ԵՐԿՈՒ ՔԵՐԹՈՒԱԾ
ԱՌԱՆՁԻՆԴ
Սրճարան մը,
Դուն՝ օրաթերթին հետ նստած:
Ո՛չ, առանձին չես:
Բաժակիդ կէսը պարապ է,
Արեւը կը լեցնէ երկրորդ կէսը անոր...
Ապակեայ փեղկին ետեւէն
Կը տեսնես արագ անցորդները
Եւ չես տեսնուիր:
Ասիկա բացակայութեան յատկանիշերէն է՝
Կը տեսնես, բայց չես տեսնուիր:
Որքա՜ն ազատ ես, ո՛վ մոռցուած մը՝ սրճարանին մէջ:
Ոչ ոք կը տեսնէ մէջդ թիթեռին հետքը,
Ոչ ոք նայուածք կը սեւեռէ հագուստներուդ
Կամ կը զննէ մշուշդ,
Եթէ աղջկայ մը նայիս եւ կոտրուիս անոր ընդառաջ...
Որքա՜ն ազատ ես անձդ տնօրինելու
Այս եռուզեռին մէջ առանց քեզ հետեւողի
Կամ առանց՝ կարդացողի:
Ուրեմն ըրէ՛ ինչ որ կամքդ կ՚ուզէ.
Հանէ՛ շապիկդ կամ կօշիկդ եթէ կ՚ուզես,
Քանի մոռցուած ես եւ ազատ երեւակայութեանդ մէջ:
Անունդ կամ դէմքդ հոս անհրաժեշտ ընելիք չունին՝
Կ՚ըլլաս ինչպէս որ ըլլաս...
Ո՛չ բարեկամ, ո՛չ թշնամի կը հետապնդէ հոս յուշերդ:
Ներէ անոր, որ քեզ թողուց սրճարանին մէջ,
Որովհետեւ չնշմարեցիր նոր քերթուածին պատմութիւնը
Եւ (չտեսար) թիթեռները, որոնք կը պարէին
Անոր այտերուն փոսիկներուն մէջ,
Ներէ անոր, որ ուզեց քեզ սպաննել, օրին մէկը,
Ոչինչի համար..., բայց անոր համար,
Որ չմեռար երբ բախեցար աստղի մը
Եւ առաջին երգերը գրեցիր անոր թանաքով...
Սրճարան մը,
Ուր նստած ես օրաթերթին հետ:
Անկիւն մը մոռցուած:
Ո՛չ ոք կը պղտորէ զուլալ տրամադրութիւնդ
Եւ ո՛չ ոք կը մտածէ քեզ սպաննել:
Որքա՜ն մոռցուած ես եւ ազատ երեւակայութեանդ մէջ:
ՓՈՔՐԻԿ ԳԻՇԵՐ ՄԸ
Փոքրիկ գիշեր մը անտեսուած գիւղի մը վրայ
Եւ երկու քնացած աչքեր:
Ետ կ՚երթամ երեսուն տարի
Եւ հինգ պատերազմ:
Կը վկայեմ, որ ժամանակը ինծի համար
Կը պահէ երգող հասկ մը,
Որ կ՚երգէ կրակին եւ օտարներուն մասին:
Գիշերը գիշեր էր:
Երաժիշտը կ՚երգէր:
Կը հարցնէին իրեն.
-Ինչո՞ւ կ՚երգես:
Կը պատասխանէր.
-Քանի՝ կ՚երգեմ:
Կուրծքը խուզարկեցին,
Բան չգտան սրտէն բացի:
Սիրտը խուզարկեցին,
Բան չգտան իր ազգէն բացի:
Ձայնը խուզարկեցին,
Բան չգտան յուզումէն բացի:
Յուզումը խուզարկեցին,
Բան չգտան բանտէն բացի:
Եւ բանտը խուզարկեցին,
Բան չգտան իրենցմէ բացի՝ կալանաւորուած:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեւան