելով՝ ձեւով մը իր ողջոյնի խօսքը ըսաւ ամերիկացիներուն։ Ամերիկեան փորձերը ոչինչ էին՝ քան ամերիկահայութեան մէջ դրական մթնոլորտ մը ձեւաւորելու ջանքերը։ Շնորհիւ անոնց, Տանըլտ Թրամփ առաւելագոյնը կատարելով պիտի փորձէր «տիրանալ» շուրջ մէկ միլիոն ամերիկահայերու քուէներու մեծամասնութեան։ Ամերիկեան այս մօտեցումը կամ Կովկասի մեծ խաղին մէջ դարձեալ մտնելու փորձերը կատարուած են պարզապէս առերեւոյթ, որովհետեւ ա՛լ աւելի վաղ ու նոյնիսկ անցեալ տարիներուն ամերիկացի մէկէ աւելի հեղինակաւոր դիւանագէտներ յայտարարած էին, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման վերջնական բանալին կը գտնուի Մոսկուայի ձեռքը։

Նոյն տեսակէտը կը բաժնեն նաեւ Ատրպէյճանի վարչակազմին մօտիկ շրջանակներ. օրինակ՝ Ռուվիզ Հաֆիզօղլու «Էլ Ճեզիրէ» հեռուստակայանէն բառացիօրէն յարեց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման բանալին կը գտնուի Ռուսաստանի ձեռքը»։ Սա միայն շողոքորթութիւն մը չէ, այլ նաեւ՝ գրեթէ հակահարուած մըն է ԱՄՆ-ի այն փորձերուն, որոնք կը միտին մասնաւորապէս այս փուլին ինչ-որ առանձնայատուկ դերակատարութեան մը սկիզբը դնել։ Պաքու այս առումով լուրջ մտավախութիւններ ունի՝ պայմանաւորուած այն փաստով, որ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները ոչ այնքան փայլուն են եւ տուեալ պահուն Ուաշինկթընի կողմէ խնդրի լուծման վերաբերեալ որեւէ փորձ տանելի պիտի չըլլայ Անգարայի համար։ Արդարեւ, Անգարա-Մոսկուա համագործակցութեան ընդհանուր պատկերը այլ տեսք մը կը պարզէ, հակառակ Վլատիմիր Փութինի մատնանշումին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ լուրջ տարակարծութիւններ կան։ Անգարա, որ մեծապէս ներգրաւուած է այս պատերազմին ու կարգ մը տեղեկութիւններով, անոր բարձրաստիճան սպաները կը վերահսկեն ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր ընթացքը, ունի հեռահար նպատակներ։ Այս ամբողջին մէջ տեսանելի է, որ ան կը ձգտի հիմնախնդրի կարգաւորման համար տարուող ճիգերուն մաս կազմել կամ այլ խօսքով՝ դառնալ «հաւաստի կողմ»։ Անշուշտ, այս բոլորը կախեալ են, թէ ի՞նչ աւարտ կամ ի՞նչ ընթացք կ՚ունենան ռազմադաշտի իրադարձութիւնները։ Փաստ է, սակայն, որ Ռուսաստան երբեք պիտի չուզէ Թուրքիոյ հետ յարաբերակցութեան նոր տեսադաշտ մը ունենալ։ Պատճառը ո՛չ միայն նոր լարումներէ խուսափիլն է, այլեւ՝ լաւապէս կը հասկնայ, թէ իր դաշնակից Հայաստանի հաշիւներէն ու անվտանգութեան հարցերէն կը բխի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իրարմէ հնարաւորինս հեռու մնալը։ Ռուսական կողմի կանխատեսումով՝ այսպէսով հեշտ կ՚ըլլայ ձախողութեան մատնել Անգարայի համաթուրանական հեռահար նպատակները։ Այս վիճակին մէջ ուշագրաւ էին նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բերնով հնչած խօսքերը, որոնցմով ան բառացիօրէն կը վստահեցնէր, թէ պատրաստ է առանց նախապայմաններու հասնիլ Մոսկուա եւ բանակցիլ Նիկոլ Փաշինեանին հետ։ Այս յայտարարութենէն առաջ Փաշինեան եւս «դրական» նշաններ ուղարկած էր ըսելով, թէ ինք պատրաստ է «ցաւոտ զիջումներ»ու երթալու։

Այլ խօսք, թէ երկու ղեկավարներու ընելիքները, զիջումներն ու փոխադարձ համաձայնութեան տրամադրութիւնները ի՞նչ արդիւնքի կրնան հասնիլ եւ ինչքանո՞վ կրնան արագօրէն կասեցնել պատերազմը, որ արդէն աւելի քան ամիսէ մը ի վեր բոլոր տեսակի խաղաթուղթերը իրար խառնած է։ Առնուազն, Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը համոզուած է, թէ հազարէ աւելի նահատակ տալով, հազար քառակուսի քիլօմեթր տարածք կորսնցնելով, հնարաւոր չէ «ցաւոտ զիջումներ»ու երթալ... Կայ անշուշտ այն վարկածը, թէ Ատրպէյճան բաւական յոգնած է այս պատերազմէն։ Բայց նաեւ յստակ է, որ հայկական կողմին համար ալ երկարատեւ պատերազմի մը ստուերը բաւական ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան էութեան տեսակէտէ։ Բաց աստի, կարեւոր է իմանալ, թէ պատերազմի այս փուլին ի՞նչ կը մտածեն Մոսկուայի մէջ։ Արդարեւ, մինչեւ այս պահը ռուսական կողմը ամբողջական նեցուկը եւ ուժը չէ դրած այս պատերազմին մէջ։ Ան կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ, որպէսզի պատերազմը իր «հունէն» դուրս չգայ ու ան չպարտաւորուի ներգրաւուիլ՝ անսպասելի հետեւանքներով պատերազմի մը թրքական կողմին հետ։

Այս պատկերին վրայ բացառութիւն չի ստեղծեր Փաշինեանի կողմէ շաբաթավերջին Փութինին ուղարկուած նամակը եւ Մոսկուայի կողմէ Երեւանին փոխանցուած պատասխանը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2020