ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կը շարունակենք Առակաց 6-րդ գլուխի 16-19 համարներուն բացատրութիւնը:

• Ու եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ. այսօրուան ընկերութեան յատկանշող ամենէն ցաւալի երեւոյթներէն մէկը: Ինչքա՜ն մեծ է թիւը անոնց, որոնց բանն ու գործը եղբայրներուն միջեւ կռիւ ցանելն է, նախանձի, ատելութեան, չարակամութեան, եւ այլնի պատճառով:

Այսօր որոշ մարդոց համար անտանելի է տեսնել, որ մարդիկ իրարու հետ լաւ ու համերաշխ են, իրարու հետ միաբան սիրով եւ հասկացողութեամբ կ՚ապրին, եւ չկարենալով դիմանալ կամ ընդունիլ այդ իրողութիւնը, ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի երկպառակութիւն, անհամերաշխութիւն յառաջացնեն այդ մարդոց միջեւ:

Այս երեւոյթին պատճառներէն մին նշեցինք նախանձը: Ի՞նչ է նախանձը արդարեւ. Հայր Պեմին կը գրէ. «Նախանձը ծիծաղելի բան է, քիչ մը խելք պէտք է, որպէսզի մարդ կարենայ յաղթահարել նախանձը: Ուշադի՛ր եղիր, երբեք թոյլ մի՛ տար, որ նախանձի կիրքը իշխէ վրադ, որովհետեւ ամենէն մեծ ու ամենէն վտանգաւոր կիրքերէն մէկն է: Կարելի չէ, որ մարդ միաժամանակ ե՛ւ սէր, ե՛ւ նախանձ ունենայ. նոյնիսկ եթէ քիչ մը սէր ունենայ, իր սէրը մաքուր չ՚ըլլար, որովհետեւ իր սիրոյ մէջ՝ իր անձն է: Նախանձը սէրն ու բարութիւնը կ՚աղտոտէ, ամբողջութեամբ կուլ կու տայ քու հոգեկան եւ մարմնական ուժերը, որոնք կրնայիր Աստուծոյ զոհաբերել: Եթէ նախանձդ հեռացնես քեզմէ, աղօթքդ ուժ կ՚ունենայ եւ Աստուծոյ լսելի կը դառնայ»: Հետեւաբար, նախանձը մաքուր չըլլալով եւ աղտոտելու ունակութիւն ունենալով, ի զօրու է ամէն տեսակի թշնամութիւն  ցանել ու տարածել մարդոց միջեւ, եւ որպէսզի մարդ կարենայ յաղթահարել այս ախտը՝ նախանձը, պէտք ունի սիրոյ՝ երկնային-աստուածային սիրոյ:

Այլ պատճառ մը նշեցինք՝ ատելութիւնը: Ատելութիւնը ուրիշ բանի արդիւնք չէ, եթէ ոչ չար կամեցողութեան, ուրիշին չարիք ցանկալուն, եւ այդ պատճառով ալ մարդ շատ յաճախ կը մղուի թշնամութիւն սերմանելու իր նման մարդոց միջեւ, որովհետեւ չի՛ փափաքիր, կամ չի դիմանար տեսնել զանոնք համերաշխ եւ սիրով ողողուած: Այս կեցուածքին կամ ընթացքին պատճառը շատ յաճախ ինքնամոլորութիւնը կ՚ըլլայ, այսինքն՝ մարդ կը կարծէ, թէ ինք ճիշդ ընթացքի մէջ է եւ կամ իր ըրածը ճիշդ է, բայց միթէ՞ կարելի է երեւակայել, որ թշնամութիւն սերմանելը կրնայ ճիշդ ըլլալ: Բնակաբար ոչ, ընդհակառակը, այդ մէկը հոգեկան ախտի նշան մըն է, եւ ենթական պէտք է ամէն ջանք թափէ, որպէսզի ձերբազատի այդ հիւանդութենէն, իսկ այդ հիւանդութենէն ազատելու համար ենթական կարիք ունի հոգեւոր հօր թելադրութիւններուն ու խրատներուն, որպէսզի իր աղօթքներուն ընկերակցութեամբ կարենայ մաքրուիլ եւ առողջանալ:

Մենք որպէս մարդիկ ո՛չ թէ կոչուած ենք չարութիւն ու թշնամութիւն տարածելու, ընդհակառակը՝ սէր եւ համերաշխութիւն, որովհետեւ մենք ՍԷՐ Աստուծոյ զաւակներն ենք, եւ զաւակը պէտք է, աւելի ճիշդ պարտաւոր է նմանիլ իր ծնողքին: Մարդ ո՛չ թէ պէտք է իր նմաններուն միջեւ երկպառակութիւն սերմանէ, ընդհակառակը, Քրիստոսի սիրով պէտք է մօտենայ եւ փորձէ հաշտեցնել իրարու հակառակողները: Մենք ոչ թէ չարութիւն ու թշնամութիւն պէտք է ցանենք, այլ սէր: Եթէ չարութիւն ու թշնամութիւն ցանենք, ցաւ, պատիժ ու յաւիտենական մահ պիտի հնձենք եւ Աստուծոյ աչքին զզուելի պիտի ըլլանք, մինչ եթէ սէր ու համերաշխութիւն ցանենք ու սերմանենք մեր չորս կողմը, ապա հանգիստ, երանութիւն եւ յաւիտենական կեանք պիտի ժառանգենք, Աստուծոյ սիրելի պիտի ըլլանք, եւ արժանի պիտի ըլլանք լսելու, թէ՝ «եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք Ինծի, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք Ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք Ինծի» (Մտ 25.34-36): Ահաւասիկ, իւրաքանչիւր հաւատացեալի պարտաւորութիւնը իր նմանին նկատմամբ, ո՛չ թէ թշնամութիւն եւ չարութիւն սերմանել, այլ՝ կերակրել, ջուր տալ, ընդունիլ օտարականները, հագցնել, հոգ տանիլ, խնամել, այցելել, մէկ խօսքով՝ սիրել: Բնականաբար ընթերցողը հիմա պիտի հարցնէ, բայց չէ՞ որ այստեղ խօսքը մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսին կը վերաբերի. ճի՛շդ է, մեր Տիրոջ կը վերաբերի, բայց եկէք միասնաբար շարունակենք կարդալ այդ հատուածը. «Այն ատեն արդարները պիտի հարցնեն. «Տէ՛ր, Քեզ ե՞րբ անօթի տեսանք եւ կերակրեցինք, կամ ծարաւ տեսանք եւ ջուր տուինք: Քեզ ե՞րբ օտարական տեսանք եւ ընդունեցիքն կամ մերկ՝ եւ հագցուցինք: Քեզ ե՞րբ հիւանդ կամ բանտի մէջ տեսանք եւ այցի եկանք Քեզի»: Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. «Կ՚ըսեմ ձեզի, որովհետեւ Իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, Ինծի ըրած եղաք»» (Մտ 25.37-40). չէ՞ որ մենք բոլորս Աստուծոյ նմանութեամբ եւ պատկերով ստեղծուած ենք (տե՛ս Ծն 1.26-28):

Հարցում. Պէ՞տք է մարդ իր հօրն ու մօր պատուիրանները եւ թեադրութիւնները լսէ ու գործադրէ:

Պատասխան. Անշուշտ, որ մարդ պէտք է իր հօր ու մօր պատուիրանները, թելադրութիւնները եւ խրատները լսէ ու գործադրէ զանոնք, որովհետեւ այդպիսով Աստուծոյ հաճութիւնը կը շահի: Սակայն, պէտք է զգոյշ ըլլալ, որովհետեւ երբեմն ծնողներ կան, որոնք իրենց չգիտութեան կամ մոլորութեան մէջ ըլլալուն պատճառով, իրենց զաւակներն ալ մոլորութեան կ՚առաջնորդեն, որով պատճառ կը դառնան իրենց զաւակներուն Աստուծմէ հեռանալուն: Նման պարագաներուն միայն պէտք է զգուշանալ. ո՛չ թէ պէտք է կտրականապէս մերժել ու դադրեցնել անոնց լսել, այլ՝ մնալ անոնց յարգանքին ու հնազանդութեան մէջ, սակայն՝ չնեղացնելով ու չհեռանալով Աստուծմէ, եւ Աստուծոյ օգնականութեամբ եւ իրենց լսող զաւակի հանգամանքով, փորձել իրենց ծնողները բերել ճշմարտութեան ճանապարհին:

Միւս կողմէ, ինչպէս վերը ըսի, մարդ պէ՛տք է եւ պարտաւոր է հնազանդելու եւ լսելու իր ծնողներուն: Առակագիրը այս մասին այսպէս կը գրէ.

«Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ պատուիրանքը պահէ՛ եւ քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր: Զանոնք միշտ քու սրտիդ վրայ կապէ՛, զանոնք քու պարանոցէդ կախէ՛: Քալած ատենդ անոնք քեզի առաջնորդութիւն թող ընեն. քնացած ատենդ քեզ թող պահպանեն ու արթնցած ատենդ քեզի հետ խօսակցին: Քանզի պատուիրանքը՝ ճրագ ու օրէնքը լոյս է: Եւ խրատն ու յանդիմանութիւնները կեանքի ճամբայ են, որպէսզի քեզ գէշ կնոջմէն, օտար կնոջ շողոքորթող լեզուէն պահեն» (Առ 6.20-24): Կը տեսնենք, որ Առակագիրին համաձայն՝ հօր ու մօր պատուիրանները, խրատները, օրէնքները եւ յանդիմանութիւնները լսելն ու գործադրելը մեզի համար առաջնորդութիւն կ՚ըլլան, քնացած ատեն կը պահեն մեզ, իսկ արթուն եղած ատեն կը խօսին մեզի՝ ուղղութիւն տալով: Աւելին, Առակագիրը պատուիրանները ճրագի, իսկ օրէնքը լոյսի կը նմանցնէ: Անդին խրատն ու յանդիմանութիւնները որպէս կեանքի ճամբայ կը ներկայացնէ, այսինքն՝ ծնողներուն խրատին անսացող եւ յանդիմանութիւններուն հնազանդող զաւակները կեանքի ճամբան կը գտնեն, կ՚ունենան եւ անկէ կը քալեն:

Աւարտենք Պօղոս առաքեալին զաւակներուն եւ ծնողներուն ուղղած յորդորով.

«Զաւակնե՛ր, իբրեւ Տիրոջ հետեւորդներ՝ ձեր պարտականութիւնն է հնազանդիլ ձեր ծնողներուն, որովհետեւ ա՛յդ է շիտակը: «Պատուէ՛ քու հայրդ ու մայրդ» պատուիրանը առաջինն է՝ որ իրեն կապուած խոստում մը ունի. «որպէսզի միշտ բարիք գտնես եւ երկրի վրայ կեանքդ երկար ըլլայ»:

Իսկ դուք, հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, այլ՝ զանոնք մեծցուցէք քրիստոնէական դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ» (Եփ 6.1-4):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 15

15 հոկտեմբեր 2022, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022